Quantcast
Channel: Յօդուածներ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 17079

Ակնարկ. Մրցակցութեանց Իսկութիւնը Եւ Շինծու Փոթորիկներ

$
0
0

Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ

Նախագահ Թրամփ ոգի ի բռին լծուած է իր նախորդին` դեմոկրատ Օպամայի կողմէ արարուած համաձայնութիւններ ու որոշումներ ջնջելու եւ «Միացեալ Նահանգներու համար աւելի լաւ պայմաններով համաձայնութիւններ ու կացութիւններ ստեղծելու» մոլուցքի մը: Թուենք մէկ քանին.

Ծրագիր` ջնջելու «Օպամա քեր»-ը, զայն փոխարինելու համար «Թրամփ քեր»-ով:

Հրաժարում` կենսոլորտի համաշխարհային տագնապին լուծում-դարման խոստացող Փարիզեան համաձայնութենէն:

Ետդարձ Քուպայի հետ յարաբերութիւնները բարելաւելու ճամբայ բացող համաձայնութենէն: Ետդարձ` Իրանի հետ բարեշրջական ուղիէն:

Ջնջում` Տաքոթայի քարիւղատար խողովակաշարի ծրագիրը առկախող Օպամայի որոշումին: Խողովակը արդէն կը բանի:

Այս բոլորին դիմաց, եւ հակառակ Քաթարի եւ արաբական շարք մը երկիրներու միջեւ փոթորիկ ու խրամատ գոյացնող` վերջին շաբաթներու  ծանօթ իրադարձութեանց, լուսարձակներէ հեռու տեղի ունեցան կարգ մը զարգացումներ, որոնք ըստ էութեան ճամբայ ելած էին Օպամայի իշխանութեան օրերուն եւ չազդուեցան յիշեալ փոթորիկէն: Ամերիկեան լրատու աղբիւրներ միայն հպանցիկ կերպով արձագանգեցին այն համաձայնագիրին, որ քաթարեան փոթորիկէն քանի մը օր ետք ստորագրուեցաւ Միացեալ Նահանգներու եւ Քաթարի պաշտպանութեան նախարարներուն միջեւ, ըստ որուն, Ուաշինկթըն աւելի քան 20 միլիառ տոլարի զինական արտադրութիւններ պիտի ծախէ Քաթարի, ա՛յն երկրին, զոր Թրամփ եւ անոր ձեռքը ճպոտ մը տուողներուն ենթակայ «նուագածուները» ամբաստանեցին ահաբեկչական կազմակերպութեանց թիկունք կանգնելու եւ Իրանին հետ բարի դրացնութեան յարաբերութիւններ մշակելու յանցանքներով, պահ մը աշխարհը մոլորեցնելով այն ենթադրութեամբ, որ այս բոլորին նպատակը միայն Իրանը ճնշել է: Տակաւին, սա նոյն Քաթարն է, որ կը հիւրընկալէ ամերիկեան նաւատորմի մէկ բաժինը եւ 10.000 ամերիկացի զինուոր: Հիմա ոչ ոք կ՛ուզէ յիշել կամ յիշեցնել, թէ Սէուտական Արաբիա իր այցելութեան օրերու, նոյնինքն Թրամփ յայտարարած էր, որ` «գեղեցիկ զէնքեր պիտի ծախենք Քաթարին», եւ` այնպիսի ոճով, որ հայր մը կը գործածէ իր զաւակներուն աղուոր խաղալիքներ կամ անուշեղէն խոստանալու ատեն:

Ծանօթ է, որ Թրամփ Սէուտական Արաբիոյ հետ համաձայնութեան եկաւ շուրջ 110 միլիառ տոլարի զինական արտադրութիւններ ծախելու նպատակով, նոյն օրերուն Մարոքի հետ ալ 23 միլիառ տոլարի պայմանագրութիւն մը գոյացած է, բնականաբար զէնքի, եւ ոչ թէ` խնձորի կամ պանանի առուծախի մասին:

Թուենք քանի մը «մանրուք». Ֆրանսա, Բրիտանիա եւ այլ արտադրիչներ «պոչ բռնած են» նոյն գանձանակներէն իրենց զինանոցներուն շահ ապահովելու նպատակով: Ուրիշ «մանրուք» մըն ալ այն է, որ Թրամփի կառավարութեան պիւտճէին մէջ 54 միլիառ տոլարի յաւելում արձանագրուեցաւ պաշտպանութեան նախարարութեան համար, կրճատումներու ենթարկուեցան հանրօգուտ բաժիններ. զէնքի վաճառքէն գոյանալիք եկամուտներուն մեծագոյն բաժինը պիտի հոսի այդ ընկերութեանց, եւ ո՛չ թէ` պետութեան գանձանակին մէջ, աշխատաւորներուն պիտի հասնին փշրանքներ (իսկ նախագահին ծրագիրները կը նպատակադրեն կրճատել մեծ շահեր ապահովողներուն շահատուրքերը…):

Չմոռնանք նաեւ, որ սէուտցիներուն տրամադրուած զէնքերը, մի՛շտ ուաշնիկթընեան մեքենայութեանց ազդեցութեան տակ, կը գործածուին Եմէնը քանդելու եւ անոր բնակիչները Սուրիոյ, Իրաքի եւ Լիպիոյ բնակիչներուն ճակատագիրին մատնելու համար, նման սպանդներու եւ աւերումներու վերաբերող պատճառաբանութիւններու հեղեղներ կը տարածուին լրատու միջոցներու կողմէ, իսկ անդին, ոճիրներու իսկական բոյն հանդիսացող Թուրքիոյ կը վիճակուի… Քաթարի ի նպաստ բարերար դիւանագիտութիւն խաղալ, նոյնինքն` յետին բեմադրիչներուն կողմէ:

Վերոյիշեալ զարգացումները իրենց դիմաց ունեցան «գլխապտոյտ ու շուարում պատճառող» արձագանգներ: Օրինակի համար, Թրամփի ամբաստանութիւններուն եւ Քաթար-արաբական երկիրներ հակադրութիւնը հրահրող յայտարարութիւններուն դիմաց լսեցինք արտաքին գործոց նախարարին հաշտարար յորդորները (եւրոպացիք այլ հաշիւներով նման յորդորներ ուղղեցին արաբներուն), հարց ստեղծելով, թէ ի վերջոյ, արդեօք Սպիտակ տան պետի՞ն պէտք է հաւատալ, թէ՞ իր արտաքին գործոց նախարարին:

***

Հարց չծագեցաւ, թէ Թրամփ ինչո՛ւ ետդարձ կ՛ընէ Օպամայի օրով կնքուած կարգ մը համաձայնութիւններէ, մինչդեռ անշեղօրէն կը շարունակէ այլ համաձայնագիրներու ուղին:

Փաստօրէն մամլոյ տեղեկութիւններ կը հաստատեն, որ Քաթարի հետ աւելի քան 20 միլիառ տոլարի զէնքի վաճառքի յիշեալ համաձայնութիւնը գոյացած է Օպամայի իշխանութեան օրով, նոյեմբեր 2016-ին, իսկ այդ նպատակով բանակցութիւնները ունին բաւական երկար անցեալ, բացուած են 2012-ին: Քաթարը Ուաշինկթընի համար վստահելի այն երկիրն էր, որ 9 սեպտեմբեր 2001-ի «աշխարհացունց արարքներ»-էն ետք ամերիկեան ուժերը ընդունեց իր հողերուն վրայ, երբ դրացիներուն մօտ վանողական տրամադրութիւններ զարգացած էին…

Այս բոլորէն կարելի է դիւրութեամբ հետեւութիւններ ընել` եւ ասկէ-անկէ սպրդող տեղեկութիւններն ալ կը հաստատեն այս բացայայտ «գաղտնիքը»: Սպիտակ տան պետը իրականութեան մէջ որոշում տալու անկարող է, այլ գործադրողն է որոշ շահերու տէրերու թելադրանքներուն, իսկ կարգ մը որոշումներ ալ կու տայ ի նպաստ իր հակակշիռին ենթակայ ընկերութեանց, ինչպէս որ է պարագան Քուպայի հետ գործակցական յարաբերութիւնները վերատեսութեան ենթարկելու քայլին: Կը տեղեկագրուի, օրինակ, որ Քաթարի հետ կնքուած պայմանագրութիւնը կ՛իյնայ զինուորական օդանաւեր արտադրողներուն նպաստելու սիւնակին մէջ եւ կը մատուցուի աշխատանքի 60.000 տեղ ստեղծելու «բարիք»-ով:

Քաթարը, Սէուտական Արաբիան ու դրացիները արդիական զէնքերով եւ օդանաւերով օժտելու պայմանագրութիւններն ալ կը պատճառաբանուին «շրջանի կայունութիւնը պահպանելու» նախանձախնդրութեամբ. լուսարձակներ չեն գրաւեր այն իրականութիւնները, թէ Ծոցի երկիրներ հոսող զէնքերը կա՛մ կը գործածուին, եւ միշտ ծախողի՛ն ներշնչումով, Եմէնի պէս թշուառ երկիրներ քանդելու եւ ապակայունացնելու նպատակով (իբր թէ «Երջանիկ Արաբիա»-ն գտնուէր մոլորակին մէկ այլ շրջանին մէջ, կապ չունի «Ծոցի շրջանի կայունութեան» հետ), կամ ալ, ընդունին կամ ոչ` Թուրքիոյ ճամբով կը հասնին Իրաքը, Սուրիան եւ մինչեւ Եգիպտոսը ահաբեկող «ոճրագործ խմբաւորումներուն», որոնց դէմ ընդհանուր պատերազմ յայտարարած են մէկ կողմէ Միացեալ Նահագներ ու դաշնակիցները, եւ միւս կողմէ` Ռուսիա եւ համախոհները, այսինքն` աւանդական ախոյեանները:

***

Յետին բեմին վրայ տեղի ունեցող այս իրականութիւնները բնականաբար կորսուած են «փոշիին» տակ այն փոթորիկներուն, որոնք օր աւուր կը ստեղծուին բեմի յառաջամասին: Ռուսերուն հետ Թրամփի ենթադրեալ գործակցութեան, Քոմիի պաշտօնանկութեան, պետական պաշտօնատարներու հարցապնդումներուն եւ դեռ, նախագահին «ճուճուացող» հաղորդումներուն – «Թուիթց» – մասին լուրերը շատ աւելի տեղ կը գրաւեն ժողովուրդի կեանքին մէջ, պարտա՛դրաբար այդպէս կ՛ըլլայ, քան` զանգուածներու ապրուստի պայմաններուն հետ կապ ունեցող իսկական հարցերու յանձնանձումին ու լուծումներու որոնման փորձերը: Հոն ալ խառնաշփոթ վիճակ ստեղծող տեղկութիւններ հարցականներ կը գծեն նախագահին եւ իր գործակիցներուն ատակութեան, մտային կարողութիւններուն ու իսկական դիտաւորութիւններուն շուրջ: Օրինակի համար, 16 յունիսին Թրամփ հաստատեց, որ «ռուսերուն հետ գործակցութեան» ծանօթ հարցին պատճառով ինք կը հետախուզուի, հակառակ անոր որ «ամբաստանեալ» Քոմին հաւաստած էր, որ նախագահը ուղղակի թիրախ չէր, իսկ անոր յաջորդը կը մնայ քիչ մը լուռ ու վերապահ: Յաջորդ օրերուն նախագահին իրաւաբանները գրաւեցին պատկերասփիւռի պաստառները` հաւաստելու համար, որ նախագահը հետապնդման ենթակայ չէ, որովհետեւ «եթէ ըլլար, մեզ տեղեակ պահած կ՛ըլլային»:

Որոշ աղմուկ բարձրացուցած է, եւ ուշագրաւ դարձած է այլ զարգացում մը. շուրջ 200 խորհրդարանականներ կ՛ուզեն դատարան տանիլ նախագահը` զայն ամբաստանելով օտարներէ կաշառք ստացած ըլլալու յանցանքով (մեղադրանքը կաշառք բառը չի գործածեր, այլ` քաղաքավար տարբերակ մը. նախագահը գումարներ ստացած է օտարներէ` ի նպաստ իր ընկերութիւններուն, առանց խորհրդարանը տեղեակ պահելու…): Իսկ թէ ի՞նչ ճակատագիր կը սպասէ անոնց, որոնք ակնդէտ կը սպասեն առողջական ապահովագրութիւն ունենալու կամ ապրուստի այլ հարցերու, կրթական, կենսոլորտի եւ այլ հրատապ տագնապներու դարմանումին, այդ բոլորը քշուած են լուսանցքի վրայ, կամ կորսուած են «բազում աղմուկ վասն ոչինչի» տրամաբանութեամբ ստեղծուած կացութեան ետին:

***

Եզրակացութի՞ւն: Թշնամանքներու մասին փոթորիկները սնամէջ են. այսօրուան տագնապներուն ետին պէտք է փնտռել մասնակի եւ ոչ անպայման որոշ պետութեան մը շահերը, որովհետեւ բեմի յառաջամասին իբրեւ ախոյեան ներկայացողներ վարագոյրի ետին սերտ գործակիցներ են, հակադրութիւնները արտացոլացումն են իրարու մրցակից մեծ ընկերութիւններու, որոնք պայմանաւորուած չեն այս կամ այն երկրի-պետութեան սահմաններով:

Եթէ ոճրային ծրագիրներու մէջ այս կամ այն պետութիւնը ունի որոշ դեր-բաժին, փոշիներէն անդին տեսնել նման ծրագիրներու բուն հեղինակներն ու քաջալերողները, որոնք, ի դէպ, ուշ կամ կանուխ կը ստանան հակահարուածներ, սակայն իրենց կեանքով կը վաճառեն անմեղ զանգուածներ:

 

 

17-18 յունիս 2017


Viewing all articles
Browse latest Browse all 17079

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>