Quantcast
Channel: Յօդուածներ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 17136

Ֆրանսա, Լիբանան Եւ Այլ Տեղեր` Հայերէն Տպուած Թուղթի Ճակատագրին Հետքով

$
0
0

Յ. ՊԱԼԵԱՆ

Տարիներ առաջ, Փարիզ, այժմ դադրած «ՅԱՌԱՋ» թերթի խմբագրատունն էի: Սփիւռքի հայ թերթի խմբագրատունը «հայաշխարհի աստղադիտարան»-ն է, եթէ չէ վերածուած ծանուցումի եւ ընթացիկ քարոզչութեան թուղթի. հաճոյակատարութեան լուսանկարային «կազեթ»-ի կամ «ղազեթա»-ի:

Արփիկ Միսաքեան զրոյցի մը ընթացքին գզրոցէն հանեց ֆրանսերէն նամակ մը, կարդաց. «Հայրս մեռաւ, բայց ՅԱՌԱՋ-ը պիտի չդադրեցնեմ, թէեւ հայերէն չեմ կարդար»: Ինչե՜ր կ՛ըսէին այդ քանի մը բառերը: Կը վերյիշեմ` անոնք շատ աւելի բան կ՛ըսեն, քան` հայերէնով եւ այլ լեզուներով սեւցող էջերը, բեմի, ձայնասփիւռի եւ հեռատեսիլի աղմուկը:

Այսօր նման յիշողութիւններ լոյսին պէտք չէ բերել` դրական ըլլալու համար եւ մնալ երազի եւ յոյսի ալիքին վրայ: Կ՛ըսեն` չխրտչեցնելու:

Սփիւռքի հայերէն թերթը, հայերէն նշանագրերով, հայերէնը կորսնցուցած հայածնունդին համար յիշատակի ծէս է: Թէեւ նամակագիրը` ինք ալ բացառութիւն: Չհարցնել` մինչեւ ե՞րբ:

Ամառ է Լիբանան: Փողոցը հայերէն խօսողներ կան: Նկարագիր փոխած լեզու մը: «Ծագումով հայ»-ու պէս` «ծագումով հայերէն»: Ափսո՜ս…

«ԱԶԴԱԿ»-ի խմբագրատուն: Կը զրուցենք: Հոս ալ վերը նշուած «դիտարան»-ն է: Հոս նամակ չեն գրեր, կը հեռաձայնեն:

Իմացած էի, որ աշխարհէն հեռացած էին երկու հաւատաւոր հայեր, հարազատ ու մտերիմ` հայերէն գիր ու խօսքին: Մին բանաստեղծելու փորձութիւն ունէր, միւսը հատոր խմբագրած էր: Թերթ կը ստանային, ինչպէս` ֆրանսերէն նամակ գրած «հայածնունդին» հայրը:

Հոս հայերէն թերթ ստացող եւ հայերէն գիրին հետ մտերիմ երկու «մոհիկան»-երու յաջորդները հեռաձայնած են, որ դադրեցնեն հրատարակութեան առաքումը: «Կարդացող»

չկար, հակառակ անոր որ հայերէն գիտէին: Չէին ըսած` «հետաքրքրուող» չկար:

Հայերէն չգիտցող «ֆրանսածին»-ը ընտանեկան յիշողութիւն պահելու համար հայերէն թերթը պիտի ստանար, իսկ «հայութեան բաբախող սիրտ»-ի հայախօսներ այլեւս հայերէն թուղթ պիտի չստանային: «Հայաշխարհ»-ի հետ կապը  պիտի խզուէր:

Արդէն, նահանջի աւերը ենթադրաբար սահմանափակելու համար, քիչ մը ամէն տեղ, հայերէն թերթ, պրակ, ցուցանակ, յայտարարութիւն` դադրած են հայերէն ըլլալէ, յանուն «գործնապաշտութեան»` օտարալեզու են, անգլերէն, ֆրանսերէն, սպաներէն, արաբերէն, գերմաներէն…

Գործնապաշտական նախաձեռնութիւն մըն ալ պէտք է ընել` հայերէն էջերը խմբագրել լատինպատառ: Ճառախօս մը իր խօսքը խմբագրած էր լատինատառ եւ կարդացած` մեծ քաղաքի մը բեմէն, իր ուսերուն բանգէտի շուրջառ առնելու եւ «էսթեպլիշմընթ»-ի շրջանակ մտնելու համար: Ծափահարուած էր:

Վիճարկենք բիւզանդացիներու պէս` դատելու համար հայերէն չկարդացող «ֆրանսածին»-ը եւ հայերէն գիտցող «լիբանանածին»-ները: Առաջինին համար կ՛ըսենք, որ «զգացումով» հայ է, ինք ալ այդ կրնայ կրկնել: Միւս երկուքին համար կրնա՞նք այդ ըսել, նոյնիսկ եթէ հայերէնով կրնան շաղակրատել, «մաղտանոս» եւ «ճազար» գնել, խրախճանքի երթալ եւ լսել «հայ երգի անզուգական մեկնաբաններ»…

Սփիւռք(ներ)-ը դեռ կ՛ամչնայ հայերէն թերթերը գերեզմանելէ, ինչպէս որ կը փակեն դպրոցները: Գործնապաշտ «էսթէպլիշմընթ»-ը, ղեկավարութիւնները, «Հայաստան», «պայքար», «Արցախ», «հայապահպանում» եւ «մշակոյթ» կը հոլովէ` կրաւորական կեցուածք որդեգրելով, դիտելով  հայերէն թերթը որպէս գեղօր ընդունող եւ չկարդացող «ֆրանսածին»-ը եւ հայերէնով հաղորդակցութիւն-հաղորդութիւն մերժող հայերէն գիտցող «լիբանանածինները»:

Ինչո՞ւ խորհրդաժողովներու գացող-եկող եւ օդանաւէ վար չիջնող  «էսթեպլիշմընթ»-ղեկավարութիւնները, ներառեալ` Հայաստանի, թիւ-թուանշանով ուսումնասիրութիւն մը չեն ապսպրեր յատուկ գրասենեակի մը` գիտնալու համար, թէ անորոշ միլիոններով սփիւռք(ներ)ի հայոց տուներէն ո՛ր տոկոսի յարկին տակ կը մտնեն հայերէն թերթ եւ գիրք: Եթէ գէթ համայնքային «զոհողութիւններ»-ով եւ հայերէնով լոյս տեսնող հայերէն թերթերը, շաբաթաթերթերը եւ ամսաթերթերը յայտարարէին իրենց վճարող ընթերցողներուն թիւը, առարկայական պատկեր մը կ՛ունենայինք մտածելու եւ մեր սիրած ժողովական «վերլուծումներ»-ը ընելու` առանց ճառի եւ յուզումներու:

Նոյն աշխատանքը եթէ կատարուի «օտարալեզու» դարձածներուն համար, կը կարծէ՞ք, որ պատկերը տարբեր պիտի ըլլայ:

Արդեօ՞ք ժամանակը չէ, եթէ ուշ չէ, ՀԱՐՑԵՐը քննել` առանց զանոնք ենթարկելու կարգախօսային աղմուկի, ճշդել սխալները, պատասխանատուութիւնները, ծրագրել, որպէսզի օր մը չեզրակացնենք, որ մենք մնացած ենք քարափին, իսկ գնացքը սուլած ու անցած է:

Սփիւռք(ներ)ի համրանքի տեսական աճը ոչ մէկ ձեւով ինքնութեան եւ հզօրութեան ապացոյց է, երբ չի կենսագործուիր իսկական հայկական եւ ոչ համայնքային բովանդակութեամբ հայապահպանումը:

Ղեկավարութիւններ եւ մտաւորականութիւն հարկ է, որ վիճարկեն այդ բովանդակութեան մասին: Եթէ Փարիզի «ֆրանսածին»-ը թերթ պիտի ստանայ ընտանեկան յիշողութիւն պահելու համար, եթէ «լիբանանածին»-ը ինքզինք պիտի զրկէ` թերթ դադրեցնելով հաղորդակցութենէ եւ հաղորդութենէ, ինչպէ՞ս «ազգ»-ը պիտի տոկայ եւ տեւէ:

Հայապահպանումը երբ չէզոք է, տեղական դարձած է, տեղայնացած է, կորսնցուցած կ՛ըլլայ խորք եւ երազ: Այսօր այդ խորքը եւ երազը վերականգնելու առաջադրանք պէտք է ունենան «ղեկավարութիւններ»-ը:

Հարկ է խօսիլ այդ առաջադրանքին մասին:

Այդ «առաջադրանք»-ը կրնա՞յ տարբեր ըլլալ ՄԻԱՑՈՒՄէ, որ կ՛ենթադրէ անոր ագուցուած ՀԱՅՐԵՆԱԴԱՐՁՈՒԹԻՒՆը` ի գին ամէն բանի, հովի եւ փոթորիկի դէմ:

Միացում եւ հայրենադարձութիւն հայասիրութենէ եւ բարեսիրութենէ տարբեր որակներ են:

Այս որակները ինչո՞ւ չեն ներշնչուիր զանգուածներուն եւ իտէալ փնտռող նորահաս սերունդներուն: Այդ որակները չեն վաճառուիր ո՛չ Խաղաղականի ափին, ո՛չ հիւսիսի Շուէտի եւ ո՛չ ալ ագեվազներու երկրին մէջ, ո՛չ Մոսկուա եւ ո՛չ Վլատիվոսթոք:

Ինչպէ՞ս ԱՅՍՕ՛Ր հայրենադարձութիւնը եւ միացումը դարձնել հայու ամէնօրեայ գաղափարական սնունդ, տունը, դպրոցը, եկեղեցին, ակումբը, սրահներու մէջ…

Ոչ շատ հեռաւոր անցեալին անազատութեան վարչակարգը խոչընդոտ պատճառ-պատրուակ էր հայրենադարձութեան դէմ ցցուող: Այսօր վարչակարգը անազատ չէ, բայց պատճառ-պատրուակ են հայրենիքի մէջ տիրող կարգ մը անարդարանալի բացասականութիւններ, որոնք այնքա՜ն ընդհանրացած են այլ երկիրներու մէջ`  հետեւանք ամենակուլ  դրամատիրական կայսերապաշտութեան:

Եթէ օր մը իրապէս վերանան բոլոր բացասականութիւնները, հայրենադարձութենէ հրաժարելու համար պիտի ըսուի, որ սա ի՞նչ երկիր է, վա՞նք է, թէ՞ երկիր…

Յաճախ կը մտաբերեմ Ամերիկաներու ծայրագոյն հարաւի քաղաքը, ուրկէ անդին բեւեռն է, Ուշուայան, ուր առանձին հայ աղջիկ կ՛ապրի: Մեծ ոստաններու մէջ, որպէս հայու շառաւիղ, Ուշուայայի աղջիկէն ի՞նչ տարբերութիւն ունինք: Եթէ այսօր առանձին չենք, վաղը առանձին պիտի ըլլանք:

Ինչո՞ւ Ուշուայա կրնանք երթալ եւ մնալ, եւ ոչ` Սիսիան կամ Դսեղ…

Եթէ մանրադիտակը հայրենիքի վրայ բռնելով`  անով մենք մեզ դիտէինք, առանց հրաշքը դուրսէն սպասելու, առանց սպասելու, որ լաւ օրերը կու գան, այն ատեն կը տեսնէինք անխոստովանելի իրականութիւնները:

Իսկ իմաստութիւնը կ՛ըսէ, որ վաղը հանգիստ չխռովող հեքիաթ է: Բժիշկը պիտի ըսէր` coma, մահաքուն…

 5 յունիս 2017, Պիքֆայա

 


Viewing all articles
Browse latest Browse all 17136

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>