ԵՍԱՅԻ ՀԱՒԱԹԵԱՆ
«Ազդակ»-էն իմացայ այս թատերախաղին մասին:
«Այնճարի խնձորի բուրմունքին եւ այնճարցիներուն մասին է այս թատերախաղը», լսեցի ծանօթներէս:
Հետաքրքրութիւնս աճեցաւ եւ ուզեցի անպայման տեսնել այս ներկայացումը:
Անկեղծօրէն քիչ մը ալ զարմանալի կը թուէր ինծի թէ՛ նիւթը, թէ՛ նաեւ «եապանճի» բեմադրիչին համարձակութիւնը` բեմ բարձրացնելու երկրի սահմանին վրայ գոյատեւող Մուսա Լերան փոքրաթիւ հայութեան կեանքը, որ մայրաքաղաքէն հեռու ըլլալով` 78 տարիներէ ի վեր կը շարունակէ ապրիլ լուսանցքին վրայ, աչքէ հեռու:
Բեմադրիչը Այնճարի բնակիչներէն չէր եւ ինչպէ՞ս կրնար հարազատօրէն ներկայացնել այնճարցիներուն կեանքը:
Ներկայացումէն առաջ, ըստ ընկալեալ սովորութեան, սրահի մուտքին մեզի տրամադրեցին փոքր պրոշիւր մը, որ ծանուցումներու կողքին` մէկ էջի մէջ կը ներկայացնէր բեմադրիչին խօսքը:
Պատկերաւոր, բանաստեղծական, դիպուկ եւ տպաւորիչ տողերու մէջ բեմադրիչը կը փորձէր ներկայացնել դժուար հասկնալի այնճարցին:
Կային շատ տեղին բնորոշումներ` բեմադրիչ Վաչէ Ատրունիի խօսքին մէջ:
«Սարալանջին բուսած ձնծաղիկ է Այնճարը», «Այնճարցին… լեռի մարդ, լերան յենած, լեռին փաթթուած, լեռով շնչող ու ապրող… բայց ցիրուցան, ամէնուրեք, կորսուած երազ մը փնտռող թռչուն»: «Հող մշակող գրագէտ մը եւ գրականութիւն արարող համեստ հողագործ մը»: «Սակայն այս բոլորէն անդին, այս բոլորէն առաջ` Այնճարը… պապուկ այնճարցին է: Հողի մարդ, հողով ապրող մարդ, իր հողը կորսնցուցած հողատէր»:
Այս բոլորը ընդունելի բնորոշումներ էին եւ` իրականութեան համապատասխանող: Այո՛, կան այնճարցիներ, որոնք իրենց հողը ծախած են, այո՛ այնճարցիները ցիրուցան եղած են: Թերեւս կարելի էր ընդունիլ նաեւ, որ Այնճարը «անյայտի ու մշուշի մէջ լողացող տապան մըն է», եթէ նկատի ունենանք ամբողջ տարածաշրջանի խառնակ եւ անկայուն իրավիճակը:
Սակայն, ինչ որ չեմ կրնար հասկնալ եւ չեմ կրնար ընդունիլ, «Այնճարի …անանցեալ եւ անապագայ գոյական մը» ըլլալու բնորոշումն է: Աստուա՜ծ իմ, ինչո՞ւ անապագայ կեանք մը կ՛ապրինք… Ինչո՞ւ անորոշութեան մէջ լողացող տապան մը կը տեսնէր մեր արծուաբոյնը այս «եապանճի բեմադրիչը»: Ի՞նչ կորսուած երազ կը փնտռէր այնճարցին…
Դարձեալ կը կարդամ բեմադրիչին խօսքը:
Ճշգրիտ է բեմադրիչը, երբ կ՛ըսէ. «Այնճարցին… քառասուն անգամ, քառասուն տարի պայքարող, կտոր մը ժայռի համար մարտնչող» է եւ «տունդարձի յոյս մը կը փայփայէ` հաւատալով հրաշքին»:
Իր խօսքի վերջաւորութեան բեմադրիչը կը յայտնէ, թէ` «բոլորս ալ լերան բարձունքէն աշխարհը դիտող, բարի ու մոլորուած հեքիաթասացներ ենք: Ուրեմն կար ու չկար, պապուկ մը կար…»:
Այս մտածումներուն մէջ էի, երբ թատերախաղը սկսաւ ազդու ընթերցումովը բեմադրիչին խօսքով:
Հաւանաբար բեմադրիչին ձայնն էր, որ մելամաղձոտ կերպով կը սկսէր ներկաները փոխադրել Այնճար եւ պաստառը բանալ այնճարցիներու կեանքի ելեւէջներուն վրայ… Երկու արարով բեմադրիչ Վաչէ Ատրունի կը ներկայացնէր իր գրած թատերախաղը, իր բեմայարդարումով եւ խումբ մը կամաւոր դերասաններու կատարողութեամբ:
Դէպքերը տեղի կ՛ունենային այնճարցի ընտանիքի մը յարկին տակ:
Բեմին տիրապետող կերպարը այնճարցի պապուկն էր (Տիրան Սարգիսեան)` հողին կառչած, աւանդապահ, հայրենասէր, աշխատասէր, անկեղծ, բայց ոչ միամիտ հայորդին, զոր Վաչէ Ատրունին կրցած էր շատ հարազատօրէն ներկայացնել: Պապուկի կողքին, կային իր երկու տղաքը, որոնցմէ մէկը քաղաք մեկնած (Գէորգ` Զոհրապ Նալպանտեան) եւ պարտքերու տակ խեղդուած է` հայր մէկ մանչի, մինչ երկրորդը պարտէզներուն մէջ աշխատող (Աւետիս` Գէորգ Նալպանտեան), բայց` անզաւակ:
Վարագոյրը կը բացուի այս ընտանիքին վրայ: Քաղաք բնակող տղան կ՛ուզէ իր հօր պարտէզը ծախել տալ, որպէսզի պարտքերը փակէ եւ Հայաստան մեկնի, մինչ Այնճար բնակող տղան կ՛ուզէ պարտէզին տիրանալ եւ կը ծրագրէ Ամերիկա գաղթել: Պապուկին միակ թոռնիկը (Վրէժ` Հրակ Մկրտիչեան) սիրահարած է Նաուալին (Սթեֆանի Ղուկասեան), որ «կէս» հայ է, սակայն իր ծնողները համաձայն չեն այս կարգադրութեան: Քաղաք ապրող տղուն ծառայասէր եւ նուիրուած հարսը (Սեդա` Պեթի Սարգիսեան) կը փորձէ առաջքը առնել ընտանեկան լարուած վէճերուն, սակայն չի յաջողիր:
Թատերախաղին մէջ բեմադրիչը վարպետօրէն բեմ բարձրացուցած է բազմաթիւ հարցեր` հողին կապուած ծնողներու եւ հողը ծախող զաւակներու բախումը, թոռնիկներու տեղական կեանքին համարկուելու իրողութիւնը, նոր սերունդին ազատ կենցաղը, աժան հայրենասիրութիւնը, նիւթականի տիրապետութիւնը մարդկային յարաբերութեանց մէջ…
Տպաւորիչ էր ներկայացումը: Ես անշուշտ թատերական քննադատ չեմ եւ իրաւունք չունիմ մասնագիտական գնահատական տալու թատերախաղին մասին, սակայն կրնամ վկայել, որ բեմադրիչ Վաչէ Ատրունին յաջողեցաւ հանդիսականները լարուած պահել թատերախաղի ամբողջ տեւողութեան` ներկայացնելով այժմէական նիւթ մը շատ հարազատօրէն, որուն համար արժանի է բարձր գնահատանքի: Չմոռնանք նաեւ, որ բեմադրիչը բեմ բարձրացուցած է իր հեղինակած թատերախաղը, որ աւելիով կը հաստատէ բեմադրիչին յաջողութիւնը:
Շնորհակալութիւն Վաչէ Ատրունիին` այս թատերախաղը գրելու եւ բեմադրելու համար:
23 մայիս 2017
Մուսա Լեռ-Այնճար