ԴՈԿՏ. ՀՐԱՅՐ ՃԷՊԷՃԵԱՆ
Նելսոն Փալոյեանը ծնած է Սանթիակօ, Չիլի: Ան երկրաչափ է եւ մասնագիտացած` համակարգիչներու մէջ: Ան Ցեղասպանութենէ ճողոպրած երրորդ սերունդի հայ է: Կը խօսի եւ կը կարդայ հայերէն եւ ստացած է հայեցի դաստիարակութիւն` իր հայ ծնողքէն: Նելսոն իր մասնագիտութեան կողքին նաեւ հետեւած է երաժշտութեան եւ այսօր իր կարեւոր բաժինը կը բերէ Սանթիակոյի հայկական մշակութային կեանքին մէջ: Կազմած է երգչախումբ մը` հայկական գաղութին անդամներէն, բոլորն ալ` սիրողական եւ կոչած է զայն` «Ծիծեռնակ», եւ թերեւս կը փորձէ ծիծեռնակին շինած բոյնին նման` հեռաւոր Սանթիակոյի մէջ շինել իր հայկական բոյնը:
Բայց Նելսոն «հարստացուցած» է իր կեանքը, եւ այս հարստութիւնը անպայմանօրէն նիւթական չէ: Ան կոչում զգացած է պայմանաւորուիլ Երեւանի ամերիկեան համալսարանին հետ եւ տարին քանի մը անգամ կը մեկնի Հայաստան` դասախօսելու: Եւ ինչպէս ինք ըսաւ, «Երբ որ Հայաստան սկսայ երթալ, աւելի լաւ սորվեցայ հայերէն, հիմա ինծի համար աւելի դիւրին է արեւելահայերէն խօսիլը»:
10 յունիս 2017: Նելսոն բարի գտնուեցաւ` իր տան մէջ հիւրընկալելու զիս, երբ աշխատանքային այցելութեամբ դարձեալ կը գտնուէի Սանթիակօ: Բայց կար նաեւ աւելին: Ան նաեւ հրաւիրած էր իր «Ծիծեռնակ» երգչախումբին կարգ մը անդամները, որոնք վերջերս Հայաստան այցելած էին եւ վերադարձած` մեծ ոգեւորութեամբ: Եթէ մէկ կողմէ պիտի վայելէի Սանթիակոյի «Ծիծեռնակ»-ի անդամները, բայց նաեւ` անոնց հայրենի կարօտի վկայութիւնները…
Հեռաւոր Սանթիակոյի մէջ հայկական այս փոքրիկ «բոյնը» կը դիտէի: «Լման» հայ` հայ ծնողներուն ժառանգութիւնը, «կէս» հայ` խառնածին ամուսնութիւններու արդիւնք, եւ տակաւին` «քառո՞րդ»: Խառն ամուսնութիւններու յաջորդականութի՞ւն: Իսկ այս բոլորը հետեւանքն են Հայոց ցեղասպանութեան, որուն պատճառով հայը տեղահան եղաւ իր բնօրրանէն եւ տարածուեցաւ աշխարհով մէկ: Այս բոլորին վկայութիւնը Նելսոնին մեծ ծնողներն են, որոնց նկարները իր տան հիւրասենեակի պատին վրայ զետեղուած` կը խօսին այդ ապրուած կեանքին մասին, անոնք Ցեղասպանութենէ ճողոպրած` հասած էին Սանթիակօ:
«Ցեղասպանութիւնը իմ ընտանիքիս պատմութիւնն է, ի՛մ պատմութիւնն է: Իմ ժողովուրդիս պատմութիւնն է». Նելսոնն է խօսողը: «Ասիկա շատ անձնական բան մըն է ինծի համար», շարունակեց ան:
Նելսոն ամուսնացած է Անտրէի հետ, որ տեղացի է: Ունին երկու զաւակներ` Մարալ եւ Գէորգ: Անտրէի համար յստակ էր հայկականութեան կարեւորութիւնը, երբ ամուսնացած էր Նելսոնին հետ: «Հայկական ընտանիքի մէջ մտած էի եւ հիմա անոր մէկ անդամն եմ», ըսաւ ան: Անտրէ Նելսոնին հետ քանի մը անգամ այցելած է Հայաստան, ապրած է հայրենիքի գեղեցկութիւնը եւ ջերմութիւնը: «Փարիզը գեղեցիկ է, բայց Երեւանը աւելի դիւր կու գայ ինծի», ըսաւ ան:
Էմիլիա Ալմարզա Նազար` հայրը, տեղացի է, իսկ մայրը` հայ: Այսպէս ըսած ան` «կէս» հայ է, բայց Հայաստանէն վերադարձին ան արդէն «լման» հայն է եւ աւելին: «Առաջին իսկ օրէն զգացի, որ Հայաստանի հողը զիս գրկեց», ըսաւ Էմիլիան: Ան շատ բան ունէր պատմելու եւ կը փորձէր չմոռնալ իր ըսելիքները: «Շատ հպարտ զգացի, որ հայ էի, երբ Հայաստան կը գտնուէի», ըսաւ Էմիլիան: «Ուզեցի Հայաստանէն ամէն ինչ հետս բերել»: Էմիլիան հեւքի մը մէջ էր` հայրենիքին եւ անոր ջերմութեան հեւքը: «Ո՛չ միայն արիւնը կը կապէ եղեր, բայց նաեւ`հողը: Եւ զգացի հողին զօրութիւնը»:
Էմիլիան սկսած էր հայերէն սորվիլ եւ Հայաստանէն վերադարձին`որոշած է աւելիով զարկ տալ հայերէն սորվելու: «Կ՛ուզեմ երթալ եւ Հայաստան ապրիլ», ըսաւ ան:
Էմիլիային աչքերուն մէջ ակներեւ էր հայուն` իր վերագտած հպարտութիւնը: «Երբ մէկը ինծի հարցնէ այսօր, թէ ուրկէ՞ ես, կ՛ըսեմ իրենց` Չիլիէն, բայց հայ եմ»: Ան այսօր հայը եւ Հայաստանը կ՛ապրի Սանթիակոյի մէջ: «Երբ Սանթիակոյի լեռներուն կը նայիմ, Արարատը կը տեսնեմ»:
Մարիա Թերեզան Էմիլիային քոյրն է: Առաջին անգամ էր, որ Հայաստան կ՛այցելէր: «Զգացի, որ շուրջս ամէն մարդ հայ էր, եւ շատ արագ բոլոր հայերը իմ ընտանիքս դարձան»: Մարիան կը փորձէր ներկայացնել իր ապրած հայրենի հողին ջերմութիւնը: «Բայց նաեւ զգացի, որ ես շատ աւելի հայ էի, քան ինչ որ կը կարծէի»:
Շաքէ Զիքիի ծնողքը Պոլիսէն հաստատուած են Սանթիակօ: Ան ծնած է Չիլի: Քիչ-քիչ կը խօսի հայերէն: «Շատ զգացական էր Հայաստանը: Զգացի, որ ես Հայաստանն եմ, եւ թէ` ես հայ եմ», ըսաւ Շաքէն: «Գեղեցիկ է Երեւանը եւ չունի բարդութիւններ: Արուեստը եւ երաժշտութիւնը զիս շատ կապեցին քաղաքին եւ շատ անգամ լացի…»: Եւ չուշացաւ Շաքէին վճռակամութիւնը: «Պէտք է աւելի շատ բան սորվիմ մեր` հայոց պատմութեան մասին»:
Խումբին մէջ էին Վիսենթէն, Քրիսթոպալը եւ Մարթինը: Երեք երիտասարդներ, այսպէս ըսած` «քառորդ» հայեր, որոնք այցելած էին Հայաստան: Երեքն ալ` համալսարանական ուսանողներ, բայց նաեւ երաժշտասէրներ եւ «Ծիծեռնակ»-ի խումբի անդամ` իբրեւ երգող ու նուագող:
Երեքն ալ այցելած էին Ծիծեռնակաբերդ եւ Ցեղասպանութեան թանգարանը:
«Ծիծեռնակաբերդի մէջ ապրեցայ Ցեղասպանութեան ահաւորութիւնը», Քրիսթոպալն է խօսողը: Ան հետը տարած է ծառի հունտ եւ ցանած է Հայաստանի մէջ: «Վերապրելու եւ նոր կեանքի նշան է», ըսաւ ան:
Վիսենթէն կրցած էր զգալ այն, որ լսած է իր մեծ-մեծ մօր տեղահանութեան կեանքի պատմութեան մասին: «Ցեղասպանութեան թանգարանին մէջ մանուկներու նկարները տեսնելով` կրցայ ապրիլ իմ մեծ-մեծ մօրս դժբախտ կեանքը», ըսաւ ան:
Մարթինին համար Հայաստանի « տուֆ» քարերը ինքնութեան նշան դարձած էր: «Զգացի, թէ այն արիւնը, որ հայկական է իմ մէջս, որ ինչքան կապեց զիս Հայաստանին»: Բայց Մարթին տակաւին ունէր պատմելիք: «Ծիծեռնակաբերդի մէջ տեսայ մէկ կողմէ ցաւը, բայց միւս կողմէ` հայուն կեանքին զգայնութիւնները: Ցաւը եւ զգայնութիւնները իրարու միացած են հայու կեանքին մէջ», ըսաւ ան:
Տղաքը Հայաստանէն իրենց հետ բերած էին շուի, տուտուկ եւ թմբուկ: Անոնք նուագեցին Խաչատուրեանէն մէկ յօրինում ու նաեւ` քոչարի: Եւ նուագէն ետք ինծի նայելով` ըսին.: «Միայն նուագարան չբերինք մեզի հետ, այլ նաեւ Հայաստանէն մաս մը մեր սրտերուն մէջ դնելով` մեզի հետ բերինք»:
Ու դարձեալ Նելսոնն է: Կը խօսի, թէ ինչո՛ւ որոշած է ստանձնել Երեւանի մէջ իր մասնագիտութեան առնչութեամբ իր կատարած գործունէութիւնները: «Կը սիրեմ Հայաստանը: Այն, ինչ որ կ’ընեմ, ազգային պարտականութիւն է: Հայաստանը ինծի համար տուն է»:
Պէտք էր մեկնէի: Կարելի էր տակաւին շատ երկար խօսիլ: Նելսոնը ուզեց, որ երգչախումբին իր սորվեցուցած «Հայր Մեր»-ով բաժնուէինք: Անոնք երգեցին « Հայր Մեր»-ը` հայերէնով. աղօթք եւ օրհնութիւն: Կրցայ տեսնել, թէ ինչպէս Նելսոն հայ երգի միջոցով կը փորձէր հայկական «բոյներ»` իմա «տուներ» շինել Սանթիակոյի իւրաքանչիւր հայու սրտին մէջ:
Նելսոն դարձեալ ինծի նայեցաւ: Ան դրական եւ իրապաշտ հայ է: «Եթէ հայկական զգացումը եւ ինքնութիւնը զօրաւոր պահենք, այդ մէկը պիտի քաջալերէ, որ հայեր հայերէն սորվին: Եթէ Չիլիի մէջ հայերէն խօսող գաղութ պիտի չունենանք, բայց պիտի ունենանք հայ զօրաւոր գաղութ», ըսաւ ան: «Եւ այս զօրութիւնը Հայաստանէն պիտի առնենք»:
«Հայաստանը ինծի համար տուն է»: Նելսոնին տունը, բայց նաեւ` իւրաքանչիւր հայունը: Եւ Սանթիակոյի հայերը գացին իրենց «տունը» եւ վերադարձան աւելի «զօրաւոր»: «Զօրաւոր հայեր»:
Եւ սփիւռքի մեր ներկայ օրերու հայկական իրականութեան այս մեծ խճանկարին մէջ հայը ունի մէկ մեծ առաքելութիւն-պարտականութին` հայը զօրաւոր պահել:
Եթէ իւրաքանչիւնր սփիւռքահայ գաղութ ունի իր տուեալները, անոնցմէ բխող եւ ստեղծուած իրավիճակները` իր յառաջխաղացքներով թէ բացթողումներով, բայց բոլորն ալ ունին մէկ հասարակաց մարտահրաւէր մը`հայը զօրաւոր պահել:
Զօրաւոր, որպէսզի հայը ապրի եւ ապրեցնէ:
Զօրաւոր, որպէսզի հայը յիշէ եւ պահանջէ:
Զօրաւոր, որպէսզի հայուն պատմութիւնը շարունակուի հորիզոնէն անդին:
Եւ հայը իր այս «զօրութիւնը» պիտի առնէ իր «տունէն»:
Եւ «տունը» Հայաստանն է…: