19 յունիսին Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց կաթողիկոսի նախագահութեամբ տեղի ունեցաւ Հառիճի վանքին մէջ գործող «Թրբանճեան ընծայարան»-ի հիմնանորոգուած մասնաշէնքի բացման արարողութիւնը:
Հառիճի ընծայարան այցելութիւնը սկսաւ յուշատախտակի բացումով, որմէ ետք պատմական վանքի Սուրբ Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ վեհափառ հայրապետի գլխաւորութեամբ մատուցուեցաւ գոհաբանական աղօթք: Տաճար գտնուող ներկաները ողջունեց Արթիկի թեմի առաջնորդի տեղակալը` ուրախութիւն յայտնելով, որ կեանքի կոչուած է հայոց հայրապետի երբեմնի տեսիլքը եւ բարերարներու նախանձախնդիր աշխատանքի ու նուիրատուութեան շնորհիւ եկեղեցին եւ յարակից շինութիւնները այլեւս վերակենդանացած են ու կ՛ապրին:
Տարածքին մէջ կատարուած շրջագայութենէն ետք, Ամենայն Հայոց կաթողիկոսի բարձր նախագահութեամբ, նորոգուած մասնաշէնքին մէջ կատարուեցաւ օրհնութեան կարգ:
Արարողութեան աւարտին ներկաները ողջունեց Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինի հոգեւոր-կրթական բարձրագոյն հաստատութիւններու վերատեսուչ Գէորգ եպս. Սարոյեանը: Սրբազանը նշեց, որ հայ ժողովուրդի ինքնութեան պահպանման գործօններէն կարեւորագոյնը կրթուած եւ դաստիարակուած սերունդ ունենալն է, որուն նպատակաուղղուած եղած է «Թրբանճեան ընծայարան»-ի հիմնադրութիւնը հայոց հովուապետին կողմէ 2012-ին: Գէորգ սրբազանը ընդգծեց, որ ընծայարանը արդէն իր արժանի տեղը գրաւած է Մայր Աթոռի հոգեւոր-կրթական բարձրագոյն հաստատութիւններու շարքին մէջ, անցնող տարիներուն տալով յիսունէն աւելի շրջանաւարտներ, որոնք համալրած են ինչպէս հոգեւոր, այնպէս ալ աշխարհիկ կրթօճախները: Երախտագիտութիւնը յայտնելով բարերարներու ընտանիքին` վերատեսուչը շեշտեց, որ անոնք իրենց գործով լաւ օրինակ կը հանդիսանան հետագայ սերունդներուն: Ան նաեւ վստահեցուց, որ նորոգուած մասնաշէնքը լաւագոյնս պիտի ծառայէ ընծայարանի կարիքներուն:
Այս առիթով իր ուրախութիւնը յայտնեց նաեւ Միացեալ Նահանգներու հայոց արեւմտեան թեմի առաջնորդ Յովնան արք. Տէրտէրեանը` նշելով, որ շնորհիւ Ամենայն Հայոց հայրապետի ջանքերուն եւ Թրբանճեան ամոլի առատաձեռնութեան` այսօր բոլորը ականատես են Հայ եկեղեցւոյ կեանքին կարեւոր եւ պատմական իրադարձութեան: Ան նաեւ նշեց, որ ազգի կեանքը աւելի յարատեւ կը դառնայ, երբ ուշադրութիւն դարձուի ազգի դաստիարակութեան եւ կրթութեան: Սրբազանը շնորհակալութիւն յայտնեց վեհափառ հայրապետին այս ազգօգուտ իրագործման համար` ընծայարանի հաստատման առիթով եւ մաղթեց, որ նորին սրբութիւնը քաջառողջ հովուապետութեամբ կեանքի կոչէ իր բոլոր երազներն ու սպասումները` ի պայծառութիւն Հայ եկեղեցւոյ եւ ազգին:
Ամենայն Հայոց կաթողիկոսը եւ բարերարներու ընտանիքը ողջունեց նաեւ Շիրակի մարզպետ Արթուր Խաչատրեանը` կարեւոր նկատելով կրթական հաստատութեան դերն ու նշանակութիւնը մարզի եւ ամբողջ Հայաստանի համար: Մարզպետը վստահութիւն յայտնեց, որ ընծայարանը պիտի շարունակէ պատրաստել գիտուն եւ հայրենասէր երիտասարդներ, որոնք իրենց արժանի ներդրումը կ’ունենան թէ՛ հոգեւոր եւ թէ՛ աշխարհիկ ասպարէզներուն մէջ, կը սերմանեն ու կ’օգնեն պահպանելու ազգային արժէքները, հաւատքը եւ հայոց ինքնութիւնը:
Բացման արարողութիւնը իր աւարտին հասաւ Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց հայրապետի օրհնութեան խօսքով:
Վեհափառ հայրապետը գոհունակութեամբ արձանագրեց, որ Ճերըլտ եւ Փաթրիսիա Թրբանճեաններու աջակցութեամբ տարիներ առաջ կարելի դարձաւ իրագործել վանական համալիրին մէջ նաեւ կրթական կեանքը վերականգնելու ծրագիրը: Հայոց հովուապետը հաստատեց, որ ընծայարանի կրթական գործունէութեամբ հինաւուրց վանական համալիրը վերստին պիտի ծաղկի ու պայծառանայ, ինչ որ զարկ կու տայ նաեւ վանական կեանքին:
Նորին սրբութիւնը ներկաներուն տեղեկացուց, որ ընդարձակ ծրագիրի յաջորդ փուլին պիտի կատարուի վանքի նորոգութիւնը եւ տարածքի բարեկարգութիւնը, միաժամանակ ընծայարանի համար պիտի կառուցուի նաեւ հանրակացարանային նոր մասնաշէնք` կարելիութիւն ընձեռելով աւելցնելու աշակերտներուն թիւը:
Այս առիթով Ամենայն Հայոց կաթողիկոսը իր գնահատանքը յայտնեց բարեգործ Թրբանճեան ընտանիքին` անոր դրսեւորած յանձնառութեան ու նախանձախնդրութեան համար: Վեհափառ հայրապետը իր օրհնութիւնը բերաւ նաեւ Միացեալ Նահանգներու հայոց արեւմտեան թեմի առաջնորդին, ընծայարանի տեսչութեան եւ կատարուած աշխատանքներուն իրենց գործուն մասնակցութիւնը բերած բոլոր հոգեւորականներուն եւ աշխարհականներուն:
Արարողութիւնը վերջ գտաւ Ամենայն Հայոց կաթողիկոսի «Պահպանիչ»-ով:
Պատրաստեց՝ ԿԱԼԻ ԱՒԱԳԵԱՆ