Արդէն տարի մը անցած է 18 յունիս 2016-ի այն մահագուժ օրէն, երբ մեզմէ անվերադարձ բաժնուեցաւ Հայ համալսարանաւարտներու համախմբումի (ՀՀՀ) վարչական անդամ, գաղափարակից մեր գործընկերը` տոքթ. Զարեհ Մալճեանը: Ծնունդով` արաբկիրցի, հպատակութեամբ` լիբանանահայ, բնակութեամբ` սուրիահայ, աշխարհասփիւռ հայութեան նման, մէկէ աւելի պատկանելիութիւններով դրոշմուած, բայց ազգային հասարակաց հիմնական մէկ թիրախ` հայ ազգին ու Հայ դատին ծառայութեան նուիրուելու վճռակամութեամբ տոգորուած` հազուագիւտ անձնուրացներէն էր տոքթ. Զարեհ Մալճեան:
Շատ բան խօսուեցաւ ու գրուեցաւ ազգային գաղափարական վեհ մօտեցումներով ծանօթ համեստ ու գործունեայ այս հայորդիին մասին: Սուրիահայ գաղութին մէջ անոր ունեցած գործունէութենէն կ’արժէ յիշել, օրինակ, խումբ մը ընկերներու հետ «Հայ մտքի բարեկամներու խմբաւորում»-ի հիմնումին կամ ստեղծման իր նախաձեռնութիւնը, ինչպէս կը վկայէ իր այդ օրերու գործընկերներէն տոքթ. Զաւէն Բախտիկեանը` հանգուցեալին նուիրուած իր մահագրութեան մէջ: Նախաձեռնութիւն մը, որ մտաւորական լիցքաւորումով հարստացուցած էր հալէպահայ, սուրիահա՛յ գաղութի մտաւորական հենքը: Սակայն ամէն անգամ որ զինք յիշենք, կամ իր մասին գրութիւն մը կարդանք, անխուսափելիօրէն կը ծագի նման անձնուրացներու քանակային յաւելման կարիքը: Փաստօրէն 2011-էն ի վեր Սուրիոյ մէջ բռնկած ահաւոր դէպքերու խաժամուժին մէջ տոքթ. Մալճեանը եւս հարկադրուեցաւ Լիբանան ապաստանիլ գէթ ժամանակաւորապէս: Սակայն անողոք պատերազմը իր մահասփիւռ աւերներով կ’արգելակէր անոր վերադարձը: Ծանրակշիռ օրերու երկար շարքին տակ չյուսալքուող ու չկքող այս հայորդին վճռեց ոչինչէն վերակերտել ու վերահաստատել իր ասպարէզն ու ընտանեկան բոյնը: Սակայն հակառակ ֆիզիքապէս հեռացած ըլլալուն` տոքթ. Մալճեան ճիգ չխնայեց շարունակելու իր ազգային հասարակական գործունէութիւնը ի խնդիր սուրիահայ (նաեւ` լիբանանահայ) իր ազգակիցներու օժանդակութեան համար: Շաղուելով լիբանանահայ ազգային, ընկերային, առողջապահական մարզերու գործունէութեան մէջ, ան իր կամաւոր ու ազգօգուտ ներդրումը ունեցաւ յատկապէս սուրիահայ թէ սուրիացի գաղթականներու օժանդակութեան ծով կարիքին մեղմացման մէջ: Կը բաւէ յիշել,օրինակ, համացանցի վրայ անոր զետեղած արաբերԷն մէկ ծանուցումը, ըստ որուն ան կը խոստանար 85 առ հարիւր համեմատութեամբ զեղչով բուժելու եւ դարմանելու հիւանդները:
Յաճախ կը նշուի, թէ անփոխարինելի անձ չկայ, սակայն ազգային, հասարակական, միութենական գործունէութեան մէջ անխուսափելի է յաւակնութիւններէ, աթոռամոլութենէ, պոռոտախօսութենէ հեռու` շինիչ ոգիով, ժրաջան, յանձնառու, անաչառ ու տրամաբանական մօտեցումով գործող հեղինակաւոր անձնուրացներու դրոշմն ու ազդեցութիւնը: Տոքթ. Զարեհ Մալճեանը այդ հազուագիւտ անձնուրացներէն էր, որ արհամարհելով օր ըստ օրէ զինք ֆիզիքապէս մաշեցնող անողոք հիւանդութիւնը` իր կարողութեան սահմաններուն մէջ շարունակեց իր ազգային, միութենական, հասարակական գործունէութիւնը:
ՀՀՀ-ի վարչական նիստերու ընթացքին ընդհանրապէս իր լուռ կեցուածքով իսկ յարգանք կը պարտադրէր: Կրկնութեան գնով կրնանք վկայել, թէ խնդրայարոյց տուեալ հարցի մը շուրջ կարծիքներու երկար փոխանակումէ ետք, երբ ինք ալ ի՛ր կարծիքը կու տար, ինքնաբերաբար կը համոզուէինք ու կ՛որդեգրէինք իր տեսակէտը, կարծէք` տողատակի մեզի կը հասկցնէր` «Դուք վիճեցէք, ես կը վճռեմ»:
Դժբախտաբար Հայ համալսարանաւարտներու համախմբումը (ՀՀՀ) սուրիահայութիւնը, լիբանանահայութիւնը, հայութիւնը կանուխ կորսնցուցին ի խնդիր Հայ դատին եւ հայ ժողովուրդի ծառայութեան նուիրուած զինուորագրեալ մը: Ան ակամայ հեռացաւ մեզմէ իր գործունէութեան ամէնէն հասուն եւ արդիւնաւէտ շրջանին: Մեր միակ մխիթարանքը իր տիպարն է` իբրեւ օրինակ ու փարոս նկատելու, իր օրինակով շարունակելու մեր ճամբան , անկեղծ ու անբիծ նկարագրով հետեւելու իր ուղիին` հայ ազգի ծառայութեան մեր ճամբուն վրայ:
Սփիւռքահայ արդի պատմութեան «խոնարհ հերոսներ»-ու շառաւիղին մէջ ոսկի տառերով պիտի դրոշմուի տոքթ. Զարեհ Մալճեանին անունը:
Թող այս տողերը խունկ ու ծաղիկ ըլլան շիրիմիդ, սիրելի՛ տոքթոր:
Յիշատակդ յաւե՛րժ մնայ:
ՀԱՅ ՀԱՄԱԼՍԱՐԱՆԱՒԱՐՏՆԵՐՈՒ
ՀԱՄԱԽՄԲՈՒՄԻ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆ