Լոյս տեսած է Սիւնիքի մարզի պատմական յուշարձաններու քարտէս-ուղեցոյցը, որ զբօսաշրջիկներուն կարելիութիւնը կու տայ իրազեկուելու եւ ծանօթանալու Սիւնիքի պատմական յուշարձաններուն: Ըստ «Հոգիի պարտք» հասարակական կազմակերպութեան նախագահ Շողինէ Յովհաննիսեանի, 2012-ին տպագրուած էր Լոռիի եւ Տաւուշի մարզերու, իսկ 2015-ին Գեղարքունիքի եւ Կոտայքի մարզերու պատմական յուշարձաններու քարտէս-ուղեցոյցները:
«Անոնց շրջանառութեան դրական արձագանգը յառաջ բերին այլ մարզերու նմանատիպ քարտէս-ուղեցոյցներ պատրաստելու եւ տպագրելու նպատակ: Եւ Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահի աշխատակազմի տրամադրած դրամաշնորհի, ինչպէս նաեւ Հայաստանի երիտասարդական հիմնադրամի աջակցութեամբ տպագրուեցաւ Սիւնիքի մարզի քարտէս-ուղեցոյցը` հայերէն եւ անգլերէն լեզուներով, «Արմէնփրես»-ի հաղորդումով 20 յունիսին լրագրողներու հետ զրոյցի ընթացքին ըսաւ Յովհաննիսեան:
Ըստ անոր, ուղեցոյցին նպատակն է խթանել եւ զարգացնել զբօսաշրջութիւնը Սիւնիքի մարզին մէջ:
«Քարտէս-ուղեցոյցը ունի հայագիտական, կրթական, դաստիարակչական եւ ճանաչողական նպատակ: Անիկա հասցէագրուած է բոլոր հայ եւ օտարազգի զբօսաշրջիկներուն, որոնք կը նախընտրեն կենսոլորտային զբօսաշրջութիւնը», նշեց Յովհաննիսեան եւ աւելցուց, որ քարտէսին մէջ նշուած են նաեւ Սիւնիքի մարզի գողտրիկ հնավայրերը:
Հայկական ճարտարապետութիւնը ուսումնասիրող հիմնադրամի ղեկավար եւ յուշարձանագէտ Սամուէլ Կարապետեանը կարեւոր նկատեց նոյնանման քարտէսներու տպագրութիւնը եւ նշեց, որ անիկա բաւականին յարմար է զբօսաշրջիկներու լաւ կողմնորոշման համար:
«Այս քարտէսին մէջ նշուած են 150-200 կարեւոր յուշարձանները: Բոլոր ճամբաները եւ գիւղերը այս քարտէսին մէջ ընդգրկուած են եւ` պայմանական նշաններով ցուցադրուած: Մենք կ’ուզենք բոլոր մարզերուն համար նման ուղեցոյցներ պատրաստել», եզրափակեց Սամուէլ Կարապետեան:
Պատրաստեց՝ ԿԱԼԻ ԱՒԱԳԵԱՆ