Quantcast
Channel: Յօդուածներ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 17079

1960-ականներուն Հազարաւոր Պատանիներ Ինչո՞ւ Փախուստ Տուած Են Իրենց Տուներէն

$
0
0

Պատրաստեց՝ ՆԱՐԷ ԳԱԼԵՄՔԷՐԵԱՆ

«Պիթըլզ» խումբի «Շի՛զ լիվինկ հոմ» երգը կը ցոլացնէ 1960-ականներու վերջաւորութիւնը, երբ  հազարաւոր պատանիներ խոյս տուած են իրենց տուներէն` ապրելու համար ցնորական ընկերութիւններու մէջ (Utopian communities): «Պի.Պի.Սի.»-ի կայքը հրապարակած է Պենճամին Ռամի յետադարձ ակնարկ ընող յօդուածը, որ կը ներկայացնենք թարգմանաբար:

Յիսուն տարի առաջ Բրիտանիոյ երգերու դասաւորման ցուցակին մէջ առաջին դիրքը գրաւեց երգ մը, որ կ՛արտայայտէր ծնողներու մտավախութիւնները:

«Պիթըլզ» խումբի «Շի՛զ լիվինկ հոմ» երգը կը ներկայացնէ պատմութիւնը աղջկան մը,  որ յանկարծ կը փախչի տունէն` ձգելով միայն երկտող մը, որ կը յուսար աւելի ըսել, եւ` անոր ծնողներուն ցնցումն ու տխրութիւնը, երբ առաւօտեան արթննալով` կը նկատեն, որ իրենց աղջնակը չկայ: Երգը հիմնուած է իսկական դէպքի մը վրայ. հիւսիսային Լոնտոնէն Մելանի Քոյ` պարմանուհի մը, որուն ըրածին կը հակադրուի ծնողներուն աղաղակը` «Մենք անոր գրեթէ մեր ամբողջ կեանքը տուինք, զոհեցինք գրեթէ մեր ամբողջ կեանքը, տուինք ամէն բան, որ դրամը կրնայ գնել»:

Երգը կը յաջողի ցոլացնել «սերունդներու միջեւ ճեղք»-ի վէրքը, որ յատկապէս սուր էր 60-ականներու վերջաւորութեան: Թէեւ աւելի գրաւիչ, գունագեղ գործեր շուքի մէջ ձգեցին երգը, սակայն «Շի՛զ լիվինկ հոմ»-ը իւրայատուկ հնչեղութիւն մը ունի, մասամբ որովհետեւ երգը մեզի կ՛օգնէ հասկնալու փոխըմբռնման բացակայութիւնը: Երգին հեղինակներն են Փոլ Մաքարթնի եւ Ճոն Լենոն:

1967-ին 17-ամեայ Մելանի Քոյի անհետացման բրիտանական մամուլը անդրադարձաւ

Երգին մէջ պարմանուհին «իր մէջ կը զգայ բան մը, որ բազմաթիւ տարիներ մերժուած էր», եւ Մելանի Քոյ աւելի ուշ մամուլին ըսաւ. «Իբրեւ 17-ամեայ պարմանուհի` ես ունէի ամէն բան, որ դրամը կրնար գնել. ադամանդներ, մուշտակէ վերարկուներ, ինքնաշարժ մը, բայց իմ հայրս եւ մայրս ինծի բնաւ չէին ըսած, որ զիս կը սիրեն»: Սայմն եւ Կարֆանքըլի 1966-ի` Ռիչըրտ Քորի երգին նման, «Շի՛զ լիվինկ հոմ»-ը կը բացայայտէ խզումը հարստութեան եւ երջանկութեան միջեւ («Մենք ի՞նչ ըրինք, որ սխալ էր-մենք չէինք գիտեր, որ ատիկա սխալ է. զուարճանքը միակ բանն է, որ դրամը չի կրնար գնել»):

Փախուստներու տագնապեցնող պատմութիւններով լեցուեցան թերթերը: Փոլ Մաքարթնի կարդացած է Մելանի Քոյի դէպքին մասին «Տէյլի Միրըր» թերթին մէջ եւ ըսած է. «Այդ ժամանակ այսպիսի բազմաթիւ պատմութիւններ կային»:

«Փախստականներ» գիրքի հեղինակ Քարեն Սթոլըրի համար 1967 թուականը «տագնապներու տարի» էր, երբ մամուլը խուճապի մատնուեցաւ: Երեխաներ, որոնք ատեն մը կը խաղային  փողոցներուն մէջ, այժմ մղուած են շրջաններ, ուր մարդիկ քաղաքակիրթ չեն: Շրջաններ, ինչպէս` Նիւ Եորք քաղաքի Իսթ Վիլէյճը, կամ Սան Ֆրանսիսքոյի Հայթ-Աշպըրի հատուածը, 1967-ի «Սամըր օֆ լաւ»-ի ատեն:

Հիփփիներ` նստած Հայթ-Աշպըրիի մուտքին (1969)

Գրող Ճոն Տիլտոն «Բեթղեհեմի ուղղութեամբ սանձազերծում» իր ակնարկին մէջ կը յիշէ 1967-ին Հայթ փողոցին մէջ նոթ մը, որ կը սկսի հետեւեալ տողերով.

Զատկուան վերջին օր
Իմ Քրիտափոր Ռոպինը` մտամոլոր,
Ան հեռաձայնեց 10 ապրիլին
Բայց ցարդ չէ կապուած կրկին
Ան ըսած էր, որ տուն կուգայ,
Բայց ան չկայ:

Յեղափոխութեան Երեխաները

1967 -1971 Միացեալ Նահանգներու մէջ աւելի քան կէս միլիոն անձեր լքեցին իրենց տուները այդպիսի հասարակութիւններու մէջ ապրելու համար:

Սան Ֆրանսիսքոյի մէջ Տիկըրզ կոչուող խումբ մը  (որ իր անունը ստացած է անգլիական քաղաքացիական պատերազմի ընթացքին հողային ընկերվարականներէն) փախստականներուն մատուցեց ընկերային ծառայութիւններ եւ հոգեկան զօրակցութիւն: Վիեթնամի մէջ պատերազմի ծիրին մէջ փախստական մը (գող մը կամ բանտարկեալ մը) կը ստանար քաղաքական կարգավիճակ` անկախ դրդապատճառներէն: Այս երեւոյթին հանդէպ համատարած հանրային մտահոգութիւնը շուտով հասաւ Միացեալ Նահանգներու Ներկայացուցիչներու տուն, ուր ընդունուեցաւ 1974 թուականի Փախստական երիտասարդութեան հռչակագիրը:

Սան Ֆրանսիսքոն հրապուրեց, ներգրաւեց ամբողջ երկրէն հիասթափ երիտասարդներ, ներառեալ` արուարձաններու մէջ բնակող բազմաթիւ ուսանողներ, որոնք ձեւաւորեցին քաղաքային հրոսակային խումբ, որ կը կոչուէր Սիմպիոնական ազատագրական բանակ (Symbionese Liberation Army SLA): Անոնցմէ մէկը Էմիլի Հարիսն էր` յաջող ուսանողուհի մը, պահպանողական գեղջկական Ինտիանայէն: Սիմպիոնական ազատագրական բանակին կողմէ Փաթի Հըրսթի, փետրուար 1974-ի տխրահռչակ առեւանգումէն քանի մը օր առաջ, Հարիս նամակ մը գրած է իր ծնողքին` բացատրելով անոնց իր ծայրայեղական փախուստը:

«Շի՛զ լիվինկ հոմ»-ը ներկայացուած է «Պիթըլզ»-ի «Սարճընթ Փեփըրզ լոնլի հարթս քլապ պենտ»-ի վրայ, որ 2017-ին կը նշէ 50-ամեակը

Էմիլի Հարիս գրած է. «Ես տառապանք կը տեսնեմ իմ շուրջս: Ասոնք ճշմարտութիւններ են, որոնք գոյութիւն ունին, եւ դուք ընտրած էք անտեսել ձեր կեանքին մէջ: Այս ճշմարտութիւնները գոյութիւն ունին, որովհետեւ շարք մը մարդիկ կը պնդեն հարստանալ` անկախ անկէ, որ անոնք պէտք է շահագործեն ուրիշներուն քրտինքը եւ արիւնը: Ես չեմ տեսներ իմ ազատութիւնս եւ երջանկութիւնս ուրիշէն բան մը յափշտակելուն մէջ: Ասիկա կը նշանակէ, որ ես այլեւս չեմ կրնար առնչուիլ այն տենչանքներուն, որոնք դուք ունիք ձեզի համար յարմարաւէտ կեանք մը ստեղծելու համար, քանի որ այդ տենչանքները կ՛անտեսեն խոշտանգուած կեանքերը, որոնք ուրիշներ կ՛ապրին` փորձելով գոյատեւել»:

Հարիսի նամակին վերջին պարբերութիւնը կը լուսաբանէ սերունդներու միջեւ փոխըմբռնման վիհը. «Ես ձեզ կը սիրեմ, քանի որ անցեալին ինծի տուիք անկախութիւնը` հասնելու համար այն կէտին, ուր ես հիմա կը գտնուիմ, բայց ես կը գիտակցիմ, որ մենք կ՛ընթանանք ամբողջովին հակառակ ուղղութեամբ, եւ մենք երբեք չենք կրնար յուսալ, որ կրնանք ետ դառնալ` ուղղուելով անցեալի այն կէտը, ուր մենք հասարակաց բան մը ունէինք: Իմ սէրս ձեզի հանդէպ չէ փոխուած, պարզապէս իմ սէրս ուրիշ մարդոց եւ նպատակներու համար շատ աւելի մեծ է: Հրաժեշտ, անցեալէն, յառաջ` ապագայի հետ»:

Նոր ձախի գործիչներուն համար, անցեալը անխուսափելիօրէն զզուելի էր ճնշող ուժերու կողմէ. հասարակութիւնը պէտք էր վերակառուցուէր վարէն: Նոր հաւասարապաշտ համայնքը զերծ պիտի ըլլայ նուիրապետութենէ, նահապետութենէ, խտրականութենէ, եւ «կեղծ կարիքներէ» սպառողականութեան եւ կազմակերպուած կրօնի: «Փոխարինող հասարակութիւնը» կը վերացնէ օտարումը եւ կ՛ապահովէ համայնք այն երիտասարդներուն համար, որոնք ինչպէս «Շի՛զ լիվինկ հոմ»-ի պարմանուհին, լքելով իր տունը, կը զգար, որ` «երկար տարիներ առանձին կ՛ապրէր»:

Նորին Հետ Ընթանալ

Այս տեսիլքի կեդրոնին մէջ աննախընթաց յարձակում կար միջուկային ընտանիքին դէմ, որ իբր թէ ընկերային  կարգ ու կանոնի համար ճնշման գործօն էր: «Ազատ սիրոյ» փիլիսոփայութիւնը պարզապէս ազատատենչութիւն չէր, այլ ընդհակառակը, ըմբոստութիւն արտայայտեց միապաղաղութեան «շղթաներու» դէմ: Որովհետեւ սպառողականութիւնը ցանկութիւն, նախանձ ստեղծեց, այնպէս ալ միապաղաղութիւնը` ջղագարութիւն, եւ տան մէջ կիները ստրկացուց: Փոխանակ ընկերային շղթաներ ժառանգելու` համայնքները երեւակայեցին  իրենց ինքնութիւնը ստեղծել:Այդ համայնքները կը ձգտէին գոյութիւն ունենալ դրամատիրական ընկերութեան իրաւական հասողութեան եւ բարոյականութեան սահմաններէն դուրս: Ատոր գեղարուեստական փայլուն  արտայայտութիւնն է 1973 թուականի «Ուիքըր մեն» շարժապատկերը, որ հիմնուած է 1967 թուականին հրապարակուած Տէյվիտ Փիննըրի «Ծէս» վէպին վրայ: Սկովտիոյ մէջ սելթիք աղանդ մը «ազատ սէրը» կը տօնէ իբրեւ կրօնական ծէս, իբրեւ հեթանոսական ազատութիւն, որ կը հակադրուի քրիստոնէական ուղղափառութեան:

1973 թ. The Wicker Man- ժապաւէնը կը նկարագրէ այլընտրանքային համայնքներու գայթակղութիւնը եւ մութ ներքին երեսը

«Ետ դէպի հող» շարժումը ինքզինք կը դաւանէր վերադարձող մը` անցեալի գաղափարախօսութեան, ուր մարդը կ՛ապրէր ներդաշնակ բնութեան մէջ: Այս հաւասարակշռութիւնը արտացոլելու փորձի ժամանակ որոշ համայնքներ որդեգրեցին Պաքմինսթըր Ֆիւլլըր տաճարի գմբեթի ուրուագիծը` գեղեցիկ գունդերը, որոնց փխրուն մասերը կը կայունանան իրարու միանալով եւ կազմելով ուժեղ ամբողջութիւն մը: Կազմակերպչական առումով, համայնքները, իրենց անդամներէն մէկուն բառերով, կը ձգտէին նմանակել հետեւեալ պատկերացումը` «Յօրինուածքը շատերու, որոնք որպէս մէկ կը գործեն»:

Այդուհանդերձ, ինչպէս Ատամ Քուրթիս ցոյց տուած է, այս «կառուցային հաւասարակշռութիւնը» ապացուցեց կառավարման խեղճ օրինակ մը, եւ համայնքները վերադարձան ոչ թէ բնական արդարութեան, այլ` բնութեան պետութեան: Հրաժարելով օրէնքներու հարկադրական մշակոյթէն` համայնքները վերացուցին այնպիսի կանոններ, որոնք զսպած էին  մարդկային վարուելակերպը, եւ ուժեղ անհատականութիւններ եկան գերիշխելու: Համայնքները վերստեղծեցին հայրական, նահապետական գործօնը, որմէ  փախստականները կը ձգտէին փախչիլ:

Պէյ Էրիայի մէջ Սիմպիոնական ազատագրական բանակ կը փորձէր «ապրիլ յեղափոխութեան մէջ»` ամէն ինչ կիսելով, խոհանոցային գործերէն մինչեւ ակռայի համայնքային խոզանակ: Սակայն ազատ սիրոյ անոնց փորձը շուտով հիասթափեցուց անդամ ընկերուհիները, ինչպէս` Էմիլի Հարիսը: Միապաղաղութեան փախստականներէն  ազատելով` պարմանուհիները անդրադարձան, որ ստրկացած են այրերու գերիշխանութեան տակ.  փոխանակ մէկ տէր ունենալու` աղջիկ մը բազմաթիւ տէրեր ունեցած էր: (Ան ստիպուած չէր համաձայնելու, բայց Հըրսթ հետագային գրած էր. «Ընկերական էր «այո՛» ըսել»): Նոյնիսկ համայնքներու լուծարումէն ետք, անոնց արմատական նախագիծերը գոյատեւեցին եւ խթանեցին միացեալ ուժերը, որոնց անցեալին ընդդիմացած էին:

2016-ին Էփըլ եւ Կուկըլ յայտնաբերեցին Սիլիքոնային Հովիտին մէջ նոր կեդրոնի մը ծրագիրները, որոնք զարմանալիօրէն ապագայի աւելի կանուխ տեսիլքի ծրագիրի նախագիծեր են: Այս ոճը յայտնի դարձաւ որպէս «հիփփի արդիականութիւն», որ սահմանուած է փափուկ եւ շրջանաձեւ ձեւերով` ի տարբերութիւն վարչարարական արդիականութեան կապուած ծանր եզրերու, անխոցելի շինութիւններու: Սակայն Էփըլ-ի եւ Կուկըլ-ի ծրագիրները կ՛ընդունին անվճար համայնքային միաւորումներու նախագիծերը, անոնց տարածքներէն միայն քանի մը հատը կը սեփականաշնորհուին:

Փախստականներուն համար ազատագրումը սերտօրէն կապուած էր ինքնութեան ընկերային տեսլականին` համայնքի մը մէջ, որ հեռու եւ ազատ էր ընտանեկան կեանքի եւ սեփական կալուածի թակարդէն: Հասկնալու համար, թէ ոմանք որքա՛ն հեռու են այս տեսիլքէն, ուշադրութիւն ըրէք «Շի՛զ լիվինկ հոմ» երգի նիւթին:

‘’She’s Living Home’’ – The Beatles

Յիսուն տարի ետք, Մելանի Քոյ ամուսնացած է եւ երկու երեխաներ ունի: Փախստականը այժմ կը զբաղի անշարժ գոյքի գործակալութեամբ:

 


Viewing all articles
Browse latest Browse all 17079

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>