Quantcast
Channel: Յօդուածներ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 17079

Հայաստան Եւ Հայութիւն` Հայաթափութեան Խութին Դէմ

$
0
0

Յ. ՊԱԼԵԱՆ

Երազած էինք ազատ եւ անկախ Հայաստան, երգեր յօրինուած էին եւ դեռ կը յօրինուին, սրահներ կը յուզուէին եւ դեռ կը յուզուին: Բայց կը թուի, թէ յուզումէն անդին երթալու երազները կը խամրին, «հայրենիք»-ը որպէս իրաւ գաղափար կը ճահճանայ երգի եւ ճառի պղտորութեան մէջ, երբ ամէն օր քիչ մը հմայքը կ’աղօտի: Հմայքը կ’աղօտենք բազմատեսակ մակերեսայնութիւններով, թեթեւսոլիկութիւններով:

Հայրենատիրութիւնը, որ քարոզուած էր, եւ զայն բնականօրէն ամբողջացնելու կոչուած հայրենադարձութիւնը, կարծէք` զարնուած են հմայաթափութեան խութին` մշուշներու մէջ քանդուած ղեկերու պատճառով: Հմայաթափութիւն, որ կը վերաբերի զանգուածներուն, ոչ յամառ եւ երազկոտ փոքրամասնութիւններուն, որոնք իրենք զիրենք կը համարեն ազգի մեծամասնութիւն, այս` Հայաստան եւ սփիւռք(ներ):

«Հայրենիք»-ը պատէն կախուելիք գեղանկար չէ: Այդպէս չէր վերաբերումը նախկին սերունդներու, որոնք «հայրենիք» կ’ապրէին իրենք իրենց խոստանալով վերադարձը, կը վերադառնային իրենց վկայականներով, իրենց կացութիւնը ժամանակաւոր կը համարէին, հայագիր եւ հայատառ գիր-գրականութեամբ հայրենիք կը ստեղծէին հեռու եւ մօտ աշխարհներու մէջ: Հայրենահանուածներու առաջին սերունդներու գրականութիւնը հայկական էր, թէեւ այդ օրերէն սկսեալ օտարման ցեցը սկսած էր իր աւերը գործել:

Այսօր ազգովին կանգնած ենք հմայաթափութեան խութին դէմ: Հմայք-հայրենիքը` տօնական օրերու, գրական պատկերներու, զոհողութիւններու եւ յանձնառութիւններու, աղմկոտ երգերու հայրենիքը յանկարծ դարձած է ազատ հող-իրականութիւն, որուն տիրութիւն պէտք է ընել: Հող-իրականութիւն հայրենիքը հոն է, ուր հիւսուած է ազգի պատմութիւնը: Բայց ան սկսած է թափով հեռանալ հայերու սէրերու հորիզոնէն, «ներսը եւ դուրսը»:

Հայաստանէն դուրս, հեռու կամ մօտ, հայրենիք չկայ: Հայրենիքը կարծէք պարպուած է իր մագնիսական-ձգողական ուժէն: Ինչպէ՞ս բացատրել զանգուածային արտագաղթը միլիոնով հայերու, ինչպէ՞ս հասկնալ միլիոններով հայրենահանուածներու եւ անոնց ժառանգներու մօտ եւ հեռու աշխարհներու մէջ նոր ապաստան աշխարհներու մէջ արմատաւորումը, որոնք բարեսիրութիւնը կամ Հայաստանին տրուած-տրուելիք նիւթական եւ քարոզչական օժանդակութիւնը կը համարեն չանհանգստացնող հայրենատիրութիւն, որ այդպէս ալ չէ, կը նուաղի աղմուկի եւ ճառի պղտոր հոսանքներուն մէջ:

Այս նորատեսակ հայրենատիրութիւն-հայրենասիրութեան նոր հուն ալ կը բացուի, հրաժարումներու արդարացման համար նոր հուն կը բանանք: Այսպէս, ազգային առաջադրանք կը համարենք օտար աշխարհներու կեանքին մերուելու ընտրանքը, կ’ըսուի` ազդեցութիւն ձեռք բերել եւ այդ օգտագործել Հայաստանի եւ անոր դատին ի նպաստ: Տարիներէ ի վեր ոմանք յանկերգի վերածած են այն, օրինակ, որ պէտք է մասնակցիլ հիւրընկալ երկիրներու կուսակցութիւններուն եւ քաղաքական կեանքին, յարաբերութիւններով եւ ձեռք բերուած ազդեցութեամբ ծառայել Հայաստանին:

Բայց ի՞նչ կ’ըսէ պատմութիւնը: Բիւզանդիոնի տասնեակ հայազգի կայսրերը ի՞նչ ըրած են Հայաստանի համար: Ի՞նչ ըրած է հզօր Խորհրդային Միութեան աւագ դէմքերէն Անաստաս Միկոյեան` հայոց իրաւունքներուն համար: Կը մոռնա՞նք, որ պետութիւնները զգացականութիւններու ակումբ չեն, ունին իրենց կացութենէն բխած տրամաբանութիւն եւ շահեր: Հայեր, երբ առաջադրուած ձեւով կը մերուին ազգային համայնքէն դուրս կազմակերպութիւններու մէջ, ամբողջովին կը տրուին իրենց նոր յանձնառութիւններուն, հոն կը մնան, ինչպէս ուրիշ երամի միացած աղաւնին, որ կ’իջնէ իր նոր աղաւնատունը: Հարցուցէ՛ք գիւղերու մէջ աղաւնի թռցնողներուն եւ անոնք պիտի ըսեն, թէ գացողը ետ չի գար:

Ինչո՞ւ եւ ինչպէ՞ս գունաթափուած է հմայք-հայրենիքը, կամ` չքացած երազի հմայքը, որ հայրենիքը եւ հայրենադարձութիւնը նպատակ կը համարէր: Հաւկուրութեամբ կը խորհինք, որ սփիւռք-ազգ մը կրնայ ապրիլ եւ տեւել: Ո՞ւր կրնան հասցնել մերւումը եւ համարկումը: Համայն հայութիւնը` բարձրաթռիչ ղեկավարներէն եւ մտաւորականներէն մինչեւ համեստները, անհատաբար եւ հաւաքաբար, պարտք պէտք է համարեն (համարէին) առանց խուսանաւման ճապկումներու  պատասխանելու հետեւեալ հարցումին.

Ի՞նչ է ժամանակակից հայուն կացութիւն-ապագան եւ վերաբերումը Հայաստան-հայրենիքին հանդէպ:

Ժամանակակից հայը, Հայաստան եւ սփիւռք(ներ):

Ազգովին, ղեկավարութիւններ եւ մտաւորականութիւն, կողքովը կ’անցնինք զոյգ հիմնահարցին. ի՞նչ են խորքային պատճառները աղէտ-արտագաղթի եւ չիրականացող հայրենատիրութիւն-հայրենադարձութեան:

Աղէտ-արտագաղթ. հայրենատիրութեան գիտակցութեան նահանջ, անհատապաշտութեան եւ «լաւ ապրելու իրաւունքի» զիկզակող ճամբաներուն վրայ, բայց նաեւ հետեւանք` պատեհապաշտ բախտախնդիրներու, որոնք իւրացուցին եւ կը շարունակեն իւրացնել երկրին հարստութիւնը (կողոպուտ եւ «կոռուպցիա»), յառաջացնելով ազգավնաս եւ չար անհաւասարութիւններ: Քանիցս ըսած եւ գրած եմ, որ խորհրդային հաւասարութեան դրութենէն անմիջապէս ետք ինչպէ՞ս յառաջացաւ մեծ դրամագլուխի տէրերու դասակարգ մը: Ազգային իրաւութեամբ յատկանշուող իշխանութիւն մը չպայքարեցաւ երեւոյթին դէմ, հարկային համակարգը քննութիւն չկատարեց անաշխատ եկամուտներու մասին, կ’ըսեն` audit, «աուտիթ» ընելու խոստում տուող վարչապետ եղաւ: Ֆրանսացին կ’ըսէ, որ խոստումները յանձնառու կը դարձնեն լսողները եւ ոչ` խոստացողները: Դիզուած դրամագլուխը աշխատանք ստեղծելու ներդրում չեղաւ. վկայ` նախկին գործարաններու չորցած ծառերու տեսարան պարզող պատկերները:

Եւ արտագաղթը դարձաւ համաճարակ:

Ո՛չ ներսը եւ ո՛չ ալ դուրսը չգիտցանք դիրք ճշդել աղէտին դէմ: Հանդուրժեցինք: Չխօսեցանք արտագաղթած հայ արուեստագէտներուն եւ մտաւորականներուն մասին, որոնք իրենց ընտանիքով փոխադրուած են այլ երկինքներու տակ: Անոնցմէ ոմանք Հայաստան կ’երթան-կու գան ելոյթներու եւ աշխատանքի համար, յոռեգոյնի օրինակ ըլլալով: Արդարեւ, երբ մարդիկ ականատես են զանգուածային եւ հանդուրժուած արտագաղթի, ինչպէ՞ս կրնան մտածել հայրենադարձութեան մասին:

Հանրագումար. հմայաթափութիւն:

Բախտաւոր պարագային, երբ դեռ բոլորովին «ծագումով հայ» չենք դարձած, հին Յունաստանի իմաստակներուն ճառերուն նմանող խօսքեր կ’ըսենք, որ սփիւռքի մէջ որպէս ազգ կրնանք տեւել` համարկուելով հիւրընկալ երկրին, այսինքն այն, որ կարելի է յառաջացնել «սփիւռք-ազգ», առաջադրանք, որ ընկերամշակութային գիտական ոչ մէկ հիմնաւորում ունի:

Մի՞թէ հայ ազգի նոր գաղափարախօսութիւնն է աճեցնել Ամերիկայի, Ռուսիոյ կամ այլ երկիրներու բնակչութեան համրանքը:

Այսօր հիմնահարց պէտք է ըլլայ հայուն եւ Հայաստանի ապագայի հմայքի վերականգնումը, որպէսզի սփիւռք(ներ)ը համոզուի, որ ազգին համար սփիւռք-կացութիւնը միայն ժամանակաւոր կրնայ ըլլալ, որպէսզի հայրենադարձութիւնը դառնայ անհետացումը կանխող կենսական առաջնահերթութիւն:

Հայրենիքը բարեսէրներու եւ զբօսաշրջիկներու նպաստով չի կրնար տոկալ եւ տեւել: Հայրենատէր զանգուածի կարիք ունի հայրենիքը, մարդոց, որոնք կը շէնցնեն հայրենիքը իրենց աշխատանքով եւ ներդրումներով, նաեւ` սահմանները պաշտպանող սերունդով:

Այս գաղափարով եթէ առաջնորդուինք, անհատաբար եւ հաւաքաբար, օր մը պատմաբանը կրկին կ’արձանագրէ պատմահայր Մովսէս Խորենացիի խօսքը. «Թէպէտ եւ եմք ածու փոքր, եւ թուով յոյժ ընդ փոքու սահմանեալ, եւ զօրութեամբ տկար եւ ընդ այլով յոլով անգամ նուաճեալ թագաւորութեամբ, սակայն բազում գործք արութեան գտանին գործեալ եւ ի մերում աշխարհիս, եւ արժանի գրոյ յիշատակի…:»

(Մովսէս Խորենացի, «Պատմութիւն Հայոց»):

Այսօր «բազում գործք արութեան գտանին գործեալ եւ ի մերում աշխարհիս, եւ արժանի գրոյ յիշատակի»-ն պէտք է ըմբռնել միացեալ Հայաստան-Արցախի իւրաքանչիւր թիզ հողի տիրութեամբ եւ ծաղկումով, այլապէս օր մը «Հայաստան» կոչուած աշխարհին տէր կ’ըլլան տարբեր պատմութեամբ ժողովուրդ մը կամ ժողովուրդներ: Եւ լուրջ չ’ըլլար բռնագրաւեալ Հայաստանի ազատագրութեան դատը:

Իսկ մենք դեռ ժամանակ մըն ալ կ’ապրինք որպէս ապահով եւ կուշտ «ծագումով հայեր»:

Բարձրախօսներու աղմուկէն առաջ եւ վերջ լաւ է մտածել գալիքի մասին:

Դանիէլ Վարուժան կը խօսէր «վարդահեղեղ արշալոյսի մասին», որուն ոտնաձայնը կ’առնէր:

Ի՞նչ բանի ոտնաձայնը կ’առնեն սփիւռք(ներ)ը այսօր, ո՞ր ոտնաձայնը լսելու համար կ’արտագաղթէին եւ կ’արտագաղթեն հայերն այսօր:

Պայծառ դէմքով Քրիստափոր ըսած էր` «Հիմա կ’երթամ սուլթանի դէմ»: Ո՞վ եւ որո՞նք պիտի առաջնորդեն, այսօ՛ր, հայ զանգուածները, աստ եւ անդ, հոգիները կրծող ներքին սուլթաններու դէմ:

5  յունիս 2017, Նուազի-լը-Կրան


Viewing all articles
Browse latest Browse all 17079

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>