Quantcast
Channel: Յօդուածներ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 17079

Սանդուխտ Խանըմի Դագաղին Առջեւ Անգլերէն Դամբանական

$
0
0

ՄԱԿԱՐ ի Գաղղիա

Արմենակ անհանգստանալու պատճառ եւ պատրուակ միշտ կը գտնէ: Զարտուղութիւններու կողքով կ’անցնինք եւ չենք տեսներ: Ինք կը տեսնէ:

Ապրիլի արեւոտ կիրակի էր: Էլպիս եւ Արմենակ նոր վերադարձած էին Հրեշտակներու քաղաքէն: Էլպիսի հարիւրամեայ հօրաքրոջ թաղման գացեր էին:

Նստանք թզենիի հուլունի պէս պտուղներով զարդարուած անտերեւ շուքին: Կեռասենիի թիթեռի պէս թռչկոտող սպիտակ ծաղիկներուն գարունն էր:

Տասնեակ նախագահական թեկնածուներու մասին խօսելէ ետք Արմենակ պատմեց մեր «ածու»-ին մէջ իրեն կրկին հանդիպած ցաւոտ երեւոյթի մը մասին:

– Գերեզմանատան մատրան մէջ դրուած էր Էլպիսի  հանգչած հարիւրամեայ հօրաքրոջ` Սանդուխտ խանըմի դագաղը: Յուզում չկար: Եկած էին հասակակից հայրենակիցներ: Աղօթքէ եւ խունկէ ետք քահանան հայերէն դամբանականի պէս բաներ մը ըսաւ եւ շարունակեց Արեւելքէն նոր այդ ափերը եկածի անգլերէնով: Չորս կողմս նայեցայ: Ներկաներուն մէջ հայերէն չհասկցողի գլուխով մարդ չկար:

– Արմենա՛կ, հոն Ամերիկա է, Աստուծոյ հետ անգլերէն պէտք է խօսիլ, հոս` ֆրանսերէն, այլ տեղ` արաբերէն, թրքերէն, ռուսերէն: Քաղաքացիական պարտք է դրախտի դուռը բանալ տեղական լեզուով:

– Աստուած ի՞նչ գործ ունի լեզուի հետ: Հոգեճաշի ժամանակ հարցուցի քահանային, որ ինչո՞ւ անգլերէն խօսեցաւ: Ըսաւ, որ հայերէն չհասկցողներ եւ օտարներ կրնային ըլլալ: Ըսի, տէ՛ր հայր, ներկաներուն մէջ կրնային հայերէն չհասկցողներ ըլլալ, ճիշդ է, բայց անոնք անգլերէն ալ չէին գիտեր, աւելի լաւ էր թրքերէն խօսիլ: Ակներեւ կերպով դժգոհ տէրտէրը չշարունակեց զրոյցը եւ ուրիշ սեղան մը գնաց: Կողքիս նստած Էլպիսի` բանկալը նստող ազգական Համբարը ըսաւ, որ քահանաները հազիւ հասած` անգլերէն քարոզ ալ կու տան ցոյց տալու համար, որ արդիական են եւ գործին յարմար: Անոնց կոտրած-թափած անգլերէնին հիացողներ ալ կան:

– Արմենա՛կ, պահպանողական ես` ի՞նչ պահպանելու համար: Այդ տէրտէրը ծաղրանկարն է մեծերու, որոնց «բերնին ջուրերը կը վազեն», երբ որպէս գովեստ ասոր կամ անոր հասցէին կ’ըսեն, թէ անգլերէնը, ֆրանսերէնը, արաբերէնը, սպաներէնը, զուլուերէնը բնիկներէն լաւ կը խօսի:

– Ճիշդ ես, Մակա՛ր: Աշխարհի բոլոր լեզուներով խօսող հայերով համաշխարհային հայութիւն պիտի ծնի: Բայց ան հայ պիտի ըլլա՞յ:

– Ձգէ՛, որ մարդիկ լաւ ապրին: Ի՞նչ բան է հայը Ֆլորիտայի, Պահամասի, Հոնոլուլուի, Փունթա տել Էսթէի եւ լազուարթ ծովեզրի գեղածիծաղ արեւաշող ոսկեայ աւազ ափերուն: Քահանան ալ հոն գացած է լաւ ապրելու համար:

– Ըսէ՛ ինչ որ կ’ուզես: Սանդուխտ խանըմը անգլերէն չէր գիտեր, անգլերէն դամբանականի անցագրով ինչպէ՞ս դրախտ պիտի մտնէ,- հարցումով եզրակացուց Կեդրոնականցին:

13 ապրիլ 2017

 


Viewing all articles
Browse latest Browse all 17079

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>