Սովորութենէ մը աւելի, գեղեցիկ աւանդութիւն դարձած Թրիփոլիի Ազգային Նուպարեան-Խրիմեան միջնակարգ վարժարանի ամավերջի հանդէսը տեղի ունեցաւ հինգշաբթի, 15 յունիս 2017-ին, երեկոյեան ժամը 8:30-ին, վարժարանի շրջափակին մէջ, հովանաւորութեամբ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ եպս. Փանոսեանի:
Հայ վարժարանը, հայ լեզուն ու հայ գիրը սիրողներ ուրախութեամբ փութացած էին ներկայ գտնուելու տարեշրջանի այս եզակի հանդիսութեան:
Լիբանանեան եւ Հայաստանի քայլերգներու ունկնդրութենէն ետք, արաբերէն լեզուով հակիրճ բացման խօսքով ընթացք առաւ հանդէսը:
Ուսումնական ընթացիկ տարուան բացառիկ եւ ուրախառիթ դէպքը հանդիսացաւ, երբ վարժարանի տնօրէն Վաչէ Հարմանտայեան պարգեւատրուեցաւ Հայաստանի սփիւռքի նախարարութեան կողմէ «Մայրենի դեսպան» շքանշանով` վարժարանին եւ գաղութին պարգեւելով հպարտառիթ պահեր:
Այդ դէպքին կապակցաբար, հանդէսի յայտագրի գործադրութիւնը սկսաւ կենդանի պատկերով մը, ուր անմահն Մեսրոպ Մաշտոց ներշնչուելով փոքրիկ հրեշտակներու հոգեպարար ներկայութենէն, կը հնարէ հայ տառերը` զանոնք նուիրելով բոլոր տարիքի աշակերտներուն, որոնք հպարտ եւ ցնծագին մայրենի բարբառով կ՛արտասանեն, կ՛երգեն, իրենց սրտի խօսքերով կը յուզեն ու կը խանդավառեն ներկաները:
Ապա բեմ հրաւիրելով իրենց սիրելի տնօրէնը` Վաչէ Հարմանտայեանը, հայ փոքրիկները իրենց խոր սէրն ու երախտիքը կը յայտնեն իրենց տեսուչին` անոր նուիրելով յուշանուէր մը:
Միջնակարգի շրջանաւարտները իրենց սիրելի տնօրէնին նուիրեցին յուշանուէր մը: Իր կարգին տնօրէնութիւնը իր գնահատանքն ու շնորհակալութիւնը յայտնեց քանի մը ուսուցչուհիներու` անոնց նուիրելով գեղեցիկ ծաղկեփունջեր:
Յայտագրի յաջորդական բաժիններով ներկայացուեցան թատերական պատկերներ, խմբերգներ, հայկական թէ օտար պարեր, բոլորն ալ մեծ ոգեւորութիւն ստեղծեցին ներկաներուն մօտ:
Աւարտին մանկապարտէզի Ծաղիկ եւ միջնակարգի իններորդ կարգերու աշակերտները ստանալով իրենց վկայականները, թէեւ յուզուած` բայց ուրախ, հրաժեշտ տուին իրենց սիրելի դպրոցին` ընկերակցութեամբ հրավառութեան շլացուցիչ եւ պսպղուն լոյսերուն:
Ուրախութիւնը եւ բարձր տրամադրութիւնը վարակիչ դառնալով հանդիսականներուն` բոլորն ալ ակամայ հեռացան յաջորդ տարուան լաւագոյն յոյսերով:
Վարձքը կատար բոլորին:
ԹՂԹԱԿԻՑ