Պատրաստեց՝ ՄԱՐԻՆԱ ՀԱՄԱՄՃԵԱՆ
Կրթութեան Նախարարութիւնը Կը Համագործակցի Հայաստանի Մանուկներու Հիմնադրամին Հետ
10 տարիէ ի վեր Հայաստանի մանուկներու հիմնադրամը համայնքային զարգացման երեխայակեդրոն ծրագիրներու միջոցով կ՛աշխատի բարձրացնել գիւղաբնակներու կեանքի որակը: Սկսելով Արմաւիրէն` հիմնադրամը այժմ արդէն կրթական, առողջապահական, ընկերային-տնտեսական ծրագիրներ կ՛իրականացնէ Հայաստանի 6 մարզերու մէջ:
Վերջերս համագործակցութեան յուշագիր մը ստորագրուեցաւ կրթութեան եւ գիտութեան նախարարութեան եւ Մանուկներու հիմնադրամի ղեկավարին միջեւ:
Նախարար Լեւոն Մկրտչեան կարեւոր նկատեց հիմնադրամին դերակատարութիւնը Հայաստանի կրթական համակարգի զարգացման գործին մէջ եւ խօսեցաւ Լոռիի մարզի Դեբետ գիւղին մէջ կառուցուող «Սմարչ» կեդրոնին մասին, որ հիմնուած է Հայաստանի Մանուկներու հիմնադրամին կողմէ:
Հիմնադրամի ատենապետ տոքթ. Կարօ Արմէն նշած է, որ կրթութեան եւ գիտութեան նախարարութեան հետ իրենց տարիներու գործակցութիւնը վերջապէս պաշտօնական բնոյթ կը ստանայ յուշագիրի ստորագրումով:
Դպրոցներու տնօրէններն ու աշակերտները Հայաստանի Մանուկներու հիմնադրամը համեմատած են արեւուն հետ, որ մտած է իրենց գիւղերը եւ փոխած է իրենց կեանքը:
«Գիւղացի փոքրիկները զրկուած էին ամէն ինչէ: Ծնողներու ընկերային վիճակը ծանր է եւ, անոնք ի վիճակի չեն փոքրիկին ամէն օր տանելու Արմաւիր, որպէսզի հարցերը լուծուին, իսկ հիմա արդէն տեղւոյն վրայ կը լուծուին», նշած է Արմաւիրի Քարակերտ գիւղի թիւ 2 դպրոցի տնօրէն Թամարա Բաղդասարեան:
Մեծ Զօրամասերուն Մէջ ԹՈՒՄՕ-ի Կեդրոններ Պիտի Հիմնուին
Հայաստանի պաշտպանութեան նախարար Վիգէն Սարգսեան կառավարութեան նիստին յայտարարած է, որ աշխատանքներ կը տարուին մեծ զօրամասերու մէջ ԹՈՒՄՕ-ի կեդրոններ հիմնելու ուղղութեամբ:
«Այժմ աշխուժ ծրագիր կ՛իրականացնենք նաեւ բանակին մէջ լրացուցիչ ուսման կազմակերպման նպատակով: Աշխատանքներ կը տարուին մեծ զօրամասերու մէջ ԹՈՒՄՕ-ի կեդրոններ հիմնելու ուղղութեամբ, որպէսզի զինծառայողները կարելիութիւն ունենան արհեստագիտական ոլորտին մէջ նախնական պատրաստութիւն ունենալու: Եթէ ըլլան միւս ոլորտներուն մէջ եւս հետաքրքրուող գործընկերներ, որոնք կրնան այսպիսի փոքր ուսումնական կեդրոններ հիմնել, փոխշահաւէտ կ՛ըլլայ», ըսած է Վիգէն Սարգսեան` ըստ «Մետիամաքս»-ի:
Նախարարը ընդգծած է, որ բանակին մէջ լրացուցիչ կրթութիւն ապահովելու պարագային, կազմակերպութիւնները անընդհատ թարմացուող մարդուժ կրնան ունենալ:
Տաւուշի մարզի Կողբ համայնքին մէջ կառուցուող ԹՈՒՄՕ-ն եւս կը նախատեսէ բանակին հետ նախագիծներ իրականացնել:
Հայաստանի Ամերիկեան Համալսարանը Պիտի Գործակցի Արցախի Պետականին Հետ
Արցախի նախագահ Բակօ Սահակեան իր նստավայրին մէջ հանդիպեցաւ Հայաստանի ամերիկեան համալսարանի նախկին պատուաւոր նախագահ, «Թրփանճեան» գիւղական համայնքներու զարգացման ծրագիրի նախագահ Յարութիւն Արմէնեանի հետ, որուն կ՛ընկերակցէին «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի գործադիր տնօրէն Արա Վարդանեանը եւ Հայաստանի ամերիկեան համալսարանի փոխնախագահ Աշոտ Ղազարեանը:
Հանդիպման ընթացքին քննարկուեցան Հայաստանի ամերիկեան եւ Արցախի պետական համալսարաններու փոխգործակցութեան, Արցախի մայր համալսարանի շէնքի պայմաններու բարելաւման առնչուող հարցեր:
«Վիվասել-Էմ. Թի. Էս.»-ի Մասնագէտները Վարպետութեան Դասընթացք Իրականացուցին Արեւային Ուժանիւթով Սնանող Հիմնական Երկու Կայանի Տարածքին
«Վիվասել-Էմ. Թի. Էս.»-ի մասնագէտները վարպետութեան դասընթացք իրականացուցին միջպետական ճամբու Երեւան-Գիւմրի հատուածին վրայ տեղակայուած, արեւային ուժանիւթով սնանող հիմնական երկու կայանի տարածքին: Գիւմրիի «Ֆոտոն» վարժարանը այն աւագ դպրոցներէն է, որ ընդգրկուած է տեղեկատուական արհեստագիտութեան փորձառական ուսումնական ծրագիրին մէջ եւ «Հեռահաղորդակցութեան հիմունքներ» առարկան կ՛իրացնէ «Վիվասել-Էմ. Թի. Էս.»-ի աջակցութեամբ:
Ընկերութեան մասնագէտները պարբերաբար վերապատրաստման դասընթացքներ կազմակերպած են առարկան դասաւանդող ուսուցիչներուն եւ աշակերտներուն համար: Տեսական գիտելիքներ ամրապնդելու եւ գործնական հմտութիւններ փոխանցելու նպատակով մասնագէտները լսարանային դասընթացքներէն ետք կազմակերպած են շրջայցեր: Գործնական ուսուցման համար այցելութեան վայրեր ընտրուած են նաեւ կայաններու տարածքները:
Մաստարա-Մարալիկ ճամբուն երկայնքով գործող հիմնական կայանները ունին որոշակի առանձնայատկութիւն: Անոնց ելեկտրական սնուցումը կը կատարուի արեւային մարտկոցներով: Ասիկա հրաշալի լուծում է յատկապէս նօսր բնակեցուած այնպիսի տարածքներու համար, ուր հարց է ուժանիւթի մատակարարումը: «Վիվասել-Էմ. Թի. Էս.»-ը արեւային ուժանիւթով սնուցուող կայաններու շնորհիւ` կը կրճատէ ուժանիւթի սպառումը եւ ենթակառուցուածքներու պահպանման ուղղուած ծախսերը:
«Արհեստագիտութիւններու զարգացման դարուն մէջ ժամը ակնթարթի նման կ՛անցնի: Ամէն օր կրնան յառաջանալ նոր պահանջներ: Պէտք է մնայուն պատրաստ ըլլան նոր լուծումները: Եւ արհեստագիտութեան հիմքին վրայ ըլլան նորարարութիւնը, պահանջարկը, պատասխանատուութիւնը, բայց ոչ` սպառողական մօտեցումը: Արեւային ուժանիւթով սնանող այս կայանները այսպիսի մօտեցման արդիւնք են: Այն, ինչ որ կը քաղէք դասընթացքներէն, հեռահաղորդակցութեան ոլորտին մէջ առաջատար ընկերութեան կուտակած աւելի քան տասնամեայ փորձն է: Գնահատեցէք զայն, շարունակաբար զարգացուցէք ձեր միտքը եւ եղէք պատասխանատու», ըսած է «Վիվասել-Էմ. Թի. Էս.»-ի գլխաւոր տնօրէն Ռալֆ Երիկեանը:
Յիշեցնենք, որ Հայաստանի կրթութեան եւ գիտութեան նախարարութիւնը, «Սինոփսիս Արմենիա»-ն, «Վիվասել-Էմ. Թի. Էս.»-ը եւ «Եունիքոմփ» քառակողմը յուշագիրով ձեռք բերուած համաձայնութեան հիման վրայ «Հեռահաղորդակցութեան հիմունքներ» առարկան 2017 թուականէն կը դասաւանդուի Գիւմրիի «Ֆոտոն» եւ Երեւանի «Քվանտ» վարժարաններուն մէջ, Արտաշէս Շահինեանի անուան ֆիզիքամաթեմաթիքական եւ Վանաձորի` մաթեմաթիքայի ու բնագիտական առարկաներու խորացուած ուսուցմամբ յատուկ դպրոցներուն մէջ, ինչպէս նաեւ ՀԱՊՀ` Երեւանի տարածքին գործող աւագ դպրոցին մէջ: 2018 թուականի ուսումնական գործընթացին մէջ պիտի ներգրաւուին նաեւ 5 աւագ դպրոցներ:
Հայաստանի Սփիւռքի Նախարարութեան Մէջ Տեղի Ունեցած Հանդիպումներ
Քանատահայ աշխարհահռչակ օփերային երգչուհի, Նիւ Եորքի «Մեթրոփոլիթըն» օփերային թատրոնի մենակատար Իզապէլ Պայրագտարեան այցելեց սփիւռքի նախարարութիւն:
Նախարար Հրանուշ Յակոբեան բարձր գնահատեց երգչուհիին ձեռքբերումներն ու ներդրումը համաշխարհային օփերային երգարուեստին մէջ: Նախարարը շեշտեց Իզապէլին` հայ ազգային ինքնութեան եւ արմատներուն հաւատարիմ մնալուն, հայ հոգեւոր, կոմիտասեան մեղեդիները աշխարհի հռչակաւոր բեմերու վրայ հնչեցնելուն ուղղուած ջանքերը:
«Դուք ծնած էք Լիբանան, տեղափոխուած էք Քանատա, կրթութիւն ստացած` այնտեղ եւ աստուածատուր ձեր ձայնով անմիջապէս հիացուցած էք քանատացի հանդիսատեսը: Արժանացած էք Տոմինկոյի երգիչներու մրցոյթի առաջին մրցանակին, Մեծն Բրիտանիոյ թագուհիին ոսկիէ մետալին, ձեր ձայնասկաւառակը Քանատայի մէջ ճանչցուած է լաւագոյնը, համագործակցած էք աշխարհի լաւագոյն ֆիլհարմոնիք նուագախումբերուն հետ եւ այս ամբողջ ճանապարհին պահպանած էք ձեր հայկական ազգանունը` Պայրագտարեան: Աշխարհի մէջ շատերը ձեզմով ճանչցած են հայ ժողովուրդը, հայ մշակոյթը, լսած են Հայաստանի մասին: Ուրախ եմ, որ ձեր զաւակներուն նոյնպէս հայեցի դաստիարակութեամբ կը մեծցնէք», ընդգծեց սփիւռքի նախարարը:
Նախարարը նշեց նաեւ, որ այդքան զբաղած ըլլալով հանդերձ, Ի. Պայրագտարեան սիրով ընդունեց հայրենիքի մէջ հանդէս գալու առաջարկները եւ Հայաստան կատարած այցելութիւններուն ընթացքին հանդէս եկած է Հայաստանի պետական ֆիլհարմոնիք նուագախումբին հետ: «Այժմ ան կրկին հայրենիքի մէջ է, Արամ Խաչատրեանի անուան 13-րդ միջազգային երաժշտական մրցոյթի դատական կազմին մէջ: Ես սիրով զայն հրաւիրեցի` մասնակցելու այս տարուան սեպտեմբերին կայանալիք Հայաստան-սփիւռք 6-րդ համահայկական համաժողովի բացման հանդիսաւոր արարողութեան», շեշտեց նախարարը:
Սփիւռքի մէջ հայկական արուեստը տարածելու, այդ ոլորտին մէջ ստեղծագործական եւ կատարողական բարձր վարպետութեան եւ իր գործունէութեամբ Հայաստան-սփիւռք գործակցութեան զարգացման գործին մէջ ներդրում ունենալուն համար նախարար Հրանուշ Յակոբեան Իզապէլ Պայրագտարեանը պարգեւատրեց Հայաստանի սփիւռքի նախարարութեան «Կոմիտաս» մետալով:
Աշխարհահռչակ երգչուհին շնորհակալութիւն յայտնեց ջերմ ընդունելութեան համար եւ նշեց, որ պարգեւը իրեն համար հաճելի անակնկալ եւ պատիւ է: «Սփիւռքի որեւէ համայնքի մէջ, ուր գտնուած եմ, անպայման այցելած եմ հայկական եկեղեցիներ եւ մեկնաբանած հայ հոգեւոր երգեր: Ինքնութիւնս ինծի համար շատ կարեւոր է: Իրաւացիօրէն նշած է նախարարը, թէ բեմական կեանքիս տարբեր ժամանակաշրջաններուն մէջ դժուարութեամբ կարդացած եւ արտասանած են ազգանունս, սակայն այդ մէկը զիս չ՛անհանգստացներ, եւ ես չեմ փոխեր զայն», նշեց երգչուհին` աւելցնելով, «բեմին վրայ իմ հոգիս կ`երգէ, հայու հոգին»:
Հաղորդենք, որ այնուհետեւ երգչուհին պատասխանեց հանդիպման մասնակիցները յուզող հարցումներուն եւ կատարեց Կոմիտասի «Օրօրոցային»-ը:
***
Հայաստանի սփիւռքի նախարարութեան նախաձեռնութեամբ տեղի ունեցաւ լոնտոնաբնակ հեքիաթագիր Նունէ Սարգսեանի հեքիաթներու մատենաշարի շնորհահանդէսը: Ողջոյնի խօսքով հանդէս եկաւ Հայաստանի սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեանը: Ան մասնաւորապէս նշեց. «Նունէն այսօր դարձած է հայ մանուկներու ամէնէն ճանաչելի մանկագիրներէն մէկը: Անոր հեքիաթներուն մէջ նոյնիսկ վիշապները կրնան գեղեցիկ եւ բարի ըլլալ, լոյսի եւ խաւարի պայքարին մէջ միշտ կը յաղթէ լոյսը: Հայաստանի Գիտութիւններու ազգային ակադեմիայի Լեզուի հիմնարկին օգնութեամբ Նունէի հեքիաթները փոխադրուած են Գաւառի, Պայազետի, Գիւմրիի Կարնոյ եւ Արցախի բարբառներով: Այսօր մենք կ՛աշխատինք Նունէի հեքիաթները վերածելու արեւմտահայերէնի: Անոր հեքիաթներէն քանի մը հատը վերածուած են տիկնիկային բեմադրութիւններու եւ յաջողութեամբ կը ցուցադրուին Թումանեանի անուան տիկնիկային եւ Խամաճիկներու թատրոններու մէջ»:
Նախարարը գոհունակութեամբ ընդգծեց, որ 2006-2016 թուականներուն Նունէի գիրքերը նուէր ստացած են` Երեւանի քաղաքային եւ համայնքային գրադարանները, Երեւանի 5 մանկատուները, Գիւմրիի 29 դպրոցական, Ստեփանակերտի 9 դպրոցական, Մոսկուայի եւ Փեթերսպուրկի հայկական կեդրոններու գրադարանները, ինչպէս նաեւ` Լոնտոնի հայկական դպրոցները:
Հայաստանի սփիւռքի նախարարը նշեց, որ նախարարութեան նախաձեռնութեամբ եւ պատուէրով ամէն տարի լոյս տեսնող «Գրական սփիւռք» տարեգիրքին 2017 թուականի թիւին մէջ պիտի ընդգրկուի նաեւ լոնտոնահայ հեքիաթագիր Նունէ Սարգսեանի հեքիաթներէն մէկը:
Նախարարը շեշտեց հեղինակին ընտանիքին եւ մասնաւորաբար ամուսնոյն` Արմէն Սարգսեանի դերը` Նունէի ստեղծագործական յաջողութիւններուն մէջ: «Նունէն այսօր երեք թոռնիկ ունի եւ համոզուած եմ, որ հեքիաթները կը ստեղծուին նախ եւ առաջ իր թոռնիկներուն համար` անոնց հասկնալի գեղեցիկ գրական հայերէնով», ըսաւ նախարարը` աւելցնելով, որ` «Վստահ եմ, որ մեր այսօրուան հանդիպումը մեզի առաւել պիտի բարիացնէ ու ազնուացնէ` մեր մէջ աւելցնելով սէրն ու հանդուրժողականութիւնը իրարու նկատմամբ»:
Այնուհետեւ, հեքիաթագիրին գործերուն մասին գնահատանքի խօսքով հանդէս եկաւ Հայաստանի Գիտութիւններու ազգային ակադեմիայի Աճառեանի անուան լեզուի հիմնարկի տնօրէն Վիքթոր Կատվալեանը: «Այն մանուկները, որոնք կը մեծնան հեքիաթներ լսելով` անոնց մէջ կ՛ամրանան լաւագոյն յատկանիշները: Նունէ Սարգսեանի հեքիաթները փոքրիկներուն կը հրամցնեն գեղեցիկը, բարին, վեհը: Իսկ եթէ կայ ազնիւ նպատակ, ապա պատահականութիւնն անգամ կու գայ օգնելու` գտնելու յարմար ելքը», նշեց Վիքթոր Կատվալեանը:
Հայաստանի Գիտութիւններու ազգային ակադեմիայի Աբեղեանի անուան գրականութեան հիմնարկի տնօրէն Վարդան Դեւրիկեանը ընդգծեց, որ Նունէ Սարգսեանի հեքիաթներուն մէջ ձեւի եւ բովանդակութեան ներդաշնակութիւն է: «Մենք կը տեսնենք հայկական եւ անգլիական մշակոյթներու զուգակցումը, որ կը ստեղծէ եւ նոր հմայք կը հաղորդէ հեքիաթներուն», ըսաւ ան:
Այնուհետեւ հանդէս եկաւ սփիւռքի նախարարի տեղակալ, գրականագէտ Սերժ Սրապիոնեանը` նշելով, որ բաւական դժուար է բաւարարել 21-րդ դարու մանուկները եւ հետաքրքրական դառնալ անոնց համար: «Նունէ Սարգսեանի հեքիաթները հետաքրքրական են մանուկներու եւ յատկապէս հայ մանուկներուն համար: Նունէի ծինաբանութեան մէջ զգալի է հայկական առասպելականութիւնը», նշեց Սերժ Սրապիոնեանը:
Հայաստանի սփիւռքի նախարարութեան աշխատակազմի համահայկական, միջազգային եւ եկեղեցական կառոյցներու հետ կապերու վարչութեան նախագահ, հայրենադարձ Նայիրի Մուրատեանը նշեց. «Ուրախ եմ, որ Նունէի հեքիաթները արեւելահայերէնէն արեւմտահայերէնի պիտի վերածեմ եւ կը կարծեմ, որ եթէ արեւելահայ մշակոյթը կրողները կը մտածեն իրենց գործերը արեւմտահայերէնի վերածել, ուրեմն արեւմտահայ լեզուն եւ մշակոյթը երբեք չի մեռնիր»:
Շնորհահանդէսի աւարտին շնորհակալական խօսքով հանդէս եկաւ հեղինակը` Նունէ Սարգսեանը` նշելով. «Շատ յուզուած եմ, որովհետեւ այս հանդիպումը ինծի համար անակնկալ էր: Շնորհակալ եմ սփիւռքի նախարարութեան, յատկապէս նախարար Հրանուշ Յակոբեանին` իմ հեքիաթները արեւմտահայերէնի վերածելու առաջարկին եւ նախաձեռնութեան համար: Անպայման կ՛ուզեմ նշել, որ սփիւռքի նախարարը ճիշդ էր, երբ յայտնեց, թէ ընտանիքը մեծ նշանակութիւն ունի արուեստագէտի կայացման գործին մէջ: Իմ պարագայիս շնորհակալ եմ մանկութեանս ընկերոջը, ամուսնոյս` Արմէնին, որ ինծի վստահութիւն ներշնչեց եւ համոզեց գրել հեքիաթներ»:
Նունէ Սարգսեանը ըսաւ, որ ինքը գրած է նաեւ մեծերու համար, սակայն հոգեհարազատը մանուկներու աշխարհն է: «Մենք պէտք է փայփայենք մանուկներու աշխարհը եւ օգնենք փոքրիկներուն` ճիշդ մեծանալու: Հեքիաթագիրին գործը այն է, որ մանուկներուն ներկայացնէ գեղեցիկը, երեւակայականը, օգնէ անոնց երազել: Չէ՞ որ բոլոր համաշխարհային լուրջ յայտնագործութիւններու նախասկիզբը ի սկզբանէ երազանքն է, որ հետագային կը դառնայ իրականութիւն», նշեց հեղինակը:
Արմէն Սարգսեան իր խօսքին մէջ նշեց, թէ իւրաքանչիւր Հայաստան վերադարձին Երեւանը աւելի գեղեցկացած կը տեսնէ: «Ես կը զգամ, որ կնոջս` Նունէի լաւատեսական կանխատեսումները ճիշդ են, եւ 50 տարի ետք մենք կ՛ունենանք բոլորովին այլ Հայաստան», նշեց ան:
Հանդիպման աւարտին կարդացուեցան հատուածներ հեղինակին` Արցախի բարբառին վերածուած «Երեք վիշապ» հեքիաթէն:
Հայաստանի Մեղրը Չինաստան Պիտի Արտածուի
Հայաստանեան մեղուաբոյծները այսուհետեւ կարելիութիւն պիտի ունենան Չինաստան արտածելու տեղական մեղրը` 1 քիլոկրամը 15 տոլար արժէքով:
Լոռիի մարզի մեղուաբոյծներու հետ ունեցած հանդիպումին ընթացքին Մեղուապահներու ազգային համադաշնութեան նախագահ Ռոզա Ծառուկեան յայտնեց, որ Հայաստանի 10 մարզերէն մեղրի 100 նմուշ Չինաստան ուղարկուած է եւ դրական գնահատուելով` կարելիութիւն ստեղծուած է արտահանման համաձայնութեան: