Միացեալ Նահանգներու արեւելեան շրջանի ՀՄԸՄ-ի 27-րդ Նաւասարդեան խաղերուն առիթով անգամ մը եւս բեմի վրայ է Հայ մարմնակրթական ընդհանուր միութիւնը:
Օրինակելի միութիւն մըն է ՀՄԸՄ-ը: Անսասան ու անդեդեւ` տորմիղ հրաթեւ մըն է այս միութիւնը, տիպար ու գործօն կազմակերպութիւն մը, որ կը թակէ իր հիմնադրութեան հարիւրամեակը:
Այս առիթով, անգամ մը եւս աշխատանքի եւ գործունէութեան հրամայականը սեղանի վրայ է` իբրեւ անմիջականօրէն քննարկուելիք օրակարգ:
Շարունակ նոր գաղափարներ, իրագործումներ եւ ծրագիրներ, եւ այդ ալ` համաշխարհայնացման այս ճեպընթացային օրերուն:
Հաւանաբար ժամանակն է մտածելու վաղուան մասին:
Այսօր շատ աւելի դժուար է ՀՄԸՄ-ին համար հաւասարակշռութիւն պահելը միջավայրին մէջ պարտադրած իրականութիւններուն եւ հայեցի դաստիարակման հրամայականին միջեւ:
ՀՄԸՄ-ը որպէս պատասխանատու եւ փորձառու համահայկական կազմակերպութիւն, հետեւողական աշխատանք ունի կատարելիք` իր ամբողջական ներուժը տրամադրելով ազգային հաւաքական աշխատանքին:
Յատկապէս սփիւռքի զանազան գաղթօճախներու մէջ, ՀՄԸՄ-ը հայեցի շունչ, ոգի եւ մշակոյթ կը ջամբէ, նաեւ կը դաստիարակէ պատանի-պարմանուհի տարիքի հայորդիներ:
Ի վերջոյ, ՀՄԸՄ-ը իր ծննդոցէն կազմակերպութիւն մըն է, որ կը հաւատայ հաւաքական նպատակի եւ այդ բոլորին մէջ ալ արժէք կը տեսնէ: Այսուամենայնիւ, նաեւ` որպէս կազմակերպութիւն, կը հաւատայ հաւաքական նպատակին եւ ազգային ռազմավարութեան:
Միութիւն մըն է ՀՄԸՄ-ը, որ միշտ ալ կը հաւատայ փոփոխութեան եւ միեւնոյն ժամանակ` բարելաւման: Եւ այս մէկը բնազդային պահանջ է, որ անբաժանելի մասնիկն է ՀՄԸՄ-ական դաստիարակութեան:
Կարգապահութիւնն ու վեհանձնութիւնը ՀՄԸՄ-ի ենթահողը կը կազմեն: Ի վերջոյ այս մեծագոյն կազմակերպութիւնը, իր օրինակելի գործունէութեամբ, կը դաստիարակէ մատղաշ սերունդը:
Պարզ ու մեկին, մարզական հանդիպումներէն եւ մրցակցութիւններէն աւելի, ՀՄԸՄ-ական մթնոլորտն է առաջնահերթութիւնը, եւ վստահաբար Փրովիտենսի մէջ կատարուելիք այս տարուան Նաւասարդեան խաղերուն այս իւրայատուկ եւ եզակի ՀՄԸՄ-ական տիպարն է, որ յաղթական դուրս պիտի գայ:
ՀՄԸՄ-ի այս խաղերուն կրկին պիտի բնորոշուի ՀՄԸՄ-ի առաքելութիւնը:
Նմանօրինակ ձեռնարկներով ՀՄԸՄ ենթահողը կը պատրաստէ ապագայ սերունդին, ապագայ տեսլականին` ապառնի ՀՄԸՄ-ին:
Միշտ ալ հպարտ է ՀՄԸՄ-ականը, եւ յատկապէս յանձնառու` իր հայ պատկանելիութեամբ:
Յուլիս 1, 2017