Պատրաստեց՝ ՆԱՐԷ ԳԱԼԵՄՔԷՐԵԱՆ
Էփըլի հիմնադիրներէն Սթիվ Ճոպս առաջին այՖոնը հրապարակեց Սան Ֆրանսիսքոյի մէջ, 2007-ին:
Տասը տարի առաջ յունիսի վերջին շաբաթը այՖոն-ը տարածուեցաւ Միացեալ Նահանգներու վաճառատուներուն մէջ: Թուղթի վրայ սարքը յատկանշական չէր, անիկա զուրկ էր 3Ճի. հաղորդակցական կապէն, որ սկսած էր չափանիշ դառնալ գրեթէ ամբողջ աշխարհի մէջ: ԱյՖոն-ի բարդը (պաթըրին) չէր կրնար 24 ժամ դիմանալ, եւ նկարչական սարքը հազիւ 2 մեկափիքսըլ էր: Նոյնպէս հարց էր սակը` 499 տոլար, պարտադիր երկու տարուան պայմանագրութիւն` «Էյ. Թի. էնտ Թի.»-ի հետ: Ատիկա ամէնէն փոքր` 4Ճի.Պի. տարբերակին համար:
Բայց յատկապէս այՖոն-ը չէր, որ ժամանակավրէպ կը թուէր: Մնացեալ բոլորը այդպէս էին: Այժմ յետադարձ ակնարկ մը նետելով` փոփոխութեան ծովը բացայայտ է, որ առաջին այՖոն-ը, 10-ամեայ սարք մը, կը նմանի բանի մը, որ տրամաբանական է գտնել մարդոց գրպաններուն մէջ, մինչ իր մրցակցութիւնը կը նմանի պատմական հետաքրքրութիւններու: Սկիզբէն իսկ սարքը ամբողջութեամբ գունաւոր էր, բազմաշերտ պաստառով, որ եկաւ սահմանելու սմարթֆոն-ը, եւ ատիկա ունէր այսօր օգտագործուող ծրագիրները միացնող համակարգը: Ուրիշ ոչ մէկ բանի կը նմանէր, եւ երկու ամսուան մէջ մէկ միլիոն միաւոր վաճառուեցաւ:
Բայց ծովը ալեկոծ էր նաւարկելու համար: Էփըլ արագօրէն վերատեսութեան ենթարկեց առաջին սակը. 8Ճի.Պի.-ի գինը 200 տոլարով նուազեցուց եւ ընդհանրապէս հրաժարեցաւ 4 Ճի.Պի.-էն, որ հազիւ երեք ամիս առաջ հրապարակած էր: Մինչ այս քայլը այՖոն-ը աւելի գրաւիչ դարձուց նոր գնորդներու համար, զայրացուց առաջին գնողները, որոնք կողոպտուած զգացին: Ի վերջոյ ընկերութիւնը անոնց վերադարձուց 100 տոլար, իսկ ընդհանուր տնօրէն Սթիվ Ճոպս անձամբ ներում հայցեց:
Հեռաձայնի հրապարակուած տարբերակին մէջ տարօրինակօրէն չկային կարգ մը իւրայատկութիւններ: Ամէնէն յատկանշականը` ոչ մէկ յաւելուած ունէր: Ատկէ աւելի քան տարի մը առաջ, մինչեւ այՖոն ՕԷս.2-ի 2008 թուականի յուլիսին հրապարակումը, էփըլ-ի միակ բջիջային սարքը, որուն վրայ կրնայիք ներբեռնել եւ տեղադրել ծրագիրներ, հին այՓոտ-ն էր, որ խաղերու վաճառքի փոքր հաւաքածոյ մը ունէր:
2017-ին տարօրինակ կը թուի խորհիլը, երբ էփըլ կը սկսի խոշոր գովազդային արշաւներ, որոնք պատկերեն «աշխարհը առանց յաւելուածներու» (apps), սակայն հեռաձայնը սկզբնապէս հրապարակուած է միայն 15 բնածին յաւելուածով, նոյնիսկ անբաւարար`տան պաստառը (homepage) լեցնելու: Էփըլ փորձած է ձեւով մը խաբել օգտագործողները եւ ծրագրաւորողները այն պնդումով, որ «ուեպ-էփ»-երը` միակ ծառայող կայքերը, որոնք կրնային տեղադրուիլ եւ պահուիլ տնային պաստառին վրայ, ապագան էին: Իր վարկին համար հեռաձայնը վաճառքի դրուեցաւ, տպաւորիչ շարք մը երեւոյթներով, ներառեալ` սարքին մէջ տուեալներ պահելու եւ տնային պաստառին վրայ նկարներ տեղադրելու ունակութեամբ: Բայց յստակօրէն ատիկա կիսկատար, ժամանակաւոր լուծում մըն էր:
Գրեթէ աւելի վնասակար էր պարզ յատկութիւններու բացակայութիւնը, օրինակ` ծրագիրներուն մէջ կամ ատոնց միջեւ գրութիւնը պատճենահանելու եւ տեղադրելու ունակութիւնը: 2009-ին, երբ այՖոն ՕԷս.-ին հետ աւելցուցին, մրցակցութեան մէջ ատիկա գլխաւոր վաճառուողը կէտը եղաւ: Կուկըլ-ի Անտրոյտ-ը առաջին օրէն իսկ ատոր աջակցողը եղաւ, թէեւ սկիզբը անշնորհք գործածողի փորձառութեամբ, ստեղնաշարի վրայ հիմնուած գործողութեան համակարգի նախնական իր հասկացողութեան պատճառով:
Այն ժամանակ այՖոն-ը նորարարութիւն կը ստեղծէր աւելի պարզ պատճառով. ըրաւ այն, որ ըսած էր. պարզ, դիւրին եղանակով: Մինչ այլ հեռաձայններ տակաւին ունէին շօշափելի ստեղնաշարներ, բազմաթիւ կոճակներ, «էփս»-ի հպումի, շփումի ծրագիրներու համակարգը ամէն բան աւելի պարզացուց, դիւրացուց:
Թեէւ ատիկա այդքան ալ դիւրին չէր օգտագործելը: էփըլ-ի իւրայատուկ դիրքը ճարտարարուեստին մէջ նոյնիսկ այն ատեն (այդ ասպարէզին մէջ ամէնէն ցանկալի ընկերութիւնը) անոր տուաւ արտակարգ ուժ` հաղորդակցութիւններու միջոցներու ընկերութիւններուն վրայ, բազմապատուած այն իրողութեամբ, որ այՖոն-ը շուկաներուն մեծամասնութեան մէջ սկսաւ վաճառուիլ բացառիկ կրիչով: Էյ-Թի.եւ Թի. Միացեալ Նահանգներու, O2 Բրիտանիոյ, Օրէյնճ Ֆրանսայի մէջ, բոլորն ալ համաձայնեցան էփըլ-ի համար բացառիկ պայմաններ ստեղծել իւրայատկութեան դիմաց: ԱյՖոն-ը գործարկուեցաւ առանց կրիչի արտօնեալ ծրագիրներու, բոլոր գործածողներու համար պարտադիր անսահման տուեալներու համաձայնագիրներու եւ նոր «տեսողական ձայնային փոստ» համակարգի:
Նոյնիսկ այդ փոփոխութիւնները, որոնք երկարատեւ չեղան, փոխեցին շուկան: Անսահման տուեալներու համաձայնագիրները մեծամասնութեամբ այժմ անցեալին կը պատկանին, բայց անոնց ներկայութիւնը առաջին օրերուն երաշխաւորեց, որ այՖոն ունեցող մարդիկ ազատ զգան ամբողջութեամբ գործածելու անոր կարելիութիւնները: Ասիկա շրջեց նախորդ սերունդներու թերի ծիրը. բաւական բարձր գիները:
ԱյՖոն-ը իմ կեանքս ալ փոխեց: Բրիտանիոյ մէջ առաջին անգամ վաճառքի դրուելէ ամիս մը ետք ես հատ մը նուէր ստացայ 18-րդ տարեդարձիս առիթով, իսկ երկու օր ետք համալսարանի մուտքի հարցաքննութիւն ունէի: Փիլիսոփայութեան բաժանմունքի սպասման սրահին մէջ նստած` ես յանկարծ անդրադարձայ, որ պէտք չունիմ սահմանափակելու իմ վերջին վայրկեաններս պայուսակիս մէջի գիրքերը ուղեղիս մէջ թխմելու: Ես կրնայի Կուկըլ-ին մէջ արձանագրել զիս հարցաքննող ուսուցիչին անունը, որ գրուած էր դրան վրայ, եւ անոր հրատարակութիւնները ուղղակի կարդալ: Այդպէս ալ ըրի: Չեմ կրնար ըսել, որ ես այդ հինգ վայրկեանին մէջ աճապարանքով կարդացածներս բոլորն ալ հասկցայ, բայց ամէն պարագայի անոնք ինծի տեղ մը առաջնորդեցին:
Թէեւ որոշ ժամանակ մը պահանջուեցաւ, որ այՖոն- ը աճի եւ վերածուի այն սարքին, որ մենք ամբողջովին կ՛ակնկալենք այսօր: Անիկա միայն ծրագրային իւրայատկութիւնները չէին, ինչպէս` յաւելուածներու պահեստը, եւ կտրել ու տեղադրելը(cut and paste), որոնք տակաւին պիտի աւելցուէին. յաջորդական սարքերու հրապարակումները իրենց սեփական բարելաւումները բերին:
ԱյՖոն 3Ճի.-ն, որ հրապարակուած է 2008 թուականի ամրան, ամբողջովին փոխարինեց առաջին հեռաձայնը (անիկա տակաւին միակ այՖոն-ն է, որ վաճառքէ հանուած է, երբ փոխարինողը հրապարակուած է), եւ իրեն հետ բերաւ երկու իւրայատկութիւններ, առանց որոնց` ապրիլը դժուար է երեւակայել. 3Ճի. համացանց եւ Ճի.Փի.Էս.: Առաջինը կը նշանակէ, որ հեռաձայնը կրնայ դիւրին ներբեռնման արագութիւն ապահովել, երբ միացած չէ ուայֆայ ցանցերուն, որոնք Էփ-ի պահեստի ներդրմանը, այՖոն իր ներկայիս դիրքին ճամբուն վրայ դրաւ, հոն, ուր անոնք կրնան իրենց սեփականատէրերու ձեռքերուն կպչիլ, ուր որ ալ ըլլան: Երկրորդը փոխարինեց նորարար, բայց անճիշդ համակարգ մը` գուշակելու համար վայր մը, գործածելով ուայֆայ ցանցերու եւ բջիջային հեռաձայնի աշտարակներու համադրութիւն մը, թոյլ տալով, որ սարքը յայտնաբերէ գործածողին գտնուելու վայրը` մինչեւ իսկ որոշ տան մը մէջ, ճամբան բանալով Ուպեր-ի, Ֆորըսքուեր- եւ, ի վերջոյ, Փոքեմոն կօ-ի:
Եւ այՖոն 4-ը, հրապարակուած` 2010 թուականին, բերաւ իր նոր իւրայատկութիւնները: Ծրագիրներու առումով կար ՖէյսԹայմ-ը, Էփըլ- ի սեփական տեսազանգ ծառայութիւնը, սակայն շատ աւելի կարեւոր է, անոր հետ եկած լուսանկարչական սարքը: Այո, այՖոն-ը երեք տարեկան էր, երբ սկսաք անոր հետ ինքնանկարուիլ (սելֆի):
Աւելի դժուար է մտածել, թե վերջին ո՞ր յաւելումները նոյնքան հիմնարար կ՛ըլլան: Բայց հետզհետէ աւելի եւ աւելի դժուար կը դառնայ յիշել սմարթֆոնի օրերը `առանց մատնահետքի սենսըրներ-ը, օրինակ` 2013 թուականի այՖոն- 5էս.-ին մէջ: Եւ մինչ հեռաձայնային վճարումները (Էփըլ վճարում 2014-ի այՖոն 6) տակաւին ընդհանրացած չեն, արդէն բաւական հաւանական կը թուի, որ այս պատմութեան 2027-ի տարբերակը պիտի քմծիծաղի` յիշելով այն օրերը, երբ դուք ձեր բջիջայինով կրնայիք վճարել վաճառատուներու մէջ:
Մենք տակաւին չենք գիտեր, թէ այս աշնան այֆոն-ը ի՛նչ նորութիւն պիտի բերէ, կամ նոյնիսկ ի՞նչ պիտի կոչուի: Բայց հաստատ է այն, որ բնականոնի սահմանները մինչեւ հիմա հեռու մղուած են, հաւանաբար այֆոն կը ներկայացնէ իր սեփական նոր ձեւը, որ ի վերջոյ կախեալ կ՛ըլլայ մեր կեանքերէն:
Կամ ալ, թերեւս, անիկա պարզապէս կը կծկուի եւ դուրս կը նետէ խորհրդաւոր լուսանկարչական սարքը: Ատիկա նոյնպէս հաճելի կ՛ըլլայ:
ԱԼԵՔՍ ՀԵՐՆ
Այֆոն-ը Գոյութիւն Ունի Միայն Այն Պատճառով,
Որ Սթիվ Ճոպս Ատած Է Այս Մարդը Մայքրոսոֆթի Մէջ
Եթէ չըլլար Մայքրոսոֆթի պատասխանատուներէն մէկը, որ Սթիվ Ճոպս խորապէս ատած է, Էփըլ) կրնար բնաւ ստեղծած չըլլար այՖոն-ը, կամ այՓատ-ը:
Համակարգիչի պատմութեան Քալիֆորնիոյ թանգարանին մէջ, վերյիշելով ԱյՖոն-ի ծնունդի պատմութիւնը, Էփըլ իՕՍ-ի նախկին տնօրէն Սքոթ Ֆորսթալ ըսաւ. «ԱյՖոն շատ ոլորապտոյտ ուղի մը ունի: Մենք կ՛աշխատէինք նախագիծի մը վրայ: Անիկա սկսաւ, որովհետեւ Սթիվ կ՛ատէր Մայքրոսոֆթի մէջ այս մարդը: Որեւէ ատեն, երբ Սթիվ այս մարդուն հետ գործ ունեցած է, ջղայնացած վերադարձած է»:
Մայքրոսոֆթի անանուն պատասխանատուն, որ ըստ երեւոյթին, ամուսինն է Սթիվ Ճոպսի կնոջ ընկերուհիին, Ռետմոնի մէջ գտնուող ընկերութեան մը նախագիծներու մասին, անդադար խանդավառութեամբ խօսած է, այն աստիճան, որ Սթիվ Ճոպս որոշած է ծեծել զայն:
Այս նախագիծներուն մասին ընթրիքի մը ընթացքին 10-րդ անգամ խօսելէ ետք, Ճոպս համբերութիւնը հատած, ըսած է. «Խե՛րն անիծածս, եկէք` անոր ցոյց տանք, որ այդպիսի նախագիծ մը իսկապէս ինչպէս կ՛ըլլայ»:
ԱյՓատի մշակման ատեն, որ սկսաւ որպէս սեղանի չափերով բազմապատկիչ(multi-touch) նախատիպ, որուն վրայ կարելի էր մատներով տեղափոխել նկարներ, անուանուած էր «ծիրանագոյն նախագիծը»: Էփըլ երբ ստուգեց, որ սմարթֆոն- ները սկսած են սպառնալիք ըլլալ իր այՓոտ-ի առեւտուրին, ուրեմն շեղեց ջանքերը դէպի այՖոն:
Ֆորսթալ յիշեց Ճոպսի խօսքը.«Կը կարծէ՞ք, թէ այս նախագիծը, որուն վրայ կ՛աշխատինք, կրնաք այնքան փոքրացնել, որ բաւէ ձեր գրպաններուն մէջ»:
Ֆորսթալ աւելցուց. «Մենք վերադարձանք նախագծողներու խումբին, որ առաւ ատիկա, անկիւն մը յղկեց: Սթիվ տեսաւ այդ մէկը եւ ըսաւ, որ թապլեթ-ի ծրագիրը դադրեցնենք եւ սկսինք հեռաձայն շինել: Եւ մենք այդպէս ալ ըրինք»:
«Սկիզբը բազմաթիւ էին քննադատողները, մանաւանդ` Պլեք Պերիի հետ համեմատողները, բայց անոնք չէին հասկցած, որ մենք փոփոխութեան կ՛ենթարկենք ամբողջ օրինակը: Մենք կը փոխէինք մինչեւ այդ կատարուածին ամբողջ ձեւը», ըսաւ ան:
Սկզբնական վաճառքը լաւ էր, բայց` ոչ բացառիկ: Իրական աշխարհի մէջ մէկ հատի հետ ժամանակ անցընելէ ետք Ֆորսթալի եւ Էփըլ-ի միւս պաշտօնեաները համոզուեցան, որ արդիւնքը օր մը հսկայական պիտի ըլլայ:
Օգտագործուած աղբիւր`
«Կարտիըն»