Յ. ԼԱՏՈՅԵԱՆ
Հայաստանի սահմանադրութեան 48-րդ յօդուածը կ՛ըսէ. «Տնտեսական, սոցիալական եւ մշակութային ոլորտներում պետութեան հիմնական խնդիրներից է իրականացնել բնակչութեան առողջութեան պահպանման ծրագրեր, նպաստել եւ արդիւնաւէտ եւ մատչելի բժշկական սպասարկման պայմանների ստեղծմանը»:
Հայաստանի անկախութենէն ի վեր գործող իրերայաջորդ իշխանութիւնները, որ խորքին մէջ նոյն արժեհամակարգով գործած են, ոչ մէկ ատեն բժշկական մարզին հանդէպ լուրջ մօտեցում ցուցաբերած են:
Այսօր փաստօրէն Հայաստանի ղեկավար դասակարգը իր բժշկական բարդ հարցերուն համար կ՛երթայ Մոսկուա կամ եւրոպական երկիրներ: Ուրիշ խօսքով, անհրաժեշտ խնամքի եւ մասնագիտութեան պակասը կը մղէ, որ այդ քայլը առնեն: «Սիվիլնեթ»-ը վերջերս վիճակագրութիւն մը հրապարակած էր, ուր ցոյց կու տայ, որ պետական պատուէրէն օգտուելու իրաւունք ունցած են 100 մարդէ 9-ը: Գիւղական շրջաններու մէջ ապրող ժողովուրդին ամէնէն մօտ բուժկէտը 10 քիլոմեթր հեռաւորութեան վրայ է:
Անմատչելիութեան եւ անհասանելիութեան պատճառով ժողովուրդին 40,2 առ հարիւրը կը դիմէ ինքնաբուժումի:
Տակաւին շարքը կ՛Երկարի: Տարբեր վիճակագրական ուսումնասիրութիւններ բաւական նախնական եւ մտահոգիչ վիճակներ կը պարզեն բժշկական խնամքի, ծառայութեան, հասանելիութեան եւ մատչելիութեան իմաստով:
Հայաստանը այսօր կրնայ մրցունակ բժշկական խնամքի կեդրոն դառնալ: Փաստօրէն Լիբանանը, Յորդանանը եւ Իսրայէլը բժշկական իրենց ծառայութիւններով եւ մակարդակով նաեւ օտար զբօսաշրջիկներ կը ներգրաւեն:
Ոչ մէկ պատճառ կայ, որ Հայաստանն ալ նոյն մակարդակի եւ մրցանակութեան չհասնի: Սփիւռքի իր ներուժը եւ նիւթական միջազգային ներդրումները բաւական պատրաստ ենթահող են, որ ասիկա մակարդակով ծրագրուի: Թէ՛ Հայաստանի բնակչութեան, թէ՛ ալ բժշկական զբօսաշրջութեան իմաստով ապագայ ունեցող ներդրում կ՛ըլլայ: