Quantcast
Channel: Յօդուածներ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 17090

Հայրենի Կեանք

$
0
0

Պատրաստեց՝ ՄԱՐԻՆԱ ՀԱՄԱՄՃԵԱՆ

Չինաստանը Եւ «Հայաստան» Համահայկական Հիմնադրամը Կ՛ամրապնդեն Կապերը

«Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի գործադիր տնօրէն Արա Վարդանեանին հրաւէրով Հայաստանի մէջ Չինաստանի արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Թիան Էրլուն այցելած է հիմնադրամ: Հանդիպման ընթացքին քննարկած են համագործակցութեան նոր կարելիութիւններ:

Չինաստանի դեսպանութեան եւ «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի համագործակցութեան արդիւնքը այսօր արդէն կը վայելեն ապագայ երաժիշտները. երկու տարի առաջ Երեւանի Չայքովսկիի անուան երաժշտական դպրոցը համալրուեր էր 10 հազար տոլար արժողութեամբ նոր երաժշտական գործիքներով: Չինաստանի դեսպան Թիան Էրլուն վերյիշելով երաժշտական դպրոցի յաջողած ծրագիրին մասին` շեշտեց, որ Չինաստանը շահագրգռուած է Հայաստանի մէջ իրականացնելով այնպիսի ծրագիրներ, որոնք պիտի նպաստեն փոքրիկներու եւ դեռահասներու կրթական միջավայրի բարելաւման:

Երեւանի Կանգառները Արեւային Լիցքաւորում Կը Մատուցեն

Յուլիս 7-ին մայրաքաղաքին մէջ բացուած են արեւային ուժանիւթով սնանող հանրային փոխադրութեան առաջին երկու կանգառները, ուր տեղադրուած են արեւային վահանակներ:

Բաղրամեան եւ Մոսկովեան փողոցներուն վրայ գտնուող այս կանգառներուն մէջ տեղադրուած են վահանակներ, որոնք բնակիչներուն թոյլ կու տան անվճար լիցքաւորել բջիջային իրենց հեռախօսները եւ թուային այլ սարքերը: Իւրաքանչիւր կանգառ կրնայ լիցքաւորել օրական 24 հեռաձայն:

Քանդակագործ Արտաշէս Յովսէփեան Ոչ Եւս Է

Վերջերս իր մահկանացուն կնքեց Հայաստանի ժողովրդական նկարիչ-քանդակագործ Արտաշէս Յովսէփեանը, որ հեղինակն է Երեւանը զարդարող նշանաւոր քանդակներու, ինչպէս` Ալեքսանդր Թամանեանի, Արմէն Տիգրանեանի եւ Օրբէլի եղբայրներու արձաններուն, Ջիւանիի յուշակոթողին, Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ որմնաքանդակներուն եւ Երեւանի մեթրոյի Սասունցի Դաւիթ կայարանի բարձրաքանդակներուն:

Հաղորդենք, որ Արտաշէս Յովսէփեան ծնած է 1931-ին, Սառնակունք գիւղը: Այս տարուան 13 յունիսին ան ծանր վիրահատութենէ մը անցած էր:

Քուէյթի Ազգային Վարժարանը 2016-2017 Ուսումնական Տարեշրջանի Լաւագոյն Կրթօճախի Մրցանակակիր

7 յուլիս 2017-ին տեղի ունեցաւ Հայաստանի սփիւռքի նախարարութեան, Համաշխարհային հայկական քոնկրեսի եւ Ռուսիոյ հայերու միութեան հետ միատեղ կազմակերպուած «Հայապահպանութեան գործին մէջ նշանակալի աւանդի համար» խորագրով ամէնամեայ մրցանակաբաշխութեան 2016 թուականի արդիւնքներու ամփոփման հանդիսաւոր արարողութիւնը:

2016-2017 ուսումնական տարեշրջանի «Լաւագոյն հայկական կրթօճախ» անուանակարգի առաջին մրցանակին արժանացաւ Քուէյթի Ազգային վարժարանը: Պարգեւը ստանձնեց վարժարանի տնօրէն տոքթ. Ներսէս Սարգիսեանը, իսկ «Մայրենիի պաշտպան» անուանակարգի մրցանակ ստացան «Արեգակ» մանկապարտէզի վարիչ-տնօրէնուհի Գոհար Կոճիկեանը, վարժարանի փոխտնօրէն Կարօ Արսլանեանն ու երկարամեայ վաստակ ունեցող հայրենաւանդ ուսուցչուհի Մարալ Համպոյեանը, իսկ «Սիրում եմ քեզ իմ հայրենիք» անուանակարգի առաջին մրցանակի արժանացան Քուէյթի Ազգային վարժարանի հետեւեալ աշակերտ-աշակերտուհիները` Փաթիլ Զերէցեանը, Աւետիս Տեկիրմէնճեանը, Ղեւոնդ Քասունին, Վարդի Քեչեճեանը, Սէրլի Զերէցեանը, Արա Սարգիսեանը եւ Սոնիա-Աննա Մուրատեանը:

Հայաստանի Հանրապետութեան Սփիւռքի Նախարարին Հանդիպումները Սփիւռքահայ Կրթական, Հոգեւոր, Մտաւորական Գործիչներու Եւ Գործարարներու Հետ

28 յունիսին Հայաստանի Հանրապետութեան սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեան ընդունեց Քուէյթի ազգային վարժարանի տնօրէն Ներսէս Սարգիսեանը:

Ողջունելով հիւրը` նախարարը բարձր գնահատեց սփիւռքահայ գործիչին բազմաբնոյթ գործունէութիւնը, հայապահպանութեան ուղղուած ջանքերը եւ իր գոհունակութիւնը արտայայտեց այն փոփոխութիւններուն ու նորամուծութիւններուն համար, որոնք Քուէյթի ազգային վարժարանին մէջ մտցուցած է Ներսէս Սարգիսեան: Սփիւռքի նախարարը առանձնակիօրէն կարեւոր նկատեց դպրոցի տնօրէնին կողմէ «Հայ դատ» առարկայի դասաւանդութիւնը կրթօճախին մէջ:

Ն. Սարգիսեան շնորհակալութիւն յայտնեց սփիւռքի նախարարութեան եւ մասնաւորապէս նախարար Հրանուշ Յակոբեանին այն հետեւողական աջակցութեան համար, որ կը ցուցաբերէ Քուէյթի ազգային վարժարանին: Ան կարեւոր նկատեց յատկապէս դասագիրքերու, կրթական օժանդակ նիւթերու տրամադրութիւնը դպրոցին, ինչպէս նաեւ սաներու մասնակցութիւնը «Արի տուն» հայրենաճանաչութեան ծրագիրին եւ նշեց, որ սփիւռքի մէջ կրթական կեանքը ինքնանպատակ պիտի դառնայ, եթէ չառնչուի հայրենիքին: Ն. Սարգիսեան տեղեկացուց, որ արդէն աւարտած է հայկական եկեղեցւոյ կառուցումը, եւ համայնքի ամբողջ օժանդակութիւնը սեւեռուած է վարժարանին վրայ: Կրթօճախի տնօրէնութիւնը համախմբած է համայնքին մէջ գործող բարձրակարգ մասնագէտները եւ կը փորձէ հիմնական բարեփոխումներ կատարել` աւելի գրաւիչ, հաճելի եւ փոխգործակցական դարձնելով կրթական գործընթացը:

Քննարկուեցան Հայաստան-սփիւռք 6-րդ համաժողովին համայնքի ներկայացուցիչներուն մասնակցութեան վերաբերող հարցեր:

Դարձեալ 28 յունիսին սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեան հանդիպում ունեցաւ քուէյթաբնակ հալէպահայ գործարար, գրող եւ հրապարակախօս Կիրակոս Գույումճեանին հետ:

Նախարար Յակոբեան կարեւոր նկատեց Գույումճեանի հայանպաստ, ազգասիրական գործունէութիւնը հայկական գաղութին եւ հայրենիքին մէջ, յատկապէս անդրադառնալով անոր  բարեգործական ծրագիրներուն եւ հրապարակախօսական աշխուժ գործունէութեան:

Զրուցակիցները քննարկեցին սփիւռքի մէջ հայկական ինքնութեան պահպանման եւ երիտասարդներու հայեցի դաստիարակութեան առնչուող հարցեր, անդրադարձ կատարուեցաւ նաեւ սփիւռքի նախարարութեան հետ գործակցութեան աշխուժացման:

Կիրակոս Գույումճեան նախարարին նուիրեց «100 տարի ցեղասպանութենէն վերականգնում», «Կայաններ եւ դիրքորոշումներ» գիրքերը եւ հրապարակախօսական շարք մը յօդուածներ, որոնք տպագրուած են հայերէնով եւ արաբերէնով:

Յայտնի գործարարը շնորհակալութիւն յայտնեց հանդիպումին համար եւ նշեց, որ նախարարութիւնը բաւական աշխուժ կ՛աշխատի սփիւռքի համախմբման, ինչպէս նաեւ հայրենասիրական ոգին բարձր պահելու ուղղութեամբ: «Սփիւռքի նախարարութիւնը ինծի համար շատ մօտիկ եւ հարազատ կառոյց է, եւ ձեր աշխատանքը ինծի համար շատ կարեւոր է: Իսկ իմ պարտականութիւնս է ամէն կարելի բան ընել ազգիս ու հայրենիքիս համար», եզրափակեց ան:

29 յունիսին Հրանուշ Յակոբեան ընդունեց Քանատայի հայոց թեմի առաջնորդ Բաբգէն արք. Չարեանը:

Ողջունելով սրբազանը` նախարար Յակոբեան կարեւոր նկատեց անոր ազգասիրական եւ հայանպաստ գործունէութիւնը, համայնքը միաւորելու եւ հայապահպանութեան ուղղուած անոր ջանքերը:

Սփիւռքի նախարարը Բաբգէն սրբազանին ներկայացուց նախարարութեան կատարած աշխատանքներն ու իրականացուցած ծրագիրները,  անդրադարձաւ նոր ծրագիրներուն եւ «Հայրենիք-սփիւռք» 6-րդ համաժողովի կազմակերպական աշխատանքներուն:

Բաբգէն սրբազան շնորհակալութիւն յայտնեց ջերմ ընդունելութեան համար, ներկայացուց համայնքի յաջողութիւններն ու նուաճումները: Ան հպարտութեամբ նշեց, որ Քանատայի հայ համայնքին, հայկական կազմակերպութիւններուն եւ Քանատայի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան  դեսպանին ջանքերով Օթթաուայի կեդրոնին` Համադաշնութեան պուրակին մէջ տեղադրուած է յայտնի քանատահայ լուսանկարիչ Եուսուֆ Քարշի կիսանդրին, որ հայ ժողովուրդի նուէրն է Քանատայի ժողովուրդին եւ կը խորհրդանշէ Քանատայի ու Հայաստանի միջեւ ամուր բարեկամութիւնը: Առաջնորդ սրբազանը անդրադարձաւ նաեւ Մոնրէալի եւ Թորոնթոյի մէջ Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան հիմնադրութեան տարեդարձին նուիրուած քայլարշաւներուն քանատահայերու մասնակցութեան` նշելով, որ անոնց կը միաւորէին մարդու իրաւունքներու պաշտպանութեան, ցեղասպանութիւններու կանխարգիլման, անկախութեան ու վերածնունդի գաղափարները:

«Մենք պէտք է ըլլանք առաջին քալողները, որպէսզի մեր ետեւէն տանինք նաեւ հօտը: Ստեղծած ենք Միացեալ յանձնախումբ` տօները միասնաբար կազմակերպելու եւ համայնքային խնդիրները միասին լուծելու համար», աւելցուց Բաբգէն արք. Չարեան:

Քննարկուեցան սփիւռքի համայնքները միաւորելու, համահայկական առաջնահերթութիւններուն մասնակցելու միասնական համակարգող մարմին ստեղծելու եւ Հայաստանի սահմանամերձ գիւղերու աջակցութեան կազմակերպման առնչուող հարցեր:

Նոյն օրը, նախարար Հրանուշ Յակոբեան ընդունեց Քաթարի «Էյ.Ճէյ.Պի.» շինարարական ընկերութեան ընդհանուր տնօրէն եւ լիբանանահայ գործարար Միքայէլ Վարդանեանը:

Նախարարը կարեւոր նկատեց հայ գործարարին ազնիւ դիրքորոշումը եւ նշեց, որ հայրենիքի մէջ տուն կառուցելը, ներդրում կատարելը եւ աշխատատեղեր ստեղծելը մեծ հայրենասիրութիւն է: Հայրենիքի մէջ պէտք է տուն եւ գործ ունենաք: Ազգովի պիտի մասնակցինք Հայաստանի հզօրացման:

Միքայէլ Վարդանեան շնորհակալութիւն յայտնեց ջերմ ընդունելութեան համար եւ ներկայացուց իր ծրագիրները: Ան մասնաւորապէս նշեց. «Կը կարծեմ, որ բոլոր հայերը այդ ցանկութիւնը ունին` օգտակար ըլլալ հայրենիքին: Պիտի զօրացնենք Հայաստանը, ուրիշ ելք չունինք»:

Քննարկուեցան հետագայ համագործակցութեան եւ կազմակերպական այլ հարցեր:

300 Վանաձորցի Երեխաներ Պիտի Մասնակցին ՀՅԴ ՔԵՄ-ի «Ճամբար 2017»-ին

7-րդ տարին ըլլալով Քանատայի ՀՅԴ երիտասարդական միութիւնը (ՔԵՄ) իր երկշաբաթեայ ճամբարը կը կազմակերպէ Վանաձորի մէջ: Այս տարի ճամբարին կը մասնակցին 9-15 տարեկան 300-է աւելի վանաձորցի երեխաներ, որոնք պիտի հետեւին ՔԵՄ-ի 13 վարիչներու պատրաստած ամէնօրեայ դասընթացքներուն եւ ծրագիրներուն, որոնք կ՛ընդգրկեն` անգլերէն լեզուի դասընթացք, ազգային-յեղափոխական երգերու ուսուցում, ՀՅԴ պատմութիւն, ձեռային աշխատանք, մարզանք… Ճամբարը սկիզբ առաւ յուլիս 10-ին:

Այս տարուան ծրագիրը դարձեալ կ՛ընդգրկէ «Առաջնորդներու պատրաստութիւն» ծրագիրը, որ կը նպատակադրէ պատանիները ծանօթացնել ղեկավարման ձեւերուն:

Ճամբարի ամէնօրեայ աշխատանքներուն կը հսկեն Քանատայէն, Լոս Անճելըսէն եւ Երուսաղէմէն ՀՅԴ երիտասարդական միութեան 17 անդամներ:

Լիբանանահայ Արուեստագէտներու Աշխատանքներու Ցուցահանդէս` Երեւանի Պատմութեան Թանգարանին Մէջ

Երեւանի պատմութեան թանգարանին մէջ բացումը կատարուեցաւ լիբանանահայ վեց արուեստագէտներու աշխատանքներուն, «4 սերունդներ» խորագրով` հովանաւորութեամբ սփիւռքի նախարարութեան եւ Լիբանանի մէջ Հայաստանի դեսպանատան հետ համագործակցաբար:

Բացման հանդիսաւոր արարողութեան  ներկայ գտնուած են Հայաստանի սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեանը եւ Երեւանի քաղաքապետի տեղակալ Արամ Սուքիասեանը: Անոնք ներկաներուն հետ միասին շրջած եւ ծանօթացած են ցուցահանդէսին ներկայացուած աշխատանքներուն:

«Թէքէեան» մշակութային միութեան հիմնադիր մարմինի 70-ամեակին նուիրուած ձեռնարկներու ծիրին մէջ կայացած այս ցուցահանդէսին ներկայացուած էին Լենա եւ Թանիա Այտընեաններուն, Սահակ, Արփինէ եւ Սարին Օսկեաններուն, նաեւ Սելին Չաղլասեանին ստեղծագործութիւնները:


Viewing all articles
Browse latest Browse all 17090

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>