Quantcast
Channel: Յօդուածներ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 17090

Մեր Ընթերցողները Կը Գրեն. Հայ Գիրքին Հոգեվարքը

$
0
0

ՅԱՐՈՒԹ ՃԵՆԱՆԵԱՆ

Այլաբանական իմաստ պարունակող այս վերնագիրը չափազանցութիւն չէ, երբ կը տեսնենք ու ամէնօրեայ կերպով կը հանդիպինք այդ երեւոյթին` հաստատելով, որ դժբախտաբար հայ նոր սերունդը տակաւ կը հեռանայ հայերէն գիրքերու ընթերցումէն, չըսելու համար` արհամարհանքի հասնող վերաբերում կը ցուցաբերէ անոր նկատմամբ, մանաւանդ երբ իրապէս եւ գործնականօրէն ընտանիքներ իրենց գրադարաններուն մէջ հայերէն գիրքերու գոյութիւնը բեռ կը նկատեն: Արդարեւ, եթէ անոնք չգտնեն կառոյց մը կամ անձ մը, որուն կրնան նուիրել իրենց կտակուած գիրքերը, զանոնք փողոցը` աղբանոցներուն մէջ կը թափեն, եւ ցաւ ի սիրտ, ականատես եղած ենք այնպիսի դէպքերու, երբ այդ գիրքերուն մէջ կը վխտան նաեւ կրօնական նիւթեր եւ նկարներ, զորս այդպիսի վիճակի ենթարկելով` հայը կու տայ նաեւ անհաւատ կամ ապաքրիստոնեայ դարձած ըլլալու փաստ մըն ալ:

Ահաւասիկ այսպէս ընթացք կ՛առնէ հայ գիրքի «ցեղասպանութիւնը», այդ ալ, դժբախտաբար, հայ մարդու իսկ ձեռքով, որքա՜ն տխուր երեւոյթ: Արդեօք կարելի՞ է դիտել տեղի ունեցածը առանց հոգեկան տուայտանքի եւ եղածին մէջ նկատել ազգային ջիղի տրորումը: Ո՞ւր մնաց սփիւռքի մէջ հարիւրամեակէ մը ի վեր տարուող հայապահպանման պայքարը, որուն յենարաններէն մեծագոյնն է հայոց լեզուն եւ հայ գիրքը: Հապա ինչո՞ւ համար Տէր Զօրի դաժան անապատներէն հայ մայրերը իրենց հետ փախցուցին հայերէնով գրուած աւետարանները եւ թանկագին գիրքերը, նոյն ատեն արեւակէզ աւազին վրայ իրենց մանուկներուն սորվեցուցին այբուբենը… այս օրերուն հասնելո՞ւ համար, անոնք այդ բոլորը ըրին, որպէսզի այսօր բարեկեցիկ պայմաններու մէջ ապրող հայ ուսանողը եւ երիտասարդը կռնա՞կ դարձնեն մեր սրբազան աւանդներուն` նախընտրելով կարդալ իրենց ուզած նիւթերը` օտար լեզուներով, կամ` համացանցի գիտելիքներէն օգտուիլ: Փակագիծ մը բանալով` նշենք, որ համացանցի աշխարհն ալ ունի իր մեծ վնասները, մանաւանդ կողմնակի եւ անտեղի գործածութեան պարագային, ընդունելով հանդերձ շատ մը իրական բարիքներ, սակայն անիկա չի նշանակեր անտեսել մեր ոսկեղինիկը, որ երբ նահանջէ այս ձեւով եւ ընթացքով, ոտնակոխած կ՛ըլլանք մեր հազարամեայ արժէքները, ջանքերը, զոհողութիւնները եւ կտրել մեզ մեր արմատներէն:

Ուրեմն, որո՞ւ համար են տարեկան դրութեամբ կազմակերպուող հայ գիրքի ցուցահանդէսները, գուրգուրանքով եւ հոգածութեամբ` աչքի բիբի պէս Էջմիածինի, Անթիլիասի, Երուսաղէմի մէջ եւ այլ տեղեր պահուող հնամեայ գիրքերու մատենադարանները, միթէ հասնելու համար այս վիճակներո՞ւն, եւ չենք գիտեր տակաւին` դէպի ո՛ւր…

Վստահ ենք, որ ամէն տեղ ազատարարներ պատրաստ են հայ գիրքը իր հոգեվարքէն փրկելու, սակայն սպասենք եւ յուսանք, որ սպաննիչ մանրէն անոնցմէ զօրաւոր դուրս չգայ` իր վերջին շունչը չփչած:

 

 


Viewing all articles
Browse latest Browse all 17090

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>