ԵՂԻԱ ԹԱՇՃԵԱՆ
Սատտամ Հիւսէյնի վարչակարգին տապալումով Սէուտական Արաբիա երկրորդ անգամ ըլլալով կը խախտէ իտալացի յայտնի փիլիսոփայ Նիքոլօ Մաքիավելլի օրէնքները: Մաքիավելլի իր գիրքին` «Իշխանը»-ին մէջ նշած է, որ երբ երկու պետութիւններ իրարու հետ պատերազմի մէջ են, երրորդ չէզոք պետութիւն մը պէտք չէ միջամուխ ըլլայ, այնքան ատեն որ հաւասարակշռութիւն մը կայ: Երբ այս հաւասարակշռութիւնը խախտի եւ այս երկու երկիրներէն մէկը սկսի յաղթանակներ արձանագրել, ապա այն երրորդ չէզոք պետութիւնը պէտք է տկարին կողմը անցնի, որովհետեւ երբ այդ տկար կամ պարտուած երկիրը ոչնչանայ, ապա յաղթական պետութիւնը նոր ուժեր հաւաքելով` պիտի յարձակի այդ երրորդ չէզոք պետութեան վրայ: Հետեւաբար համաշխարհային յարաբերութիւններուն մէջ չկայ յաղթականի եւ պարտուածի միջեւ պայքար, այլ` ուժերու հաւասարակշռութիւն:
2003-ին Սատտամի վարչակարգին տապալումով շրջանին մէջ սիւննիները կորսնցուցին իրենց հաւասարակշռութիւնը, Սէուտական Արաբիան օժանդակեց ամերիկեան եւ անգլիական ուժերուն` Իրաքի վրայ յարձակման ժամանակ, այսպիսով Իրաքի մէջ սիւննիները Պաաս կուսակցութեան իշխանութեան ժամանակ իրենց ձեռք բերած քաղաքական բոլոր իրաւունքները (հակառակ իրենց փոքրամասնութիւն ըլլալուն) կորսնցուցին ի նպաստ մեծամասնութիւն կազմող շիիներուն: Ամերիկացիք չկրցան լեցնել այս դատարկութիւնը, իսկ Իրան, օգտուելով Իրաքի մէջ տիրող անկայունութենէն, թափանցեց հոն եւ տնտեսական, զինուորական ու քաղաքական օժանդակութիւն տրամադրեց Իրաքի շիիական վարչակազմին:
Մայիսին Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ այցելեց Սէուտական Արաբիա եւ կարեւոր հանդիպումներ ունեցաւ թագաւորին ու Ծոցի երկիրներու ղեկավարներուն հետ: Այս հանդիպումներուն ընթացքին շեշտը դրուեցաւ ահաբեկչութեան դէմ պայքարելու եւ շրջանին մէջ իրանեան ներթափանցումը կասեցնելու անհրաժեշտութեան վրայ: Հանդիպումներուն ընթացքին յստակ դարձաւ, որ շրջանը մօտիկ ապագային կրնար նոր փուլի առջեւ գտնուիլ, եւ սպասումը երկար չտեւեց: Երբ Սէուտական Արաբիոյ, Միացեալ Նահանգներու եւ Եգիպտոսի ղեկավարները իրարու հետ կը տեսակցէին, քաթարական պետական լրատուամիջոցները «կայքահէնութեան» ենթարկուած էին եւ` իրանամէտ յայտարարութեամբ հանդէս եկած: Երկու շաբաթ շարունակ քաթարական եւ սէուտական լրատուամիջոցները սկսան զիրար ամբաստանել, մինչեւ որ հարցը իր գագաթնակէտին հասաւ: Անշուշտ սէուտական-քաթարեան այս տագնապը իր տեսակին մէջ առաջինը չէր, 2014-ին նոյնանման դէպք պատահեցաւ, եւ աւելի ուշ քաթարական օժանդակութիւն վայելող Ժապհաթ Նուսրա ահաբեկչական խմբաւորումը եւ Սէուտական Արաբիոյ հովանաւորած Ժէյշ Իսլամ իսլամական կազմակերպութիւնը բուռն բախումներ ունեցան մասնաւորաբար սուրիական Իտլիպ եւ Ղութա շրջաններուն մէջ: Աւելի՛ն. շրջանային մակարդակի վրայ Քաթար կը ֆինանսաւորէ Իսլամ եղբայրներ շարժումը, որ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու, Եգիպտոսի եւ Սէուտական Արաբիոյ կողմէ կ՛որակուի իբրեւ ահաբեկչական կազմակերպութիւն:
Էրիքա Սոլոմոն «Ֆայնենշըլ Թայմզ»-ի մէջ լոյս տեսած իր յօդուածին մէջ կը նշէ, որ Քաթար մօտ 1 միլիառ տոլար տրամադրած է ահաբեկչական կազմակերպութիւններուն, որպէսզի վերջիններս ազատ արձակեն քաթարական իշխանական ընտանիքէն պատանդներ, որոնք առեւանգուած էին Իրաքի մէջ: Այդ գումարին 700 միլիոն տոլարը տրամադրուած է Իրաքի մէջ գտնուող շիիական զինեալ կազմակերպութիւններու, որպէսզի ազատ արձակեն 26 քաթարցի պատանդներ, իսկ 200-300 միլիոն տոլար` սուրիական Թահրիր Շամ խմբաւորումին, որ կապեր ունի Քայիտայի հետ, որպէսզի ազատ արձակէ մօտ 50 ժիհատականներ: Այս հարցը յարմար առիթ դարձաւ, որ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւնները եւ Սէուտական Արաբիան դիւանագիտական պատերազմ յայտարարեն Քաթարի դէմ: Անոնց միացան նաեւ Պահրէյնը, Եգիպտոսը, Եմէնը եւ արաբական այլ երկիրներ, որոնք տնտեսական եւ դիւանագիտական պատժամիջոցներու դիմեցին Տոհայի դէմ: Արաբական Միացեալ Էմիրութիւնները աւելի անդին գացին` պահանջելով, որ Քաթարի մէջ տեղակայուած ամերիկեան զինուորական խարիսխը տեղափոխուի էմիրութիւններ, իսկ Սէուտական Արաբիան պաշտօնապէս պահանջեց, որ Քաթար իր կապերը խզէ Համասի եւ Իսլամ եղբայրներուն հետ:
Վստահաբար Թուրքիա, Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի ղեկավարութեամբ, լուռ պիտի չմնար, եւ իր գաղափարակից Քաթարին օգնութեան հասնելու համար Թուրքիոյ խորհրդարանը ընդունեց օրինագիծ մը, որ կանաչ լոյս կու տար կառավարութեան` զինուորական ստորաբաժանում մը ղրկելու Քաթար, իսկ Իրան իր բոլոր ջանքերը ի գործ դրաւ` օգնութեան հասնելու Քաթարին եւ իր ազդեցութեան տակ պահելու արաբական այս երկիրը:
Սէուտական Արաբիան այս յարմար առիթին կը սպասէր, որպէսզի հրապարակէն վերցնէր փոքր իշխանապետութիւն մը, որ շրջանին մէջ կը փորձէր իրեն հետ մրցակցիլ, սակայն այս միջոցով Սէուտական Արաբիան աւելի եւս բաժան-բաժան ըրաւ արդէն իսկ կոտորակուած սիւննիական աշխարհը:
Քաթարի իշխանութեան կը մնայ երկու ընտրանք, կա՛մ ընդունիլ Սէուտական Արաբիոյ քաղաքական գիծը եւ շրջանային քաղաքականութեան մէջ դեր չունենալ, կա՛մ ալ դառնալ Իրանի պատանդը: Այսպէս թէ այնպէս, երկու կողմէն ալ Քաթար պարտուած դուրս պիտի գայ, բայց եթէ դառնայ Իրանի քաղաքական պատանդը, ապա շատ բան կրնայ փոխուիլ շրջանին մէջ, Ծոցի երկիրներու, Սուրիոյ, Լիբանանի, Եգիպտոսի եւ Իրաքի մէջ շատ մեծ փոփոխութիւններ կրնան կատարուիլ քաղաքական քարտէսին վրայ, եւ Քաթար, Իրան եւ Թուրքիա կրնան Սէուտական Արաբիան դուրս դնել շրջանի քաղաքական հաշիւներէն: Սէուտական Արաբիա իր անհիմն եւ կոյր արտաքին քաղաքականութեան պատանդը կը դառնայ: