Երեքշաբթի, 4 յուլիս 2017-ի երեկոյեան, Պիքֆայայի Ս. Աստուածածին վանքին մէջ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոս միջեկեղեցական շարժումին պարզած ներկայ կացութեան մասին դասախօսութիւն մը տուաւ` շեշտելով համաքրիստոնէական այս շարժումին կարեւորութիւնը, ներկայացնելով անոր դիմագրաւած ներկայ խնդիրներն ու մարտահրաւէրները:
Վեհափառ հայրապետը միաժամանակ իր մտահոգութիւնը յայտնեց, որ եկեղեցիներ սկսած են անտարբերութիւն ցոյց տալ ներկայ աշխարհը տագնապեցնող հարցերուն եւ միջքրիստոնէական այս շարժումին նկատմամբ:
Համալսարանական երիտասարդ-երիտասարդուհիները Լիբանան ժամանած էին` Յորդանանէն, Իրաքէն, Սուրիայէն, Եգիպտոսէն ու Պաղեստինէն, մասնակցելու աստուածաբանական ու միջեկեղեցական բնոյթ ունեցող յատուկ դասընթացքի մը: Նոյն դասընթացքին, յանուն Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան, կը մասնակցէին Հայ եկեղեցւոյ համալսարանական ուսանողներու միութեան (ՀԵՀՈՄ) հոգեւոր խորհրդատու Թաթուլ աբղ. Գարտանաքեանը եւ Մակալի Մանուկեանը, որոնք արաբերէն եւ անգլերէն լեզուներով ուղերձներ կարդացին վեհափառ հայրապետին դասախօսութենէն առաջ:
Դասախօսութեան աւարտին վեհափառ հայրապետը պատասխանեց իրեն ուղղուած հարցումներուն: Ապա շուրջ աւելի քան քառասուն հոգիներէ բաղկացած ուսանողներու խումբը շրջեցաւ Ս. Աստուածածին վանքի զանազան բաժանմունքները եւ մօտէն ծանօթացաւ ընդհանրապէս Հայ եկեղեցւոյ եւ մասնաւորաբար Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան գործունէութեան: