Quantcast
Channel: Յօդուածներ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 17079

Մեծ Վտանգը Կը Մօտենար…

$
0
0

ՊԵՏԻԿ ԱՇՈՏԵԱՆ

«Եթէ մեծ վտանգը հասնի, ընտանիքս կ՛առնեմ, Շէյխ Մաքսուտ կ՛երթամ»: Հալէպի տագնապալի օրերուն, երբ ռմբակոծումներն ու կրակոցները կը սաստկանային եւ հաւանական մեծ վտանգի մը մասին տարաձայնութիւնները օրըստօրէ կը բազմապատկուէին, Ապու Թորոս խորհուրդ կու տար` ըսելով, որ եթէ  տարաձայնութիւնները իրականութիւն դառնան ու մեծ վտանգ մը գայ, ընտանիքս առնեմ եւ Շէյխ Մաքսուտի մեր տունը երթամ: Այն տունը, որ պատերազմէն առաջ կ՛օգտագործէինք որպէս անձնական գրասենեակ:

Ապու Թորոս 23-24 տարեկան երիտասարդ մըն էր: Անունը Սերոբ էր, բայց պատանեկութեան տարիքէն մենք Ապու Թորոս կը կանչէինք զինք, քանի որ հօր անունը Թորոս էր: Խելացի էր, ծառայասէր ու ազգասէր: Միջահասակ էր եւ ընդհանրապէս ժպիտը դէմքէն չէր անհետանար, բայց եթէ ընկեր մը գար ու սիրտը բանալով` ցաւը պատմէր իրեն, Ապու Թորոս կը լրջանար, ամբողջ սրտով կը հետեւէր ընկերոջ:

Վերջերս սկսաւ բժշկական ակնոց գործածել: Ակնոցը դրած պահուն երբ զինք կը դիտէի, ամբողջ նկարագիրը եւ բնաւորութիւնը կը հասկնայի արդէն:

Շէյխ Մաքսուտը ապահով կը համարուէր այդ օրերուն… Շէյխ Մաքսուտի մասին տարաձայնութիւններ չկային. թէեւ ինծի տրամաբանական չէր թուեր, սակայն ժամանակի ընթացքին Ապու Թորոսին խորհուրդը մտքիս մէջ տեղ գտած էր. միշտ կը մտածէի Շէյխ Մաքսուտի մասին, մանաւանդ երբ տարաձայնութիւնները շատնային: «Եթէ մեծ վտանգը հասնի, ընտանիքս կ՛առնեմ, Շէյխ Մաքսուտ կ՛երթամ…»:

2013-ի գարունն էր, առաւօտուն կրակոցներու ձայնէն արթնցայ եւ բնական օրուան մը պէս հագուեցայ ու պատրաստուեցայ տունէն դուրս ելլելու:

Մայրս բարի լոյս չըսած` բացագանչել սկսաւ.

–  Ի՞նչ, այսօ՞ր ալ  գործի պիտի երթաս, մի՛ երթար:

Մտիկ չըրի, գացի: Երբ խանութիս թաղը հասայ,  տեսայ, որ մարդիկ փողոցին Շէյխ Մաքսուտի նայող կողմը կեցած էին, գլուխնին թաղէն դուրս տնկած` կը դիտէին: Կրակոցներու ահաւոր ձայն կար. զանազան տեսակի զէնքերու կրակոցներ: «Ժապհաթ Նուսրա» կոչեցեալները Շէյխ Մաքսուտ կը փորձէին մտնել կամ ալ մտած էին արդէն: Պարապութիւն մը կը պատէր հոգիս այդ վայրկեանին: Հարցում մը անընդհատ կը տանջէր միտքս: Կը հարցնէի ինքզինքիս ու կը պատասախանէի. «Շէյխ Մաքսուտը կ՛իյնա՞յ»: «Այո՛, կ՛իյնայ»: Եւ այսպէս շուարած կը մնայի: Անդունդի մը եզրին կանգնած անճար մարդ մըն էի այդ պահուն: Յետմիջօրէին ուզեցի տուն վերադառնալ (Շէյխ Թահա, Շէյխ Մաքսուտին դիմաց), տեսնելու, թէ ի՛նչ պատահած էր այնտեղ ու փամփուշտներու տարափին տակ դժուարութեամբ տուն հասայ: Յանկարծ իրարանցում մը սկսաւ մեր թաղին մէջ: Պատշգամ ելայ ու խումբ-խումբ ընտանիքներ տեսայ: Աչքերուս դիմաց պարզուած պատկերը ահաւոր էր: Յիշեցի մեծ մայրերուս պատմած պատմութիւնները, մանաւանդ` Հայոց ցեղասպանութեան մասին Խարբերդի ծնունդ մեծ մօրս պատմածները: Ան դժուարութեամբ կը պատմէր իր ընտանիքին տառապանքը, կը ջանար քիչ խօսիլ, չեմ գիտեր` թէ ինչո՛ւ: Հաւանաբար  չէր ուզեր վերյիշել այդ զարհուրելի օրերը:

Թաղէն հեռացողներուն մէջ կաթիլ մը ջուրի կարօտներ կային, ջո՜ւր, ջո՜ւր կը գոռային փոքրիկները: Դրացիներէն մէկը վայրկեանին պատշգամէն ջուրի կերպընկալ խողովակ մը իջեցուց, որ ջուր խմցնէ փոքրիկներուն: Կին մը կար, որուն զաւակը մեր տան ետեւի պարտէզէն փախած պահուն  փամփուշտով մը սպաննուած էր, խեղճը վստահ ըլլալով, որ զաւակը զոհուած էր, պարտէզին  մէջ ձգած էր անոր դիակը ու որոշած էր վազել, արագ վազել ու  փրկել իր միւս զաւակներուն ու իր կեանքը: Անկարելի է մոռնալ այդ կնկան պոռչտուքն ու վիշտը, տակաւին ձայնը ականջիս մէջ կ՛արձագանգէ: Շէյխ Մաքսուտը ինկաւ, բայց ես տակաւին տանս մէջ եմ:

Այդ օրերուն Քեսապը Շէյխ Մաքսուտէն աւելի ապահով կը համարուէր: Շէյխ Մաքսուտի եղածները լսելով` մեզմով մտահոգուած մեր բարեկամ, քեսապցի Յակոբին մայրը հեռաձայնեց ու հարցումներու շարան մը սկսաւ.

– Քա՛, ի՞նչ վիճակի էք,  ինչպէ՞ս կրնանք օգտակար դառնալ ձեզի: Եկէք Քեսապ, մինչեւ որ կացութիւնը հանդարտի:

Առաջին անգամ չէր, որ Յակոբին մայրը մեզ Քեսապ կը հրաւիրէր, պատերազմի ծանր օրերուն միշտ ալ կը հեռաձայնէր ու կը ստիպէր մեզի Քեսապ տեղափոխուիլ: Այս անգամ հեռաձայնը  ուրիշ էր, ինծի համար մանաւանդ, ու հիմա Քեսապը եղաւ Շէյխ Մաքսուտէն աւելի  ապահով վայր, որպէսզի երբ  մեծ վտանգը գար, ընտանեօք հոն մեկնէինք: Քեսապցի Յակոբին ընտանիքը մեզի հարազատ ընտանիք մըն էր: Հայրս եւ Յակոբին հայրն ու հօրեղբայրը մտերիմ ընկերներ էին, կ՛ուրախանայի,  երբ այցելէին մեզի, մանաւանդ` փոքր եղած ժամանակս, միայն իրենցմով չէ, իրենց բերած նուէրներով ալ կ՛ուրախանայի: Կը յիշեմ, պատերազմէն տարիներ առաջ, Յակոբին երկար տարիներէ ի վեր երկրէն դուրս ապրող հօրեղբայրը լսելով, որ անգլերէն լեզու եւ գրականութիւն կ՛ուսանիմ, ինծի թուայնացած բառարան մը ղրկած էր, որու մէջը Օքսֆորտի լման օրինակը կար: Այդ ելեկտրոնային բառարանները տակաւին նոր սկսած էին մեր շուկան ներմուծուիլ: Քեսապցի մեր բարեկամները նուէրէն բացի, Քեսապի խնձոր ալ կը բերէին մեզի, ամէն անգամ որ գային, իրենց հետ կը բերէին խնձորի խոշոր կողով մը: Չեմ գիտեր, թէ ինչպէ՛ս նկարագրեմ Քեսապի խնձորը: Ինչպէ՞ս անոր քաղցր ու թթու համը բացատրել մէկու մը, որ չէ համտեսած: Մէյ մը որ համտեսես, աչքերդ կը փակես, եւ ուր որ ալ ըլլաս, Քեսապի բնութեան ուժը կը զգաս իր գեղեցիկ կանաչապատ լեռներով ու հռչակաւոր հրապարակով: Մարդիկ միշտ ալ նախընտրած են տարին գոնէ մէկ անգամ այցելել Քեսապ ու իրենց մտահոգութիւններն ու հոգերը մոռնալ կանաչ ու հսկայ լեռներուն հմայքին դիմաց ու քանի մը օր Քեսապը վայելելով` աշխատանքային յաջորդ տարուան համար ուժ ամբարել: 2014-ի գարնանային օրերէն մէկն էր: Հաճ Հապիպին թաղը ընկերոջ մը քով սկսած էի աշխատիլ: Առաւօտուն խանութը բացի, ինծի կը թուէր, թէ սովորական օր մըն էր: Թաղի նպարավաճառին խանութը մտայ նեսքաֆէ գնելու: Նպարավաճառին տէրը հեռաձայնի ընկալուչը բռնած` բարձրաձայն կը պոռար. «Աստուած իմ, աս ի՛նչ փորձանք է, աս ի՛նչ պելա է, ո՛վ Աստուա՜ծ, աս փորձանքը ուրկէ եկաւ մեր գլխուն»: Ու մեզի դիմելով` ըսաւ.

– Դուք լա՞ւ էք, ուշադիր եղէք կացութիւնը վատ է:

Վերադարձայ խանութ, քանի որ  մարդ չկար փողոցը, չուզեցի ալ սպասել ու հարցնել, թէ ի՛նչ փորձանքի մասին կը խօսուի ամէնուրեք, հաւանաբար գէշ լուր մը լսելու պատրաստ չէի, ինչպէս որ ընդհանրապէս պատրաստ չեմ ըլլար: Գացի խանութ ու չկրցայ մտքէս հանել այդ մարդուն իրարանցումը: Կէս ժամ անց մարդիկ սկսան հաւաքուիլ գործատեղիէս ներս: Անոնց խօսակցութենէն հասկցայ, թէ «Նուսրա» կոչուածները այս անգամ Թուրքիոյ սահմանէն Քեսապ մտած են ու քեսապցիները  կը տեղահանուին: Շէյխ Մաքսուտի անկումին օրուան նոյն զգացումը պատեց  հոգիս: Այս անգամ Քեսապը ինկաւ: Բայց ես տակաւին տանս մէջն եմ:

Այդ օրը որոշեցի այլեւս ականջ չտալ տարաձայնութիւններուն, սակայն չյաջողեցայ, մինչեւ որ Հալէպը ազատագրուեցաւ:

 


Viewing all articles
Browse latest Browse all 17079

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>