Quantcast
Channel: Յօդուածներ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 17090

Խմբագրական. Ոդիսականը Աւարտա՛ծ Է. Լիբանանը Կը Թեւակոխէ Նոր Ընտրակարգով Յատկանշուող Նախապատրաստութեան Փուլ

$
0
0

Երկարատեւ բանակցութիւններէ, ձգձգումներէ եւ պարանաձգութիւններէ ետք, Լիբանանը բաղկացնող հիմնական ուժերը յաջողեցան ընտրական նոր օրինագիծի մը շուրջ համաձայնութեան գալ:

Ընտրական նոր օրինագիծի ոդիսականին այս աւարտը ընտրաքաղաքական որոշ դիտարկումներ կը հրաւիրէ իր վրայ:

Ըստ էութեան համաձայնեցուած տարբերակը ընտրակարգի հիմնական փոփոխութիւն է: Նոր օրինագիծէն կամ նորացուած օրէնքէն աւելի ընտրակարգի հիմնական փոփոխութիւն է արձանագրուածը թէ՛ նոր ընտրաշրջաններու բաժանումով եւ թէ՛ մանաւանդ բոլորովին նոր ընտրահամակարգի որդեգրումով:

Համամասնական դրութիւնը աւելի ժամանակակից ընտրակարգ է եւ կուսակցութիւններու դերակատարութիւնը պահելով հանդերձ, խորքին մէջ անհատի առաւելութիւններուն, վայելած վարկանիշին արժեւորումը կը կատարէ. աւելի պարզ բացատրութեամբ, մարդու վայելած վարկանիշը քուէներ կ՛ապահովէ տուեալ հաւաքական ցանկին: Այս ընտրակարգի առանցքային իմաստը կարելի է բացատրել անհատական-հաւաքական արժէքներու հաւասարակշռուած դերաբաշխումին ընդմէջէն: Կազմակերպ հաւաքականութիւնը կ՛առաջադրէ անհատներու խումբ եւ տուեալ անհատը վարկանիշ կ՛ապահովէ հաւաքական ցանկին:

Այս դրութիւնը նաեւ դուռ կը բանայ միեւնոյն հաւաքականութեան պատկանող անհատներուն միջեւ ընտրական մրցապայքարի, ինչ որ նաեւ ժողովրդավարական ներկայ դրոյթներու մէջ օրինաչափ ընկալում ունի:

Որդեգրելի ընտրակարգը հիմնական նորութիւն կը բերէ նաեւ ոչ միայն քուէարկելու, այլ նաեւ ընտրուելու իրաւունք տալով լիբանանեան սփիւռքին: Թէ՛ պատմական հիմնաւորումներով եւ թէ՛ պատերազմի բերումով Լիբանանի մէջ ապրող բնակչութեան բազմապատիկը հաշուող լիբանանեան սփիւռք գոյութիւն ունի: Եւ այստեղ առաջադրանքները փոխկապակցուած են բնականաբար: Լիբանանեան ծագում ունեցող լիբանանցիներու քաղաքացիութիւն շնորհելու որոշումը սերտօրէն կապուած է նաեւ այս առաջադրանքին հետ: Քանի մը սերունդի տարբերութեամբ ծագումնային քաղաքացիութեան վերադարձ կատարելու այս մեկնարկը շարժիչ գործօն ունի հիմա: Խորհրդարանական ընտրութիւններուն մասնակցելու եւ ո՛չ միայն մասնակցելու, այլ նաեւ իբրեւ թեկնածու առաջադրուելու եւ ընտրուելու առիթը նախ կը մղէ լիբանանեան քաղաքացիութեան վերադառնալու եւ ապա երկրէն դուրս զանգուածային մասնակցութիւն ունենալու օրէնսդիր հաստատութեան ձեւաւորման գործընթացին:

Այս առաջադրանքը ուրեմն ընտրականէն աւելի լիբանանեան ազգային-քաղաքացիական նշանակութիւն ունի արտերկրի լիբանանեան մեծ սփիւռքը Լիբանանի քաղաքական կեանքին առնչելու առումով: Ճիշդ է. այս մասը չի ներառուիր յառաջիկայ ընտրութիւններուն, այսուհանդերձ հեռանկարային է եւ վերապահուած յաջորդին. մինչ այդ կ՛աշխատի միւս որոշումը` լիբանանեան քաղաքացիութիւն շնորհելու բաժինով:

Քաղաքական տեսակէտէն շատ կարեւոր իրագործում կատարեց Լիբանանը: Կարելի է ըսել, որ շրջեց մինչ այժմ գործադրուող խաղի կանոնները: Շրջանային մակարդակի վրայ լարուած, մագլցողականութիւն ապրող մթնոլորտի եւ իրադարձութիւններու բովին մէջ, երբ դիպաշարին հետեւողը կ՛ակնկալէր, որ համաձայնելու կանաչ լոյսերը պիտի չվառին գլխաւոր խաղացող երկիրներու կողմէ, լիբանանեան դաշտի հիմնական ուժերը դրսեւորեցին հաւաքական կամք` երկիրը դուրս բերելու պարտադրուած փակուղիէն:

Այլապէս նախագահական ընտրութեան եւ վարչապետի նշանակման ու կառավարութեան կազմութեան ոդիսականը դարձեալ յայտնուած պիտի ըլլար առկախումներով եւ անորոշութիւններով յատկանշուող դաշտի մէջ:

Հաւաքական կամք դրսեւորելու, այլոց կռիւներուն չներքաշուելու եւ արտալիբանանեան ուժերով չհեռակառավարուելու սկզբունքը միշտ առաջադրուած էր Հայկական երեսփոխանական պլոքին եւ Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան կողմէ, որոնց իրերայաջորդ ներկայացուցիչները պետական թէ հասարակական շրջանակներու մէջ, երկխօսութեան սեղաններու շուրջ թէ լրատուամիջոցներու փոխանցած յայտարարութիւններով գերադասած էին այս սկզբունքը եւ մնայունօրէն կամրջումի դեր կատարած նման արդիւնքներու հասնելու:

Կարելի չէ ըսել, որ որդեգրուած ընտրակարգը կատարեալ է ժողովրդավարական կարգերն ու հիմունքները իրականացնելու ուղղութեամբ. կան առարկութիւններ եւ կան մտահոգութիւններ համայնքներու իրողական ներկայացուցիչներու ընտրութեան երաշխաւորումին կամ համայնքներու մեծամասնութեան զօրակցութիւնը չվայելողի ընտրուելու հաւանականութիւնը տեսնելու ուղղութեամբ:

Այսուհանդերձ քաղաքական առումով ընդգծելին այն է, որ Լիբանանը որոշեց դուրս գալ փակուղիէն, գիտցաւ քաղաքական կամք դրսեւորել, համաձայնի՛լ, յաջողեցա՛ւ ընտրակարգի արմատական անցում կատարել եւ գիտակցի՛լ լիբանանեան սփիւռքի կարողականութիւնը մայրիներու երկրին շուրջ համախմբելու անհրաժեշտութեան:

Ոդիսականը աւարտած է. երկիրը արդէն մտած է նոր ընտրակարգով խորհրդարանական ընտրութիւններ կայացնելու համար նախապատրաստութեան փուլ:


Viewing all articles
Browse latest Browse all 17090

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>