Դպրոցական տարեշրջանի ընթացքին աշակերտները առիթը կ’ունենան մասնակցելու հայերէնագիտական, ընդհանուրզարգացման, մարզական եւ մշակութային մարզերուն մէջ զանազան մրցումներու: 2015-2016 տարեշրջանին կազմակերպուած «Դարձի՛ր գիրքի հեղինակ» խորագրով այս իւրայատուկ մրցանքը տարբեր եղաւ միւս բոլոր մրցումներէն. աշակերտները պիտի պատրաստէին մանկական գիրք մը եւ պիտի գրէին մանուկներու յատուկ պատմուածք մը, ստեղծէին տիպարներ, երեւակայէին. եւ, ինչո՞ւ չէ, տեղ հասցնէին նաեւ պատգամ մը:
Հետեւաբար այս շատ շինիչ եւ դաստիարակիչ նախաձեռնութիւնը պիտի յայտնաբերէր նոր միտքեր ու տաղանդներ:
Գնահատելի այս աշխատանքը աւարտեցաւ նոյնքան գնահատելի մրցանակներով ՝գիրքերը հրատարակուեցան, եւ պատանիները դարձան հեղինակներ:
Շատ գեղեցիկ եւ յուզիչ էր այն պահը, երբ մրցանակակիրները առաջին անգամ ըլլալով տեսան գիրքի վերածուած իրենց ստեղծագործութիւնները եւ մակագրեցին զանոնք՝ նուիրելով հանրութեան:
Վա՛րձքըկատարբոլորին:ՓԱՈՒԼԱԵՂԻԱՅԵԱՆ
Տնօրէնուհի
Մ. եւՀ. ԱրսլանեանՃեմարանի
Յոյժ գնահատելի է Ձեր հրատարակչատան կատարած ազգանուէր աշխատանքը` ի սէր հայ գիրքին ու գրականութեան, հայերէնը անաղարտ պահելու գործընթացքին մէջ:
Ինքնուրոյն է նաեւ ձեր ներդումը` ի մասնաւորի մեր խնամքին վստահուած մատղաշ աշակերտներուն մէջ ամրապնդելու մեր գրական եւ մշակութային ժառանգութիւնը:
Սերունդներու հայակերտման այս վսեմ աշխատանքին մէջ ուշագրաւ էր եւ գնահատանքի արժանի ձեր աշակերտական վերջին նախաձեռնութիւնը՝ աշակերտը «հեղինակ» դարձնելու միտումը:
Գիրքի հեղինակ դառնալու եւ զայն մակագրելու այս փորձառութիւնը, վստահ եմ, աշակերտնեուն պարգեւեց անհուն հրճուանքի եւ գոհունակութեան զգացում, որ պտուղն է ստեղծագործ մտքի ու գրիչի:
Մեր ցանկութիւնն է, որ անոնց ներաշխարհն ու երեւակայութիւնը թռիչք առնեն, եւ անոնք աւելի խիզախ քայլերով կարենան իրենց դրական ներդրումը ունենալ հայ գրականութեան հարուստ էջերուն մէջ:
Վերանորոգ ուժ եւ կորով կը մաղթենք ձեզի` շարունակելու համար ձեր ազգանուէր աշխատանքը:ՄԱՐԱԼ ՏԷՅԻՐՄԵՆՃԵԱՆ
Տնօրէնուհի
Հայ աւետարանական կեդրոնական բարձրագոյն վարժարանի
Այնքան շնորհակալ եմ. տպաւորութիւններս ալ թերեւս անբացատրելի են բառերով։
Ամբողջովին նոր ու հաճելի զգացողութիւն մըն է, երբ անսպասելիօրէն գրութիւնդ բարձր գնահատանքի կ’արժանանայ:
Կը մաղթեմ, որ գալիք տարիներուն այս մրցանքը աւելի եւս տարածուի դպրոցներուն մէջ, ու մեծ թիւով աշակերտներ խանդավառութեամբ իրենց ներդրումը ունենան հայապահպանման եւ ինչո՞ւ չէ, ապագային՝ հայ գրականութեան մէջ:
Այս մրցանքը կարեւոր փուլ մըն էր ինծի համար, քանի որ նոր շունչ տուաւ հետաքրքրութեանս ու մղեց, որ միշտ ձգտիմ մէկ քայլ առջեւ երթալու ու հայրենիքիս ու հայ ժողովուրդին օգտակար դառնալու, որքան որ կարենամ:
Դարձեալ շնորհակալ եմ դատական կազմին, բոլոր կազմակերպողներուն եւ Համազգայինի «Վահէ Սէթեան» հրատարակչատան:Ժպիտն անպակաս՝
ՄԱՆԷ ՊԱՍՄԱՃԵԱՆ
Իսկական ուրախութիւն պատճառող երեւոյթ մը եղաւ ձեր նախաձեռնութիւնը։ «Դարձի՛ր գիրքի հեղինակ» մրցումին մասնակցութիւնս ինքնին յաջողութիւն մըն էր, որովհետեւ ուրիշ տեսակ հաճոյք մը պարգեւեց ինծի եւ այլ դասընկերներու։ Անիկա տարբեր էր նախանցեալ տարիներէն, որովհետեւ անհատական աշխատանքի բնոյթ կը կրէր, ինչ որ մղիչ ուժ եւ քաջալեր հանդիսացաւ իւրաքանչիւր աշակերտի։
Աշակերտական տարիքին ունենալ սեփական, նկարազարդ եւ տպուած գրքոյկ մը` արդէն երազի մը իրականացումն էր։ Իսկ ամէնէն հետաքրքրականն ու յուզիչը զայն մակագրելու պատեհ առիթի ստեղծումն էր։
Հպարտօրէն եւ համոզուած կ’ըսեմ, որ նման նախաձեռնութիւն եւ յաջողութիւն ժամանակաւոր-նիւթական երեւոյթներ չեն, այլ` ամբողջ կեանքի ընթացքին յիշուող աշխատանք մը, որ արդիւնքն էր գեղեցիկ ապրումներու եւ խանդավառութեան։
Երախտագիտութեան եւ սրտի խօսք՝ նաեւ բարերարներ Յովիկ եւ Մարալ Քիւրքճեաններուն։Բարի՛ երթ։
ԾԱՒԻ ՊԻԼԱԼԵԱՆ
Ես շատ ուրախ եւ հպարտ եմ, որ ինծի այսպիսի առիթ մը ընծայուեցաւ։ Հպարտ զգացի, որովհետեւ դպրոցիս անունը բարձր պահեցի։ Փափաքս է, որ ապագային ուրիշ գիրքեր ալ գրեմ։
Շնորհակալութիւն կը յայտնեմ իմ հայերէնի ուսուցչուհիիս` իր քաջալերանքին համար, ինչպէս նաեւ՝ ընտանիքիս ու բարեկամներուս։
Շնորհակալութիւն նաեւ Համազգայինի «Վահէ Սէթեան» հրատարակչատան կազմակերպած «Դարձի՛ր գիրքի հեղինակ» մրցումին, որ ինծի ու այլ աշակերտներու առիթ տուաւ տաղանդներ բացայայտելու։ՀԵԼԼԵՆԱ ԱՊՈՒՍԵՖԵԱՆ
Ինծի համար այս փորձառութիւնը մեծ քայլ մըն էր. մտքիս ու սրտիս մէջ դրոշմուեցաւ նոր երազ մը, նոր նպատակ մը՝ հեղինակ դառնալ:
Երբ գրեցի «Գէլօն ու Փամփուլը» պատմուածքը, ապրեցայ ամէն մէկ անձնաւորութեան դերը՝ մանկութեան երեւակայութիւններս վերապրելով: Ուզեցի գրել պարզ ու հասկնալի բառամթերքով, միաժամանակ` հետաքրքրական դէպքերով լեցուն պատմութիւն մը, որ պիտի մատնանշէր ու արժեւորէր մարդկային յարաբերութեան մէջ անկեղծ սիրոյ եւ իրարու օգնելու կարեւորութիւնը, որմէ կը բխի ներքին ուրախութեան ու գոհունակութեան զգացումը: Ուզեցի մանուկին մտային աշխարհին մէջ ցանել հունտ մը` կեանքի գեղեցկութենէն եւ դժուարութիւնները յաղթահարելու յոյսն ու խոհեմութիւնը, ի վերջոյ ժպիտ մը` ընթերցող մանուկին դէմքին վրայ:|Խորին շնորհակալութիւններս կը յայտնեմ Համազգայինի «Վահէ Սէթեան» հրատարակչատան եւ «Դարձի՛ր գիրքի հեղինակ» մրցանքը կազմակերպող անձնակազմին, որ ինծի պարգեւեցին այսպիսի գեղեցիկ առիթ մը` իմ մէջս գտնելու պահուըտած ճրագ մը: Երախտագիտութիւնս կը յայտնեմ նաեւ հայերէնի ուսուցչուհիիս եւ նկարչութեան յարգելի ուսուցիչիս, որոնք ժամանակ տրամադրեցին եւ օգտակար դարձան ինծի` յաջողցնելու համար այս քայլը: Յատուկ շնորհակալութիւն տէր եւ տիկին Յովիկ եւ Մարալ Քիւրքճեաններուն, որոնց հովանաւորութեամբ հրատարակուեցաւ իմ գրութիւնս, եւ ես դարձայ հեղինակ: Յաջողութիւն կը մաղթեմ նորանոր հեղինակներու:Ջերմ համբոյրներով՝
ՄԱՐԻԱ ԱՃԵՄԵԱՆ