Quantcast
Channel: Յօդուածներ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 17079

Սուրէն Խանամիրեան Ազգային Քոլեճի Մանկապարտէզի Ամավերջի Հանդէսը

$
0
0

Սուրէն Խանամիրեան ազգային քոլեճի մանկապարտէզի ամավերջի հանդէսը տեղի ունեցաւ շաբաթ, 3 յունիս 2017-ին, ժամը 7:00-ին, քոլեճի սրահին մէջ, ներկայութեամբ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ եպս. Փանոսեանի:

Հանդէսին նիւթն էր «Գոյներու աշխարհը»: Բեմը յարդարուած էր անտառով, ուր աշակերտները փնտռեցին ամենագեղեցիկ գոյնը` տալով իւրաքանչիւրին խորհրդանիշը:

Մանկապարտէզի աշակերտները այս հեքիաթային աշխարհը ներկայացուցին թատրոնով մը, որուն իւրաքանչիւր արարէն ետք մթնոլորտը ճոխացուցին պարով մը:

Հանդէսը փակուեցաւ սահիկներու ցուցադրութեամբ, որ հակիրճ ձեւով ներկայացուց մանուկներու առօրեան` դասարանային աշխատանքները, պտոյտներն ու ձեռնարկները:

Ապա քոլեճի տնօրէն Նելլի Վէքիլեան գոհունակութեամբ եւ հպարտութեամբ շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր անոնց, ըլլան անոնք` թեմիս բարեջան առաջնորդ հայրը, Ազգային վարչութիւնը, Սուրէն Խանամիրեան ազգային քոլեճի մնայուն բարերար Միրէյ Խանամիրեանը, խնամակալ, ծնողաց յանձնախումբ, շրջանաւարտից միութիւն, պաշտօնէութիւն, անհատ բարերարներ, բարեկամներ, միութիւններ եւ կազմակերպութիւններ, որոնք «արդար պարտիզպանը եղան մեր այս մանկապարտէզին եւ այսօր բերկրանքով կը վայելեն ծաղիկներու գոյնզգոյն տեսքը եւ քաղցրահամ բոյրը»: Ան ջերմ շնորհակալութիւն յայտնեց նաեւ ուսուցիչներուն եւ ծնողներուն, որոնք` «Ամբողջացուցին զիրար: Դուք եւ մենք,  ձեր տուներն ու այս դպրոցը միաձուլուելով` դարձանք մէկ տուն, մէկ ընտանիք, միասնաբար աշխատելով այս փոքրիկ աշակերտներուն ապագային համար»: Յետոյ խօսքը շրջանաւարտներուն ուղղելով` ըսաւ, որ յառաջիկային դիմագրաւելիք կեանքի դժուարութիւններուն տոկան բարի ու ազնիւ մտածումներով, հոգածու տրամադրութեամբ եւ միշտ վեհ սկզբունքներով:

Հանդէսի աւարտին խօսք առաւ Շահէ եպս. Փանոսեան, որ առաջին հերթին շնորհաւորեց ծնողները` իրենց զաւակները հայկական դպրոց ղրկելուն համար, աւելցնելով, թէ հայկական դպրոցն է, որ կ՛ապահովէ հայ ժողովուրդի յարատեւութիւնը: Ապա ան հրաժեշտի խօսք ուղղեց Սուրէն Խանամիրեան ազգային վարժարանին. «Ցտեսութիւն կ՛ըսենք այս յարկին` կրկին հաւաքուելու նոր տունի մէջ զայն վերակենդանացնելով, այս յարաճուն վաստակը հոն տեղադրելով»: Ան հաստատեց. «Հայկական դպրոցը բոլորիս աջակցութեան կարօտ է, եւ փոխարէնը ան կը հանդիսանայ հայ ժողովուրդի գոյատեւման կռուանը»: Ի վերջոյ, խրատեց ծնողները, որ պաշտպանեն իրենց զաւակները յոռի փառքերէ ` դառնալով իտէալական օրինակներ իրենց զաւակներուն:

Յետոյ իր ձեռամբ բաժնեց վկայականները մանկապարտէզի շրջանաւարտներուն:

Այսպէս, վկայական ստացան` Արօ Ճորճ, Գրճալեան Զարեհ, Եթիմեան Քլարա, Եթիմեան Ռիթա, Թերզեան Ալին, Թերզեան Փաթիլ, Ժուգուլեան Սելինա, Մխճեան Ժան-Փոլ, Սուրեան Ալեքս, Տոմպուրեան Սեւանայ:


Viewing all articles
Browse latest Browse all 17079

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>