Quantcast
Channel: Յօդուածներ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 17136

Մարիանա Պերթիզլեանի Գիրքերը Գինիով Օծուեցան

$
0
0

ՍԵՒԱՆ ՇԱՀՊԱԶԵԱՆ

Հալէպ իր ճգնաժամային օրերուն իսկ կազմակերպեց ձեռնարկներ, բեմականացուց գեղարուեստական ճոխ յայտագիրներ, յոբելենական հանդիսութիւններ, որոնցմէ իւրաքանչիւրը իր համն ու հոտը ունէր, այնպէս` ինչպէս հինգշաբթի, 22 յունիս 2017-ի երեկոյեան, «Լ. Շանթ» սրահին մէջ տեղի ունեցած Մարիանա Պերթիզլեան-Ղազարեանի «Բողբոջող անմոռուկներ» եւ «Ձա՛յն տո՛ւր, ծա՛ռ» գիրքերուն շնորհահանդէսն էր: Ձեռնարկը կը վայելէր Բերիոյ հայոց թեմի առաջնորդ Շահան արք. Սարգիսեանի հովանաւորութիւնը եւ կազմակերպուած էր «Գանձասար» շաբաթաթերթի խմբագրութեան ու Համազգայինի «Ն. Աղբալեան» մասնաճիւղի «Մուշեղ Իշխան» գրական յանձնախումբին կողմէ:

Բացման խօսքով Շաղիկ Սրուրեան յայտնեց, որ ճգնաժամային պայմաններու մէջ մարդ արարածը բոլոր միջոցներուն կը դիմէ իր ցաւը մեղմացնելու եւ դաժան առօրեայէն հեռանալու համար: Այդ միջոցներէն լաւագոյնը իր յուզումներն ու ապրումները գրիչին յանձնելն է, այնպէս` ինչպէս հալէպահայ գրող Մարիանա Պերթիզլեանը ըրաւ ու հակառակ տիրող անապահով պայմաններուն` շարունակեց ստեղծագործել եւ հայ ընթերցողին ներկայացնել իր մտքի արգասիքը:

Օրուան բեմավար Մելինէ Պեզճեան բեմ հրաւիրեց լրագրող, կրթական մշակ եւ փաստաբան Մարիա Գաբրիէլեանը, որպէսզի ներկայացնէ Պերթիզլեանին երեսուն պատմուածքներէ բաղկացած «Բողբոջող անմոռուկներ» գիրքը:

Գաբրիէլեան իր խօսքի սկիզբը վեր առաւ «Մետաքսէն աւելի փափուկ եւ ցօղէն աւելի զուլալ հալէպահայ քնքշուհին, որուն հոգւոյն մէջ ազգն ու հայրենիքը հանապազօրեայ հացի նման են ու աւելի կենսական նշանակութիւն ունին»:

Գաբրիէլեան թափանցած էր հատորի իւրաքանչիւր բողբոջի ծալքին մէջ եւ այդ տողերուն ընդմէջէն կը թափանցէր նոյնինքն հեղինակին հոգւոյն խորքը, կը զգար, թէ ինչպէ՛ս Մարիանային հոգւոյն ու սրտին աչքերը կ՛եռուզեռէին պապենական հողերուն վրայ, յատկապէս` Կիլիկիոյ շրջանին մէջ: Շօշափած էր ու ականատեսի վկայութեամբ կը ներկայացնէր ներկաներուն, թէ ինչպէ՛ս հեղինակը կը զրուցէր իր մեծ հօր ու մեծ մօր հետ, կը քննարկէր անոնց հետ հայութեան առնչուող բազմաթիւ խնդիրներ, որոնց քննարկումը «Հաւանաբար դժուար զրուցակից ունենայ այդ տարածքներէն դուրս»:

Գաբրիէլեան դիտել տուաւ, որ հայ ժողովուրդի պատմութենէն բոլորովին անծանօթ մը «Բողբոջող անմոռուկներ»-ը կարդալով երբեք պիտի չհաւատայ,  որ պատմական Հայաստանէն հարիւր տարի առաջ դուրս եկած եւ հարիւր տարի այդ տարածքէն հեռու ապրած գրիչի մը արտադրութիւնն է այս գիրքը: «Պիտի չըմբռնէ, թէ ինչպէ՛ս ապրումները ժառանգաբար աւանդուած են Կիլիկիոյ Մարաշի իր նախահայրերէն, եկած ու բնակած են իր մէջ եւ դարձած` իրը: Դեռ աւելի՛ն. հեղինակը անկեղծութեամբ ստեղծած է Արեւմտեան Հայաստանի եւ Հալէպի միջեւ աղերսը, որ պահ մը մտածել կու տայ ընթերցողին` արդեօ՞ք Հալէպը Արեւմտեան Հայաստանին մաս կը կազմէ, թէ՞ Արեւմտեան Հայաստանի ոգին կը շնչէ հալէպահայուհիին մէջ»:

Աւարտին Գաբրիէլեան բեղուն գրիչ մաղթեց հալէպահայուհիին, մարաշահայուհիին, որուն հոգւոյն մէջ ծննդավայր Հալէպը, Արեւմտեան Հայաստանն ու Կիլիկիան նոյն համերաշխութեամբ ու սիրով կ՛ապրին, եւ մաղթեց, որ ան ամուր կառչած մնայ այն հաւատքին, որ անտարակոյս մեզ օր մը պիտի առաջնորդէ դէպի մեր երկիրը:

Այնուհետեւ Անժել Շէօհմելեան (քանոն) եւ Ռուզան Պարսումեան (դաշնամուր) Խաչատուր Աւետիսեանի «Կախարդուած ծաղիկներ» կտորով մեզ փոխադրեցին մեր երազային եւ կախարդական հայրենի հողերը եւ կարծէք իւրաքանչիւր ապրումի հետ մեր հոգիներուն մէջ ծաղկեցուցին նորափթիթ անմոռուկներ:

Շարունակելով յայտագիրը` օրուան բեմավարը բեմ հրաւիրեց հալէպահայ գրող, բանաստեղծ, դեղագործ Յակոբ Տլտլեանը, որպէսզի իր կարգին ներկայացնէ հեղինակին «Ձա՛յն տուր, ծա՛ռ» բանաստեղծական գիրքը: Տլտլեան իր խօսքը սկսաւ Լի Փոնկի հետեւեալ միտքով. «Բանաստեղծութիւնը մարդ արարածը միշտ դէպի անդունդներու եզրին կը մղէ, սակայն բնաւ այնտեղէն անդունդ չի ձգեր զինք»:

Ան խորքային վերլուծութիւն ըրաւ քերթողագիրքի վերնագիրին մասին, թէ ծառը խորքին մէջ իւրաքանչիւրս ենք, ամէն ոք իր իւրայատուկ եւ անկրկնելի ներաշխարհով եւ ներքին հոգեկան ու զգացական սաղարթով, թէ` ծառը պատմութիւն է, «ծառը արմատի երեւցող մասն է, իսկ արմատն անցեալ է եւ դէպի ապագայ ճամբորդութեան ամենակենսական երաշխիքը»: Ան ըսաւ. «Ծառը հեքիաթ է, որմէ միշտ կ՛իյնան հեքիաթի խնձորները, իսկ այս քերթողագիրքը եւս հեքիաթ մըն է, մարդո՛ւն հեքիաթը»:

Տլտլեան յայտնեց, որ գիրքին իւրաքանչիւր բանաստեղծութեան խորքը գեղապաշտական հիմք ու տրամադրութիւն կայ, եւ «բանաստեղծը իր զգացումները, յոյզերն ու երազները միշտ կը կապէ բնութենապաշտ, փանթէիստական երեւոյթի մը հետ»: Ան ըսաւ, որ բանաստեղծը ծառին ընդմէջէն կը տեսնէ իր կորուսեալ հայրենիքը, իր ցեղին ցաւը, սպանդը, իր պապենական շառաւիղի տրամաբանական եւ բնածին շարունակութիւնը, որովհետեւ ծառի մէջ բնութեան շարունակութեան խորհուրդը թաքնուած է: Բանաստեղծը հաւատացած է, որ ծառը կը մերկանայ, սակայն երբ իր ներքին աւիշը կը ջերմանայ, դարձեալ կեանքը կը սկսի եռալ իր փայտերակներուն մէջ` ապահովելով յաջորդ սերունդի շարունակութեան դրդապատճառները:

Գիրքի ձեւային եւ լեզուական վերլուծութիւնը կատարելով` Տլտլեան ըսաւ, որ բանաստեղծը ընտրած է ժամանակակից յստակ եւ մաքուր արեւմտահայերէնը` առանց բարդացնելու եւ շահագործելու լեզուն, հեռու` ճոռոմաբանութիւններէ: Ան շեշտեց, որ խորքին մէջ այս աշխատանքը ինքնազրոյց մըն է, որովհետեւ ծառն ինքն է հեղինակին զգացական եւ մտաւոր հորիզոններու ամբողջականութիւնը:

Ներկայացումներէն անմիջապէս ետք բեմ հրաւիրուեցաւ Մարիանա Պերթիզլեանը` իր սրտի խօսքը արտասանելու: Ան շնորհակալութիւն յայտնեց հովանաւորող եւ կազմակերպող կողմերուն, ինչպէս նաեւ գիրքերը ներկայացնողներուն` Մարիա Գաբրիէլեանին եւ Յակոբ Տլտլեանին, որոնք գեղարուեստական այս գործերուն ընդմէջէն պեղեցին իր հոգւոյն խորքը: Մարիանան շնորհակալութիւն յայտնեց նաեւ զինք մշտապէս քաջալերող մօրը եւ ամուսնոյն:

Իր խօսքի աւարտին ան ըսաւ, որ` «Մենք` հալէպահայերս, այս պատերազմի ընթացքին հոգեկան անքակտելի կապով միացանք եւ եկանք փաստելու, որ այլեւս չենք կրնար բաժնուիլ իրարմէ: Սուրիահայութիւնը շնորհիւ իր տոկուն եւ անկոտրում կամքին` եկաւ փաստելու, որ Հալէպը այն ամրակուռ գաղութն է, որուն վրայէն մենք մեր հայեացքը պիտի ուղղենք դէպի Արեւմտահայաստան, Հալէպը այն բարձրաւանդակն է, որուն վրայէն պիտի հասնինք Արեւմտահայաստան»:

Ապա բեմ հրաւիրուեցաւ սրբազան հայրը, որպէսզի գինիով օծէ նորածին այս երկու գիրքերը:

Սրբազան հայրը ըսաւ. «Մեզ քով-քովի բերող, մեր հոգիները քաղցրացնող, գաղափարի մը շուրջ մեզ համախմբող այսպիսի ձեռնարկներ կը պահպանեն այն, ինչ որ այս աշխարհին մէջ մնայուն արժէք է: Ես այսպէս կը հասկնամ Համազգայինի եւ «Գանձասար»-ի կողմէ կազմակերպուած այս շնորհահանդէսը, որովհետեւ շնորհալին ինք մեզ շնորհ կը պարգեւէ, որ քով-քովի գանք եւ այդ շնորհքով լիցքաւորուինք: Իմ գնահատանքս կ՛երթայ նախ Մարիանային, ապա` անոր գիրքերը ներկայացնողներուն, որոնցմէ իւրաքանչիւրը մեզ տեղ մը փոխադրեց: Այսպէս, ճակատդ բարձր կը պահես ու կ՛ըսես` «Հոս Հալէ՛պն է», որովհետեւ աշխարհի հայութեան մէջ մենք մեր տեղը ունինք որպէս ստեղծագործ գաղութ, վկան Մարիանան է այս պարագային, վկան նաեւ այն երկու վերլուծողներն են, որոնք ամենայետին մանրամասնութեամբ ներկայացուցին Մարիանային ապրումներն ու ոճը: Մարիանան փոթորկայոյզ ներաշխարհ ունի եւ սկզբունքային կին է, Աստուծոյ խօսքին ներկայութիւնը շատ ուժեղ է Մարիանային մէջ, անոր համար ալ ան կը գործածէ ե՛ւ Աստուածաշունչ մատեանէն, ե՛ւ հայոց լեզուի գանձանակէն, ե՛ւ հոգեւոր գրական աշխարհէն բառեր ու անոնցմով այս անգամ լսելի կը դարձնէ սուրիահայութեան, հալէպահայութեան, իր ցեղին ձայնն ու հոգեւոր ապրումները: Բարի երթ կը մաղթեմ Մարիանային: Վստահ եմ, որ տակաւին շատ բան պիտի գրէ: Ճանապարհը բաց է իր դիմաց, այդ ճանապարհը բաց պիտի պահէ նաեւ ինք: Կեցցէ՛ հալէպահայութիւնը, կեցցէ՛ հայ գրականութիւնը, կեցցէ՛ հայ գրողը, եւ Մարիանա Պերթիզլեան-Ղազարեանը»:

Աւարտին կազմակերպիչ կողմերը, Հայրերու տօնին առիթով, խորհրդանշական նուէրով մը իրենց երախտագիտութիւնը յայտնեցին Բերիոյ հայոց թեմի առաջնորդին` մեր հոգատար հօր:

 

 

 


Viewing all articles
Browse latest Browse all 17136

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>