Quantcast
Channel: Յօդուածներ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 17079

Համազգայինի «Վահէ Սէթեան» Հրատարակչատուն. Չորս Աշակերտներ Դարձան Գիրքի Հեղինակներ. «Վարսենիկ Շամլեան-Քիւրքճեան» Մրցանք

$
0
0

Համազգային «Վահէ Սէթեան» հրատարակչատան գրատարածի տնօրէն Յակոբ Հաւաթեանի խօսքը

Սրբազա՛ն հայր,
Յարգելի՛ հովանաւորներ՝ տէր եւ տիկին Յովիկ եւ Մարալ Քիւրքճեաններ,
Սիրելի՛ տնօրէններ, ուսուցիչներ, ծնողներ եւ աշակերտներ,

Այսօր հաւաքուած ենք ուրախ ու ոգեշնչող առիթով մը: 2016 տարեշրջանին Համազգայինի «Վահէ Սէթեան» հրատարակչատունը կազմակերպեց գիրքի պատրաստութեան միջդպրոցական մրցանք՝ «Դարձի՛ր գիրքի հեղինակ» խորագիրով։ Լիբանանահայ վարժարաններէ 17 աշակերտներ մասնակցեցան այս ձեռնարկին։ Յայտնենք, որ նախորդ տարիներուն գիրքերու պատրաստութիւնը տեղի կ’ունենար խմբային դրութեամբ եւ յատուկ ճշդուած նիւթերով։ Այս տարի որոշեցինք զարկ տալ անհատական կարողութիւններու յայտնաբերման եւ մրցանքի ճամբով քաջալերել նորահաս սերունդը, որպէսզի, ի շարս այլ հետաքրքրութիւններու, ժամանակակից պայմաններու ու արդիականացման թոհուբոհին ու ալեկոծումներուն մէջ նաեւ իր միտքը լարէ եւ իր հետաքրքրութիւնը զարգացնէ այս ուղղութեամբ։

Մրցանքի դատական կազմին մաս կազմեցին` Սօսէ Ճինպաշեան եւ Նորա Բարսեղեան (Լիբանանէն), Վիգէն Թիւֆենքճեան (Քանատայէն), Հրաչ Սեփեթճեան (Միացեալ Նահանգներէն)  եւ Արքմենիկ Նիկողոսեան (Հայաստանէն), իսկ մրցանքին նախապատրաստական աշխատանքներուն իր մասնակցութիւնը բերաւ Հայկազեան համալսարանի դասախօս Շաղիկ Խիւտավերտեան, որ անհրաժեշտ բացատրութիւններ տուաւ մասնակից աշակերտներուն՝ զանոնք մրցանքի նպատակին ծանօթացնելու եւ իրենց աշխատանքի ընթացքին մէջ ճիշդ կողմնորոշելու նկատառումով։

Այսօր ահաւասիկ հասած ենք մրցանակաբաշխութեան փուլ։ Ուրախ ենք յայտնելու, որ այս տարի եւս մեր մրցանքը արժանացաւ համապատասխան քաջալերանքի, եւ այս ծրագիրը հովանաւորեցին տէր եւ տիկին Յովիկ եւ Մարալ Քիւրքճեանները՝ ի յիշատակ իրենց մօր՝ Վարսենիկ Շամլեան-Քիւրքճեանի, որուն յիշատակին անոնք օրին հոգացած էին նաեւ Համազգայինի գրախանութին բարեզարդման բարերարութիւնը։ Առ ի երախտագիտութիւն ու յարգանք մեր բարերարներուն եւ անոնց մօր` մեր նախաձեռնութիւնը անուանեցինք «Վարսենիկ Շամլեան-Քիւրքճեան» գիրքի պատրաստութեան մրցանք։

Տէր եւ տիկին Քիւրքճեաններու մշակութանուէր, կրթանուէր ու ազգանուէր գործը արժանի է խոր յարգանքի: Այս առիթով Համազգայինի «Վահէ Սէթեան» հրատարակչատան տնօրէնութիւնը  կու գայ անգամ մը եւս երախտագիտութիւն յայտնելու Քիւրքճեան ամոլին, որ անցնող 7 տարիներուն ընթացքին միշտ ալ քաջալեր հանդիսացաւ Համազգայինի ծաւալած հրատարակչական եւ գրատարածման ծրագիրներուն, եւ վստահ ենք, որ տեսնելով արդիւնքը, գնահատելով մեր ճիգը եւ կարեւոր նկատելով նորահաս սերունդներու հայեցի դաստիարակութեան կենսական գործը` պիտի շարունակէ իր հետեւողական զօրակցութիւնն ու քաջալերանքը։

Մրցանքին մասնակցած աշակերտները իրենց գրութիւններով՝ պատմուածքներով անգամ մը եւս մեզ դրին նոր խորհրդածութիւններու եւ վկայութիւններու դիմաց, զորս կ’արժէ այստեղ մատնանշել՝ նկատի առած ժամանակակից մեր կեանքին մէջ այդ բոլորին կարեւորութիւնն ու իմաստը։

Ա.- Հայկական վարժարաններու մեր աշակերտները իրենց շօշափած նիւթերով լաւապէս իւրացուցած են այն արժեհա-մակարգը, որ կենսական է ազգի մը նորահաս սերունդներու պատրաստութեան համար։ Անշուշտ անոնք այդ բոլորը խորացնելու համար տակաւին կարիքը ունին իրենց ուսուցիչներու խորհուրդներուն ու ճիգին։

Բ.- Ճիշդ է, որ բոլոր պատմուածքներն ալ աշակերտներու պատանեկան թռիչքներուն, յոյզերուն եւ ապրումներուն արգասիքն են եւ անոնց ստեղծագործական աշխարհի հարազատ արտայայտութիւնը, սակայն նշմարելի է հայ ուսուցիչին ճիգն ու ներդրումը այսպիսի պատրաստուածութեամբ աշակերտներ կազմաւորելու հոլովոյթին մէջ։ Այլ խօսքով, այս նախաձեռնութեան յաջողութեան  առաջին պատիւը կը պատկանի հայ դպրոցին, որուն առաքելութիւնը կը շարունակէ յաւելեալ որակ տալ մեր կեանքին ու մնալ գոյութեան անփոխարինելի կռուանը։

Գ.- Հայ ծնողը անմասն չէ այս իրագործումէն։ Հայ ընտանիքին մէջ առկայ հայկական ջերմ միջավայրը, հայութեան աւանդութիւններուն ու արժէքներուն նկատմամբ հայ ծնողին ցուցաբերած նախանձախնդրութիւնը եւ այդ ճամբով ջամբուող դաստիարակութիւնը խօսուն վկայութիւններ են այս իրագործումին մէջ նաեւ։ Հայ ընտանիքի ջերմութիւնը տիրական է բոլոր գրողներու ներաշխարհին ու ապրումներուն մէջ։

Դ.- Մեր պատանիներուն մէջ քննական միտքն ու հարցերուն լուծում բերելու ճիգը տեսանելի են բոլոր ստեղծագործութիւններուն մէջ, ուր անոնք իրենց պատանեկան տարիքի պատգամներով կու գան տալու կամ աւետելու այն յոյսը, որ սերնդափոխութիւնը եւ այդ ճամբով մեր լեզուի, գրականութեան ու մշակոյթի պահպանումը կը գտնուին իրենց ճիշդ հունին մէջ։

Ե.- Այս նախաձեռնութիւնը լուռ պատգամ մըն է այն ծնողներուն, որոնց զաւակները կը յաճախեն օտար վարժարան եւ զրկուած են մայրենի լեզուով իրենց տաղանդը, երազներն ու թռիչքները արտայայտելու հայավայել ու հայադրոշմ հաճոյքէն։ Մե՛ղք‚ որ անոնք նոյնիսկ ի վիճակի չեն իրենց տարեկից հայ աշակերտներուն ստեղծագործութիւնները կարդալու ու նոյնանալու անոնց ազգային եւ համամարդկային ապրումներուն։ Թող որ այս նախաձեռնութիւնը թակէ իր զաւակը օտար վարժարան ուղղող  հայ ծնողին խիղճին ու հոգիին դուռը, որպէսզի ան վերադարձնէ իր հոգեհատորը հարազատ օճախ, որպէսզի անիկա հայկական զուլալ աղբիւրէն ըմպէ իր հայկական ջուրը եւ հայկականութեամբ ոռոգէ իր նկարագիրն ու հոգին։

Զ.- Իբրեւ պատասխանատուներ՝ տաղանդներու յայտնաբերումը մեր բոլորին առաջադրանքը պէտք է հանդիսանայ։ Տաղանդներու յայտնաբերումը կը հարստացնէ մեր հաւաքական կեանքը եւ զայն կ’օժտէ ապագայատեսիլ յղացքներով ու կ’երաշխաւորէ հայ հանճարի ճառագայթումի շարունակականութիւնը, որ երթն է դարերէն եկող ու դէպի նոր պատմութիւն ընթացող ինքնավստահ ժողովուրդի մը, որ պիտի շարունակէ տոկա՛լ, ապրի՛լ ու բարգաւաճի՛լ։ Այս բոլոր խորհրդածութիւններն են, որոնք այս առիթով ինքնաբերաբար լուսարձակի տակ կը բերուին:

Ահաւասիկ այս խորհրդածութիւններն ու մարտահրաւէրներն են, որոնք Համազգայինի «Վահէ Սէթեան» հրատարակչատան այս համեստ նախաձեռնութեամբ կը կենսաւորուին եւ մեր տաղանդաւոր աշակերտներուն ճամբով կը ժողովրդականանան՝ դառնալով մեր կեանքին մէջ ապրող եւ ապրեցնող պատգամներ, որոնց կարիքը օրէ օր քիչ մը աւելիով կը զգանք եւ անոնց անհրաժեշտութեան օրէ օր քիչ մը աւելիով անդրադառնալու պարտաւորութեան տակ կը գտնուինք։

Մրցանակակիր աշակերտներուն, որոնք իբրեւ մրցանակ, կ’արժանանան Համազգայինի կողմէ իրենց պատմուածքներու հրատարակութեան՝ դառնալով պատանի գրագէտներ եւ պատւով ու արժանաւորապէս կը մակագրեն իրենց գիրքերը եւ կը հաւաստիացնեն, որ իրենք ու իրենց սերնդակիցները արթուն պահապանն են մեր մայրենիին, մեր հայկականութեան եւ յոյսն ու ապաւէնը`  հայութեան գոյերթին։

Դատական կազմը գնահատած է բաւական մեծ թիւով գիրքեր, սակայն այսօր վերջ ի վերջոյ նիշերն են, որոնք կը ճշդեն մրցանակակիր չորս գիրքերը։

Այս առիթով շուտով կը յայտարարենք 2017-2018 տարեշրջանի գիրքի պատրաստութեան պայմանները եւ վստահ ենք, որ աւելի մեծ թիւով աշակերտներ, խանդավառուած այս մթնոլորտէն, մասնակից պիտի դառնան մրցանքին։

Յայտնենք, որ իւրաքանչիւր պատմուածքէ հրատարակուած է 1250 օրինակ, եւ այս բոլոր գրքոյկներուն հրատարակութեան մեկենասութիւնը ստանձնած են տէր եւ տիկին Յովիկ եւ Մարալ Քիւրքճեանները։ Համազգայինի հրատարակչատան գրապահեստը այսօր կ’օժտուի 5000 թիւ հաշուող գրքոյկներով, որոնք վստահաբար գրատարածին ճամբով պիտի հասնին ո՛չ միայն Լիբանանի մեր ընթերցողներուն, այլեւ` սփիւռքի բոլոր գաղութները։ Գիրքեր, որոնք կը հետաքրքրեն բոլոր տարիքի ընթերցողները։


Viewing all articles
Browse latest Browse all 17079

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>