Quantcast
Channel: Յօդուածներ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 17079

Հայրենի Կեանք

$
0
0

Պատրաստեց՝ ՄԱՐԻՆԱ ՀԱՄԱՄՃԵԱՆ

Քննարկում` Հայաստանի Հանրապետութեան 100-ամեակին Ընդառաջ

Հայաստանի Գիտութիւններու ազգային ակադեմիայի Պատմութեան հիմնարկի տնօրէն Աշոտ Մելքոնեանի կարծիքով, Հայաստանի Հանրապետութեան 100-ամեակը պարտաւոր ենք պատշաճ մակարդակով նշելու: Լրագրողներու հետ զրոյցի ընթացքին Ա. Մելքոնեան նկատեց, որ գրեթէ ամբողջական անկումէ քանի մը տարի ետք հայ ազգը կրցաւ իր մէջ ուժ գտնել եւ ոտքի կանգնիլ` կերտելով անկախ պետականութիւն:

«100-ամեակի տօնի նշման ընդառաջ ստեղծուած է պետական յանձնախումբ, որ արդէն իսկ սկսած է իր աշխատանքներուն: Կը կարծեմ, որ ամէն բան պէտք է կատարուի, որպէսզի անկախութեան 100-ամեակը նշէ համայն հայութիւնը: 90-ականներուն սկիզբը, երբ Հայաստանի Հանրապետութեան մասին սկսան խօսելու այլ դիրքերէ, որովհետեւ նախապէս Ա. հանրապետութիւնը ընդհուպ պատմութեան մէջ կը նշուէր Հայաստանի քաղքենիական հանրապետութիւն: Անկախութենէն ետք Ա. հանրապետութեան մասին սկսան խօսելու վառ գոյներով, նաեւ ծայրայեղութիւններու մէջ ինկան», ըսաւ Մելքոնեան:

Ըստ պատմաբանին, այսօր արդէն կոտրուած է կարծրատիպը, թէ 1918-ին կերտուած Հայաստանի  Հանրապետութեան ժամանակ անկախութիւնը մեզի նուիրուած էր: Ան շեշտեց, որ անկախութիւնը ձեռք բերուած է մայիսեան հերոսամարտերուն շնորհիւ: Ա. Մելքոնեան նաեւ յոյս յայտնեց, որ այսօր կ՛օգտուին Ա. Հանրապետութեան ժամանակ արձանագրուած սխալներու դասերէն: Պատմաբանը տեղեկացուց, որ 100-ամեակին ընդառաջ նաեւ տարբեր ծրագիրներով Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան մասին գիրքեր պիտի հրապարակուին:

«Ազդակ» օրաթերթի գլխաւոր խմբագիր Շահան Գանտահարեան համաձայնելով Մելքոնեանի հետ` նշեց, որ 100-ամեակի ձեռնարկները նշելու ընթացքին նաեւ քաղաքական այժմէական հարցերու մասին պէտք է խօսուի:

«Ազրպէյճանը նոյնպէս նշած է իր 100-ամեակը, իսկ այդ անկախութեան ժամանակ Արցախը անոնց կազմին մէջ չէ եղած: Սա եւս իրաւական աքթ մըն է, որ կրնանք ներկայացնել», ըսաւ Շահան Գանտահարեան:

Տեղի Ունեցաւ Լեհաստանի Հայ Համայնքի 650-ամեակին Նուիրուած Գիտաժողով

Յունիս 9-ին,  Հայաստանի սփիւռքի նախարարութեան նախաձեռնութեամբ, տեղի ունեցաւ «Լեհաստանի հայ համայնք. անցեալ եւ ներկայ» խորագիրով գիտաժողովը, որուն բացումը կատարուեցաւ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի արտաքին յարաբերութիւններու եւ արարողակարգի բաժնի տնօրէն Նաթան արք. Յովհաննիսեանի օրհնութեան խօսքով:

Բացման խօսքով հանդէս եկաւ սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեան: «Կ՛ողջունեմ բոլորդ այս պատմական իրադարձութեան առիթով այստեղ գտնուելու եւ այս գիտաժողովը կազմակերպելու համար: Գաղտնիք չէ, որ մեր նախնիները 11-րդ դարէն` Անիի կործանումէն, Կիլիկեան թագաւորութեան անկումէն մինչեւ Ցեղասպանութիւն` տարբեր պատճառներով եւ տարբեր հանգամանքներով բռնած են գաղթի ճամբան: Ամէնէն յատկանշականը այն է, որ գաղթականներուն ստուար մէկ մասը, հաստատուելով Ղրիմի մէջ, ապա տեղափոխուելով Լվով, այդ տարածքներուն վրայ ձգած են հայկական մնայուն հետք, ստեղծած են պատմական մշակութային կոթողներ, յուշարձաններ: 1990-ականներուն, երբ մարդոց տեղաշարժը աշխարհի տարածքին դարձաւ սովորական, Հայաստանէն եւս տեղաշարժ եղաւ դէպի Լեհաստան: Այսպիսով, այսօր մենք ունինք 50 հազար հաշուող լեհահայ համայնք, որ ներկայիս բաւական ինքնակազմակերպուած, համախմբուած է եւ ունի իր հոգեւոր կեդրոնը, դպրոցները, համայնքին կենսունակութիւնը ապահովող այլ կառոյցներ», նշեց Հրանուշ Յակոբեան:

Նախարարը ընդգծեց նաեւ, որ այսօր հայ-լեհական յարաբերութիւնները առաւել կը սերտանան, կը զարգանան գործարար կապերը, եւ այդ ամէնուն մէջ իրենց դերակատարութիւնը ունին լեհահայ համայնքի ներկայացուցիչները եւս:

Սփիւռքի նախարարը շնորհակալութիւն յայտնեց զեկուցողներուն` թեման բազմակողմանիօրէն ուսումնասիրելնուն համար: «Հայոց պատմութիւն ստեղծուած է նաեւ Հայաստանէն դուրս` աշխարհի այն 119 երկիրներուն մէջ, ուր մենք ունինք հայկական համայնքներ: Այդ համայնքներուն պատմութիւնը մեր պատմութեան մէկ մասն է, եւ ես կոչ կ՛ընեմ ներկայ գիտնականներուն` խորապէս ուսումնասիրել մեր պատմութեան այդ կարեւոր հատուածը եւս», նշեց Հրանուշ Յակոբեան:

Նաթան արք. Յովհաննիսեանը խօսելով լեհահայ համայնքի անցեալի եւ ներկայի մասին` նկատեց, որ հայերը դարեր շարունակ ունեցած են կայուն համայնք եւ նկատելի ներկայութիւն այժմու Ուքրանիոյ եւ Լեհաստանի սահմաններուն մօտ գտնուող յայտնի քաղաքներուն մէջ: «Ուղիղ 650 տարի առաջ Կազիմիր 3-րդ թագաւորը Լեհաստանի հայերուն ներքին ինքնիշխանութիւն շնորհեց, սակայն պէտք է նկատի առնել, որ հայ համայնքը եւ եկեղեցին գոյութիւն ունեցած են անկէ մէկ-մէկուկէս դար առաջ», ըսած է Նաթան արքեպիսկոպոսը:

Այնուհետեւ զեկուցումով հանդէս եկաւ Գիտութիւններու ազգային ակադեմիայի գրականութեան հիմնարկի տնօրէն, Վարդան Դեւրիկեանը: Ներկայացնելով 16-18 դարերուն լեհահայոց գրականութիւնը` Վարդան Դեւրիկեանը շեշտեց այն հանգամանքը, որ լեհահայ համայնքը, կազմուած ըլլալով Անիէն, Կիլիկիայէն եւ Օսմանեան կայսրութենէն եկած գաղթականներու քանի մը սերունդով` ունեցած է բազմաշերտ լեզուական համակարգ, որ իր անդրադարձը ունեցած է նաեւ գրականութեան վրայ: «Հայերէնով ստեղծուած գրականութեան կողքին, գրուած են գրական երկեր` լեհերէնով եւ լատիներէնով: Լեհահայերը հռչակուած էին նաեւ իրենց տարագրութեամբ», նշեց Գիտութիւններու ազգային ակադեմիայի գրականութեան հիմնարկի տնօրէնը:

Զեկուցումներով հանդէս եկան նաեւ  Գիտութիւններու ազգային ակադեմիայի գրականութեան հիմնարկի փոխտնօրէն Հերիքնազ Որսկանեանը «Հայ միջնադարեան ազատագրական առասպելին արտացոլումը լեհահայ միջավայրի մէջ 17-րդ դարուն», Հայկական ճարտարապետութիւնը ուսումնասիրող հիմնադրամի Արեւելեան Եւրոպայի հայկական յուշարձաններու ուսումնասիրման ծրագրի ղեկավար Սահակ Վարդանեանը` «Հայկական եկեղեցիները պատմական Ռեչ Պոսպոլիտայի տարածքին», Գիտութիւններու ազգային ակադեմիայի գրականութեան հիմնարկի հայ նոր գրականութեան բաժինի վարիչ Սիրանուշ Մարգարեանը` «Հռիփսիմեանց նահատակութեան» նիւթով լեհահայոց բեմին վրայ», Երեւանի պետական համալսարանի պատմութեան բաժանմունքի գիտաշխատող Յովհաննէս Ալեքսանեանը` «Լեհաստանի եւ մերձպալթեան տարածաշրջանի հայ համայնքները արդի փուլին մէջ», Երեւանի Մատենադարանի աւագ գիտաշխատող Փիրուզ Մնացականեանը` «Լեհահայ գրչութիւնը Հայաստանի եւ արտերկրի հաւաքածուներուն մէջ», ՀԱՊ Հայ գեղանկարի բաժինի աւագ գիտաշխատող Քնարիկ Աւետիսեանը` «Ստեփանոս Լեհացիի կեանքն ու գործունէութիւնը» նիւթը:

«Վիվասել-Էմ.Թի.Էս.»-ը Հիւրընկալած Է Զանազան Երկիրներէ Եկած 20-32 Տարեկան Հայ Երիտասարդ Կամաւորներ

«Վիվասել-Էմ. Թի. Էս.»-ը հիւրընկալած է զանազան երկիրներէ եկած 20-32 տարեկան հայ երիտասարդ կամաւորներ: Երիտասարդներուն հանդիպումը «Վիվասել-Էմ. Թի. Էս.»-ի գլխաւոր տնօրէնին` Ռալֆ Եիրիկեանին հետ աւելի ոգեւորած է անոնց` հայրենիքը եւ սեփական արմատները բացայայտելու ցանկութիւնը: Երկխօսութեան ընթացքին Ռալֆ Եիրիկեան կամաւորներուն ծանօթացուցած է «Վիվասել-Էմ. Թի. Էս.»-ի կարեւոր ձեռքբերումներուն: Կամաւորները ծանօթացած են նաեւ ընկերութեան հիմնարար արժէքներուն, համագործակցական ընկերային պատասխանատուութեան քաղաքականութեան եւ խորհուրդներ ստացած են առեւտուրի ճիշդ կառավարման մեքանիզմներուն մասին:

«Յաջողութեան հասնելու համար պէտք է ունենալ յստակ տեսլական` նպատակներու եւ անոնց հասնելու քայլերուն, ըլլալ համբերատար, պատասխանատու եւ առաջնորդուիլ ձեւաւորուած արժեհամակարգով եւ խմբային աշխատանքով: Այս յատկանշական է ո՛չ միայն առեւտուրի ոլորտին մէջ, այլեւ` որեւէ մասնագիտական ուղղուածութեան մէջ», ըսած է «Վիվասել-Էմ. Թի. Էս.»-ի գլխաւոր տնօրէն Ռալֆ Եիրիկեանը:

Ֆրանսայէն, Արժանթինէն, Պրազիլէն, Միացեալ Նահանգներէն, Ռուսիայէն, Սուրիայէն, Աւստրալիայէն եւ Քանատայէն եկած 20 երիտասարդ կամաւորները յայտնած են իրենց տպաւորութիւնները, ինչպէս նաեւ ներկայացուցած են իրենց դիտարկումները` Հայաստանի տնտեսական եւ հասարակական յարաբերութիւններուն եւ այլ հարցերու մասին: Հանդիպումը ուղեկցուած է հետաքրքրական հարցումներով, պատասխաններով ու  քննարկումներով եւ աւարտած է շրջայցով` ընկերութեան գլխաւոր գրասենեակներուն մէջ:

«Վիվասել-Էմ. Թի. Էս.»-ը կ՛ողջունէ եւ բարձր կը գնահատէ երիտասարդ սփիւռքահայ կամաւորներուն հայրենիք այցելելու որոշումը եւ Հայաստանի տարբեր մարզերու մէջ կամաւորական տարբեր նախագիծներու մասնակցելու պատրաստակամութիւնը:

Յիշեցնենք, որ 2004 թուականէն ի վեր «Վիվասել-Էմ. Թի. Էս.»-ի աջակցութեամբ «Դէպի Հայք» հիմնադրամը կազմակերպած է աւելի քան 47 երկիրներէ Հայաստան եկած 1400 հայ մասնագէտներու կամաւոր աշխատանքը` Հայաստանի տարբեր մարզերուն մէջ:

«Թէքէեան Կեդրոն» Հիմնադրամը Իրականացուց` «Այցելութիւն Թանգարաններ Եւ Տեսարժան Վայրեր» Ծրագիրը

«Թէքէեան կեդրոն» հիմնադրամը իրականացուց «Այցելութիւն թանգարաններ եւ տեսարժան վայրեր» ծրագիրը, որուն ծիրին մէջ Հայաստանի եւ Արցախի Վ. Թէքէեանի անուան դպրոցներուն թիւով 75 աշակերտներ եւ անոնց ուղեկցող ուսուցիչները կարելիութիւն ունեցան այցելելու մեր հայրենիքի պատմական մշակութային կեդրոնները` Երեւանի Պատմութեան թանգարան, Հայաստանի Ազգային պատկերասրահ, Ե. Չարենցի անուան գրականութեան եւ արուեստի թանգարան, Զօրաց քարեր` Քարահունջ եւ Շաքիի ջրվէժ:

Յայտնենք, որ «Թէքէեան կեդրոն» հիմնադրամի «Այցելութիւն թանգարաններ եւ տեսարժան վայրեր» ծրագրին շնորհիւ` աշակերտները հարստացուցին իրենց գիտելիքները, հաղորդակցեցան իրարու հետ, շեշտեցին շրջապտոյտի ուսուցողական դերը: Շրջապտոյտներէն տպաւորուած` փոքրիկները նշեցին, որ պիտի վերադառնան իրենց մարզերը` ձեռք բերելով նոր ընկերներ եւ իրենց հետ տանելով հաճելի յիշողութիւններ:

 

Հայ Կիները Պէտք Է Տէր Կանգնին Իրենց Իրաւունքներուն. Միջազգային Խորհրդաժողով Երեւանի Մէջ

8 յունիսին Երեւանի մէջ տեղի ունեցաւ «Կանայք յանուն խաղաղութեան եւ կայունութեան. խաղաղութիւնը կը սկսի քու տունէդ» խորագրով 5-րդ միջազգային խորհրդաժողովը:

Այս տարուան խորհրդաժողովին նիւթն էր` «Ժամանակակից մարտահրաւէրները լուծելու նոր ուղիներու որոնում. կին խաղաղարարներու պատմութիւնները»: Խորհրդաժողովին նպատակն էր` վերլուծել հակամարտող երկիրներու մէջ տիրող իրավիճակը, մասնաւորապէս կիներու վրայ պատերազմներու եւ հակամարտութիւններու կործանարար ազդեցութիւնը:

Հայաստանի մէջ Եւրոպական միութեան պատուիրակութեան ղեկավար Պէոտր Սվիթալսքի խորհրդաժողովին ընթացքին իր խօսքին մէջ կարեւոր համարեց կիներու մասնակցութիւնը այս գործընթացին: Ըստ դեսպանին, այսօր աշխարհի մէջ աւելի քիչ են պատերազմներն ու բռնութիւնները, որովհետեւ կիներ աւելի շատ իրաւունքներ ունին, սեռերու միջեւ կայ հաւասարութիւն:

«Եւրոպական միութիւնը սեռերու միջեւ հաւասարութիւնը շատ կարեւոր կը համարէ եւ այդ ուղղութեամբ մեծ ջանքեր կը գործադրէ: Գիտնականները ապացուցած են նաեւ, որ ընտանեկան բռնութիւնները, ի տարբերութիւն միւսներուն, դժուարութեամբ կը տկարացնեն իրենց դիրքերը, այդ պատճառով շատ կարեւոր կը համարենք Հայաստանի ջանքերը այս ուղղութեամբ եւ կը յորդորենք Հայաստանի կառավարութիւնը` առաւել գործօն քայլեր ձեռնարկելու», ըսաւ դեսպանը:

Ան խորհուրդ տուաւ հայ կիներուն` տէր կանգնելու իրենց իրաւունքներուն, ըլլալու առաջատարներ եւ պաշտպանելու իրենց իրաւունքները:

Հայաստանի մէջ Մեծն Բրիտանիոյ եւ Հիւսիսային Իրլանտայի Միացեալ Թագաւորութեան արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Ճուտիթ Մարկրեթ Ֆառնուորթ իր խօսքին մէջ նոյնպէս կարեւոր համարեց կիներու դերը խաղաղութեան հաստատման եւ պահպանման գործին մէջ:

«Մեր դեսպանատունը պատրաստ է աջակցելու Հայաստանին` կիներու դերի բարձրացման հարցով», ըսաւ դեսպանը: Հայաստանի մէջ Ֆրանսայի արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Ժան-Ֆրանսուա Շարփանթիէ իր խօսքին մէջ նոյնպէս ընդգծեց զինուած հակամարտութիւններու լուծման ընթացքին եւ անոնցմէ ետք կիներուն կարեւորութիւնը:

Նշենք, որ խորհրդաժողովը տեւեց մէկ օր, մինչեւ երեկոյ: Խորհրդաժողովին միայն մէկ մասը բաց եղաւ լուսաբանման համար:

Անուանի Երաժիշտ Արմէն Թութունճեան Ոչ Եւս Է

Վերջերս յանկարծամահ եղած է անուանի ճազմեն Արմէն Թութունճեանը (Չիկօ): Մահուան պատճառը տակաւին յայտնի չէ:

Յայտնենք, որ Արմէն Թութունճեան ծնած է 1944-ին, Երեւան: Ան Հայաստանի արուեստի վաստակաւոր գործիչ էր, ինչպէս նաեւ Հայաստանի մէջ հիմնադիրը կը հանդիսանայ հարուածային գործիքներ նուագելու ակադեմական ուսուցման:

1986-1992 նուագած է Կոնստանդին Օրբէլեանի ղեկավարած Հայաստանի պետական էսդրատային նուագախումբին մէջ:

14-րդ «Ոսկէ Ծիրան» Շարժապատկերի Փառատօնին Բացումը Ազդարարուեցաւ

«Ոսկէ ծիրան» շարժապատկերի 14-րդ տարեկան փառատօնը այս տարի մայրաքաղաքի մշակութային կեանքը պիտի աշխուժացնէ յուլիս 9-16:

«Ոսկէ ծիրան» Երեւանի շարժապատկերի միջազգային փառատօնը կազմակերպուած է մշակոյթի նախարարութեան կողմէ` գլխաւոր գործընկեր ունենալով «Վիվասել-Էմ. Թի. Էս.»-ը:

Փառատօնին բացումը յայտարարուեցաւ 5 յունիսին հրաւիրուած մամլոյ ասուլիսի ընթացքին: Խօսք առնողները` մշակոյթի նախարար Արմէն Ամիրեան, «Վիվասել-Էմ. Թի. Էս.»-ի գլխաւոր տնօրէն Ռալֆ Եիրիկեան, քաղաքապետի տեղակալ Արամ Սուքիասեան, «Ոսկէ ծիրան» Երեւանի միջազգային փառատօնի հիմնադիր տնօրէն Յարութիւն Խաչատրեան, փառատօնի ծրագիրներու տնօրէն Միքայէլ Ստամբոլցեան եւ գեղարուեստական տնօրէն Սուսաննա Յարութիւնեան ընդգծեցին տարիներու համագործակցութեան կարեւորութիւնը եւ մանրամասնութիւններ տուին 14-րդ փառատօնի կարգ մը ծրագիրներուն մասին:

Մասնաւորապէս յայտարարուեցան հիմնական մրցութային չորս ծրագիրներուն միջազգային դատական կազմերը, բացման եւ փակման շարժապատկերները:

Հաղորդենք, որ փառատօնը ստացած է մօտաւորապէս 1100 դիմում, 96 երկիրներէ: Մրցութային եւ արտամրցութային տարբեր ծրագիրներու մէջ ընդգրկուած է աւելի քան հարիւր ժապաւէն:


Viewing all articles
Browse latest Browse all 17079

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>