Այս տարի, Շուշիի ազատագրման 25-ամեակի առիթով, հրատարակուած է «Իմ Շուշի» խորագրեալ լուսանկարներու բացառիկ պատկերագիրքը, որուն շնորհահանդէսները կատարուած են մայիսին Երեւանի եւ Շուշիի մէջ, իսկ 28 յունիսին ներկայացուեցաւ նաեւ լիբանանահայութեան` կազմակերպութեամբ «Թէքէեան» մշակութային միութեան Լիբանանի տեղական վարչութեան, գործակցութեամբ Լիբանանի մէջ Հայաստանի դեսպանատան: :
Պատկերագիրքին մէջ ներկայացուած են վաւերագրական եւ գեղարուեստական աշխատանքներ, որոնք լուսանկարչական արուեստին միջոցով կը պատմեն Շուշիի պատմութիւնը` 1992 թուականէն մինչեւ մեր օրեր: Այս նախագիծին նպատակն է անգամ մը եւս արժեւորել մեր պատմութիւնն ու յաղթանակը եւ աշխարհին պատմել մեր ուժին ու ոգիին մասին, ինչո՞ւ չէ, նաեւ` Շուշին վերաբնակեցուած տեսնելու յաւակնոտ մաղթանքով ու տենչով:
Պատկերագիրքին մէջ ներառուած են վարպետ լուսանկարիչներ` Ռուբէն Մանգասարեանի, Յակոբ Պէրպէրեանի, Մաքս Սիվասլեանի, Յակոբ Պօղոսեանի, Մուշեղ Գասպարեանի եւ Վահագն Գրիգորեանի վաւերագրական եւ գեղարուեստական լուսանկարները: Լուսանկարներուն մեծամասնութիւնը առաջին անգամն ըլլալով կը հրապարակուին:
Նախագիծին հեղինակ, «ԱՐՏ «Փի. Ար.» ընկերութեան հիմնադիր Գայեանէ Դաւթեան պատկերագիրքի յառաջաբանին մէջ հետեւեալ ձեւով արտայայտուած է. «Իմ Շուշի» պատկերագիրքի ստեղծման գաղափարը պատահաբար մէջտեղ չէ ելած. ասիկա արար մըն է, որով կը փորձենք մեր պարտքը կատարել քաղաքի ազատագրման համար մարտնչած հերոսներուն, անգամ մը եւս թարմացնել այն յաղթական էջը, որով տակաւին սերունդներ պիտի դաստիարակուին: Հաւանաբար այս լուսանկարները նաեւ տուն դառնալու հիանալի առիթ ստեղծեն այն բազմաթիւ արցախցիներուն համար, որոնք այսօր իրենց հայրենիքէն դուրս բախտ կը փնտռեն, գուցէ շուշեցիներուն ժառանգորդները փորձեն վերադառնալ այն հողին ու ջուրին, ուր ամէն ինչ կայ, վերակառուցելու իրենց պապերուն երազած «Շուշին»:
28 յունիսին Լիբանանի մէջ տեղի ունեցած շնորհահանդէսին առիթով Գայեանէ Դաւթեան նշած է. «Մեզի համար մեծ պատիւ է պատկերագիրքը ներկայացնել նաեւ Լիբանանի հայկական գաղութին, քանի որ գաղտնիք չէ, թէ որքան մեծ ներդրումներ կատարած են լիբանանահայերը` արցախեան պատերազմին տարեգրութեան մէջ: Երախտապարտ ենք Լիբանանի մէջ Հայաստանի դեսպանութեան եւ «Թէքէեան» մշակութային միութեան` Պէյրութի մէջ պատկերագիրքի շնորհահանդէսին կազմակերպման աջակցելնուն համար»:
Գիրքը փափաքողները կրնան դիմել Լիբանանի մէջ Հայաստանի դեսպանատուն: