ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ
«Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի
հրատարակիչ եւ խմբագիր
Քանի որ Թուրքիա դարձած է համաշխարհային դատապարտման թիրախ` երկրին մէջ արձանագրուած մարդկային իրաւունքներու խախտումներուն պատճառով, թրքական կառավարութիւնը որոշած է հսկայական գումարներ ծախսել քարոզչութեան եւ հանրային կապերու ուղղութեամբ` փորձելով մաքրել իր վարկաբեկուած հեղինակութիւնը: Ապրիլ 16-ի խայտառակ հանրաքուէն, որուն աւարտին հազիւ յաղթելով` Էրտողան ինքնիրեն բռնապետական լայն լիազօրութիւններով օժտեց, իսկ ատկէ ետք տեղի ունեցած` Ուաշինկթընի մէջ Թուրքիոյ դեսպանատան առջեւ անմեղ ցուցարարներու վրայ անոր թիկնապահներուն դաժան յարձակումը արժանացան համընդհանուր քննադատութեան Միացեալ Նահանգներու իշխանութեան գործադիր եւ օրէնսդիր ճիւղերու կողմէ, ներառեալ Ներկայացուցիչներու տան ընդունած բանաձեւը` ձայներու 397 – 0 յարաբերակցութեամբ…
Սակայն Թուրքիոյ եւ անոր բռնապետ նախագահին պատճառով երկրին հեղինակութիւնը այնքան արատաւորուած է, որ հանրային կապերու ընկերութիւնները որքան ալ հզօր եւ հեղինակաւոր ըլլան, պիտի չկարենան վերականգնել Թուրքիոյ հեղինակութիւնը: Թուրք ղեկավարները պարզապէս միլիոնաւոր տոլարներ պիտի վատնեն իրենց հարկատուներու գումարներէն` փորձելով լուծել անկարելի խնդիր մը:
Թուրքիոյ կառավարութիւնը տարեկան արդէն հինգ միլիոն տոլար կը վճարէ տասը լոպիստական ընկերութիւններու. անոնք են` «Կեփհարտթ Կրուփ»` 1 միլիոն 700 հազար տոլար, «Ամսթերտամ Բարթնըրզ»` 600 հազար տոլար, «Կրինպըրկ Թրաուրիկ»` 480 հազար տոլար, «Քափիթոլ Քաունսըլ»` 384 հազար տոլար, «Մըրքըրի»` 240 հազար տոլար, «Մէտիսըն կրուփ»` 240 հազար տոլար, «Սիկնըլ»` 240 հազար տոլար, «Ճիմ Արնոլտ»` 240 հազար տոլար եւ «Մէտիա ֆիքս»` 108 հազար տոլար… Բացի ասոնցմէ, Էրտողանի գործընկերը 2016 սեպտեմբերին 540 հազար տոլար վճարած է նախագահ Թրամփի վարկաբեկուած ազգային անվտանգութեան հարցերով նախկին խորհրդական Մայքըլ Թ. Ֆլինի` Թուրքիոյ կառավարութեան օգտին քարոզչութիւն ընելու համար…
Վերջին ամիսներուն ընթացքին փորձելով դուրս գալ PRի ճահիճէն, Թուրքիոյ իշխանութիւնները եւ անոնց կապուած խումբերը վարձած են երեք նոր ընկերութիւններ: Այս շաբաթ կը ներկայացնենք այդ լոպիստական ընկերութիւններէն մէկը` մնացեալ երկուքը ձգելով յաջորդ խմբագրականին համար:
«Մոնթէ» խորհրդատուական խումբը վարձած են 2016 Օգոստոսին, 400 հազար տոլար վարձատրութեամբ: Ըստ «Տէյլի Պիսթ»-ի, ընկերութիւնը կը ղեկավարէ Տակլըս Պէյքըր` հանրապետական Ճէյմս Պէյքըրի (նախագահ Ճորճ Պուշի աշխատակազմի ղեկավար եւ արտաքին գործոց նախարար եւ Ռոնըլտ Ռիկընի աշխատակազմի ղեկավար եւ գանձապետարանի քարտուղար) որդին: Այս ընկերութիւնը պէտք էր բարելաւէր Թուրքիոյ հասարակական ընկալումները… Տակլըս Պէյքըր «Մոնթէ» խորհրդատուական խումբի «միակ եւ գործող անդամ»-ն է: Պայմանագիրը կնքուած է Պոլսոյ հասարակական խորհրդաւոր կազմակերպութեան կողմէ, որ յայտնի է որպէս Տնտեսական գիտելիքներու ընկերութիւն (ՔԷՅ. Ի. ԷՅ.): «Տէյլի Պիսթ» կը հաղորդէ, որ ՔԷՅ. Ի. ԷՅ.-ի «գործունէութիւնը երբեմն կը համապատասխանէ Թուրքիոյ կառավարութեան շահերուն»: Ըստ «Տէյլի Պիսթ»-ի, աւելի մտահոգիչ է, որ «ՔԱ. Ի. ԷՅ.-ի ղեկավարութեան առնուազն մէկ անդամը եղած է Թուրքիոյ կառավարութեան ներկայացուցիչ»: Աւելի՛ն, ՔԷՅ. Ի. ԷՅ.-ի հիմնադիր եւ նախկին նախագահ Տաւութ Քաւրանօղլու այժմ Էրտողանի գիտական խորհրդականն է, կը տեղեկացնէ «Տէյլի Պիսթ»: Քաւրանօղլու թուիթըրի մէջ տեղադրած է Ճէյմս Պէյքըրի հետ առնուած իր լուսանկարը…
«Տէյլի Պիսթ» կը հաղորդէ, որ ըստ արդարադատութեան նախարարութեան մէջ «Մոնթէ» խորհրդատուական խումբի ներկայացուցած արձանագրութեան, ընկերութիւնը ՔԷՅ. Ի. ԷՅ.-ի անունով «զբաղած է Թրամփի նախագահական ընտրարշաւի եւ նախագահական անցումային խումբի աջակցութեամբ»` «Թուրքիոյ եւ Միացեալ Նահանգներու միջեւ ընդհանուր յարաբերութիւնները եւ հասարակական ընկալումները բարելաւելու համար»: «Մոնթէ» նաեւ շփումներ ունեցած է «Օպամայի վարչակարգէն հեռացող պաշտօնեաներու հետ, հանդիպումներ ունեցած է պաշտպանութեան նախարարութեան անձնակազմին հետ եւ ելեկտրոնային նամակներ ուղարկած է այդ օրերու փոխնախագահ Պայտընի անվտանգութեան հարցերով խորհրդական Քոլին Քալի»:
Արդարադատութեան նախարարութեան ներկայացուցած գիրին մէջ պոլսեցի իրաւաբան Իսրաֆիլ Քահրաման նշուած է որպէս ՔԷՅ. Ի. ԷՅ.-ի օրինական ներկայացուցիչ` ըստ «Տէյլի Պիսթ»-ի: Իսրաֆիլ յայտարարած է, որ պայմանագիրին նպատակն է «զարգացնել բարեկամութիւնն ու համագործակցութիւնը Թուրքիոյի եւ Միացեալ Նահանգներու միջեւ գիտական եւ տնտեսական զարգացման ասպարէզէն ներս»: «Տէյլի Պիսթ» մէջբերելով Քահրամանը` նշած է, որ ՔԷՅ. Ի. ԷՅ.-ն հիմնադրուած է «խումբ մը յարգարժան գիտնականներու կողմէ` քաղաքացիական հասարակութեան գործունէութիւնը ղեկավարելու նպատակով, որպէսզի Թուրքիոյ մէջ բարձրացուի իրազեկութիւնը տնտեսութեան զարգացման մասին»:
Սա անհեթեթութիւն է: Ինչո՞ւ պէտք է խումբը, որուն նպատակն է տնտեսութեան մասին իրազեկութեան բարձրացումը Թուրքիոյ մէջ, լոպիստական խումբ վարձէ Ուաշինկթընի մէջ: Սա աւելի կը նմանի թրքական կառավարութեան համար ստեղծուած ծածուկ ներկայացուցչութեան մը, քան գիտնականներու անկախ խումբի մը: Կարեւոր է պարզել, թէ ո՞վ կը ֆինանսաւորէ ՔԷՅ. Ի. ԷՅ.-ն…
Հետաքրքրական է, որ Հետաքննող լրագրողներու պիւրոյի հետ կապ հաստատելու ընթացքին Տակլըս Պէյքըր նշած է. «Մտահոգութիւններ կան, որ Միացեալ Նահանգներ-Թուրքիա յարաբերութիւնները քիչ մը վատթարացած են Օպամայի վարչակազմի վերջին տարիներուն: Թերեւս կարելի ըլլայ կա՛մ ամրապնդել, կա՛մ անտեսնել այդ յարաբերութիւնները, նայած` թէ ինչպէս աւելի մեծ վնաս կը հասցուի անոնց: Եւ այդ է պատճառը, որ [ՔԷՅ. Ի. ԷՅ.-ն] վարձակալած է «Մոնթէ»-ն` օգնելու համար իրեն, այդ անցումային փուլին»:
Տակլըս Պէյքըր աւելցուցած է, որ ՔԷՅ. Ի. ԷՅ.-ի համար իր ընկերութեան աշխատանքը «երբեք չէ նախատեսուած իբրեւ հանրային կապերու ընդհանուր քարոզարշաւ: Այս քիչ մը աւելի մեծ կարելիութիւն է` ներկայացնելու անոնց տեսակէտը…: Անոնք կը զգան, որ մենք ի վիճակի ենք օգնելու իրենց` անհրաժեշտ ծանօթութիւններով»:
Զարմանալի չէ, որ Թրամփի երդմնակալութենէն եւ ՔԷՅ. Ի. ԷՅ.-ի ու Թրամփի վարչակազմի պաշտօնեաներու միջեւ «անհրաժեշտ ծանօթութիւններ» հաստատելէ ետք, ՔԷՅ. Ի. ԷՅ.-ն չթարմացուց պայմանագիրը «Մոնթէ»-ի հետ, երբ վերջինիս նախնական վեցամսեայ ժամկէտը լրացաւ 2017 փետրուարին: «Պայմանագիրի այս կէտով նախատեսուած 400 հազար տոլարի դիմաց ցարդ վճարուած է միայն 105 հազար տոլար», ըստ Հետաքննող լրագրողներու պիւրոյի:
Արեւելահայերէնի թարգմանեց`
ՌՈՒԶԱՆՆԱ ԱՒԱԳԵԱՆ
Արեւմտահայերէնի վերածեց`
ՍԵԴԱ ԳՐԻԳՈՐԵԱՆ