Ազգային Յառաջ-Գ. Կիւլպէնկեան վարժարանի 2016-2017 տարեշրջանի եզրափակման եւ վկայականաց բաշխման մանկապարտէզի հանդէսը տեղի ունեցաւ շաբաթ, 17 յունիսի երեկոյեան, վարժարանի շրջափակին մէջ:
Քայլերգներու ունկնդրութենէն ետք վարժարանի վարիչ մանկապարտիզպան Լենա Սթամպուլեան հանդէս եկաւ բացման խօսքով ու ողջունելէ ետք ներկաները, հաստատեց, որ վարժարանը բարձր պահող ու հարստացնող օղակը` տնօրէնութիւն, խնամակալութիւն, ուսուցչական կազմ եւ ծնողներ, ճիգ չխնայեցին քաջալերելու, համբերելու եւ նեցուկ կանգնելու այս դարբնոցին` ի սէր նորահաս սերունդի մաքուր ու արդի կարելիութիւններով օժտուած միջավայրի մը մէջ ստեղծման եւ տարրական գիտելիքներու ջամբման: Ան շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր ծնողներուն, որոնք իրենց զաւակները տաքուկ բոյնէն հանելով` վստահեցան վարժարանի ուսուցչակազմի ջերմ ու ապահով խնամքին, նաեւ երախտագիտութեան խօսք ուղղեց բոլոր այն մարմիններուն, կազմակերպութիւններուն եւ անհատներուն, որոնք տարբեր առիթներով եւ զանազան միջոցներով օգտակար հանդիսացան մանկապարտէզին:
Ապա բեմը յանձնուեցաւ փոքրիկներուն, որոնք մանկական պատումներով ու ոճով, սակայն իմաստասիրական խորքով հանդիսատեսին յղեցին «Աշխարհի 7 հրաշալիքներ»-ու պատգամը: Անոնք խոստացան ըլլալ մնայուն պատգամաբերն ու պահապան զինուորը այն բոլոր արժէքներուն, որոնք անփոխարինելի են իմաստալից կեանք մը ծաղկեցնելու համար: Օրուան գեղարուեստական յայտագիրին իւրայատուկ փայլք տուին Ծաղիկ դասարանի հաղորդավարները, որոնք մերթ ընդ մերթ տնօրէնին եւ խնամակալութեան ատենապետին կարծիքը կը հարցնէին հանդէսի ընթացքին մասին: Անոնք փուլ առ փուլ վեր առին աշխարհի բարձրարժէք այն հրաշալիքները, ինչպէս` կեանքը, սիրտը, մարդը, մայրը, մանկութիւնը, աշխատանքն ու հայրենիքը, ու հանդիսատեսին բացատրեցին, որ առանց այս հրաշալիքներուն` կեանքը կը կորսնցնէ իր իմաստը: Ծաղիկ դասարանի երգչախումբի «Մանկութիւն» երգին կատարումով ընթացք առաւ գեղարուեստական յայտագիրը, որուն միացաւ Կոկոն դասարանը, եւ բոլորը միասնաբար երգեցին «Մայրիկ» երգը: Ապա յաջորդաբար իրենց գեղեցիկ պարերով բեմ բարձրացան Ծիլ, Բողբոջ, Կոկոն եւ Ծաղիկ դասարաններու աշակերտները:
Նախքան վկայականներու բաշխումը` Ծաղիկի շրջանաւարտներուն իր պատգամը տուաւ վարժարանի տնօրէն Արմէն Թաշճեան: Ան նախ օրուան թեման պարզելով` ըսաւ, որ` «փոքրիկներուն ներկայացուցած հրաշալիքները մեր շուրջն ու մէջն են, հարկ է զանոնք պահել, գուրգուրալ իրենց հարազատ իսկութեան մէջ, առանց անոնց ձեւախեղման ու աղճատումին»: Տնօրէնը հաստատելով ներկայացուած հրաշալիքներուն կարեւորութիւնը` թելադրեց տեղի չտալ բնազդային կիրքերու, ցուցադրական-ծանուցողական ունակութիւններու դէմ յանդիման: Ապա խօսքը ուղղելով Ծաղիկ դասարանի աւարտականներուն` ըսաւ. «Կառչեցէ՛ք աշխատանքին , անիկա մարդուն ճակատը օծուն քրտինքով փայլուն կը պահէ»: Եւ վերջապէս տնօրէնը շեշտը դնելով եօթներորդ հրաշալիքին` հայրենիքին վրայ ըսաւ. «Ձեր թուած վեց հրաշալիքներն ալ ապահովաբար եւ զուլալ դիմագիծով կրնաք գտնել միայն եօթներորդ հրաշալիքին` մեր հայրենիքին մէջ, որովհետեւ,- ան,- ըսաւ ան,- հո՛ն է մեր տրոփող սիրտը, հոն է մեր կենարար կեանքը, հո՛ն են մեր մարդու մարդկայինը եւ հայեցի հայութիւնը, հո՛ն են մեր հայրութիւնն ու մայրութիւնը, ան է մեր մայ՛ր հայրենիքը, հո՛ն է մեր պապերուն ծիրանագոյն աշխատանքին եւ կարմիր նահատակութեան շաղախը…»: Շնորհաւորելով ծաղիկները, անոնց ծնողներն ու մանկապարտէզի անձնակազմը` տնօրէնը բեմ հրաւիրեց Արսէն Ա. քհնյ. Քէշիշեանը, որպէսզի կատարէ վկայականներու բաշխումը:
Վկայականներ ստացան` Արի Շխըրտմեան , Ժոզեֆ Տէր Վարդանեան, Կասիա Քենտիրճեան, Մարգ Գապաղեան, Մեղեդի Քերմենեան, Նանար Աշգարեան, Ռալֆ Քենտիրճեան :