Quantcast
Channel: Յօդուածներ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 17144

Եղբայր Ենք Մենք Մէկ Տառապանքի

$
0
0

ՍԵԴԱ ՄԱՐԿՈՍԵԱՆ-ԽՏԸՇԵԱՆ

Հայաստանի պատկերասփիւռի պետական Հ1 կայանէն ամէն երկուշաբթի հերթականօրէն կը հեռարձակուի պատմաբանասիրական հաղորդումներու յայտագիր մը, որ կը վարէ պատմաբան Վարդան Օնանեան:

Յայտագիրը կ՛ընդգրկէ պատմական նշանակալից դէպքերու եւ ազգային հերոսներու մասին ուսումնասիրութիւններ եւ վերլուծութիւններ: Պատմական անցուդարձերը` ճշմարտութիւնը բացայայտելու եւ արդարութիւնը վերականգնելու ազնիւ նպատակներով, տասնամեակներով խորհրդային բռնապետութեան կողմէ հայոց պատմութեան, յատկապէս վերջին հարիւրամեակին տրուած մեկնաբանութիւններուն նոր ու ճշգրիտ արժեւորումը կատարելով:

Յայտագիրներէն մին կ՛ընդգրկէ Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան հիմնադրութեան աշխարհաքաղաքական եւ շրջանային մթնոլորտն ու կազմաւորման շարժառիթները: Երկար եւ ընդարձակ ուսումնասիրութիւններով կը վերլուծէ եւ կ՛արժեւորէ` օրուան ընկերատնտեսական, քաղաքական պայմանները, հանրապետութեան հիմնադիրին անձն ու անոր ղեկավարած կառավարութիւնը, նախարարներն ու նախարարութիւնները, անոնց մշակած ծրագիրները իրագործելու կարելիութիւնները:  Հոյակապ վերլուծութիւններ եւ արդար արժեւորումներ են սփռուած ուսումնասիրութիւնները:

Ի հարկ է, պետական հեռատեսիլի կայանին մէջ ներառուած պատմահետազօտական այս յայտագիրը եւ ճշմարտութիւնը բացայայտելու նպատակը միայն ողջունելի է եւ ուրախութիւն կը պատճառէ:  Կը հաւատանք, որ վերջապէս խորհրդային հայը թօթափած է տասնամեակներու բաժանարար նպատակներով սրսկուած թոյնը եւ կը գիտակցի խորհրդային պետութեան քաղաքականութեան որդեգրած ուղիին նպատակը` պարտադրել ընդունիլ սուտն ու սխալը:

Հայաստանի Հանրապետութեան անկախութեան հռչակումէն ի վեր մայիս 28-ը կը նշուի տարբեր ձեւերով: Այս տարի Սարդարապատի յուշահամալիրի մէջ, պետական աւագանիին ներկայութեան, 99-րդ տարեդարձը նշուեցաւ հայկական բանակի խրոխտ տողանցքով ու Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահին յայտարարութեամբ. «Եթէ չըլլար առաջին հանրապետութիւնը, մենք չէինք ունենայ երկրորդ եւ այսօր երրորդ հանրապետութիւնը»: Մայիս 28-ը դարերու ստրկութենէն յառնող հերոսական սխրանքն է մեր ժողովուրդին` իր ճակատագիրին տէրն ըլլալու, եւ կռուանը այդ իտէալին` հայ պետականութեան:

Հ1-ի այլ ծրագիրներէն է «Երգ երգոց» կիրակնօրեայ սքանչելի յայտագիրը, որուն ակնդէտ կը սպասենք, եւ ուր կը հնչեն ոչ միայն  հայ երգի քնարական, աշուղական ու սիրային գանձերու հարազատ մեկնաբանութիւնները, այլ նաեւ կը թնդան ազգային, հայրենաշունչ,  մարտական երգեր, որոնք, գեղարուեստական ճաշակ եւ նպատակ հետապնդելով հանդերձ, երգին ընդմէջէն կը բանան հայ ժողովուրդի մշակութային, ընկերային եւ քաղաքական կեանքի տխուր ու ուրախ էջերը` կենդանացնելով մեր պատմութեան սխրալի եւ հպարտութիւն ներշնչող դէմքերն ու դէպքերը: Անոնք նաեւ մեզի կը ներկայացնեն երաժշտութեան ու խօսքին հեղինակները, անոնց կապուած դէպքեր, դրուագներ, ու վկայութիւններ, որոնք երգն ու երաժշտութիւնը կը վերածեն իրաւօրէն առասպելական պատմութեան:

Մայիս 28-ն հայրենասիրական երգերու ոգեշունչ բովանդակութեամբ միշտ մաս կազմած է «Երգ երգոց» յայտագիրին: Սրահի խանդավառ ու վարակիչ ոգին կը տեղափոխուի մեր տուները, եւ երգերը  կ՛արձագանգեն մեր սրտերէն ներս` մեզ փոխադրելով հայրենի աշխարհ: Մեր ոգեւորութեան մէջ վայրկեան առ վայրկեան անձկութեամբ կը սպասենք, թէ ե՛րբ վերջապէս պիտի ըսուի, հնչէ՛ բարձրաձայն, թէ ովքե՛ր էին անոնք, որոնք «Գնացին` սրբելու մեր դէմքից նախատինք ու լաց»:

Բայց միշտ ալ անանուն հերոսի ներբողով կ՛աւարտի յայտագիրը: Եւ պահ մը կսկիծով կը մխրճուինք մեր անցեալին մէջ ու հարցական կը շարունակենք դիտել պաստառի վրայ շարունակուող խանդավառութիւնը, եւ մեր մտածումները մեզ կ՛անհանգստացնեն` յուշելով, թէ` «եղբայրներ ենք մենք մէկ տառապանքի», Օշականի խօսքերով:

Ժամանակը չէ՞, որ ազգային հայրենասիրական երգերն ու հերոսական արարումներու պանծալի դէմքերուն անունները հնչեն հարազատութեամբ, այնպէս` ինչպէս հարիւր տարիներ շարունակ հնչեցին սփիւռքի տարածքին եւ սերունդները դիմադրելով օտար հոսանքներուն` հասան այսօրուան: Ժամանակը չէ՞ Հանրապետութեան հրապարակին կոթողելու արձանը անոր, որ `

Ծառացաւ մի մարդ,
Հրաշքից փախած ու հրաշք մի մարդ.
Կանգնեց նա դաշտում մեր Արարատեան,
Եւ հաւատքն արած պողպատեայ վահան,
Եւ սէրն հայրենեաց մի շեփոր ռազմի`
Սոված, սարսափած մարդկանցից վհատ
Դարբնեց մի բանակ,
Եւ որպէս ոխից շիկացած երկաթ`
Խփեց ոսոխի ճակատին անարգ…

Թո՞ռն էր նա Հայկի, Զա՞րմը Վարդանի,
Դաւի՞թն էր մանուկ,
Հայոց լեռներում յայտնուած ոգի՞…
Ճակատը պայծառ,
Անունն անթառամ…
Մանուկեան Արա՛մ…      (Ա. Ծառուկեան)

Եւ կոչել հրապարակը իր իսկական անունով` Արամ Մանուկեան հրապարակ:

Որպէսզի սերունդները ճանչնան, թէ ո՛վ էր Սարդարապատի ճակատամարտը  ճարտարապետող քաջարի հերոսը եւ անոր հետ ու անոր կողքին հայրենի հողին  պաշտպան առիւծները` Նժդեհ, Անդրանիկ, Դրօ եւ շարքը բոլոր մարտիկներուն` իւրաքանչիւրը անոնց վկան ու հերոսը այդ արարչական խիզախումներուն:

Ժամանակն է պատմութեան սեւ ու տխուր  էջերը հովին տալու եւ կոչելու իրերը իրենց անունով:  Դաշնակցութիւնն էր տէրն ու դերակատարը դէպքերուն եւ այն, ինչին որ այսօր կը կոչենք հիմնաքարը Հայաստանի ազատ ու անկախ հանրապետութեան: Առաջին հանրապետութիւնն էր այսօրուան հանրապետութեան երաշխիքը եւ ուրեմն` Տուր զկայսերն կայսեր, եւ դաստիարակեցէք այսօրուան սերունդները մայիս 28-ի ներշնչած ոգիով, որպէսզի ունենանք վաղուան հայրենիքին անպարտելի պաշտպաններն ու տէրերը:

2018-ին, տարիէ մըն ալ պակաս, կը պատրաստուինք նշել Ա. հանրապետութեան հարիւրամեակը եւ զարմանալիօրէն հրապարակի վրայ շարժում չկայ, լռութիւն եւ կրաւորականութիւն կը տիրեն ամէնուրեք:

Առաջին հանրապետութեան դարադարձը եւս պէ՛տք է համահայկական ճիգերով համազգային տօնախմբութեան վերածել: Հայոց ցեղասպանութեան հարիւրամեակի նշումներուն համազօր կազմուած Հայաստան-սփիւռք յանձնաժողովներուն Ա. հանրապետութեան նշումներուն եւս սփիւռքը պէտք է ներառուի գալիքի պատրաստութիւններուն մէջ, մանաւանդ որ Ա. հանրապետութեան առասպելական պատմութեան եւ անոր դրօշին տէրն ու պահապանը հարիւրամեակ մը ամբողջ եղաւ Դաշնակցութիւնը եւ հայութիւնը պահեց սփիւռքի մէջ, մինչեւ, դարձեալ փայլեց Հայաստանի գլխին ազատութեան դրօշակ, եւ դրօ՛շն ալ, պատմութի՛ւնն ալ յանձնեց անոր իրաւատիրոջ:

Առաջին հանրապետութեան հարիւրամեակի նշումները առիթ մը պիտի ըլլան Հայաստան-սփիւռք ազգային մէկ գաղափարախօսութիւն որդեգրելու եւ ձեւակերպելու ռազմավարութիւնը` ո՛վ ալ որ ըլլայ Հայաստանի իշխող ուժն կամ կառավարութիւնը, ո՛ւր ալ որ գտնուի  իւրաքանչիւր հայ, բոլորի ճիգերը անշեղօրէն ու անսակարկելիօրէն պիտի ծառայեն մէկ նպատակի` ազատ, անկախ, միացեալ Հայաստանի պաշտպանումին ու հզօրացման:

Ահա՛ պատգամը մայիս 28 կերտողներուն  եւ պատգամը` անկախութեան  հարիւրամեակին:

29 Յունիս 2017

 


Viewing all articles
Browse latest Browse all 17144

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>