8 յունիս 2017-ին Լիբանանի մէջ Հայաստանի դեսպանութեան մէջ սփիւռքի նախարարութեան ներկայացուցիչ Վլատիմիր Պօղոսեան այցելեց Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարան եւ աշակերտներուն յանձնեց Արցախի եւ Հայաստանի Հանրապետութեան սահմաններուն վրայ ծառայող հայ զինուորներուն նամակները: Այդ նամակներով զինուորները կը պատասխանէին Մեսրոպեանի աշակերտներու նամակներուն, որոնք ուղարկուած էին քանի մը ամիս առաջ` հայոց բանակին զօրակցութեան արշաւին ծիրին մէջ:
Աշակերտութեան հետ հանդիպումին ընթացքին Վլատիմիր Պօղոսեան շնորհակալութիւն յայտնեց Մեսրոպեանի տնօրէնութեան` սոյն օգտաշատ ձեռնարկի իրականացման ուղղութեամբ ցոյց տուած նախանձախնդրութեան համար: Ան աշակերտներուն յայտնեց, որ հայ զինուորներուն համար մեծ կարեւորութիւն ունի զգալը, որ իրենք կը վայելեն հայ հասարակութեան եւ յատկապէս սփիւռքի պատանիներուն ու երիտասարդներուն ուշադրութիւնն ու զօրակցութիւնը, ինչ որ կը նպաստէ, որ անոնք ծառայութեան իրենց դժուարին պայմաններուն մէջ բարձր պահեն կորովն ու ինքնավստահութիւնը:
Մեսրոպեանի տնօրէն Կրեկուար Գալուստ իր հերթին դիտել տուաւ, որ նամակագրական այս կապը ինքնին օրինակ մըն է հայ ժողովուրդի զաւակներուն միասնականութեան, ինչպէս նաեւ` վերահաստատում մը, որ հայոց բանակը կը վայելէ բոլոր հայ մարդոց` երէց թէ փոքր, ամբողջական եւ անվերապահ գուրգուրանքը: Ան շեշտեց, որ հայ պատանիներն ու երիտասարդները պարտաւոր են միշտ մնալ ազգի եւ հայրենիքի պաշտպանութեան դիրքերուն վրայ` կեանքի բոլոր ասպարէզերուն մէջ:
Վլատիմիր Պօղոսեան Մեսրոպեան վարժարանի աշակերտներուն յանձնեց նաեւ Սփիւռքի նախարարութեան նուէրները` «Իմ քաղցր լեզու» շարադրական մրցոյթին իրենց աշխուժ մասնակցութեան համար: Նոյն առիթով ան վարժարանին յանձնեց նախարար Հրանուշ Յակոբեանին շնորհակալագիրը: