Quantcast
Channel: Յօդուածներ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 17158

Խմբագրական «Գանձասար»-ի Յունիս Ե. –Յանուն Սուրիահայութեան, Առա՞նց Տագնապող Սուրիահայուն

$
0
0

Սուրիահայութեան հիմնահարցերուն նուիրուած գիտաժողովները ողջունելի են, որովհետեւ անոնք տագնապը կիսելու, սփիւռքի թէ  Սուրիոյ բարգաւաճման գործընթացին մէջ սուրիահայութեան ներդրումը վեր առնելու, համայնքին պատմութիւնը լուսարձակի տակ բերելու ու անոր դժուարութիւններուն յաղթահարման համահայկական տարողութիւն տալու կոչուած լուրջ քայլեր են: Քայլեր, որոնք մասնագիտական մօտեցումով Սուրիոյ հայ համայնքի զօրակցութեան ու մեր ինքնութեան պահպանման ուղիները կրնան յստակացնել:

Ու երբ նման գիտաժողովներ կը կազմակերպուին հայրենիքի մէջ, կրկնակի արժէք կը զգենուն, որովհետեւ աշխարհագրական հեռաւորութիւնները կը չքանան ու սուրիահայութեան դիմագրաւած դժուարութիւնները դուրս կ՛ելլեն Սուրիոյ սահմաններէն ու կը մղեն մտածելու մեր ժողովուրդի ընդհանուր ճակատագրին մասին:

26 յունիսին, ՀՀ ԳԱԱ նախագահութեան նիստերու դահլիճին մէջ, կազմակերպութեամբ ՀՀ Գիտութիւններու ազգային ակադեմիայի Պատմութեան հիմնարկին, տեղի ունեցաւ հանրապետական գիտաժողով մը` «Սիրիահայերի հիմնահարցեր. պատմութիւն եւ արդիականութիւն» խորագիրով:

Մամուլի ճամբով հետեւեցանք գիտաժողովի օրակարգին: Ողջունելով հանդերձ գիտաժողովի նախաձեռնութիւնն ու Հայաստան հաստատուած սուրիահայերու մասնակցութիւնը, մեզի համար անհասկնալի կը մնայ տագնապին մէջ ապրող ու զայն մինչեւ օրս իր մորթին վրայ կրող սուրիահայուն բացակայութիւնը այդ գիտաժողովէն:

Մի՞թէ կարելի է սուրիահայութեան դիմագրաւած դժուարութիւններուն մասին խօսիլ, քննարկել այդ դժուարութիւններու յաղթահարման միջոցները` առանց տագնապը իր մորթին վրայ կրող սուրիահայուն ներկայութեան: Ինչպէ՞ս կարելի է ամբողջական պատկեր մը կազմել սուրիահայութեան ներկայ իրավիճակին մասին, առանց այդ իրավիճակին մէջ գտնուողին, առանց պատկերին մանրամասնութիւնները տեսնողին, մանաւանդ որ այդ իրավիճակը օրէ օր կը փոխուի, իսկ սուրիահայութեան դիմաց նոր մարտահրաւէրներ կ՛ուրուագծուին քաղաքական վերջին զարգացումներուն լոյսին տակ:

Ողջունելի է սուրիահայութեան հարցերը մասնագիտական մօտեցումով քննարկելու, անոնց լուծման նպաստելու կամեցողութիւնն ու այն հսկայ ճիգը, որ 6 տարիէ ի վեր ի գործ կը դրուի մեր հայրենիքին մէջ:  Քննարկումները, սակայն, աւելի ամբողջական, ժողովները աւելի նպատակային կրնան դառնալ, երբ անոնց մասնակցութիւն  բերէ նաեւ տագնապին մէջ ապրող սուրիահայը:

«Գ.»

 


Viewing all articles
Browse latest Browse all 17158

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>