Ուրբաթ, 26 մայիս 2017-ի երեկոյեան ժամը 7:30-ին «Սիրան Մանուկեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Ազգ. Եղիշէ Մանուկեան քոլեճի նախակրթարանի «Երգենք, պարենք, նուագենք» գեղարուեստական հանդէսը:
Քայլերգներու ունկնդրութենէն եւ քոլեճի նախակրթարանի պատասխանատու Հուրի Քէշիշեանի բացման խօսքէն ետք ընթացք առաւ հանդէսի գեղարուեստական բաժինը, որուն առաջին մասը յատկացուած էր երգերու եւ նուագներու:
Ա. դասարաններու փոքրիկները ներկայացուցին Մուշեղ Իշխանի «Դպրոցական քայլերգ»-ը, Ա. Մնակեանի «Գարուն»-ը եւ չափական գործիքներով նուագ մը` երգիծական պատկերով համեմուած: Ապա Բ. դասարանը հանդէս եկաւ Եուրի Սահակեանի «Իմ պապիկի Հայաստան» եւ ժողովրդական «Արեւ-արեւ, արի՛ դուրս» երգերով:
Գ. դասարանի աշակերտները ներկայացուցին Ն. Միքայէլեանի «Մենք թոռներն ենք Մաշտոցի» եւ Ա. Լուսինեանի «Շուշաններ առուակի», իսկ Դ. դասարանը մեկնաբանեց «Վարդավառ», «Սէյրանի», «Ֆորկա», «Ջա՛ն, ծաղիկ» ժողովրդական երգերը եւ Ա. Լուսինեանի «Բարձրիկ Հայաստան»-ը, Ե. դասարանը` «Բարով եկար սիրուն կռունկ», «Տալուորիկի քաջեր» ազգային երգերը, իսկ Զ. դասարանի աշակերտները` «Արփա-Սեւան»-ը, որմէ ետք անոնց միացան Դ. եւ Ե. դասարաններու աշակերտները եւս եւ «Կռո՛ւնկ, բարով դառնաս» եւ Գուսան Հայկազունի «Շուշի» երգերով ամբողջացուցին երգերու նուիրուած բաժինը` հպարտութեամբ լեցնելով ներկաներուն սիրտերը:
Յայտագիրին երկրորդ մասը յատկացուած էր պարերուն: Ա. դասարաններու աշակերտները յաջորդաբար հանդէս եկան «Բարեւ» եւ «Երեւան, իմ տուն» պարերով, Բ.1 դասարանի տղաքը միացան իրենց դասընկերուհիներուն եւ խրոխտ շարժումներով մեկնաբանեցին «Արցախ» պարը, իսկ Բ.2 դասարանը ներկայացուց «Պաղմանչի» պարը:
Գ. դասարանը արդի կատարումով ու համարձակ շարժուձեւերով ներկայացուց «Ուելքամ թու Արմինիա» պարը:
Ապա, Դ. դասարանները յաջորդաբար ներկայացուցին «Ֆայրպոլ» եւ «Զորպա տը Կրիք» պարերը, իսկ Զ. դասարանի աշակերտուհիները` «Սիթի օֆ սան»-ը: Դ.1 դասարանը` «Հանինա» պարը, իսկ Դ.2 դասարանէն խումբ մը աշակերտներ` «Տոտիկ» կատակ-պարը, որ մեծ խանդավառութիւն ստեղծեց ներկաներուն մէջ:
Ապա բեմ բարձրացան այս տարուան Լիբանանի կրթական նախարարութեան կազմակերպած Միջլիբանանեան պարի մրցանքին բաժակներով վերադարձած քոլեճի զոյգ պարախումբերը. Ե. դասարանի պարախումբը իր համաչափ ու գեղեցիկ շարժուձեւերով ներկայացուց լիբանանեան տապքէ մը, իսկ Գ. դասարանի աշակերտուհիները, իրենց գունագեղ հագուստներով ու զուարթ արտայայտութեամբ, պարեցին գնչուական պար մը, որուն գեղեցիկ կատարումովը դարձած էին Լիբանանի միջդպրոցական պարի մրցումի ախոյեան:
Փակման խօսքը արտասանեց քոլեճի տնօրէն Զոհրապ Ղազարեանը, որ նախ վեր առաւ հայ մօր դերը հայեցի դաստիարակութեան ու հայ ժողովուրդի պատմութեան մէջ: Ապա անդրադարձաւ մայիսեան յաղթանակներուն ու աւելցուց. «Սրբազան «խենթեր»-ը իջան պատերազմի դաշտ` ըսելու համար թուրքին, որ հայը չի՛ դառնար թանգարանային արժէք, որ պատմութիւնը մեզի համար չ՛աւարտիր հոս: Հարկ եղած պարագային կը բարձրացնենք սուր ու զէնք, իսկ խաղաղ օրերուն` գրիչ ու վրձին. կը ստեղծենք գիր ու գրականութիւն, կը յօրինենք երաժշտութիւն, կը քանդակենք խաչքարեր ու կը պարենք. կը պարենք մեր յաղթանակը` մահուան ու չարիքին վրայ»:
Իր խօսքի աւարտին ան շնորհակալութիւն յայտնեց նախակրթարանի բոլոր ուսուցչուհիներուն եւ պատասխանատու Հուրի Քէշիշեանին, անոնց համբերութեան ու տրամադրած օժանդակութեան համար, ապա բեմ հրաւիրեց ու ծաղկեփունջերով պատուեց քոլեճի երգի դասատու Գայեանէ Մարկոսեանը եւ պարուսոյց Անի Կոստանեանը` իրենց տարած գնահատելի աշխատանքին համար:
Փակման պարի ընթացքին հանդիսասրահը թնդաց ազգային պարերու շարանով, որուն միացան, մաս առ մաս, Ա.-Զ. դասարաններու բոլոր աշակերտները` սրահի բոլոր կողմերէն մուտք գործելով եւ ոգեւորումի ու հպարտութեան պահեր առթելով ներկաներուն: