Quantcast
Channel: Յօդուածներ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 17079

Անդրադարձ. Մէկ Քարով Երկու Թռչուն Զարնելու Փորձ

$
0
0

ՎԱՀՐԱՄ ԷՄՄԻԵԱՆ

Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլու Անգարայի մէջ Պուրունտիի արտաքին գործոց նախարարին հետ տրուած մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին յայտարարեց, որ մտադիր է այցելել Քաթար եւ եթէ կարելի ըլլայ այդտեղէն մեկնիլ Սէուտական Արաբիա` իրեն հետ տանելով քաթարեան տագնապի լուծման առաջարկներ: Ան նշեց, որ Քուէյթի շէյխ Ահմետ Ժապեր Սուպահ իշխանը թէեւ այցելած է տագնապի առնչակից չորս երկիրներ, սակայն տագնապի լուծման շօշափելի առաջարկներ չէ ներկայացուցած, այլ պարզապէս «յայտնած իր բարեմաղթութիւնները»:

Թրքական դիւանագիտութեան պետը իր վերոնշեալ յայտարարութեան մէջ կը փորձէ մէկ քարով երկու թռչուն զարնել: Նախ եւ առաջ, եթէ Քաթարէն իր օդային տարածքը այդ երկրէն թռիչքներու առջեւ փակած Սէուտական Արաբիա մեկնի` տապալած պիտի ըլլայ Տոհայի դէմ հաստատուած պատժամիջոցը: Կը մնայ տեսնել, թէ սէուտական իշխանութիւնները Չաւուշօղլուին պիտի արտօնե՞ն Տոհայէն Ռիատ ուղղակի թռիչք կատարել, թէ՞ պիտի պահանջեն, որ նախ էջք կատարէ Քաթարի դէմ պատժամիջոց չհաստատած երկիր մը եւ միայն ետքը ուղղուի Ռիատ: Չաւուշօղլուի արձակած այս քարը իր մէջ կը պարունակէ Թուրքիա-Սէուտական Արաբիա դիւանագիտական տագնապի ստեղծման վտանգը:

Երկրորդ` քաթարեան տագնապի լուծման մէջ միջնորդի դեր ստանձնել փափաքող Թուրքիան կը նսեմացնէ Արաբական լիկայի եւ արաբական երկիրներու զօրակցութիւնը վայելող քուէյթեան միջնորդութիւնը` Քուէյթի իշխանի առնչակից կողմերուն ներկայացուցած առաջարկները նուազեցնելով բարեմաղթութիւններու մակարդակին: Սակայն Քաթարի դէմ պատժամիջոցներ հաստատած արաբական երկիրները դժուար թէ խաբուին Քաթարի սերտ դաշնակից ու գաղափարակից, անոր նկատմամբ զօրակցութեան իրերայաջորդ յայտարարութիւններ հնչեցնող, սակայն նոյն ատեն անկողմնակալ միջնորդի փետուրներով պճնուիլ փորձող Թուրքիոյ խօսքերէն:

 

 


Viewing all articles
Browse latest Browse all 17079

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>