Շաբաթ, 6 մայիսի երեկոյեան ժամը 8:00-ին, Ս. Խաչ եկեղեցւոյ «Պետողլեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ հայ կաթողիկէ պատրիարքութեան Ս. Խաչ-Հարպոյեան բարձրագոյն վարժարանի շրջանաւարտից հանդէսը` հովանաւորութեամբ հայ կաթողիկէ պատրիարքական Պէյրութի թեմի օգնական եպիսկոպոս Գէորգ Ասատուրեանի, նախագահութեամբ Էն. Տի. Եու. համալսարանի նախագահ հայր Ուալիտ Մուսայի:
34 շրջանաւարտներու մուտքին յաջորդեց Լիբանանի, Հայաստանի եւ Ս. Խաչ-Հարպոյեանի քայլերգներու ունկնդրութիւնը: Բացման խօսքին մէջ Էլիզապէթ Կիւզելեան շնորհակալութիւն յայտնեց Ս. Խաչ-Հարպոյեան վարժարանին, որ` «օժտեց մեզ ազգային ու մարդկային արժանիքներով եւ դարձուց հայ գիրի ու այբուբենի զինուորներ»:
Յայտագրի գեղարուեստական բաժինով խումբ մը աշակերտներ հանդէս եկան լատինական «Չա չա» պարով, իսկ խմբերգով ներկայացուեցաւ «Հերոսների կենացը» եւ «Անա պըթնաֆֆաս հուրրիյէ» երգերը: Ասատուր Պասմաճեան` հայերէն, Ռիթա Համալեան` արաբերէն, Ժաք Ճիզմեճեան` անգլերէն եւ Լիւսի Ղարիպեան ֆրանսերէն ուղերձներով արտայայտեցին իրենց սրտի խօսքը, այնուհետեւ, անոնք յուշանուէրներով պատուեցին իրենց ծնողները:
Շրջանաւարտներ Ասատուր Պասմաճեան եւ Կրէյս Նետըր դպրոցին վահանը փոխանցեցին 11-րդ դասարանի երկու աշակերտներու` Թամար Կանիմեանին եւ Կրէյս Հալէպլեանին, որպէսզի յաջորդ սերունդը շարունակէ վարժարանին գոյերթը:
Տնօրէն Ռիթա Պոյաճեան ըսաւ, որ արժեւորում կատարելով անցնող ինն ամիսներու աշխատանքին` կը տեսնենք, որ վարժարանը, իր տնօրէնութեամբ եւ ուսուցչակազմով, ոչինչ խնայեց եւ ամէն կարելին ի գործ դրաւ իր աշակերտները օժտելու գիտութեան բոլոր զէնքերով, քաջ գիտնալով, որ անոնք ալ իրենց կարգին պիտի արդարացնեն իրենց վրայ դրուած յոյսերը, եւ իրենց յաջողութիւններով հպարտութիւն ու բերկրանք պիտի պարգեւեն իրենց անձին, ծնողքին եւ վարժարանին:
Ապա ան իր խօսքը աշակերտներուն ուղղելով` ըսաւ. «Այս նուիրական յարկին տակ կայծ առաւ ձեր գիտութեան կանթեղը, որուն լոյսը տարուէ տարի բոցավառելով, լուսաւորեց ձեր միտքը` ձեզի տալով տգիտութեան խաւարը եւ կեանքի բազմաբնոյթ դժուարութիւնները շրջանցելու բոլոր միջոցները: Ձեր կեանքին նպատակը թող ըլլայ ամէն գնով պահել քրիստոնէական, մարդկային ու ազգային ոգին, ձեր էութիւնը, որպէսզի ըլլաք լաւ անհատներ, պարկեշտ քաղաքացիներ եւ մեր ամբողջական հայրենիքին կառչած հայորդիներ, հպարտանալով մեր մշակութային փառաւոր պատմութեամբ, հզօր Հայաստանով ու հերոսական Արցախով, որուն նուիրուած տարուան հունձքը ըլլալու պատիւն ունիք անկասկած»:
Օրուան նախագահ հայր Ուալիտ Մուսա իր խօսքին մէջ աշակերտները որակեց Լիբանանի ապագան. լուսաւոր, մաքուր կենսոլորտի եւ օրէնքը յարգող Լիբանանի ապագան, եւ թէ անոնք կը ներկայացնեն մեր երազները, որովհետեւ չեն փճացած յարանուանական թոյներով: Ան ըսաւ, թէ ճիշդ է, որ լաւ է մեռնիլ հայրենիքին համար, բայց աւելի լաւ է ապրիլ անո՛ր համար, եւ հայ ժողովուրդը մեզի սորվեցուցած է նահատակութեան դասը, ուստի, ըսաւ ան, անոր պատգամը տարէք ձեզի հետ ու ամբողջ աշխարհին մէջ ցանեցէք սիրոյ, բարեկամութեան եւ եղբայրասիրութեան ծաղիկը: Հայր Մուսա աշակերտները խրախուսեց անվախօրէն կերտելու ապագան, որովհետեւ «ապագան ճակատագիր չէ, այլ` կերտուածք. դուք կերտեցէք ձեր ապագան եւ թոյլ մի՛ տաք, որ ուրիշը կերտէ զայն»: Ան շնորհաւորեց շրջանաւարտներուն ծնողները, որոնք իրենց ամբողջ սրտէն տուին եւ այսօր հպարտ են իրենց զաւակներով:
Ս. Խաչ-Հարպոյեանի տնօրէնուհին յուշանուէրով մը պատուելէ ետք հայր Ուալիտ Մուսան, հրաւիրեց Եղիա ծ. վրդ Եղիայեանը, որպէսզի երեքով կատարեն վկայականաց բաշխումը: Տնօրէնութեան կողմէ գնահատանքի յուշանուէրներով պարգեւատրուեցան աւարտական դասարանի գերազանց աշակերտները: Այնուհետեւ տեղի ունեցաւ 12-րդ դասարանի լաւագոյն երեք միջիններ ապահոված աշակերտներուն պարգեւատրումը` «Յարութիւն եւ Արաքսի Պոյաճեան» Ֆոնտին կողմէ, ձեռամբ Շահէ Պոյաճեանի: Պարգեւատրուեցան նաեւ հայոց լեզուի մէջ բարձր միջին ունեցող շրջանաւարտները:
Գերյարգելի Եղիայեան խօսք առնելով ըսաւ, թէ այս պահուն ինք կը յիշէ 1987-ի փետրուար ամիսը, երբ Զմմառեան վարժարանը փոխադրուեցաւ Զալքա եւ օրին իր անձին վիճակուեցաւ տնօրինել նորակառոյց Ս. Խաչ-Հարպոյեան վարժարանը: Ան շնորհաւորեց շրջանաւարտ աշակերտները, անոնց ծնողները, ինչպէս նաեւ` տնօրէնութիւնը, որ այս դպրոցը հասցուց այն բարձր մակարդակին, որ պատիւ կը բերէ թէ՛ հայ համայնքին եւ թէ՛ հայ կաթողիկէ պատրիարքութեան:
Աւարտին, տնօրէնուհին շնորհակալութիւն յայտնեց եւ ծաղկեփունջով շնորհաւորեց հանդիսութիւնը պատրաստող ուսուցչուհիները: