ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ
«Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի
հրատարակիչ եւ խմբագիր
Անցեալ շաբաթ գրած էի թրքական կառավարութեան կողմէ վարձուած տասնեակէ մը աւելի հանրային կապերու եւ լոպիստական ընկերութիւններու մասին: Վերջին շաբաթներուն Թուրքիոյ Հանրապետութիւնը անոնց թիւը աւելցուց երկու նոր` «Պալարտ Փարթնըրզ եւ Պըրսըն-Մարսթելլըր» ընկերութիւններով:
Թուրք պաշտօնեաները կարծես թէ չեն գիտակցիր, որ տասնեակէ մը աւելի լոպիստական ընկերութիւններ ունենալը ոչ միայն դրամներու վատնում է աւելորդ կրկնօրինակման պատճառով, այլեւ թանկարժէք ժամանակի անիմաստ կորուստ` Ուաշինկթընի մէջ Թուրքիոյ դեսպանատան առանձին պաշտօնեաներու, որոնք ամէն օր իրենց ժամանակը կը վատնեն` այդ լոպիստական ընկերութիւններուն մանրամասն հրահանգներ տալով, անոնց զեկոյցները կարդալով եւ մեկնաբանելով, անոնց հետ հանդիպումներ ունենալով, անոնց զեկոյցները ծաւալուն բացատրութիւններով արտաքին գործոց նախարարութիւն փոխանցելով եւ Անգարայի արձագանգին հիման վրայ փոփոխութիւններ ընելով: Թիւով այդքան շատ լոպիստական ընկերութիւններու հետ աշխատելով, առանց եռանդուն եւ լուրջ ջանքեր գործադրելու, թուրք պաշտօնեաները պարզապէս կը վատնեն իրենց երկրին դրամները…
Ես ուրախ եմ, որ Թուրքիոյ կառավարութիւնը որոշած է աւելի գումարներ վատնել` համաձայնելով վճարել 1,5 միլիոն տոլար «Պրայան Պալարտի» ընկերութեան, 2017 մայիս 15-էն մինչեւ 2018 մայիս 14 ինկած ժամանակահատուածի համար: Ըստ արդարադատութեան նախարարութեան մէջ «Պալարտի» արձանագրութեան` ընկերութիւնը թրքական կառավարութեան կը տրամադրէ «շահերու պաշտպանութեան ծառայութիւններ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ-Թուրքիա երկկողմանի յարաբերութիւններու մէջ»: Լոպիստական գործունէութիւնը կը ներառէ «իրազեկում, խորհրդատուութիւն եւ օժանդակութիւն [Թուրքիոյ]` Միացեալ Նահանգներու պետական պաշտօնեաներու հետ կապերու մէջ» եւ յարաբերութիւններու պահպանում ՕԹԱՆ-ի այս կարեւոր գործընկերոջ հետ»:
Պրայան Պալարտ եղած է նախագահ Տանըլտ Թրամփի երկար տարիներու լոպիստը` իբրեւ Թրամփի կազմակերպութեան ներկայացուցիչ Թալահասի մէջ, Ֆլորիտա: Ան հաւաքած է 16 միլիոն տոլար Թրամփի նախագահական ընտրարշաւին համար, երբ կը ծառայէր որպէս անոր նահանգային ֆինանսներու տնօրէն, իսկ հետագային` որպէս նախագահի երդմնակալութեան յանձնախումբի փոխնախագահ: Պալարտ հանդէս եկած է յայտարարութեամբ` պնդելով, որ ինք «դեռ նախկինին պէս կը խօսի Թրամփի հետ»: Սիւզի Ուիլս, որուն Պալարտ Թրամփի ներկայացուցած էր ընտրարշաւի ժամանակ, կ՛աշխատէր որպէս Թրամփի Ֆլորիտայի նախընտրական խումբի ղեկավար: Ան այժմ կ՛աշխատի «Պալարտ Փարթնըրզ»-ի համար: Պալարտ նաեւ վարձած է նախկին քոնկրեսական Ռապըրթ Ուեքսլըրը (դեմոկրատ, Ֆլորիտա)` տնօրինելու համար թրքական լոպիստական հաշիւը: Որպէս Քոնկրեսի մէջ Թուրքիոյ աջակցութեան խումբի համանախագահ, քոնկրեսական Ուեքսլըր աշխուժօրէն քարոզած եւ դէմ քուէարկած է 2007 հոկտեմբեր 10-ին Ներկայացուցիչներու տան առաջարկած Հայոց ցեղասպանութեան վերաբերեալ բանաձեւին: Ուեքսլըրի նոր աշխատանքը հատուցումն է իր յամառ ջանքերուն` երկար տարիներ Քոնկրեսի մէջ Թուրքիոյ աջակցելու ուղղութեամբ…
Ինչպէս կը յայտնէ Թամբա Պէյ Թայմզ, Պալարտի առաջին գործակցութիւնը Թրամփի հետ տեղի ունեցած է քանի մը տարի առաջ, երբ ան նամակ գրած էր Թրամփի, վերջինիս «Գործարքներ կնքելու արուեստը» գիրքը կարդալէ ետք, եւ Թրամփ պատասխանած էր անոր: Իր պատասխան-նամակին մէջ Պալարտ նշած էր` «Ֆլորիտայի մէջ որեւէ հարց ունենալու պարագային, կը խնդրեմ, որ առանց երկմտելու հեռաձայնէք ինծի»: Թրամփ Պալարտի հեռաձայնած էր 1985-ին, Մար-ա-Լարկօ-ն գնելէ ետք եւ անոր վճարած` առնուազն 460 հազար տոլար, 2013-2015 կատարած լոպիստական աշխատանքի համար: Թրամփ անձամբ հեռաձայնած էր Պալարտի` խնդրելով անոր օգնութիւնը իր նախընտրական քարոզարշաւը սկսելու ժամանակ: Պալարտ ներկայիս Թրամփի համար կը կազմակերպէ դրամահաւաք-ճաշկերոյթ, որ տեղի պիտի ունենայ յունիս 28-ին: Իւրաքանչիւր անձի համար սակ ճշդուած է 35 հազար տոլար, իսկ հիւրընկալող յանձնախումբին միանալու համար` 100 հազար տոլար:
Պալարտ չի թաքցներ նախագահ Թրամփի հետ ունեցած իր յատուկ կապերը: Ան Թամբա Պէյ Թայմզի ըսած է. «Ես չեմ պատկերացներ, որ հոս կ՛ըլլայի, եթէ ընտրուէր Հիլըրի Քլինթընը»: Պալարտ ըսած է, որ` «ինք չի քննարկեր, թէ ինչպէ՛ս կ՛աշխատի կամ ինչպէ՞ս կը շփուի նախագահին հետ: Այսուհանդերձ, ինք երեւցած է Սպիտակ տան մէջ, եւ Թրամփ կը պահպանէ հեռախօսային կապերը իր դաշնակիցներուն հետ»:
Ասկէ բացի, Թուրքիոյ դեսպանատունը Ուաշինկթընի մէջ 1,1 միլիոն տոլարի պայմանագիր ստորագրած է «Պըրսըն Մարսթելլըր» ընկերութեան հետ, 2017 մայիս 1-էն մինչեւ դեկտեմբեր 31 ինկած ժամանակահատուածի համար: Զարմանալի է, որ 2012-2015 թուականներուն «Պըրսըն Մարսթելլըր» լոպիստական աշխատանք կը կատարէր Ընդհանուր արժէքներու միութիւն խումբին համար, որ կապուած էր թուրք մահմետական հոգեւորական Ֆեթուլլահ Կիւլենի հետ, որուն Էրտողան դէմ է եւ կը ձգտի Միացեալ Նահանգներէն անոր արտայանձնման` Թուրքիոյ: Թուրքիոյ կառավարութիւնը սպառնացած է «Պըրսըն Մարսթելլըր»-ի գործունէութեան` Թուրքիոյ մէջ, եթէ ընկերութիւնը շարունակէ լոպինկ ընել Կիւլենի համար:
Կը նախատեսուի, որ «Պըրսըն Մարսթելլըր» կը տրամադրէ «ամբողջական հանրային կապերու ծառայութիւններ, որպէսզի աջակցի [թրքական] դեսպանատան հաղորդակցութեան նպատակներուն, Միացեալ Նահանգներու մէջ: Գործունէութիւնը կը ներառէ լրատուական միջոցներու իրազեկում, հսկողութիւն եւ վերլուծութիւն, ձեռնարկի աջակցութիւն, շահագրգիռ կողմերու ներգրաւում, ընկերային լրատուական միջոցներու խորհրդատուութիւն եւ աջակցութիւն Թուրքիոյ հիւպատոսութիւններու` Պոսթընի, Շիքակոյի, Հիւսթընի, Լոս Անճելըսի, Մայամիի եւ Նիւ Եորքի մէջ»:
Ուշագրաւ է այն, որ հակառակ Թուրքիոյ կողմէ տասնեակէ մը աւելի հաշուող լոպիստական եւ հանրային կապերու հզօր ընկերութիւններու վրայ միլիոնաւոր տոլարներ ծախսուելուն, այս վերջինները չեն կրնար հակադրուիլ մեծ թիւով շրջան ընող այն լուրերուն եւ հեռատեսիլային լուսաբանումներուն, որոնք կը քննադատեն Թուրքիոյ կառավարութիւնը` խաղաղ ցուցարարներու վրայ Էրտողանի թիկնապահներուն յարձակման համար, մայիս 16-ին, Ուաշինկթընի մէջ, Թուրքիոյ դեսպանի նստավայրին դիմաց: Այս փաստը կը հաստատէ իմ այն խորին համոզումը, որ Թուրքիա տարեկան միլիոնաւոր տոլարներ կը վատնէ` Միացեալ Նահանգներու մէջ իր պատկերը (image) մաքրելու համար, ինչ որ աւելի եւս կը վարկաբեկուի Թուրքիոյ կառավարութեան դաժան քաղաքականութեամբ` երկրին թէ՛ ներսը, թէ՛ դուրսը…
Արեւելահայերէնի թարգմանեց`
ՌՈՒԶԱՆՆԱ ԱՒԱԳԵԱՆ
Արեւմտահայերէնի վերածեց`
ՍԵԴԱ ԳՐԻԳՈՐԵԱՆ