Ուրբաթ, 9 յունիսին Հայ աւետարանական Փ. եւ Է. Թորոսեան միջնակարգ վարժարանի մանկապարտէզի, իսկ ուրբաթ, 16 յունիսին նախակրթարանի եւ միջնակարգի վկայականներու բաշխման օրերն էին:
Զոյգ հանդէսներն ալ սկսան զոյգ քայլերգներով ու աւարտեցան հայ աւետարանական Էմմանուէլ եկեղեցիի հովիւ պատ. Սեւակ Թրաշեանի օրհնութեան աղօթքով:
Մանկապարտէզի հանդէսը ճոխ էր մանկական երգերով ու պարերով, նաեւ` արաբերէն զաժալով մը (զոր Ծաղիկ դասարանի աշակերտները կատարեցին շատ յստակ եւ հաճելի ներկայացումով: Ծաղիկ դասարանի աշակերտները նաեւ ներկայացուցին «Արագիլն ու աղուէսը»-ը թատրերգութիւնը, ապա խմբային երգերը, արտասանութիւններն ու պարերը ուրախացուցին ծնողներն ու հիւրերը միանգամայն:
Բոլոր մանկապարտէզի աշակերտները բեմին վրայ կատարեցին պաշտամունք, հոգեւոր երգերով եւ սաղմոսներով ու աղօթքով փառաբանեցին զԱստուած:
Ապա կատարուեցաւ վկայականներու բաշխումը, որուն յաջորդեց տնօրէնուհիին խօսքը:
Նախակրթարանի եւ միջնակարգի կարգերու հանդէսին, բանախօսն էր Ռոզեթ Մահսերեճեան: Ան կրթական մշակ է, «Ջանասէր» ամսաթերթի հրատարակչական գրասենեակի տնօրէն եւ Հայ աւետարանական վարժարաններու գործակատար: Իր խօսքին մէջ ան խրախուսեց աշակերտները` ըլլալու հպարտ հայեր, ուրախանալու իրենց հայ ազգին պատկանելու եւ երախտապարտ մնալու Թորոսեան վարժարանին:
Յայտագրին մաս կազմեց վարժարանին երգչախումբը` ղեկավարութեամբ Նեկտար Փալազեանի, որ բարձր որակով հրամցուց «Մայր հայրենիք» երգը ու հայկական ժողովրդական երգերու շարան մը: Ապա Ա. եւ Բ. կարգերու աշակերտներ միացան երգչախումբին եւ հարուածային գործիքներով միասին կատարեցին «Կաքաւիկ»-ը:
«Միասնականութիւն» բնաբանով հանդէսը շարունակուեցաւ 9-րդ եւ 6-րդ կարգերու շրջանաւարտներով: Անոնք արտասանեցին քառեակներ ու ասացուածքներ` միասնութեան մասին, ապա կատարեցին «Միասնութեան շուրջ պար»-ը:
Խանդավառ մթնոլորտը շարունակուեցաւ 9-րդ կարգի ուղերձներով (Փաթիլ Քեչէճեան հայերէն եւ Կարօ Սեմիզեան` արաբերէն):
2016-2017 տարեշրջանի խճանկարներ դիտելէ ետք կատարուեցաւ 6-րդ եւ 9-րդ կարգերու վկայականներու բաշխումը որուն յաջորդեց մրցանակաբաշխումը, ապա` տնօրէնուհիին հուսկ բանքը:
Շրջանաւարտներու ելքէն ետք վարժարանի շրջափակին մէջ անոնք ընդունեցին ներկաներուն շնորհաւորութիւնը, ապա հատեցին կարկանդակը: