Quantcast
Channel: Յօդուածներ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 17079

Համազգայինի «Դարձի՛ր գիրքի հեղինակ» Մրցանք. Դատական Կազմը Կը Վկայէ

$
0
0

Համազգայինի «Վահէ Սէթեան» տպարանի եւ հրատարակչատան «Դարձի՛ր գիրքի հեղինակ» մրցանքը շնորհաւորելի նախաձեռնութիւն մըն է  մէկէ աւելի պատճառներով. նախ՝ որովհետեւ մրցանքը կը մղէ մասնակիցները, որ իրենց երեւակայութենէն ծնին ստեղծագործական պատումի կացութիւններ, հոն տեղադրեն մարդկային թէ ազգային արժէքներ, եւ այդ բոլորը ագուցեն մտածուած կառոյցով մը։ Երկրորդ՝ մրցանքը կը քաջալերէ մասնակիցները, որ հայերէնով թէ այլ լեզուներով իրենց ուսած գրական ծանօթութիւնները ի մի բերեն նոր եւ ինքնատիպ պարունակի մը մէջ. երրորդ, եւ ըստ իս՝ ամէնէն կարեւորը, մրցանքը կը ստեղծէ միջավայր մը, ուր մասնակիցները յիշեալ կիրարկումները կը գործադրեն հայերէնո՛վ։ Նման վարժանք մը մասնակիցին հնարաւորութիւն կու տայ ճգնելու, որ արտայայտուի վայելուչ գրաւոր լեզուով մը, լեզու, որ դռները կը բանայ մեր համայնքային կեանքին իր հայերէնով մասնակցութեան, եւ ինչո՞ւ չէ, նաեւ լրագրական-հրապարակագրական ասպարէզը մտնելուն։ Վերջապէս, այս մրցանքը կ՚իրագործէ «Վահէ Սէթեան» տպարանի եւ հրատարակչատան հայ գիրն ու գրականութիւնը տարածելու առաքելութիւնը՝ ի խնդիր հայերէնի ապագայ կենսունակութեան։

ՎԻԳԷՆ ԹԻՒՖԵՆՔՃԵԱՆ
Քանատա

Ժամանակակից աշխարհում գիրքը եւ գրականութիւնը մեծ մարտահրաւէրների առջեւ են մշտապէս: Ուստի շատ կարեւոր է, որ տարբեր նախաձեռնութիւններով կարողանանք նոր սերունդի մէջ վառ պահել սէրը գիրքի եւ ձգտումը՝ գիտելիքի հանդէպ: Բնական է, որ մանաւանդ հայերէնով գիրքն ու գրականութիւնը, այն էլ՝ սփիւռքի մէջ, առաւել մեծ հոգատարութեան կարիք ունին: Ահա այս առումով չափազանց ողջունելի է  Համազգայինի «Վահէ Սէթեան» հրատարակչատան կազմակերպութեամբ, եւ տէր եւ տիկին Յովիկ եւ Մարալ Քիւրքճեաններու հովանաւորութեամբ «Դարձի՛ր գիրքի հեղինակ» ծրագիրը: Լինելով մրցատեանի անդամ՝ կարող եմ փաստել, որ ծրագրին մասնակցած 17 հայ աշակերտների աշխատանքներում նախ եւ առաջ էական էր հայոց լեզուի անաղարտութիւնը, մտքի թռիչքը, արծարծած թեմաները: Զգացւում էր, որ այդ պատանիները դեռեւս կապուած են իրենց արմատներին, առանձնանում են ուրոյն մտածողութեամբ: Ուստի, համոզուած եմ, որ այս ձեռնարկը անպայման շարունակութիւն պիտի ունենայ, աւելի՛ն, ընդգրկի առաւել շատ հայ պատանիների:

ԱՐՔՄԵՆԻԿ ՆԻԿՈՂՈՍԵԱՆ
Հայաստան

Պէտք էր տեսնել լուսաւոր դէմքերը այն աշակերտներուն, որոնք իրենց հեղինակած գիրքերը իրենց ձեռքին կ’ընդունէին շնորհաւորութիւններ՝ գիրք ստորագրելու իրաւունքին տիրանալնուն առիթով։
Պէտք էր տեսնել խոր ու մեծ հպարտութիւնը ծնողներուն եւ ուսուցիչներուն, երբ իրենց զաւակներն ու աշակերտները նստած կը մակագրէին այն գիրքերը, որոնց հեղինակները դառնալու ուրախութիւնը պարգեւուեցաւ անոնց։
Պէտք էր տեսնել գոհունակութիւնը նման նախաձեռնութեան մը ձեռնարկողներուն, բարերարներուն, որեւէ ձեւով ներդրում ունեցողներուն, երբ 4 հայ գիրքերը՝ 4 հայ աշակերտներուն, պատկառելի կերպով կը բազմէին գրատան ցուցափեղկին ետին։
Եւ այս բոլորէն ետք խօսքերը անբաւարար կը դառնան նման նախաձեռնութեան մը կարեւորութիւնը բացատրելու, ըսելու, թէ անիկա որքա՛ն հիմնական դեր ունի աշակերտ-գիրք-գրականութիւն կապի ամրապնդման իմաստով։
Յոյսն ու մաղթանքը՝ նման նախաձեռնութիւններ սովորութեան վերածելու, առաւելագոյն թիւով աշակերտներ ներգրաւելու եւ տպուած գիրքերը բոլորին հասանելի դարձնելու։

ՆՈՐԱ ԲԱՐՍԵՂԵԱՆ
Լիբանան

«Դարձի՛ր գիրքի հեղինակ» նախաձեռնութիւնը ողջունելի է․ յոյսով ենք, որ ան կը դառնայ մատենաշար եւ արեւմտահայերէնով կը հարստացնէ մանկապատանեկան գրականութիւնը։
«Վարսենիկ Շամլեան-Քիւրքճեան» մրցանքին մասնակցողները իւրայատուկ ճիգ թափած էին հետաքրքրական դարձնելու իրենց պատմուածքները՝ որոշ պատգամ մը տալով։
Պատմուածքներուն մէջ կար մտածումի, տրամաբանութեան յաջորդականութիւն, հայերէնը սահուն էր, թէեւ ուսուցիչներուն դրոշմը նկատառելի էր։
Բայց եւ այնպէս, բոլոր գրութիւններուն մէջ յուզական աշխարհը՝ տխրութիւն, ուրախութիւն, զայրոյթ, սէր‚ բառերու արտայայտութեամբ կը պակսէր։ Ընդհանոււր երեւոյթ էր, ստոյգ է, որ այդ մարզին մէջ զգացումներու, յոյզերու մշակումն ու զարգացումը չէին քաջալերուած եւ շեշտը չէր դրուած հարուստ բառամթերքի վրայ․ կարծես այդ մասին գեղեցիկ եւ ինքնուրոյն արտայայտումը արգիլուած ոլորտ էր։
Որպէսզի խօսքը ճիշդ եւ գեղեցիկ, ստեղծագործարար ու արտայայտիչ ըլլայ, պէտք է խրախուսել աշակերտները` գեղարուեստական գրականութիւն կարդալու, հարստացնելու համար իրենց բառապաշարը եւ մշակելու յուզական աշխարհը։
Լաւագոյն աշխատանքը պէտք է գնահատուի։ Յոյսով եմ, որ կը քաջալերուին մեր շատ սիրելի աշակերտները‚ եւ գեղեցիկ գրելու ցանկութիւնը կը դառնայ ինքնաբուխ արտայայտութիւն՝ մտածումի եւ զգացական աշխարհի։

Յաջողութեան մաղթանքներով`
ՍՕՍԷ ՃԻՆՊԱՇԵԱՆ
Լիբանան

 

Ինչպէ՞ս չգնահատել նման գաղափարի մը յղացումը, ծրագրումը, կազմակերպումը եւ իրագործումը։ Մեր աստղազարդ բարենիշը կ՚ուղղենք Համազգայինին, բարերար ընտանիքին, հայկական վարժարաններուն եւ անոնց հայերէնի ուսուցիչներուն եւ‚ վերջապէս‚ մրցոյթին մասնակից բոլոր աշակերտներուն ու անոնց ծնողներուն։ Բոլորն ալ իրենք զիրենք գերազանցեցի` թէ՛ որպէս կազմակերպութիւն, թէ՛ յղացք, թէ՛ ծրագրում եւ թէ՛ իրականացում։ Իր տեսակին մէջ եզակի այս աշխատանքը թող խթան հանդիսանայ նորանոր ծրագիրներու ամէն տեղ‚ ուր հայ կայ։
Մեր բարի ցանկութիւնն է այս «փորձ»-ը տեսնել նաեւ աշխարհի տարբեր լեզուներով։

ՀՐԱՉ ՍԵՓԵԹՃԵԱՆ
Միացեալ Նահանգներ


Viewing all articles
Browse latest Browse all 17079

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>