ԼԵՒՈՆ ՇԱՌՈՅԵԱՆ
Սա մեր աշխարհին մէջ, ամէն շաբաթ ու ամէն օր, գրեթէ տեւաբար, ընտրութիւններ կան: Տեղ մը` նախագահական, այլ տեղ մը` խորհրդարանական ընտրութիւններ: Տեղ մը` նահանգային, ուրիշ տեղ մը` թաղապետական ընտրութիւններ:
Ազգային գետնի վրայ ալ նոյնն է: Ընտրութիւններ` ամէն գոյնի ու մակարդակի, բոլո՛ր գաղութներուն մէջ, բոլո՜ր ակումբներու եւ միութիւններու երդիքին տակ: Հոն` շրջանային վարչութեան ընտրութիւն, հոս` գործադիր մարմինի: Այստեղ` թեմական ընտրութիւն, այնտեղ` պատգամաւորական:
Բայց հիմնականն ու էականը «ընտրական գործընթաց»-ին նկատմամբ ցուցաբերուած պարկեշտութիւնն է, որովհետեւ ամէն «ընտրութիւն» ընտրութիւն չէ՜… Տեղ մը ժողովրդավարական թափանցիկ ընտրութիւն է, ուրիշ տեղ մը խաբուսիկ, ձեւական, խաբէակա՛ն ընտրութիւն է…
Ընտրութիւննե՜ր…
Իրաւասու չեմ քննութեան ենթարկելու «սնտուկներու աշխարհ»-ին անիմանալի խորհուրդները: Չեմ ալ բաղձար վերլուծումներ կատարել ու… մատներս այրել: Ատոր փոխարէն` պիտի ուզէի պահ մը ձեր ազնիւ ուշադրութիւնը հրաւիրել «ընտրութիւն» բառին կազմութեան վրայ:
ԸՆՏՐԵԼ եւ ԸՆՏՐՈՒԹԻՒՆ բառերուն արմատը «ընտիր»-ն է:
«Ընտիր»` կը նշանակէ նոյնանմաններուն մէջ լաւագոյնը, ամէնէն բարձրորակը, գերազանցը: Օրինակ, կ՛ըսենք` «Այս կերպասը շատ ընտիր է», կամ` «Ընտիր գինի խմեցինք»:
Հետեւաբար, «ընտրութիւն»-ը ընտրելու գործողութիւնն է, նոյնանմաններուն մէջէն լաւագոյնը նախադասելու ու զայն ջոկելու արարքը:
Վատիկանի մէջ կարտինալները կը մէկտեղուին ու Կ՛ԸՆՏՐԵՆ նոր պապը:
Ժողովուրդները Կ՛ԸՆՏՐԵՆ իրենց քաղաքական կամ ազգային ղեկավարները:
«Ընտրել», «ընտրուիլ» եւ «ընտրութիւն»: Ծանօթ բառեր են ասոնք, որոնք մեր առօրեային մաս կը կազմեն:
Բայց որեւէ «ընտրութիւն» իրեն հետ անխուսափելիօրէն կը բերէ երկու հաւանականութիւն` կա՛մ յաղթանակ, կա՛մ պարտութիւն: Երանի՜ յաղթողին, որ պահ մը պիտի վայելէ ընտրութեան առթած գինովութիւնը…
Եթէ բառարան բանանք, հոն ամբողջ ցանկ մը պիտի տեսնենք «ընտիր» բառարմատով կազմուած բառերու, որոնց մեծ մասը մտերիմ է մեզի, բայց աւելի շատերը` նուազ գործածական են, մասնաւորաբար` ժողովրդային շրջանակներու մէջ:
Օրինակ, ՀԱՏԸՆՏԻՐ: Անոնք, որոնք սիրահար են գիրքերու եւ կ՛ախորժին տան մէջ գրադարան կազմելէ, գիտեն, թէ ի՛նչ կը նշանակէ «հատընտիր»: Գրողի մը գործերուն մէջէն հատ-հատ ընտրուած լաւագոյն էջերու ժողովածու: Կ՛ըսենք` «Վազգէն Շուշանեանի մէկ հատընտիրը հրատարակուած է Երեւանի մէջ»:
Կայ ԱՅԼԸՆՏՐԱՆՔ բառն ալ, գործածական եւ գեղեցիկ: Բառարաններուն մէջ չգտայ թէեւ, բայց կրնամ վստահեցնել, որ «այլընտրանք» կը նշանակէ «տարբեր ընտրութիւն մը կատարելու կարելիութիւն»: Կ՛ըսենք` «Այլընտրանքի մը դիմաց կանգնած եմ. գաղթե՞մ, թէ՞ մնամ»…:
Նոյն ձեւով կազմուած է նաեւ ԵՐԿԸՆՏՐԱՆՔ-ը: Այսինքն` երկու դժուար պարագաներէն մէկը ընտրելու պարտադրանքը: Կ՛ըսենք` «Վարդանանք երկընտրանքի առջեւ էին` կա՛մ հպատակիլ պարսից արքայի կամքին, կա՛մ բանտ առաջնորդուիլ»:
Դեռ կան նոյն խմորէն շինուած տասնեակ մը սիրուն բառեր, որոնցմէ մին ալ «ԸՆՏՐԱՆԻ» բառն է (ընտիր մարդոց խումբ): Երբ դասախօսական ձեռնարկի մը քիչ թիւով մարդիկ ներկայ գտնուին, ճարպիկ լրագրողներ իրենց թերթին մէջ կը գրեն, որ` «կոկիկ, բայց ընտրանի բազմութիւն մը կար սրահին մէջ»…
Ու այդ ձեւով կը մխիթարեն իրենք զիրենք…