Այն պահուն, երբ հայրենամերձ գաղութներ տարբեր պատճառներով սկսած են հայաթափուիլ ու դժբախտաբար կորսնցնել երբեմնի փայլուն ու յառաջատար դիմագիծը, այլ ափերու մէջ այսպէս կոչուած յարաբերաբար շատ աւելի նոր գաղութներ սկսած են կազմաւորուիլ, աւելի ճիշդ` կազմակերպուիլ ու դառնալ նկատառելի ներուժ համազգային մեր Դատին պրիսմակէն դիտելով: Ահա այդ շրջագիծին կը պատկանի հոլանտահայ գաղութը այսօր:
Արդարեւ, Ալմելօ քաղաքը, որ կը նկատուի հոլանտահայ գաղութին սիրտը, արժանապատիւ հանդիսութեամբ նշեց Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան 125-ամեակը:
«Գալուստ Կիւլպէնկեան» սրահը կը յորդէր կիրակի, 13 դեկտեմբերի յետմիջօրէին: Ներկայ էին գաղութի անխտի՛ր բոլոր հոսանքներու ներկայացուցիչները` հոգեւոր թէ հասարակական: Ներկայ էին նաեւ քաղաքապետական ու խորհրդարանական ներկայացուցիչներ:
Հոլանտայի ՀՅԴ ընտանիքին խօսքը փոխանցեց «Արամ Մանուկեան» կոմիտէի ներկայացուցիչ տոքթ. Մինաս Արսէնեան, որ իր կուռ ու հատու խօսքերով ոգեւորեց բազմահարիւր ներկաները: Ան առաւելաբար կեդրոնացաւ Հայ դատի աշխատանքներուն մէջ Դաշնակցութեան անկրկնելի դերակատարութեան վրայ` հաստատելով, որ ՀՅԴ պիտի շարունակէ պայքարիլ մինչեւ մեր վերջնական իտէալի կերտումը` Ազատ, Անկախ եւ Միացեալ Հայաստան:
Նշանակալից ու դիպուկ էր Հոլանտայի մէջ Հայաստանի արտակարգ ու լիազօր դեսպան Ձիւնիկ Աղաճանեանի խօսքը: Ան նշեց, որ 125-ամեայ այս կուսակցութեան ներդրումը հայ ազգային-քաղաքական կեանքին մէջ ոչ միայն անուրանալի է, այլեւ` անզուգական ու էական: «Առանց ՀՅԴ-ի կարելի չէ գնահատել ու վերլուծել հայոց պատմութեան վերջին մէկ ու քառորդ դարը», հաստատեց ան` աւելցնելով, որ այսօր աւելի քան երբեք Դաշնակցութիւնը իր էական դերակատարութիւնը ունի թէ՛ Հայաստանի եւ թէ՛ սփիւռքի մէջ հաւասարապէս:
Օրուան խորհուրդն ու պատգամը փոխանցեց ՀՅԴ Արեւմտեան Եւրոպայի Կեդրոնական կոմիտէի անունով` Հրաչ Վարժապետեան, որ համապարփակ ձեւով ներկայացնելէ ետք Դաշնակցութեան ծննդոցէն ցայսօր կուսակցութեան հանգրուանները, ազգին ու հայրենիքին մատուցած անսակարկելի ծառայութիւնը, կեդրոնացաւ ու շեշտեց ներկայ մեր պետականութեան ամրապնդման հրամայականին վրայ: Ան թելադրեց բանիւ եւ գործով գուրգուրալ մեր պետութեան վրայ, որ հիմնաքարն է վաղուան մեր դաւանած ամբողջական հայրենիքին:
Գործադրուեցաւ գեղարուեստական ճոխ յայտագիր, որուն ընթացքին հնչեցին Սիամանթոյի, Չարենցի, Շուշանեանի գործերէն, ինչպէս նաեւ` ազգային-հայրենասիրական եւ յեղափոխական երգեր:
Ապա բեմ հրաւիրուեցաւ ֆրանսահայ մտաւորական-հասարակական գործիչ Արա Գրիգորեան, որ այս առիթով ներկայացուց իր հեղինակած երկհատոր ծաւալուն գիրքը` նուիրուած Քրիստափոր Միքայէլեանի կեանքին ու գործին:
Փակման խօսքով հանդէս եկաւ եւ իր սրտին խօսքը փոխանցեց Ալմելոյի հոգեւոր հովիւը, որ վեր առաւ Դաշնակցութեան տեղն ու դերը համազգային մեր իրականութեան մէջ:
Նշենք, որ ուղիղ շաբաթ մը առաջ միեւնոյն սրահին մէջ տեղի ունեցած էր ժողովրդային խրախճանք, որուն ընթացքին յեղափոխական երգերու սիրուած մեկնաբան Գառնիկ Սարգիսեան խանդավառած էր մեծաթիւ ներկաները, Դաշնակցութեան համակիր մեր սիրելի բարեկամները, որոնք մի՛շտ իրենց ներկայութեամբ արձագանգած են ամէն անգամ, երբ Դաշնակցութեան կոչը հնչած է:
Յատուկ թղթակցութիւն`
«Ազդակ»-ին