Յ. ԼԱՏՈՅԵԱՆ
Անցեալ ուրբաթ ներկայ գտնուեցայ Համազգայինի «Բարսեղ Կանաչեան» երաժշտանոցի տարեվերջի հանդէսին:
Անձնապէս մեծ երախտիքով կ՛երթամ, որովհետեւ համոզուած եմ, որ «Լեւոն Շանթ» կեդրոնի ինքնուրոյն առաքելութեան առանցքը կը կազմէ «Բարսեղ Կանաչեան» երաժշտանոցը:
Համազգային «Սիմոն Վրացեան» մասնաճիւղի յարկին տակ սկսած, ապա նախկին Ռուբինեան վարժարան փոխադրուած, ապա «Լեւոն Շանթ» կեդրոն հաստատուած «Բարսեղ Կանաչեան» երաժշտանոցը իր իրերայաջորդ մարմիններով եւ անձնակազմով շնորհակալ գործ ունեցած է ո՛չ միայն մեր գաղութին, այլ նաեւ սփիւռքահայ կեանքին մէջ:
Մատնանշեմ, որ երաժշտանոցը առաջին օրէն ունեցած է իր կրթական ծրագիրը` եօթնամեայ եւ տասնամեայ դրութեամբ եւ այն տպաւորութիւնը պէտք չէ կազմել, որ ծրագիրը նոր մշակուած է: Սակայն այս յօդուածիս գլխաւոր դրդապատճառը այն է, որ այդ երեկոյ 11 շրջանաւարտներէն 8-ը ջութակի աշակերտներ էին: Բոլորս ալ գիտենք, որ վերջին տարիներուն այդ աշակերտները որո՛ւ շունչով ու շուքով մեծցան եւ կատարելագործեցին իրենց գիտելիքները, ուստի կ՛արժէր անոր մասին յիշատակում մը կատարել: Այսինքն Աշոտ ու Արմէն Ճենտերեճեաններուն անունը հանդէսին սկիզբէն մինչեւ վերջ ո՛չ մէկ անգամ հնչեց` ո՛չ յարգանքի յոտնկայս յիշատակում, ոչ ալ հանգամանաւոր խօսքերուն մէջ նշում, ինչ որ պատշաճ չէ: Նուազագոյնը պէտք էր սերունդը Աշոտ Ճենտերեճեան սերունդ կոչուէր, Արմէն Ճենտերեճեանէն սրտի խօսք մը ուզուէր եւ այլն: Պէ՛տք էր…
Աւելի՛ն. հանդէսին պաշտօնական ներկայութեան բացակայութիւնն ալ նեղացուցիչ էր:
Ո՛չ Համազգայինի պատասխանատուներ, ո՛չ վարժարաններու, թերթերու եւ ձայնասփիւռի կայանի տնօրէնները, ո՛չ ալ նախկին շրջանային կամ խնամակալ մարմինները եւ մանաւանդ ո՛չ ալ ուսուցչակազմը ներկայ էին:
Այս բոլորը ցոյց կու տան երկու բան. կա՛մ այս կառոյցին հանդէպ հաւատքը եւ լրջութիւնը կը բացակային, կա՛մ ալ մենք տարիներով չենք կրցած այս կառոյցին հետ կապը պահել:
Պէ՛տք էր:
Այս բոլորէն անդին կայ այն իրողութիւնը, որ ընդհանրապէս միութենական աշխատանքները եւ աշխատողները սկսած են պակսիլ: Մասնաւորապէս մշակութային մարզին մէջ աւելի նօսրացած է կամաւորներուն թիւը: Ուրեմն պէտք է առաւելագոյն չափով ուժերը միաւորել, որպէսզի աւելի հաստատ ու կայուն աշխատանքներ եւ ձեռքբերումներ ունենանք: Աւելի բծախնդրութեամբ եւ ամբողջական կերպով հանդէսներ կազմակերպենք:
Պէ՛տք էր: