ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ
Երեւանի մէջ 2011-ին լոյս տեսաւ «Հայ գաղթականութիւնը եւ հայրենիք-սփիւռք կապերը 1918-1985 թթ. միջազգային գիտաժողովի զեկուցումները» հատորը, բաղկացած` 138 էջերէ: Գիտաժողովը տեղի ունեցած է 8-10 հոկտեմբեր 2010-ին, Ծաղկաձորի մէջ:
Գիտական աշխատութիւններու ժողովածուն կը լուսաբանէ Հայոց ցեղասպանութենէն փրկուած գաղթականութեան վիճակը, ինչպէս նաեւ հայրենիքի եւ սփիւռքի միջեւ 1918-1985 տարիներուն հաստատուած կապերը:
Ներգաղթի, հայրենադարձութեան եւ Հայաստան – սփիւռք յարաբերութիւններուն կ՛անդրադառնայ պատմական գիտութիւններու դոկտոր Էդուարդ Լ. Մելքոնեան:
«Հայերու արտահոսքը Միացեալ Նահանգներ եւ կապը բնօրրանին հետ» նիւթով հանդէս կու գայ պատմական գիտութիւններու թեկնածու Քնարիկ Աւագեան: Ան կը նշէ, որ հայերը Միացեալ Նահանգներ գաղթած են գլխաւորաբար 19-րդ դարու վերջաւորութենէն սկսեալ, այդ գաղթը լայն ծաւալ ստացաւ Հայոց ցեղասպանութենէն ետք, այնուհետեւ` 1950-ական տարիներուն: ամերիկացիներու կապը բնօրրանին հետ միշտ եղած է անկապտելի:
«Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան ղեկավարութեան հաստատումը սփիւռքի մէջ եւ «հոգեւոր Հայաստան»-ի ստեղծումը նիւթով հանդէս եկած է պատմական գիտութիւններու թեկնածու Արման Եղիազարեան: Ան կը նշէ, որ Հայաստանի խորհրդայնացումէն ետք, Հայաստանի Հանրապետութեան ղեկավարութիւնը սփիւռքի մէջ հաստատուելով, աշխուժօրէն շարունակեց իր գործունէութիւնը: Հայ յեղափոխական դաշնակցութիւնը երիտասարդ սերունդին մօտ սկսաւ տարածել ազգայնական դաստիարկութիւն:
«Գաղթականութեան եւ հայրենաբաղձութեան գաղափարներու արտացոլումը հայ ժողովուրդի պատմական յիշողութեան մէջ» նիւթով հանդէս եկած է բանասիրական գիտութիւններու դոկտոր Վերժինէ Սվազլեան: Ան կը նշէ, որ գաղթականութիւնը անձնական, զգացական, հոգեբանական, գիտակցական, ընտանեկան, ընկերային, տնտեսական եւ քաղաքական բազմիմաստ շերտեր կը պարունակէ իր մէջ:
«Հայկական գործերու կոմիսարիատի գաղթականութեան եւ ընկերային ապահովութեան բաժինի գործունէութիւնը» նիւթով հանդէս եկած է Էտկար Յովհաննիսեան: Անիկա գործած է Ռուսիոյ հայաշատ քաղաքներու մէջ եւ օժանդակած հայ գաղթականներուն:
«Խորհրդային Հայաստան – սփիւռք կապերու պատմութեան փուլերը» նիւթով հանդէս եկած է Արմէն Բադալեան:
«Հայաստանի խորհրդայնացումէն ետք գաղթավայրերու հանդէպ պետական քաղաքականութեան խնդիրին շուրջ» նիւթով հանդէս եկած է Համօ Սուքիասեան:
Խորհրդային – թրքական սահմանի վերասահմանագծման պատմութեան, որ տեղի ունեցած է 1973-ին, կ՛անդրադառնայ Աւագ Յարութիւնեան:
«Միքայէլ Պապաջանեանը հայրենիքի վերաշինութեան սփիւռքի մասնակցութիւնը կազմակերպելու գործին մէջ» նիւթին կ՛անդրադառնայ Գոհար Աւագեան:
«Հայրենադարձութիւնը եւ ՀՕԿ-ը նիւթով հանդէս եկած է Լիլիթ Մակարեան: Հայաստանի օգնութեան կոմիտէն կազմուած է 1921-ին եւ օժանդակած ներգաղթած հայրենակիցներուն: