Quantcast
Channel: Յօդուածներ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 17079

Բժիշկ Ալպերթ Աբէլեանը Եւ Անոր «Մատեան Մանկանց»-ը

$
0
0

ԲԺԻՇԿ ԿԱՐՊԻՍ ՀԱՐՊՈՅԵԱՆ

Պատահմամբ, բայց մեծ ուրախութեամբ եւ հաճոյքով գտայ բժիշկ Ալպերթ Աբէլեանի «Մատեան մանկանց» գիրքը, որ հրատարակուած է 1925-ին, Պոսթըն:

Բժ. Ա. Աբելեան ծնած է Քեսապ, Սուրիա, 4 նոյեմբեր 1893-ին: Ան զաւակն է բժ. Սողոմոն եւ Ովսաննա Աբէլեաններու: Ան ունեցած է երեք եղբայր եւ չորս քոյր:

Ան նախակրթարանի եւ միջնակարգի իր ուսումը ստացած է Քեսապի մէջ, իսկ բարձրագոյն ուսումը ստացած է Այնթապի Կեդրոնական Թուրքիոյ քոլեճին մէջ: Որպէս աւարտաճառ` կը պատրաստէ «Քեսապ եւ իր գիւղերը» հատորը, որ կ՛ընդունուի մեծ գնահատանքով: Բժշկութիւն ուսանած է Պէյրութի ամերիկեան համալսարանի բժշկական դպրոցին մէջ եւ վկայուած է 1917-ին: Շուտով զինակոչուած է օսմանեան բանակ` ենթասպայի աստիճանով եւ ծառայած է Նապլուսի մէջ, պաղեստինեան ճակատին վրայ: Պատերազմէն ետք Հոմսի եւ Ժըսըր Շուղուրի քեսապցի գաղթականները կը փոխադրէ Քեսապ: 1920-ին կը գաղթէ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Մասաչուսեց նահանգի Պոսթըն քաղաքը, ուր որպէս մանկաբուժ կ՛աշխատի իր անձնական դարմանատան եւ հիւանդանոցներու մէջ: Ան անդամակցած է Մասաչուսեցի եւ ամերիկեան բժշկական միութիւններու: Կ՛ամուսնանայ 1923-ին` Զապէլ Առաքելեանի հետ եւ կը բախտաւորուի երեք դուստրերով:

Ա. Աբէլեանի հայրը` Սողոմոն Աբելեան ծնած է Քեսապ, 1868-ին: Ան եղած է Պէյրութի ամերիկեան համալսարանի բժշկական դպրոցի առաջին հայ  շրջանաւարտը` 1890-ին: Ան աշխատած է Քեսապի մէջ եւ ծառայած է իր քեսապցի հայրենակիցներուն երկար տարիներ: Ան զինակոչուած է օսմանեան բանակ եւ ծառայած է Վանի, Թիֆլիսի եւ Պոլսոյ մէջ` որպէս զինուորական բժիշկ: Ամուսնացած է պեհեսնիցի Ովսաննա Առաքելեանին հետ, որ շրջանաւարտ եղած է Այնթապի Աղջկանց ամերիկեան բարձրագոյն վարժարանէն եւ վարած է ուսուցչական պաշտօն Քեսապի մէջ: Բժ. Սողոմոն Աբելեան մահացած է Քեսապ, 1945-ին:

Բժ. Ա. Աբելեան տեսնելէ ետք Հայոց ցեղասպանութիւնը եւ անոր պատճառով հայ ժողովուրդի թուային նօսրացումը եւ ֆիզիքական ու հոգեկան ախտաբանական երեւոյթները, որոշած է իր գիտական բժշկական մտապաշարը ի սպաս դնել հայ ժողովուրդի եւ ի մասնաւորի հայ նոր սերունդի հայօրէն զարգացման, աճման, զօրեղացման եւ հզօրացման:  Իր բժշկական ասպարէզին ընդմէջէն ան փորձած է արտացոլել իր հայկականութիւնը` գրելով հայերէն բժշկական-առողջապահական գիրքեր, որոնք եղած են աղբիւր բժշկական գիտելիքներու: Ան մուտք գործած է բժշկական գրականութեան մէջ հայերէնով եւ այդ ըրած է մեծ հաճոյքով եւ որպէս հայ բժիշկի պարտականութիւն` հանդէպ իր արենակիցներուն:

Բժ. Ա. Աբէլեան ընծայած է հայերէնով բժշկական եւ առողջապահական հետեւեալ հատորները` «Հայ մայրերու մենտոր», «Հեքիմարան», «Մատեան մանկանց»: Ան չէ բաւարարուած բժշկական գրականութեամբ եւ իր միտքն ու հոգին արտայայտած է նաեւ ոչ բժշկական գրականութեամբ, ուր դրսեւորած է հայ վերապրողի իր զգացումները,  իր ներաշխարհը եւ իր անհատականութիւնը: Այսպէս, իր գրչին կը պատկանին հետեւեալ հատորները` «Հնգամեայ զրոյցներ», «Անահիտ կամ ամերիկահայ ֆլեփըրը», «Զմրուխտ մատանին», որոնք հրատարակուած են 1929-ին, «Վաղուան արշալոյսը» եւ «Աշ-գար»-ը 1930-ին:  Ան բժշկագիտական եւ գեղարուեստական գրութիւններով մասնակցած է հայ մամուլին, մասնաւորապէս` Պոսթընի «Հայրենիք» շաբաթաթերթին եւ Նիւ Եորքի «Նոր աշխարհ»-ին: Կատարած է թարգմանական աշխատանք` «Թելմա», «Վենտեթթա», «Իշխանուհի Վերճինիա» եւ «Կարմիր մայրապետ»: Իր գրչանունը եղած է «Էբիլենց»:  Ունի անտիպ վէպեր` «Ամերիկահայ մտաւորականը», «Անմեղ սէրերու յուշեր», «Զինուորական յուշերէս», «Հիւանդին խոհանոցը», «Բժշկական զրոյցներ» եւ 5 արարով թատրերգութիւն մը` «Լորա»: Անգլերէն լեզուով գրած է «Տի Անթիոչենզ» վէպը, որուն միջոցով ուզած է ամերիկացի ժողովուրդին ծանօթացնել հայը իր կենցաղով ու մարտնչումներով ու թուրքին գործադրած վայրագութիւնները հայ ժողովուրդին դէմ: Այս վէպը եղած է արժէքաւոր եւ ուշագրաւ աշխատասիրութիւն մը, ուր Քեսապը մեծ տեղ գրաւած է: Ան մահացած է 14 նոյեմբեր 1986-ին:

Բժիշկ Ալպերթ Աբէլեան

Այժմ վերադառնանք «Մատեան մանկանց» աշխատասիրութեան: Ինչպէս յիշեցինք, անիկա գրուած է 1925-ին, Պոսթըն: Գիրքը զուտ բժշկական-առողջապահական հատոր մըն է: «Մատեան մանկանց» հատորը կը բաղկանայ երկու մասերէ: Առաջին մասը կը բովանդակէ յղութեան առողջաբանութեան, մանուկներու մինչեւ տասը տարեկան հոգատարութեան, դիեցումի, սննդառութեան եւ առողջապահութեան վերաբերեալ ընդարձակ  ծանօթութիւններ` գործնական թելադրութիւններով: Իսկ երկրորդ մասը կը բովանդակէ մանկութեան շրջանին յատուկ հիւանդութիւններու մասին կարեւոր գիտելիքներ, կանխարգելիչ միջոցներ, դարմանում եւ հիւանդապահութիւն: Բոլոր նիւթերը այժմէական են եւ կը համապատասխանեն մեր օրերու բժշկական-առողջապահական տեղեկութիւններու պահանջին:

«Մատեան մանկանց»-ի շապիկը

Գիրքին սկիզբը կը տեսնենք բժ. Ա. Աբէլեանին լուսանկարը, որ դիտողին աչքերը կը գրաւէ եւ լաւ տպաւորութիւն կը ձգէ ու անոր լրջութիւնն ու հեղինակաւոր անհատականութիւն մը ըլլալը կը դրոշմէ: Յաջորդ էջին վրայ կը կարդանք բժիշկին տիտղոսները: Ապա կը կարդանք` «Կը ձօնեմ այս երկը բազմաչարչար ազգիս անբախտ մանուկներուն, որոնք ինկան Արաբիոյ կիզուտ անապատներուն եւ Հայաստանի ձիւնապատ կատարներուն վրայ` անթաղ եւ անշիրիմ»:

Բժ. Ալպերթ Աբէլեան գրած է «Մատեան մանկանց»-ը` տեսնելէ ետք իր նախօրօք հրատարակած երկու բժշկական աշխատասիրութիւններու` «Հայ մայրերու մենտոր»-ի եւ «Հեքիմարան»-ի սպառումը եւ հայ ժողովուրդին բոլոր խաւերուն կողմէ գտած ջերմ ընդունելութիւնը: «Մատեան մանկանց»-ին մէջ գրած է իր սրտին շատ մօտիկ առողջապահական եւ բժշկագիտական նիւթերու շուրջ: Ան գրած է ի մտի ունենալով հիմնական մէկ մտահոգութիւն` օգտակար հանդիսանալ հայ ժողովուրդին:

Գիրքի լեզուն շատ մաքուր, սահուն եւ հայաշունչ է: Բժիշկը օգտագործած է հայ լեզուի բժշկական հարուստ բառամթերքը: Կարելի է ըսել, որ 93 տարիներ առաջ գրուած  այս գիրքը անմրցելի եւ եզակի աշխատանք մըն է հայ բժշկական գրականութեան մէջ: Երբ կարդացինք այս գիրքը, այնպէս տպաւորուեցանք, որ ան գրուած ըլլար մեր օրերուն: Ան հայ տուներէ ներս զգալի պակաս մը լեցուցած է հրատարակութեան տարիներուն:

Բժ. Ա. Աբէլեան իր յառաջաբանին մէջ կը խօսի հարազատօրէն եւ իր սրտի խորերէն ու կ՛ըսէ. «Մատեան մանկանց»-ը կարդա՛, հա՛յ մայր, եւ մութին ու անստգութեան քաոսին մէջ պիտի չխարխափիս: Ան նորագոյն գիտութեան լոյսով պիտի լուսաւորէ քու ուղին` դէպի ԻՏԷԱԼ ՄԱՅՐՈՒԹԻՒՆ: Կինը կ՛աստուածանայ, երբ մայր կ՛ըլլայ: Աստուածութեան մօտեցող մայրը գիտակից ըլլալու է իր վեհ կոչումին` առաջնորդելու համար իրեն յանձնուած էակը դէպի կատարելիութիւն: Առողջ զաւակներ հասցնելու համար դաստիարակութիւն եւ գիտութիւն անհրաժեշտ են: «Մատեան մանկանց»-ը հայ մայրերուն դաստիարակը եւ առաջնորդը ըլլալու կոչուած է: Հա՛յ մայրեր,  կարդացէ՛ք «Մատեան մանկանց»-ը: Ուշադրութեամբ հետեւեցէք անոր տուած նոր ԼԵՐԱՆ ՔԱՐՈԶԻՆ եւ տարածեցէք զայն, ուր որ հայ մայրեր եւ մանուկներ կան»: Հեղինակը իր «Ծանօթութիւն» գրութեան մէջ գրած է. «Եթէ այս հատորին շնորհիւ տասը հայ մանուկներ միայն իրենց բնականոն առողջութիւնը վերստանան, մենք արդէն բարոյապէս վարձատրուած կ՛ըլլանք»:

Յառաջաբանէն ետք կը կարդանք բժիշկին գրիչէն  բխած շատ պարզ, ոչ բանաստեղծական, բայց դաստիարակչական գրութիւն մը` «Մանուկն առ իր մայրը»  ուղղուած իր սիրելի Լորիին եւ  հայ մանուկներուն: Բժիշկը կոչ կ՛ուղղէ, որ ան կարդացուի բոլոր հայ մանուկներուն կողմէ: Ահաւասիկ` այդ գրութիւնը.

Մայրի՛կ, ինծի կաթիկ տուր, որ խմեմ: Չեմ ուզեր գինի, բաց ինձ դուռն` օդ ծծեմ:

Մայրիկ, ինծի հացիկ տուր: Չեմ ուզեր քենտի. Բաղնիք տուր, մաքուր ըլլալ կը փափաքիմ:

Մայրի՛կ, ինծի նարնջահիւթ տուր, որ ըմպեմ, ակռայ հանեմ, չոր հաց ծամեմ, զօրանամ:

Մայրի՛կ, ինծի կանուխէն անկողին դիր, որ հրեշտակներ երկնքէն վրաս հսկեն:

Մայրի՛կ, ինծի ձկան իւղ տուր, որ ուժովնամ, ինծի չըսեն` աղջի՜ Լորի, ոտքերդ ծուռ են:

Մայրիկ ինծի ներսէն, դրսէն ջուր տուր, ջուր, որ ինձ ըսեն` որքան ամուր, որքան մաքուր:

Մայրի՛կ, ինծի, ուհ, տապկուած բաներ մի՛ տար, կը խոստանամ չըլլալ չար, որ օրհնէ զիս հայուն Աստուած:

Հրճուանքով եւ հետաքրքրութեամբ կարդացի «Մատեան մանկանց»-ը: Ան գիտական-բժշկական հատոր մըն է, սակայն եւ այնպէս բժիշկը բժշկական սահմաններէն դուրս կու գայ եւ կը կատարէ զուտ հայկական մտահոգութիւններու առնչութեամբ կարեւոր թելադրութիւններ, մանաւանդ` հայ ընտանիքի առողջ պահպանման եւ աճման ու հզօրացման համար:

Կարդալէ ետք «Մատեան մանկանց»-ը` կ՛ուզենք հայ ընթերցողը մասնակից դարձնել այն վայելքին, որ մենք ունեցանք: Ուստի կը մէջբերենք «Յղութեան առողջապահութիւն» գրութենէն որոշ բաժիններ (մանր սրբագրութիւններով):

«Ապրող էակներու գլխաւոր նպատակներէն մին է ցեղին յարատեւումը: Կենդանի էակները արու եւ էգ ստեղծուած են, եւ այս երկու տարբեր սեռերու բնական միացումովը ապահովուած է ցեղին գոյութիւնն ու ապագան: Մարդ արարածը, իբր ամենակատարեալը կենդանի էակներու, բացառութիւն չէր կրնար կազմել եւ չէ կազմած: Ուստի մարդուն նուիրական պարտականութիւնն է իր նմանը արտադրել եւ այս կերպով ապահովել իր ցեղին ապագան:

«Ցեղին պահպանման նուիրական եւ սրբազան պարտականութեան մէջ թերացողներ բացայայտօրէն կը մեղանչեն մարդկութեան եւ մայր բնութեան դէմ:

«Մարդկային ընկերութիւնը համոզուած է, որ մարդկային ցեղին պահպանումին ամենավստահելի եւ արդիւնաւոր միջոցն ամուսնութիւնն է: Ամուսնութեան սուրբ խորհուրդով միայն կարելի է ստեղծել ընտանեկան յարկին գոյութիւնը: Այդ անդորր եւ խաղաղ բոյնին մէջ միայն կարելի է մարդկային ցեղին ապագան ապահովել, սերնդագործել: Սերնդագործումը արգասաւորումով կարելի կը դառնայ: Արգասաւորումը իգական ձուին, առնական սերմին հետ միացումն է, որ տեղի կ՛ունենայ արգանդին եւ կամ անոր խողովակներէն մէկուն մէջ:

«Մայր ըլլալը գերագոյն եւ սրբազան պարտականութիւն նկատուած է կնոջ համար: Հետեւաբար հայ մայրեր սիրով ընդառաջ երթալու են իրենց վեհ կոչումին ծառայելու համար եւ ոչ մէկ պարագայի տակ վիժեցումի դիմելու չափ նուաստանալու են: Ամուսնութիւնը հաճոյքի միջոց նկատուելու չէ: Ամուսնական կեանքի հաճոյքի մասը անասնական կրքի գոհացումն է միայն. պէտք է աւելի բարձրին, գեղեցիկին ձգտիլ, եւ այդ` արգասաւորուելով կնոջ յղանալն է:

«Յղացումն ու սերնդագործութիւնը ստեղծագործութիւն են, իսկ ստեղծագործութիւնը` աստուածավայել կարողութիւն: Կինե՛ր, պահեցէք դուք ձեզ աստուածութեան բարձունքներուն վրայ` յղանալով: Քսաներորդ դարուն անէծքը եղող վիժեցումէն հեռու պահեցէք զձեզ հայ մայրեր: Դարերէ ի վեր յանուն հայ ազատագրութեան ինկող հերոս նահատակները ձեզի կոչ կ՛ընեն իրենց կորուստով նօսրացած շարքերը խտացնելու համար: Ունկնդրեցէ՛ք անոնց կոչին եւ ձեր բոյները լեցուցէք արծուաձագերով, որոնք օր մը թեւ առնելով պիտի թռչին եւ Ատլանտեանի կապոյտը պատռելով` պիտի թառին Մասեաց գագաթը` նոր բոյներ շինելու եւ ձագեր ունենալու համար: Դէպի գո՜րծ…

«Յղի մնացող կինը անմիջապէս պէտք է իր բժիշկին իմացնէ եղելութիւնը` անկէ պէտք եղած առողջապահական պատուիրանքն ստանալու համար: Յղութեան ամբողջ տեւողութեանը ֆիզիքական եւ հոգեկան գրգռութիւնէ զերծ ըլլալու է: Յղութեան շրջանին` սաստիկ գլխու ցաւ, մարսողութեան եւ տեսողութեան խանգարումներ, սաստիկ մէջքի ցաւ, մշտատեւ փսխունք, ոտքերու ուռեցք եւ յաճախամիզութիւն վտանգաւոր կացութեան մը  նախնական ախտանշաններն են: Յղութեան շրջանին սակաւակերութիւնը շատակերութեան չափ եւ թերեւս քիչ մըն ալ աւելի վնասակար է: Յղի կինը չափաւոր կերպով գոհացում տալու է իր ախորժակին: Ան զգուշանալու է ծանրութիւններ վերցնելէ: Առօրեայ պտոյտներ ընել օգտակար է: Թուլամորթ եւ ծոյլ կիներու արգանդը պէտք եղածին պէս զօրեղ պրկումներ կատարելու ի վիճակի չ՛ըլլար տղաբերքի պահուն: Բացօթեայ պտոյտներ, արտաքին մաքրութեան հոգատարութիւն եւ սրտնեղութիւններէ հեռու մնալ` լաւագոյն ուղիներն են, որոնց պէտք է հետեւիլ: Յղի կիներ իրենց բերնին  մաքրութեան լաւ հոգ տանելու են: Տղաբերքէ ամիս մը առաջ օրը մէկ երկու անգամ ստինքներուն պտուկները մաքրել անհրաժեշտ է:

«Ստամոքսի խառնուիլը, ախորժակի պակասը եւ փսխումը յղութեան ընկերացող տաղտկալի երեւոյթներ են:  Յղի կիներ թեթեւ եւ թոյլ հագուստ հագնելու են եւ հեռու կենալու են արգանդին բնականոն աճումն արգիլող սեղմիրաններու եւ ներքնազգեստներու գործածութենէն: Յղի կնոջ ննջասենեակը օդասուն ըլլալու է եւ օդափոխութիւնը ապահովուած` գիշեր ատեն: Անկողինը մաքուր եւ կակուղ ըլլալու է: Ցած կրունկով կօշիկներ նպատակայարմար են: Անոնք առատ ջուր խմելու են: Ոգելից ըմպելիներու գործածութիւն, տապկուած, իւղոտ եւ ճարպոտ ուտելիքներ ստամոքսի խանգարում եւ թթւութիւն կը պատճառեն:

«Յղի մօր ապրելակերպը եւ միջավայրը անուղղակի կերպով կ՛ազդեն ծնելիք մանուկին վրայ: Հետեւաբար յղի կինը ջանալու է խաղաղ եւ երջանիկ ապրիլ եւ անվախօրէն պատրաստուիլ իր սրտահատորը դիմաւորելու համար:

«Կարգ մը հիւանդութիւններ, մտային կարողութիւն, գեղեցկութիւն եւ նկարագիր ժառանգականօրէն կը փոխանցուին սաղմին: Այդ պատճառով ամուսնութեան պարագային պէտք չէ մոռնալ ժառանգական փոխանցումներու կարեւորութիւնը: Յղութեան շրջանին որեւէ արիւնահոսում աննկատ եւ անխնամ մնալու չէ: Վիժումները միշտ արիւնահոսութեամբ կը սկսին:

«Յղութիւնը կնոջ մը համար օրհասական տառապանքի շրջանէ մը աւելի ցնծութեան եւ ուրախութեան շրջան մը ըլլալու է: Ամուսիններ մեծ ջանք թափելու են յղի կնոջ մը կեանքը տանելի եւ հաճելի ընելու համար: Կիները այդ շրջանին ա՛լ աւելի գուրգուրանքի, ճշմարիտ եւ զոհաբերող սիրոյ եւ անուշ վերաբերմունքի կը կարօտին: Հա՛յ մարդ, պէտք է ըմբռնես անոր կացութիւնը եւ օգնես իր վեհ գործին մէջ: Քու պարտականութիւնդ միմիայն սերմ ցանելու մէջ չի կայանար: Երջանիկ բոյնին շինութիւնը նոյնքան ալ քեզմէ կախեալ է»:

Ի՜նչ դաստիարակիչ եւ թելադրողական խօսքերով լեցուն է «Յղութեան առողջապահութիւն» գրութիւնը: Ան ո՛չ միայն բժշկական-առողջապահական միտումով գրուած է, այլ նաեւ` ազգային մտահոգութիւններէ մղուած:

 

Վա՛րձքդ կատար, յարգելի՛ բժիշկ Ալպերթ Աբէլեան:

 

 

Մոնրէալ, 11 մայիս 2017

 


Viewing all articles
Browse latest Browse all 17079

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>