Ուրբաթ, 9 յունիս 2017-ի երեկոյեան ժամը 7:00-ին տեղի ունեցաւ ՀՕՄ-ի Նորսիկեան մանկապարտէզի ամավերջի հանդէսը Համազգայինի Մ. եւ Հ. Արսլանեան Ճեմարանի «Տոքթ. Ատրինէ Գարագաշեան» սրահին մէջ` ներկայութեամբ Ճեմարանի անձնակազմին, Համազգայինի Կեդրոնական վարչութեան, Ճեմարանի խնամակալութեան, ծնողներու, բարեկամներու եւ շրջանաւարտներու:
Մանկապարտէզի Կապոյտ եւ Կանաչ դասարաններու փոքրիկները իրենց պարերով, երգերով ու արտասանութիւններով ելոյթ ունեցան եւ ներկայացուցին «Կախարդական լաւաշը» խորագրուած հանդէսը:
Բեմին իւրայատուկ յարդարումով, բծախնդրութեամբ ընտրուած բազմերանգ տարազներով, հանդէսի բացման խօսքէն մինչեւ փակման խօսք, իրենց պատգամներով փոքրիկները, Նաղաշի կերպարին ընկերակցութեամբ ներկաները փոխադրեցին զանազան երկիրներ: Իր բախտը գտնելու համար ամբողջ աշխարհը պտտելէ եւ իւրաքանչիւր երկրի խորհրդանիշն ու մշակոյթը տեսնելէ ետք, ի վերջոյ Նաղաշը վերադարձաւ Հայաստան եւ հաստատեց, որ բախտաւորութիւնը հայրենի հողին մէջ է:
Հանդէսը սկսաւ Կանաչ դասարաններու փոքրիկներուն կողմէ արտասանուած բացման խօսքով, որով անոնք ներկայացուցին հանդէսին նիւթը եւ աւանդութիւններ պատմեցին լաւաշի մասին: Այնուհետեւ միասնաբար երգեցին «Հացին երգը» եւ Հայաստանի ու լաւաշին նուիրուած քառեակներ արտասանեցին: Նաղաշը ճամբայ ելաւ` շրջելու աշխարհը, այցելելու ամէնէն գեղեցիկ վայրերը եւ իր բախտը փնտռելու: Ամէն անգամ, որ Նաղաշ երկիր մը կ՛այցելէր, պաստառով կը ցուցադրուէին այդ երկրին վերաբերող տեսարժան վայրեր, իսկ փոքրիկները տեղեկութիւններ կու տային յիշեալ երկրին մասին` միաժամանակ շարունակելով ներկայացնել Նաղաշին շրջագայութիւնը: Այսպէս, առաջին հանգրուանը եղաւ Լիբանանը, փոքրիկները հանդէս եկան լիբանանեան պարով: Նաղաշ շարունակեց դէպի Յունաստան, Մեքսիքա եւ Հնդկաստան, յաջորդաբար ներկայացուեցան յունական եւ մեքսիքական պարեր, իսկ հնդկական պարը պարեցին Կապոյտ դասարանի փոքրիկները: Հնդկաստան այցելութենէն ետք Նաղաշ ըսաւ. «Իսկապէս շատ գեղեցիկ է Թաժ Մահալը, բայց ո՛ւր ալ երթամ, իմ հայրենիքիս նմանը չկայ, իմ լաւաշէս համեղը չկայ»:
Կանաչ դասարաններու աշակերտները նուագախումբով հանդէս գալէ ետք, տեսերիզով ցուցադրուեցան հայկական պատկերներ, ապա խումբ մը աշակերտներ հայկական աւանդական հարսանիքին վերաբերող քառեակներ արտասանեցին, որմէ ետք Կապոյտ դասարաններու փոքրիկները պարեցին ու բեմականացուցին հարսանիքը:
Դարձեալ բեմ բարձրացան Կանաչ դասարաններու աշակերտները եւ երգեցին «Հայաստանի ջուրն անուշ» երգը, ապա փոքրիկները հայկական լաւաշ բաժնեցին իրենց ծնողներուն եւ Ճեմարանի տնօրէնուհի Փաուլա Եղիայեանը հրաւիրեցին. «Մենք այս տարի շատ լաւ աշխատեցանք, գրեցինք, կարդացինք, խաղացինք, երգեցինք ու պարեցինք: Խօսեցանք շատ լեզուներ` հայերէն, ֆրանսերէն եւ արաբերէն: Հիմա պատրաստ ենք մեր սիրելի մանկապարտէզին մնաս բարով ըսելու եւ անցնելու տարրական բաժին: Կը խնդրենք, որ բեմ բարձրանաք եւ մեր վկայականները մեզի տաք»: Այնուհետեւ իւրաքանչիւր աշակերտ վկայականը ստացած ատեն ներկաներուն յայտնեց, թէ ապագային ի՛նչ կ՛ուզէ ըլլալ:
Վկայական ստացան հետեւեալ աշակերտները.
Ապաճեան Լոռի-Մէյրի, Աւագեան Բալենի, Ժերդիտեան Տեսիլ, Ճապաղջուրեան Ալիք, Մարտիկեան Մարիա, Մոմճեան Լոռի, Մումջօղլեան Սելին, Տեմիրճեան Էվլինա, Գարամանուկեան Կալի, Գրիգորեան Մարիան, Թիթիզեան Ալիք, Կայծակեան Փարելի, Սաթոյեան Թամար, Վարդանեան Թամար, Աբիկեան Վանայ, Աճեմեան Նունէ, Միքայէլեան Սելին, Փեհլուլեան Կալի, Քէլէշեան Ռիթա, Քէօշկերեան Աննա, Գրիգորեան Ալեք, Թազեան Վրէժ, Ժալըֆեան Ալեքսանտր-Ժաք, Ժուրուքեան Մուշեղ, Մազաքեան Կարէն, Յարութիւնեան Րաֆֆի, Փափիրեան Տարօն, Բակլայեան Նարեկ, Թորգոմեան Անթոնի, Մանճիկեան Նիկոլ, Մեսճեան Էնտրու, Յովսէփեան Նարեկ, Շիրեճեան Նարեկ, Չերքեզեան Ալեք, Սուսանի Ճիովանի, Օտապաշեան Ալեք, Ազնաւուր Սէրուժ, Արսլանեան Արէն, Մուրատեան Նարեկ, Սապունճեան Նազարէթ, Վարդանեան Ալեքսանտր, Քեչեճեան Հրակ:
Վկայականներու բաշխումէն ետք, տնօրէնուհին շնորհակալութիւն յայտնեց հանդէսի կազմակերպական աշխատանքին սատարած բոլոր պատասխանատուներուն, ուսուցիչներուն եւ օգնականներուն, յատկապէս Ճեմարանի նկարչութեան ուսուցիչ Գօգօ Արբաճեանին` հանդէսի պաստառին պատրաստութեան համար եւ Արազ Կիտանեանին` տեսերիզներու պատրաստութեան համար, ապա ան շնորհաւորեց վկայեալներն ու ծնողները:
Նորսիկեան մանկապարտէզէն վկայեալ աշակերտները հանդէսը փակեցին Ճեմարանի քայլերգով: