Շաբաթ, 10 յունիս 2017-ին Համազգայինի «Արմէնեան» սրահին մէջ կայացաւ «Արեգ» թատերական դպրոցի շրջանաւարտներուն հանդէսը: Տնօրէն Յակոբ Հանտեան ողջունելով ներկաները, իր խօսքին մէջ կարեւոր նկատեց թատրոնին դերը` իբրեւ արուեստներու արուեստ եւ անոր դրական ներգործութիւնը` աշակերտներուն կեանքին մէջ: Ապա «Արեգ» թատերական դպրոցի պատասխանատու, բեմադրիչ Ռոպերթ Առաքելեան ներկայացուց աշակերտներուն անցած ծրագիրը: Բեմադրիչը խօսեցաւ նաեւ «Արեգ»-ի հետագայ ծրագիրներուն մասին` շեշտելով, որ շրջանաւարտները ասկէ ետք կ՛անցնին «Արեգ» թատերախումբ եւ ամէն տարի հանրութեան կը ներկայանան տարբեր դերերով: Շնորհակալութիւն յայտնելով Համազգայինի Շրջանային վարչութեան, խնամակալութեան, տնօրէնութեան, ծնողներուն եւ աշակերտներուն, բեմադրիչը շեշտեց, որ թատերական գործունէութիւնը հաւաքական աշխատանք է եւ առանց սերտ, կազմակերպուած գործակցութեան անկարելի կ՛ըլլայ յաջողութիւն արձանագրել:
Ապա բեմը տրամադրուեցաւ աշակերտներուն: Շրջանաւարտները հանդէս եկան անհատական եւ խմբային բազմաթիւ վարժութիւններով, որոնք կը վերաբերին բեմական շարժման, ճկունութեան, երեւակայութեան, դիմախաղի, խօսքի, կեցուածքի, կշռոյթի, արագ կողմնորոշման, ստեղծաբանութեան, համապատկերի, երկխօսութեան, լացի եւ խնդուքի, դիմախաղի եւ այլն: Կատարողական այլազանութիւնը եւ ինքնատպութիւնը կը փաստէին, որ յատուկ հոգ տարուած է աշակերտներուն անհատականութիւնը զարգացման: Իւրաքանչիւր կատարում կը գնահատուէր ներկաներու ծափահարութիւններով:
Վկայականաց բաշխման արարողութիւնը կատարեցին տնօրէն Յակոբ Հանտեան, խնամակալութեան ներկայացուցիչ Շանթ Պոյաճեան եւ բեմադրիչ Ռոպերթ Առաքելեան: Վկայականներ ստացան` Վարագ Ճերմակեան, Պաղտիկ Պաղտասարեան, Սէրլի Պաստաճեան, Հրակ Աւագեան, Լիլա Չուխատարեան, Ժան-Ժաք Յակոբեան, Հայկ Ճերթիճեան, Կարին Ճինպաշեան, Մեղրի Գասապեան, Սէրլի Ջուլհաճեան, Շուշի Գասապեան, Լոռի Մայիսեան, Աւօ-Ալեն Թորոսեան, Մարգրիտ Ղազարեան, Ճենիֆըր Գալենճեան, Երջան Ղազարեան, Աննա Սարգիսեան, Կարին Մինասեան, Սելա-Պերճուկ Պասմաճեան, Վրոյր Միրզայեան, Կարէն Թասլագեան, Արման Ղազարեան, Ներսէս Աւետիսեան, Յակոբ Թասլագեան, Էլեն Յակոբեան, Քրիսթինա Մանուկեան: