ԿԱՐՕ ՅՈՎՀԱՆՆԷՍԵԱՆ
Վերակազմեալ հնչակեաններու օրաթերթը` «Պահակ», 12 ապրիլ 1921-ի համարով լոյս կ՛ընծայէր խմբագրական մը` «Լոյս մը` խաւարին մէջ» խորագրեալ, ուր կ՛ըսուի, այլ բաներու կարգին.
«Համակ ժողովուրդ մը գահավիժած էր արցունքի հովիտը. մէկ հարուած, մէկ կորովի սիրտ, մէկ մարդ իր հուժկու ափերուն մէջ բռնած կռուող հայրերու անմահ հոգին, զերթ ռումբ, զայն արձակեց Մողոքին վրայ, որ կը տիրէ այդ արցունքի հովիտին եւ ահա զայն խորտակող ռումբէն ժայթքած բոցերը արեւներ եղան եւ լացող հոգիները լուսաւորեցին պարտութեան արցունքի հովիտը: Յուսահատութիւնը մեռած է այլեւս, եւ Յոյսը ազատութեան, Լոյսը երջանիկ ապագային կը շողարձակեն: Սողոմոն Թեհլիրեան փրկեց ազգին պատիւը» (80):
Իսկ Ամերիկայի ՀՅ Դաշնակցութեան պաշտօնաթերթ «Հայրենիք» օրաթերթը «Նեմեսիս» խորագրեալ խմբագրական մը հրատարակեց իր 18 մարտ 1921-ի համարին մէջ, ուր կ՛ըսուի, այլ բաներու կարգին.
«Վերջապէս արդարութեան ձեռքը բարձրացաւ եւ գետին գլորեց բիւրաւոր զոհերու տխրահռչակ դահիճը, օսմանեան աւազակապետութեան նախկին վեզիրը` Թալէաթ փաշան:
«Եթէ Թալէաթ ապրէր այս աշխարհի վրայ եւ իր բնական մահով երթար հողին տակ, հայութեան խիղճին վրայ պիտի ծանրանար ահաւոր մղձաւանջ մը, եւ բիւրաւոր զոհերու ոսկորները պիտի խլրտէին իրենց անծանօթ հողակոյտերուն մէջ: Լաւ է, որ այդ անիրաւութիւնը խնայուեցաւ հայութեան եւ անոր բիւրաւոր հայ զոհերուն, որոնց վրէժը կը գոռայ եւ պիտի գոռայ գալիք դարերու ընթացքին` վերապրող հայութեան հոգիին մէջ:
«Թալէաթ աւելի վատ եղաւ, քան իր նախորդը` Ապտիւլ Համիտ, աւելի յանդուգն եւ անսանձ, քան` բոլոր թուրք ջարդարարներն ու թալանճիները, եւ այդ իսկ պատճառով, հակառակ իր բոլոր խորամանկութիւններուն եւ զգուշութիւններուն, ինքզինքը գտաւ հայութեան մէկ մեծ զաւկին, անվեհեր եւ վրէժխնդիր զաւկին առջեւ, որ վայրկենաբար փշրեց կոտորածներ եւ նախճիրներ ծրագրող իր դիւային ուղեղը» (81):
Այո՛, Սողոմոն Թեհլիրեանի արարքը կը պատկանի ամբողջ հայութեան: Ասիկա իր լաւագոյն արտայայտութիւնը գտած է դատավարութեան ընթացքին պաշտպան Վերթաուէրիի հետեւեալ խօսքին մէջ. «Ան կու գայ յանուն մէկ միլիոն սպաննուածներու` ընդդէմ մէկուն, որ ուրիշներու հետ միասին այդ ոճիրներուն բեռը կը կրէ:
Հայ ազգը հազար տարիէ ի վեր, մինչեւ ամէնէն փոքրիկ երեխան, կանգնած է անոր ետին: Ան կը կրէ, ու ասոնք են իր խոհերը, դրօշակը արդարութեան, դրօշակը մարդկայնութեան, դրօշակը վրիժառութեան` իր քոյրերու եւ ազգականներու պատուին համար: Այս խոհերով ան կ՛ելլէ ընդդէմ անոր, որ պղծել տուաւ իր ընտանիքին պատիւը, ոչնչացնել տուաւ ընդհանուր բարօրութիւնը, ամբողջ ժողովուրդ մը բնաջինջ ընել տուաւ մարմնապէս» (82):
Այս բոլորէն վեր`
Թեհլիրեանի ահաբեկումը մարդկային հրաշալի փիլիսոփայութիւն մը ունի իր մէջ, որ թէեւ հակասական տարրեր կրնայ ունենալ, սակայն չի դադրիր հրաշալի փիլիսոփայութիւն ըլլալէն: Դատավարութեան ատեն ատեանի նախագահը Թեհլիրեանին կը հարցնէ, թէ ինչո՞ւ արդեօք ան ինքզինք յանցաւոր չի համարեր:
Ա.- Ինքզինս յանցաւոր չեմ համարեր, որովհետեւ խիղճս հանգիստ է:
Ն.- Խիղճերնիդ ինչո՞ւ հանգիստ է:
Ա.- Մարդ մը սպաննած եմ, բայց մարդասպան չեմ:
Ն.- Կ՛ըսէք, թէ խղճի խայթ չունիք, ձեր խիղճը մաքուր է: Դուք ձեզ չէ՞ք յանդիմաներ: Բայց հարցուցէ՛ք դուք ձեզի. արդեօք Թալէաթ փաշան սպաննել կ՛ուզէի՞ք:
Ա.- Այս հարցումը չեմ հասկնար. ես զինքը արդէն սպաննած եմ:
Ն.- Կ՛ուզեմ ըսել, թէ զինք սպաննելու ծրագիր ունէի՞ք:
Ա.- Ես որեւէ ծրագիր չունէի:
Ն.- Ե՞րբ արթնցաւ ձեր մէջ այդ գաղափարը:
Ա.- Դէպքէն գրեթէ երկու շաբաթ առաջ. ինքզինքս շատ վատ կը զգայի եւ ջարդերու պատկերները դարձեալ աչքերուս առջեւ կը նկարուէին: Մօրս դիակը տեսայ. այդ դիակը ոտքի ելաւ, առջեւս կանգնեցաւ եւ ըսաւ ինծի. դուն տեսար, թէ Թալէաթ հոս է եւ անտարբե՞ր կը մնաս, դուն այլեւս իմ զաւակս չես:
Ն.- (Այդ խօսքերը կրկնելով երդուեալներուն) Իսկ դուք ի՞նչ ըրիք:
Ա.- Յանկարծ արթնցայ եւ որոշեցի այդ մարդը սպաննել:
Ն.- […] Ի՞նչ զգացում ունեցաք, երբ Թալէաթ փաշան մեռած առջեւնիդ տեսաք. ի՞նչ մտածեցիք:
Ա.- Թէ անմիջապէս յետոյ ի՛նչ զգացի, չեմ գիտեր:
Ն.- Բայց ժամանակ անցնելէ ետք եղածին արդէն անդրադարձած ըլլալու էք:
Ա.- Ոստիկանատուն բերուելէս ետքն է, որ անդրադարձայ, թէ ի՛նչ էր եղածը:
Ն.- Ուրեմն ի՛նչ կը մտածէիք ձեր ըրածին վրայ:
Ա.- Սրտի գոհունակութիւն մը զգացի:
Ն.- Իսկ այսօ՞ր:
Ա.- Դեռ այսօր ալ եղածէն շատ գոհ եմ:
Ն.- Բայց գիտէ՛ք անշուշտ, թէ բնական պայմաններու մէջ ոչ ոք իրաւունք ունի իր դատաւորը ըլլալու, նոյնիսկ եթէ շատ բաներ կրած ըլլայ:
Ա.- Չեմ գիտեր. մայրս ինծի պատուիրեց, որ Թալէաթ փաշան սպաննեմ, որովհետեւ ջարդերու պատասխանատուն է. ասկէ միտքս ա՛յն աստիճան գրաւուած էր, որ չէի գիտեր, թէ պէտք չէ սպաննեմ (83):
«Մարդ սպաննած եմ, բայց մարդասպան չեմ: Թեհլիրեանը ահաբեկիչ էր, սակայն արարքը ահաբեկչութիւն չէր: Բուն ահաբեկիչը, ի բնէ, թուրք պետութիւնն է, որուն բոլո՛ր գործերը, պատմութեան բոլո՛ր ժամանակներուն ահաբեկչութիւն են: Մեր օրերուն արդէն ականատես ենք թուրք պետութեան ահաբեկչական ծրագիրներուն եւ արարքներուն թէ՛ երկրին ներքին եւ թէ՛ արտաքին մակարդակներու վրայ:
Ուրեմն, Թալէաթը ահաբեկիչ է եւ իր արարքը ահաբեկչութիւն է: Թեհլիրեան ահաբեկիչը ահաբեկեց Թալէաթ ահաբեկիչը եւ վրէժը լուծեց ահաբեկչութենէ:
Աւելորդ չենք համարեր հաստատել, որ Թեհլիրեանի վրէժխնդրական արարքին ընթացքին ոչ մէկ պատահական մարդ կամ անցորդ վնասուած է: Առհասարակ, 1920-ական թուականներու «Նեմեսիս»-ի վրէժխնդրական բոլոր գործողութիւններու ընթացքին, թիրախներէն բացի, ոչ մէկ մարդ սպաննուած կամ վիրաւորուած է:
***
Երբ տեղի կ՛ունենար 15 մարտ 1921-ի Թալէաթի ահաբեկումը, Մոսկուայի մէջ կը պատրաստուէր ռուս-թրքական «բարեկամութեան եւ եղբայրութեան» դաշնագիրը, որ ստորագրուեցաւ յաջորդ օր: Այդ դաշնագրով Խորհրդային Ռուսիան թրքական հող կը հռչակէր ոչ միայն Արեւմտեան Հայաստանը, այլեւ Արեւելեան Հայաստանէն թուրքերու կողմէ բռնագրաւուած տարածքները, գլխաւորաբար` Կարսը եւ Արտահանը: Աւելի՛ն. Նախիջեւանը իբրեւ ինքնավար հողամաս կը դրուէր Ազրպէյճանի հովանաւորութեան տակ (84): Այսինքն կը նուրիրագործուէր Պրեսթ-Լիթովսքիի դաշնագիրը, որ ստորագրուած էր 3 մարտ 1918-ին (85), ինչպէս նաեւ կը նորոգուէր այն քաղաքականութիւնը, որ հիմք դրուած էր թալէաթներու կողմէ` եղբայրական գործակցութիւն հաստատելով ռուս պոլշեւիկներու հետ: Պատահականութիւն չէր, որ երկու այլ ոճրագործներ` Ճեմալ եւ Էնվեր փաշաները արդարադատութենէ փախչելով (անոնք ալ ի բացակայութեան մահուան դատապարտուած էին) եւ ռուսերու հետ եղբայրական յարաբերութեան մէջ ըլլալով` իրենք զիրենք աւելի ապահով կը զգային Ռուսիոյ մէջ, քան Գերմանիոյ: Բոլոր պարագաներու հայ վրիժառու եւ արդարհատոյց գնդակները հասան նաեւ անոնց: Ճեմալ փաշան ահաբեկուեցաւ Արտաշէս Գէորգեան-Պետրոս Տէր Պօղոսեան-Ստեփան Ծաղիկեան երրորդութեան կողմէ, Թիֆլիս, Չեկայի (դատական գերագոյն մարմին) շէնքին առջեւ, 25 յուլիս 1922-ին (86): Ճեմալ փաշան Մեծ եղեռնի կազմակերպիչ ըլլալէ անկախ մեծ դերակատարութիւն ունեցաւ Մոսկուա- Անգարա բարեկամական յարաբերութիւններ հաստատելուն մէջ: Իսկ Էնվեր կը սպաննուի Խորհրդային Թիւրքիստանի մէջ, 28 օգոստոս 1922-ին ամենայն հաւանականութեամբ խորհրդահայ զինուորի մը ձեռամբ: Այսինքն ամբողջ շարքէն Էնվերի ահաբեկումն էր միայն, որ Դաշնակցութեան գործը չեղաւ (87):
Վերադառնալով Թեհլիրեանին` Թալէաթի ահաբեկումը նաեւ յիշեցում մըն էր աշխարհին, որ հայութեան հաշուոյն անարդարութիւն կը պատահէր Մոսկուայի դաշնագրի ստորագրութեամբ պոլշեւիկ Մոսկուայի եւ քեմալական Անգարայի միջեւ:
(Շար. 8)
—————————-
80.- Նոյն տեղ, էջ 459:
81.- Նոյն տեղ, էջ 450-453:
82.- Քիւրքճեան, անդ., էջ 281:
83.- Նոյն տեղ, էջ 100-101,111:
84.- Լազեան, անդ., էջ 208-211, նաեւ` Նաւասարդեան, անդ., էջ 9-15:
85.- Լազեան, անդ., էջ 95-97:
86.- Միքայէլ Այվազեան, «Ովքեր են սպաննել Ճեմալ փաշային», երկրորդ, լրամշակուած հրատարակութիւն (խմբ.` Գէորգ Խուդինեան), Երեւան, «Ֆէնոմէն» հրատարակչութիւն, 2016:
87.- Տասնապետեան, անդ., էջ 171: