Պատրաստեց՝ ՆԱՐԷ ԳԱԼԵՄՔԷՐԵԱՆ
Համացանցի Մէջ Յայտնուած Է «Կալաքսի Նոթ 8»-ի Նկարը
Համացանցին մէջ հրապարակուած է հարաւքորէական «Սամսունկ» ընկերութեան ապագայ սմարթֆոնի` «Կալաքսի նոթ 8»-ի ենթադրեալ նկարը, որուն մէջ պատկերուած սարքը ներկայացուած կապոյտ գոյնով:
Լուսանկարը կրկին կը հաստատէ տարաձայնութիւնները այն մասին, որ սմարթֆոնի «ԹաչԱյՏի»-ն տեղադրուած կ՛ըլլայ ոչ թէ ետեւի երեսին, ինչպէս «Կալաքսի էս7»-ի պարագային, այլ դիմացի երեսին` տիսփլէյի տակ:
Կը սպասուի, որ նորոյթը ներկայացուի օգոստոսին կամ սեպտեմբերին: Նոյնպէս կ՛ենթադրուի, որ սարքը կ՛ունենայ «4ՔԱ սիւփըր ԱՄՈԼԵՏ» պաստառ:
Կը նշուի, որ «Կալաքսի նոթ 8»-ը կը ստեղծուի «Սնափտրաքոն 835» կամ «Էքսինոս 9»-ի հիման վրայ եւ կ՛ունենայ մինչեւ 256 ճեկապայթ ներկառուցուած յիշողութիւն:
Եուքոմ-ի Վաճառքի Եւ Սպասարկման Կեդրոններուն Մէջ Ելեկտրոնային Գրիչներ
Այսուհետեւ Եուքոմ ընկերութեան վաճառքի եւ սպասարկման կեդրոններուն մէջ տեղադրուած ելեկտրոնային գրիչներուն շնորհիւ կ՛արագանայ եւ կը թեթեւնայ բաժանորդներու սպասարկման հոլովոյթը:
«Իբրեւ պատասխանատու ընկերութիւն` «Եուքոմ»-ը կը կարեւորէ ոչ միայն մեր բաժանորդներու ժամանակը, այլեւ` բնութիւնը: Ելեկտրոնային գրիչի կիրարկման շնորհիւ` կը կրճատուին սպասարկման սրահին մէջ խճողումները, հերթերը, փաստաթուղթը ստորագրելու ատեն` չտպել ատիկա, խնայել թուղթ եւ պատասխանատուութեամբ վերաբերիլ շրջակայ միջավայրին, բնութեան, ծառերուն: Այս գրիչով ստորագրուած փաստաթուղթին բնօրինակը կ՛ուղարկուի բաժանորդին կողմէ նշուած ելեկտրոնային փոստի հասցէին, եւ այդ միջոցով, անհրաժեշտութեան պարագային, անիկա միշտ մատչելի կ՛ըլլայ», կը բացատրէ «Եուքոմ» ընկերութեան վաճառքի տնօրէն Կարէն Շաբոյեանը:
Բաժանորդագրութեան հոլովոյթին կապուած փաստաթուղթերը կազմելու եւ ստորագրելու համար գրիչի եւ թուղթի օգտագործումը, իսկ ապա նոյնպէս անոնց բնօրինակներու թղթային տարբերակներու արխիւացումը եղած է եւ կը շարունակէ մնալ մեծ միջոցներ պահանջող հոլովոյթ:
Ահաւասիկ թէ ինչո՛ւ ելեկտրոնային գրիչի լուծումը շահաւէտ է թէ՛ բաժանորդներուն եւ թէ՛ ընկերութեան համար: Այսպիսով, բաժանորդները կրնան ստորագրել բաժանորդագրութեան հոլովոյթին կապուած որեւէ փաստաթուղթ այնպէս, ինչպէս կը ստորագրէին փաստաթուղթի թղթային տարբերակը, եւ ապա փաստաթուղթը առանց տպելու պահպանել իրենց անձնական ելեկտրոնային փոստարկղին մէջ: Իսկ ընկերութեան համար տուեալ լուծումը թոյլ կու տայ վարել ելեկտրոնային փաստաթղթերու արխիւը, խնայելու միջոցներ եւ աւելի արագ իրականացնելու բաժանորդներուն սպասարկումը:
Մինչեւ այս ամսուան վերջը ելեկտրոնային գրիչները մատչելի կը դառնան Եուքոմ-ի բոլոր մասնաճիւղերուն, որուն շարքին` հեռաւոր շրջաններու սպասարկման կեդրոններուն մէջ:
Յառաջադէմ Սմարթֆոններու Նոր Մրցակիցը Ցուցադրուած` Համացանցի Մէջ
«ՈւանՓլաս» ընկերութիւնը իր թուիթըրեան էջին մէջ հրապարակած է ապագայ «ՈւանՓլաս 5» սմարթֆոնի առաջին պաշտօնական նկարը, ուր պատկերուած է սարքին ետեւի կողմը, որ կը բացայայտէ ակներեւ նմանութիւնը «ԱյՖոն 7»-ին:
Նկարին մէջ նկատելի է չինական սմարթֆոնի կրկնակի տեսախցիկը, նոյնպէս` ալեհաւաքի կերպընկալէ միացումները:
Կ՛ակնկալուի, որ սմարթֆոնը կը հրապարակուի «Սնափտրակոն 835» առաջատար սարքով: Գործողութիւններու յիշողութեան համար կ՛ենթադրուի, որ սմարթֆոնը 8 ճեկապայթ յիշողութիւն կ՛ունենայ ի տարբերութիւն այլ առաջադէմ սմարթֆոններու, որոնք ունին միայն 4-6 ճեկապայթ հզօրութիւն:
«Ֆերարի 488»-ի Նոր Մրցակի՞ց
«Ասթոն Մարթին» ընկերութիւնը կը նախատեսէ 2020 թուականին հրապարակ հանել նոր միջին շարժիչով գերինքնաշարժ մը, որ կրնայ մրցակցիլ «Ֆերարի 488»-ին հետ:
Ընկերութիւնը յառաջիկայ 7 տարուան մէջ կը պատրաստուի 7 նորոյթ ներկայացնել: «2019-ին մենք կը ներկայացնենք Տի. Պի. Էքս.-ը, իսկ տարի մը ետք կը ներկայացնենք գերինքնաշարժը, որ կարելի կ՛ըլլայ կոչել «Ֆերարի 488»-ի մրցակից: Ընկերութիւնը ապա կ՛ունենայ «Լակոնտա 1» եւ «Լակոնտա 2» տիպերը: Իւրաքանչիւրին կեանքի տեւողութիւնը կ՛ըլլայ 7 տարի: Այսպիսով, 2023 թուականին կարելի կ՛ըլլայ սպասել Տի.Պի. 12-ին»:
Էջմիածնի Եկեղեցին Երկինքէն Ուժանիւթ Կը Ստանայ
Յուլիսի կէսերուն Էջմիածնի մէջ Հայ առաքելական եկեղեցւոյ «Գարեգին Ա.» կրթական կեդրոնին մէջ կը բացուի արեւային ջրատաքացուցիչներու համալիրը` սեփական կարիքներու համար: Այս մասին ըսաւ Հայաստանի Հանրապետութեան ուժանիւթային ենթակառոյցներու փոխնախարար Հայկ Յարութիւնեանը, «ՏիճիԹեք» առեւտրական համաժողովին ընթացքին:
Սարքի գնման եւ տեղադրման ծախսերը կը հոգայ բարերար մը:
«Մենք միշտ հաղորդակցութեան մէջ ենք Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի հետ: Աշխատանքներուն նոյնպէս ծանօթ է նախարարը: Անոնք ուժանիւթի սպառման շատ մեծ պահանջ ունին, այդ պատճառով սարքը անոնց շատ կ՛օգնէ», յայտարարեց Յարութիւնեանը:
Քիչ մը աւելի ուշ նոյնպէս կը տրամադրուի արեւային այլ ելեկտրական համակարգ մը: Անիկա պիտի տեղադրուի Սուրբ Գայեանէ եկեղեցւոյ շրջակայքին մէջ:
Չէք Կրնար Գինով Վիճակով Աւելորդ Գումար Ծախսել
Մասնագէտները ստեղծած են սմարթֆոնի համար նախատեսուած նոր յաւելուած, որ 12 ժամով կ՛արգելակէ օգտագործողին քրետիթ քարտը, եթէ կը նկատէ, որ ան չափէն շատ ոգելից խմիչք օգտագործած է եւ կրնայ գումարը աննպատակ ծախսել:
Խօսքը «ՏրինքՓէյ» յաւելուածի մասին է, որ ստեղծուած է բրիտանական «այՊի ԹՍԷ» խորհրդատու ընկերութեան կողմէ:
Նախքան յաւելուածը ստեղծելը` մասնագէտները ուսումնասիրած են համապատասխան հետազօտութեան արդիւնքները, ըստ որոնց, հարցուած բրիտանացիներուն մեծ մասը խոստովանած է, որ ոգելից ըմպելիի ազդեցութեան տակ գտնուելու ժամանակ գնումներ կ՛ընէ, բայց սթափելուն պէս կ՛ափսոսայ ատոր համար:
Յաւելուածը կը գործէ համապատասխան ալքոլի ստուգումներու օգնութեամբ: Ուղղակի անհրաժեշտ է ոգելից խմիչք օգտագործելէ ետք արտաշնչել ալքոլի ստուգումներու սարքերուն վրայ: Եթէ սարքը որոշէ, որ մարդը շատ խմած է, համապատասխան տեղեկութիւն կ՛ուղարկէ յաւելուածին, որ 12 ժամով կ՛արգելափակէ քրետիթ քարտը:
Սակայն անոնք, որոնք չեն ուզեր այդ սարքը իրենց հետ պտտցնել, կրնան օգտուիլ թեւնոցի տեսքով այլընտրանքային պիոսենսըրէն, որ անընդհատ կը ստուգէ զայն կրողին արեան մէջ ալքոլի քանակը:
«ՏրինքՓէյ»-ի աշխատանքի համար անհրաժեշտ է, որ օգտագործողը քրետիթ քարտը միացնէ յաւելուածին: Օգտագործողը եթէ ուզէ, կրնայ նշել, թէ որքան խմիչք օգտագործելէ ետք յաւելուածը պէտք է արգելակէ իր քարտը:
«Էփըլ» Նոր «իՕՍ» Ներկայացուց
«ԷՓԸԼ» ընկերութիւնը վերջերս ներկայացուց գործողութիւններու նոր համակարգ, բջջային սարքերու համար` «իOՍ 11»:
Նոր կարելիութիւններ, մասնաւորապէս, կարելի է իրականացնել «Էփըլ փէյ»-ի օգնութեամբ` «իՄեսէյճ» յաւելուածով: Սիրի ձայնային օգնականը կրնայ թարգմանել հարցումները այլ լեզուներով, օրինակ` ֆրանսերէն, սպաներէն եւ չինարէն: Բացի ատկէ, Սիրին սորված է կարդալ պաստառին գրութիւնը եւ ձայնաւորել ատիկա:
Ընկերութեան ներկայացուցիչները կը հաստատեն, որ շնորհիւ աւելի արդիւնաւէտ դասաւորումներու` նկարներն ու տեսանիւթերը աւելի նուազ տեղ կը գրաւեն սարքերուն մէջ:
Ըստ հրապարակուած տուեալներու, ընկերութիւնը նոյնպէս վերամշակած է «Էփ սթոր»-ը: Կարեւոր լրացումներու շարքին կը նշուի նոյնպէս «իՕՍ 11»-ին մէջ ներկառուցուած հարթակը` աւելացուած իրականութեան համար, որ կրնան օգտագործել կողմնակի մշակողները:
«Կալաքսի Ա3»-ը Թարմացած Համակարգ Կը Ստանայ
«Սամսունկ» ընկերութիւնը ներկայացուց անցեալ տարի հրապարակուած «Կալաքսի Ա3» սմարթֆոնին նոր տարբերակը: Սարքըը Անտրոյտ 7.0 Նուկաթ թարմ գործողութեան համակարգ ստացած է:
Ներկայիս այս համակարգը մինչեւ «Անտրոյտ 7.0 նուկաթ» թարմացնելու կարելիութիւն ստացած են Գերմանիոյ եւ Հունգարիոյ բնակիչները: Թարմացումը մատչելի է անվճար: Թարմացումներու ծրարը մէկ ճեկապայթէն քիչ մը նուազ է, սակայն նոր համակարգով սմարթֆոնի տէրերուն համար զգալի փոփոխութիւններ կ՛ըլլան: Արտաքին տեսքի որոշ փոփոխութիւններէն բացի, կը բարելաւուի անվտանգութեան համակարգը, նոյնպէս` սարքի աշխատանքի արագութիւնը:
«Ալֆապեթ»-ը Մարդամեքենաներ Արտադրող «Պոսթըն Տայնամիքս»-ը Վաճառեց
«Ալֆապեթ» ընկերութիւնը, որուն կը պատկանի նոյնպէս «Կուկըլ»-ը, մարդամեքենաներու արտադրութեամբ զբաղող «Պոսթոն տայնամիքս» ընկերութիւնը վաճառեց ճափոնական ՍոֆթՊանք-ին:
Վաճառքի փաստը հաստատած են ե՛ւ «Սոֆթպանք»-ը, ե՛ւ «Պոսթոն տայնամիքս»-ը, սակայն չեն բացայայտած գործարքի արժէքն ու համաձայնագիրի այլ մանրամասնութիւններ:
Միաժամանակ, «Սոֆթպանք»-ը «Ալֆապեթ»-էն գնած է ճափոնական «ՍՉԱՖԹ» մարդամեքենայ արտադրողը, որ ընկերութեան կը պատկանէր 2013 թուականէն:
Սոֆիա Անունով Մարդամեքենան Խօսած Է Ապագայի Մասին
Վերջերս Ժընեւի մէջ արհեստական իմացութեան յատկացուած խորհրդաժողովին ընթացքին, մարդու տեսք ունեցող Սոֆիա անունով մարդամեքենան եւս խօսք առած է:
Ան յայտարարած է, որ չէր ուզեր մարդիկ փոխարինել: Սոֆիա ներկայացուցած է ապագայի մասին իր պատկերացումները եւ` պատմած, թէ ինչպիսի՛ յարաբերութիւններու մէջ կրնան ըլլալ մարդիկ եւ մարդամեքենաները:
Ըստ անոր, արհեստական իմացութիւնը օգտակար կ՛ըլլայ աշխարհի համար եւ կ՛օգնէ մարդոց` զանազան ասպարէզներու մէջ: Ան աւելցուցած է, որ մարդամեքենաները երբեք չեն փոխարիներ մարդիկ, բայց կրնան դառնալ անոնց «ընկերներն ու օգնականները»:
Սոֆիա կրնայ աւելի քան 60 զգացական իրավիճակ արտայայտել: Անոր աչքերուն մէջ տեսախցիկներ կան զրուցակիցին հետ տեսողական հաղորդակցութիւն հաստատելու համար: Կը նշուի, որ մարդամեքենան ստեղծելու ատեն մասնագէտները ներշնչուած են բրիտանացի դերասանուհի Օտրի Հեփպըրնի կերպարով:
Օգտագործուած կայքեր`
Ռիքոտ, Վըրճ, Օթոնիւզ, թերթ էյ.էմ.,
Վլատթայմ, Նիւզ էյ. էմ., Օտիթի Սենթրըլ