ԿԱՐՕ ՅՈՎՀԱՆՆԷՍԵԱՆ
Գերմանական դատարանը ոչ միայն քաղաքական բնոյթ չուզեց տալ դատավարութեան, այլեւ աշխատեցաւ կարճի կապել զայն: Խորքին մէջ այս երեւոյթը կը նպատակադրէր մեղմացնել մեղսակցութիւնը գերմանական պետութեան եւ գերմանացի բարձրաստիճան զինուորականներուն ու դիւանագէտներուն, որոնք օժանդակեցին եւ նոյնիսկ որոշ չափով ծրագրեցին հայկական ջարդերը: Այսպէս, Թեհլիրեանի դատավարութեան վկայութեան չկանչուեցան Թուրքիոյ մէջ գերմանացի դեսպան Ֆոն Վանկենհայմը եւ զօրավար Ֆոն Տեր Գոլցը, որ քսան տարի մարզած էր թրքական բանակը. ան մէկն էր հայերու տեղահանման գաղափարը յղացողներէն, որ իր ծառայութեան համար «փաշա» տիտղոսը ստացաւ: Դատարանը հրաժարեցաւ զանոնք վկայութեան կանչելէ, որովհետեւ երկուքին մեղսակցութիւնը շատ բացայայտ էր հայկական ջարդերուն մէջ: «Հակառակ Թեհլիրեանի դատավարութեան ընթացքին կատարուած պնդումներու` գերմանական ոստիկանութիւնը Պերլինի մէջ իսկապէս կը հովանաւորէր ու կը պաշտպանէր թուրք ոճրագործները, մինչ գերման կառավարութիւնը մերժած էր անոնց արտայանձնումը` յայտարարելով, որ «Ինք չի հաւատար, որ Թալէաթ փաշա գիտակցօրէն քաջալերած ըլլայ ծանօթ բարբարոսութիւնները», բան մը, որ սակայն նոյն գերման կառավարութիւնը շատ մօտէն գիտէր` շնորհիւ իր դեսպանին եւ հիւպատոսներու տեղեկագիրներուն»(73):
Ցեղասպանութեան մէջ գերմանացիներու մեղսակցութեան սքանչելի վկայութիւն մըն է պաշտպան փաստաբան Նիմայերի հետեւեալ արտայայտութիւնը. «Պատերազմի ատեն Գերմանիոյ պատերազմական եւ ուրիշ հաստատութիւնները հոս` երկրին մէջ եւ դուրսը լռութեան մատնեցին եւ քողարկեցին հայկական սարսափները այնպիսի՛ եղանակով մը, որ կը հասնէր ներելի սահմանի վերջին գծին: Անշուշտ գերմանացիները ջանացին մինչեւ որոշ աստիճան` դադրեցնել սարսափները: Բայց թուրք ժողովուրդը ըսաւ ինքնիրեն. «Անհնարին է, որ այս բոլորը տեղի ունենան առանց գերմանացիներու կամքին: Չէ՞ որ գերմանացիները զօրաւոր են»: Ուրեմն մենք` գերմանացիներս Արեւելքի եւ ամբողջ աշխարհին մէջ թուրքերու հետ մէկտեղ պատասխանատու դարձած ենք հայկական սարսափներուն համար: Մեծ գրականութիւն մը կայ Ամերիկայի, Ֆրանսայի եւ Արեւելքի մէջ, որ նպատակ ունի ցուցնելու, թէ գերմանացիները իրական թալէաթներ եղած են Թուրքիոյ մէջ»(74):
Երրորդ. Թեհլիրեանի վրէժխնդրական արարքը քարոզչական մեծ անդրադարձ ունեցաւ թէ՛ ներքին` հայկական եւ թէ՛ արտաքին մակարդակներու վրայ: Առանց չափազանցութեան, ինչպէս յայտնեցինք նախապէս, ամբողջ Եւրոպան, նոյնիսկ աշխարհը, հեւիհեւ հետեւեցան Թեհլիրեանի ահաբեկման եւ դատավարութեան: Գերմանական, անգլիական, ամերիկեան եւ ֆրանսական թերթերը բազմաթիւ յօդուածներ հրատարակեցին հայկական ջարդերուն եւ Հայկական հարցին մասին: Գաղափար մը տալու համար այս քարոզչութեան մասին, գերմանական «Die Zukunft» երկշաբաթաթերթի յօդուածագիր` Մաքսիմիլիան Հարտէն, ի շարս այլ բաներու, հետեւեալը կը գրէր. «Թալէաթը նախ որպէս ներքին գործոց նախարար ու ապա իբրեւ մեծ վեզիր գլխաւոր մեղաւորն է: Չնայելով, որ նա ուրանում էր, բայց նրա մեղսակցութիւնը ապացուցուած է իր իսկ հայրենակիցների համոզմամբ: Ուսանող Թեհլիրեանը որոնեց եւ դուրս բերեց այդ վախկոտ հրէշի թաքստոցը եւ օրը ցերեկով Պերլինի փողոցներում գնդակահարեց իր ծնողների եւ ազգի սպաննիչին: Վրէժը իմն է, ասում է Տէրը, եւ արգիլում է իր նմանի սպանութիւնը: Ո՜վ բարեպաշտներ, արդեօք հայ քրիստոնեայի ձեռքը Աստուծոյ զէնքը չէ՞ր, իր բարձր կամքը չէ՞ր արդեօք, որ վրիժառուի միտքը լուսաւորեց եւ նրան Եւրոպայի աղտոտ խառնափնդորութեան միջով անզգամ չարագործութեան հետքի վրայ առաջնորդեց` աւելի իմաստուն կերպով, քան զօրավարները արին այդ, իրենց կուրօրէն հպատակուող զօրքերի միջոցով»(75):
Բնականաբար թրքական մամուլը վերապահ գտնուեցաւ Թալէաթի ահաբեկման գործին: Այնուամենայնիւ գտնուեցան քանի մը թրքական թերթեր, որոնք քաջութիւնը ունեցան հարազատօրէն ներկայացնելու Թալէաթի անձնաւորութիւնն ու նկարագիրը: Անոնցմէ մէկն է թուրք նշանաւոր գրագէտ Ճենապ Շեհապէտտինի «Գիշատիչ թռչուններ» խորագրեալ յօդուածը, որ լոյս տեսաւ «Փէյամ Սապահ» թերթին մէջ: Երկար մէջբերում մը կը կատարենք այս յօդուածէն, որովհետեւ լաւագոյնս կը բնութագրէ անոր դիմագիծը.
«Թալէաթ կատաղի փառամոլ մըն էր, երեսփոխանութիւնը չգոհացուց իր մեծամոլութիւնը, անբաւական եղաւ նաեւ նախարարութիւնը, թերեւս մեծ եպարքոսութիւնն ալ արհամարհեց: Ան ամէն օր քիչ մը աւելի ձեռնհասութիւն, քիչ մը աւելի ուժ, քիչ մը աւելի տիրապետութեան իրաւունք շահելու կ՛աշխատէր: Ի գին ամէն բանի` ուզեց անդուլ ընդարձակել իր ազդեցութեան սահմանները: Ուզեց, որ իր շուրջը կազմուի գովաբանողներու օղակ մը, ստրկացնողներու շրջանակ մը, փառքի լուսապսակ մը, թէեւ` կրկներեւոյթ: […]
«Անոր իտէալն էր «երեւալ», երեւալ, միշտ երեւալ, միշտ քիչ մը աւելի բարձրանալով` երեւալ: Եւ օրին մէկը զայն մեր գլխուն վրայ տեսանք: Այս ստորածինին մեկնակէտէն մինչեւ հասած դիրքը ուղղահայեաց գիծ մը միայն կայ, հակառակ ասոր` դեռ չէր յագեցած բարձրանալէ: Քանի իր աստիճանը բարձրացաւ, այնպէս կարծեց, թէ հոգին ուղեղը, սիրտը, հմտութիւնը, հայեցողութիւնը եւ հեռատեսութիւնն ալ մեծցան, բարձրացան… Թալէաթ շատ դիւրաւ ինքնախաբէութեան անձնատուր եղաւ, մանաւանդ որ իր ականջները լեցուեցան շուրջիններուն ներբողականներով: Դիւրին եւ արագ յաջողութիւններով արբեցաւ ինքնավստահութեամբ: Իր առջեւը ա՛լ չէր կրնար երեւակայել ո՛չ մէկ պատնէշ, որ իր յաղթանակներուն արգելք ըլլար: […]
«Ճիշդ է որ քանի բարձրացաւ, երեւաց, բայց իր տեսողութեան շրջանակը չընդլայնեցաւ: Հրդեհի աշտարակին գագաթը բարձրացող կոյր մըն էր: Արեւ կարծեց այն հրդեհը, որ մեզ շրջապատած էր: Անկարող էր զանազանելու կենսատու եւ կիզիչ ջերմութիւնները… առաքինութիւն էր այն ոճիրը, որ իրեն նպաստաւոր էր: Կը ճանչնար միայն այն օրէնքները, որ իր ցանկութիւններուն կը ծառայէին: Ճշմարտութիւնը ընդունելի էր, ցորչափ բարձրանալու միջոց մըն էր` ճիշդ սանդուխի դստիկոններու պէս: […]
«Կը նախընտրէր, որ պետութիւնը իր ձեռքին մէջ մեռնէր, քան թէ բարգաւաճէր ուրիշներու ձեռքին մէջ […]
«Թալէաթ «ոչինչ» մը չէր, «ոչինչ» մը յեղափոխութիւն մը չի կրնար կատարել, եւ եթէ անոր «ոչինչ» ըսեն, արդարացում մը գտած կ՛ըլլանք իր վարչական սխալներուն: Ան ոչինչ չէր. «քոմիթեճի» մըն էր […], ահարկու «քոմիթեճի» մը… չար տաղանդ մը ունէր. թակարդ լարելու, դարանակալ ըլլալու, յանկարծակիի բերելու ընդունակ, խարդախ, լարախաղաց, խաբեբայ տաղանդ մը: Թէ՛ իր անհատական կեանքին, թէ՛ հանրային կեանքին մէջ Թալէաթի յենարանը, լծակը, ուժը տոկունութիւնը միեւնոյն բանն էր` էնթրիկ:
«Շատ խոնարհ խաւէ մը բարձրացաւ ամէնէն բարձր դիրքին` շնորհիւ էնթրիկի: Սակայն իր բախտածառը որքան բարձրացաւ, այնքան յայտնի եղաւ, որ արմատները աղբի մէջ էին: Թալէաթ ուր որ ալ բարձրանար, կը տեսնուէր, որ ոտքին ցեխի ծանր զանգուած մը փակած է: Անոր եպարքոսութիւնը տեսակ մը օձային արքայութիւն էր… Քանի բարձրացաւ, տափատին կարկտանները երեւցան: Կուրծքը բաւականաչափ լայն չէր` կարենալ շնչելու համար բարձր սարերու վրայ: Քանի բարձրացաւ, այնքան զգաց իր կուրծքի տկարութիւնը եւ մտածեց, թէ փրկութիւնը խաւ մը աւելի բարձրանալու մէջ է: Ու այս մտածումով մագլցեցաւ ու մագլցեցաւ, եւ երբ եպարքոսութեան հասաւ, ինքն ալ զգաց իր կուրծքին տկարութիւնը:
«Ա՛լ հասկցած էր, որ նոյնիսկ զինք դարպասողներու աչքին «արհամարհուած արձան» մըն էր: Ինքն ալ զգացած էր, որ թէ՛ իր դիրքը եւ թէ՛ համբաւը պատմութեան առջեւ զինքը ամբաստանող վկաներ պիտի ըլլային: Յոյսը անոր համար այլեւս շնչարգելութիւնն էր: Ամէն մէկ յաջողութեան մէջտեղը կար իրեն սպասող անքնութիւնը, որ որեւէ մղձաւանջէ աւելի տառապագին էր: […]
«Հակառակ իր պաշտօնական փայլին` Թալէաթ ապրեցաւ դժբախտ: Ամէն բանի արժանացաւ` առանց որեւէ բան վայլելու:
«Թալէաթ ունէր սատանայական գոռոզութիւն մը, որ կը ջանար պարտկուիլ խորամանկութեան մտերմիկ ձեւերու մէջ: Քաղաքական պարտութեան մը հաւանականութիւնը անոր գոռոզութեան համար անհանդուրժելի հեռանկար մըն էր: Եւ սակայն կը զգար, որ ամէն քայլ զինքը կը մօտեցնէր այս հաւանականութեան: Ան կը գիտակցէր, որ այս յափշտակուած փառքի ճամբան ուշ` կանուխ պիտի յանգի անկման եւ քայքայման…»(76):
Չորրորդ. Թալէաթի ահաբեկան որոշումը տրուած էր, ինչպէս յայտնեցինք, ՀՅԴ Թ. Ընդհանուր ժողովին կողմէ: Ահաբեկումէն ետք Հայ յեղափոխական դաշնակցութիւնը որեւէ ձեւով չստանձնեց արարքին պատասխանատուութիւնը: Տասնապետեան կը հաստատէ, որ` «հասկնալի պատճառներով նման որոշում մը պիտի չհրատարակուէր Թ. Ընդհանուր ժողովի որոշումներու գրքոյկին մէջ, բայց Ս. Թեհլիրեանի, Մ. Թորլաքեանի եւ Ա. Շիրակեանի յուշագրութիւնները կը փարատեն ամէն կասկած` եղեռնի պատասխանատուներու ահաբեկումներուն կազմակերպուածութեան մասին»: Մինչեւ 1956, նման նիւթեր չէին հրատարակուած, ոչ ալ, ինչպէս Վ. Նաւասարդեան կը հաստատէր 1956-ին «Թալէաթի ահաբեկման շուրջ Դաշնակցութեան կողմէ որեւէ պաշտօնական յայտարարութիւն էր եղած»(77): Նաւասարդեան կը յայտնէ դարձեալ, որ Սողոմոն Թեհլիրեանի յուշերը Թալէաթի սպանութեան լրիւ պատմութիւնը չեն: «Ապրիլեան Մեծ եղեռնի գալիք պատմիչը Թալէաթի սպանութիւնը իր բոլոր ծալքերով ներկայացնելու համար առատ նիւթ պիտի գտնի նաեւ ՀՅԴ դիւանի մէջ»(78):
Թալէաթի ահաբեկումը կազմակերպուեցաւ բացառիկ բծախնդրութեամբ: Հետախուզական հետապնդումները կատարուեցան հրաշալի գաղտնապահութեամբ եւ ահաբեկումը գործադրուեցաւ անթերի կերպով:
Թեհլիրեանի վրէժխնդրական արարքը ամբողջութեամբ կը պատկանի Հայ յեղափոխական Դաշնակցութեան: Պէտք է հաստատել սակայն, որ անիկա առաջին օրէն դուրս եկած է Դաշնակցութենէն եւ կը պատկանի ամբողջ հայութեան: Իրողութիւնը այն է, որ հայութեան բոլոր հոսանքները հրաշալի վերաբերում ունեցան Սողոմոն Թեհլիրեանի ահաբեկման նկատմամբ` ընդգծելով արարքին համազգային բարոյական արժէքը:
Այսպէս,
Ռամկավար ազատական կուսակցութեան Պոսթընի պաշտօնաթերթը «Ազգ»-ը խմբագրականով մը` «Հայուն արդար վրէժը» խորագրեալ (19 մարտ 1921)` կը գրէր ի շարս այլոց.
«Արիւնարբու գազանը, հայ ցեղին ամենավայրագ երդուեալ թշնամին, շան մը պէս գետին փռուեցաւ դիտապաստ` հայ կտրիճի մը գնդակէն, Պերլինի մէկ արուարձանին` Շարլոթենպուրկի մէջ, Հարտենպըրկըրի փողոցին վրայ:
«Կեցցէ՜: Ձեռքը դալա՛ր Սողոմոն Թեհլիրեանի…
«Այս եղաւ ինքնաբուխ եւ հզօր զգացումը, որ երկրաշարժի մը պէս ուժգին ու միաժամանակ ցնեց հայ սրտերն ի սփիւռս աշխարհի, եւ հպարտ գոհունակութիւնը, որ անզուսպ հրճուանքով մը դուրս ժայթքեց ամէն մէկ հայու ճնշուած կուրծքէն` ի լուր թուրք բորենիի սատակման:
[…]
«Մենք ապրողներս հրճուանքով կը ծափահարենք հայ արդար վրէժի այս գործադրութիւնը ոճրագործի մը վրայ, որ պարզ ամբաստանեալ մը չէ, այլ դատապարտեալ մը` թէ՛ իր իսկ երկրին Պատժական դատարանէն, թէ՛ միջազգային օրէնքէն եւ թէ՛ մարդկային բարոյականին ու խղճին առջեւ (79)»:
(Շար. 7)
——————————–
73.- Նոյն տեղ, էջ 173:
74.- Նոյն տեղ, էջ 300-301:
75.- Մինախորեան, անդ, էջ 446-447:
76.- Տասնապետեան, անդ, էջ 171:
77.- Քիւրքճեան, անդ, էջ 5:
78.- Մինախորեան, անդ, էջ 21:
79.- Մէջբերուած Մինախորեանի մէջ, անդ., էջ 459: