ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ
Պէյրութի մէջ, «Հրասիրտները» մատենաշարով լոյս տեսաւ Եղիկ Ճերէճեանի «Ս. Վահագն» (Գրիգոր Նալպանտեան) գիրքը, բաղկացած` 222 էջերէ:
«Հերոսի յարութիւնը» խորագրեալ նախաբանով հանդէս կու գայ Գրիգոր Ջանիբէկեան:
Գիրքը բաժնուած է 12 գլուխներու:
Առաջին գլուխով հեղինակը կը ներկայացնէ Ս. Վահագնի ծնունդը, պատանեկութիւնը եւ ընտանեկան միջավայրը:
Գրիգոր Նալպանտեան ծնած է Սեբաստիա, 1872-ին, բազմանդամ եւ բարեկեցիկ գերդաստանի մը մէջ:
Երկրորդ գլուխը յատկացուած է Ս. Վահագնի Պոլսոյ մէջ յեղափոխական գործունէութեան: 1890-ին ան կը միանայ Հնչակեան կուսակցութեան: Կը մասնակցի Գում Գաբուի 1890-ի եւ Պապ Ալիի 1895-ի ցոյցերուն: Այնուհետեւ, 1896-ին, Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան կազմակերպած Պանք Օթոմանի գրաւումին, որուն ընթացքին կը վիրաւորուի, հիւանդանոց կը մտնէ, ապաքինելէ ետք կ՛անցնի Գահիրէ եւ 1897-ի վերջաւորութեան ծովու ճամբով կը մեկնի Պաթում:
Գիրքին երրորդ գլուխը յատկացուած է Սեւ ծովու ափերուն Ս. Վահագնի գործունէութեան: Կուսակցական-կազմակերպչական նպատակներով ան կը շրջի Պաթում, Փոթի, Սոխում, Սոչի, Նովորոսիսկ, Արմաւիր, Անապա, Թէոդոսիա, Եալթա, Սիմֆերոպոլ, Սեւաստոպոլ, Օտեսա եւ շրջակայ գիւղեր: 1902-ին կը մեկնի Պուլկարիա եւ Ռումանիա: Այնուհետեւ կը վերադառնայ Արմաւիր, ուր կը բանայ կօշկակարի արհեստանոց մը, շարունակելով նաեւ կուսակցական գործունէութիւնը: 1903-ին ցարական իշխանութիւնները կ՛որոշեն բռնագրաւել հայ եկեղեցապատկան գոյքերը: Ս. Վահագն գործօն մասնակցութիւն կը բերէ ժողովրդային պայքարին:
Չորրորդ գլուխը կը ներկայացնէ Ս. Վահագնի գործունէութիւնը արտասահմանի մէջ: 1903-ին ան Օտեսայէն կը մեկնի Եգիպտոս. հոնկէ` Մարսէյ եւ Լոզան:
Ս. Վահագն Թիֆլիս կը հասնի այն օրերուն, երբ սկսած էին 1905-ի հայ-թաթարական կռիւները: Թիֆլիսի մէջ ան անմիջապէս գործի գլուխ կ՛անցնի:
Լուր կը հասնի, թէ թաթարները յարձակած են Էջմիածնայ վանքին վրայ:
Ս. Վահագն իր 13 հոգինոց ձիաւոր խումբով կը հասնի Էջմիածին ու կը պաշտպանէ վանքը: Կը հալածէ յարձակող թաթարները եւ զանոնք կը պաշարէ իրենց գիւղին` Չոպան Տէրէի մէջ: Այս պատժիչ յարձակումին Ս. Վահագնին կ՛ընկերանայ շրջանի ռուս ոստիկանապետը: Կռիւը կը տեւէ չորս ժամ, որուն ընթացքին ռուս ոստիկանապետը կը սպաննուի:
Պարսկաստանի մէջ սահմանադրական կռիւներու օրերուն Ս. Վահագն իր խումբով կ՛անցնի Թաւրիզ. իսկ օսմանեան սահմանադրութեան հռչակումէն ետք, 1908-ին, Ուրմիայէն կ՛անցնի Թիֆլիս եւ հոնկէ, Սամսոնի ու Ամասիոյ վրայով կ՛անցնի Սեբաստիա: Այնուհետեւ կը ծաւալէ կազմակերպչական աշխատանքներ. իր եւ ընկերներուն ջանքերով Սեբաստիոյ մէջ կը ստեղծուի կանանց լսարան:
Ռումանիոյ Կոնստանցա քաղաքին մէջ 1913-ին տեղի ունեցած հնչակեան կուսակցութեան Է. համագումարին Ս. Վահագն կ՛ընտրուի Կեդրոնական վարչութեան անդամ: Համագումարը իբրեւ քաղաքական նպատակ որոշած էր պաշտպանել ինքնավար Հայաստանի գաղափարը:
Սակայն ստոր դաւաճանութեամբ մը համագումարի որոշումները կը մատնուին թրքական գաղտնի ոստիկանութեան, որմէ ետք, 15 յունիս 1915-ին, Պոլսոյ սուլթան Պայազիտ հրապարակին վրայ հնչակեան քսան գործիչներ կախաղան կը բարձրանան:
Մինչ այդ, համագումարին որոշուած նպատակը հետապնդելու համար Ս. Վահագն կը մեկնէր Կովկաս:
Եղիկ Ճերէճեան մանրամասնօրէն կը ներկայացնէ Առաջին Համաշխարհային պատերազմի բռնկումէն ետք Ս. Վահագնի գործունէութիւնը` կամաւորական շարժման մէջ:
Ճերէճեան կը նշէ, որ ռումանահայ խումբ մը կամաւորներով, Ս. Վահագն կը միանայ կամաւորական Ե. գունդը կազմելու համար Ալեքսանդրապոլ գտնուող Վարդանին (Խանասորի Վարդան): Խնուսցի Մխիթար, իր շուրջ համախմբուած խնուսցի կամաւորներով կը միանայ Զ. գունդին: Ս. Վահագն Վարդանի գունդին մէջ կը նշանակուի հարիւրապետ: Այս պաշտօնին կողքին, ան կամաւորներուն հետ կը կատարէ նաեւ զինավարժութիւններ:
Ե. գունդը կը տեղակայուի Երեւանի մօտ, Իշխանի (Յովսէփ Արղութեան) հրամանատարութեան տակ գործող Քանաքեռի զօրանոցին մէջ: Զօրանոցը յատկացուած էր նորագիր, ինչպէս նաեւ ապաքինման կամ արձակուրդի շրջանին մէջ գտնուող կամաւորները ընդունելու նպատակին, որոնք լիարժէք կռուողներ դառնալէ ետք` կը համալրէին գործող կամաւորական գունդերը: Զինուորական մարմինը Քանաքեռի զօրանոցի կամաւորներով կը կազմէ կամաւորական պահեստային Զ. գունդը, շփոթ յառաջ բերելով անոր եւ գործող կամաւորական Զ. գունդին միջեւ: Շփոթը փարատելու համար, ռուսական բանակի հրամանատարութիւնը Իշխանի գլխաւորութեամբ գործող գունդը կը վերանուանէ կամաւորական Է. գունդ:
1915-ի ապրիլի սկիզբը, կամաւորական Բ. (հրամանատար` Դրօ – Դրաստամատ Կանայեան), Գ. (հրամանատար` Համազասպ Սրուանձտեան), Դ. եւ նորաստեղծ Ե. գունդերուն միացումով կը ստեղծուի Արարատեան ջոկատը, Վարդանի հրամանատարութեան տակ: Գունդերու այս վերադասաւորումը տեղի կ՛ունենայ, որպէսզի աւելի մեծ կազմով կամաւորական ջոկատը կարենայ աւելի լայն ծաւալի զինուորական գործողութիւններ կատարել: Նոր դասաւորումէն զերծ կը մնան Անդրանիկի գլխաւորած Ա. գունդը, որպէսզի Ազգ. Բիւրոն նորաստեղծ ջոկատին հրամանատարութեան հարցով Անդրանիկին հետ խնդիրներ չունենայ, եւ Գրիգոր Աւշարեանի գլխաւորած Զ. գունդը, որովհետեւ ան Ազգ. Բիւրոյին կողմէ պաշտօնապէս ճանչցուած չէր:
Ս. Վահագն կը նշանակուի Արարատեան ջոկատի պարենափոխադրման 60 հոգինոց խումբին պետը: Այս խումբը իր տրամադրութեան տակ ունէր ջոկատի ամբողջ ջորիներն ու ձիաքարշ կառքերը: Ապրիլ 21-ին ջոկատը կը շարժի դէպի Իգդիր, ուր ապրիլ 23-ին առաջադրանք կը ստանայ գրաւել Տափարիզի կիրճը եւ բանալ Վան տանող ճամբան: Ս. Վահագն կը պարտաւորուէր անընդհատ կռիւի ու շարժման մէջ գտնուող ջոկատը ապահովել ռազմամթերքով եւ պարէնով:
Շարունակելով` Ճերէճեան կը գրէ, որ պարսկական ճակատին վրայ, ռուսական զօրքն ու Անդրանիկի գլխաւորած կամաւորները Դիլմանի մէջ փառաւոր յաղթանակ մը կը տանին Խալիլ փաշայի գլխաւորած թրքական բանակին դէմ, որ կը նահանջէ Վանի ուղղութեամբ: Այս լուրը առնելով, Վանը շրջափակած թրքական բանակները կը բարոյալքուին ու կը նահանջեն: Շուրջ մէկ ամսուան կազմակերպուած եւ հերոսական ինքնապաշտպանութենէ մը ետք, Վան կը մնայ հայութեան ձեռքը: Մայիս 5-էն հայկական կամաւորական խումբերը հերթաբար կը մտնեն Վան: Այդ պահուն Ս. Վահագն կը գտնուէր Գլըշտիւզէ` պարենափոխադրութեան գործերով: Վարդանի հրամանով այդ պաշտօնին կը նշանակուի այլ կամաւոր մը: Ս. Վահագն, քանի մը ձիաւոր ընկերներով կը փութայ Վան ու կը միանայ Վարդանի ձիաւոր խումբին: Կ՛իջեւանի իր ընկերոջ` Հրանդ Գալիկեանի բնակարանը, որ քաղաքի նոր իշխանութեան կողմէ նշանակուած էր Վանի արդարադատութեան գործավար:
Մայիս-յունիս ամիսներուն, Ս. Վահագն կը մասնակցի Վանայ լիճի հարաւային շրջաններուն մէջ թուրք-քրտական ուժերուն դէմ մղուած կռիւներուն: Կրնկակոխ հետապնդելով թշնամին, հայ կամաւորները կը գրաւեն Զէյվա, Թախման, Վարկունիս եւ Սորփ հայկական գիւղերը:
Ռուսական բանակի նահանջի պայմաններուն տակ Վանի ժողովուրդը կը բռնէ նահանջի ճամբան: Ս. Վահագն իր խումբով կը միանայ գաղթականներու կարաւանին:
Այնուհետեւ կը սկսի ռուսական բանակի յարձակողականը: Ազատագրուած վայրերէն կը սկսի Եղեռնէն վերապրած հայութիւնը փրկելու աշխատանքը:
Ս. Վահագն առաջին հերթին կը զբաղի Խարբերդի եւ Մալաթիոյ մէջ փախստական հայերը ազատելու աշխատանքով: Կը մեկնի Օվաճըգ: Կ. Առաքելի եւ իր զինուորներէն Երուանդի ու Սուրէնի միջոցով կը փորձէ կապ հաստատել Տէրսիմի քիւրտերուն ազդեցիկ կրօնապետերէն Սէյիտ Ռըզայի հետ:
Էրզրումի անկումէն ետք կը սկսի նահանջը: Ս. Վահագն եւ իր զինակիցները գաղթական ժողովուրդին հետեւելով կը հասնին Սարըղամիշ:
Ս. Վահագն կը մասնակցի նաեւ Պաքուի կռիւներուն: Այնուհետեւ` Պոլիս, Իզմիր, Կիլիկիա եւ Միացեալ Նահանգներ: Հետագային կը հաստատուի Ֆրանսա: 1947-ին կը ներգաղթէ Հայաստան, ուր կը մահանայ 1953-ին: