Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան 125-ամեակը փառաշուք կերպով տօնախմբուեցաւ Կիպրոսի մէջ` ներկայութեամբ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան փոխվարչապետ Արթուր Աղաբեկեանի:
Պաշտօնական հանդիսութիւնը տեղի ունեցաւ շաբաթ, 28 նոյեմբերին, Նիկոսիոյ «Նարեկ» վարժարանի հանդիսասրահին մէջ: Ձեռնարկը կը վայելէր հովանաւորութիւնը Կիպրոսի հայոց կաթողիկոսական փոխանորդ Նարեկ արք. Ալեմէզեանի եւ նախագահութիւնը` կիպրահայ համայնքի պետական ներկայացուցիչ Վարդգէս Մահտեսեանի: Ներկայ էին նաեւ պաշտօնական հիւրեր, որոնք կը ներկայացնէին` համայնքի Ազգային իշխանութիւնը, կրթական հաստատութիւնները, կուսակցութիւններն ու միութիւնները, ինչպէս նաեւ` երկու հարիւր ազգայիններ:
ՀՅ Դաշնակցութեան քայլերգէն ետք գործադրուած յայտագիրը կ՛ընդգրկէր բացման խօսք` հանդիսավար Վարդուկ Սարգսեանի կողմէ, ՀՅԴ Կիպրոսի կոմիտէի ներկայացուցիչ Սիմոն Այնէճեանի խօսքը եւ բանախօսութիւն` օրուան պատգամախօս Արթուր Աղաբեկեանի կողմէ:
Ա. Աղաբեկեան ըսաւ, որ Դաշնակցութեան օրուան նշումը հաշուետուութիւն կ՛ենթադրէ ժողովուրդին եւ խղճին առջեւ: Ան անդրադարձաւ 125-ամեայ կուսակցութեան պատմականին, Հայաստանի ու Արցախի մէջ անոր ծաւալած գործունէութեան, քաղաքական, ընկերային եւ այլ բնագաւառներու մէջ անոր ունեցած ներդրումին: «Հայաստանի եւ Արցախի հզօրացումն ու ամրապնդումը մեր գերխնդիրն է: Հայկական հզօր պետականութիւնը միակ միջոցն է հայ ժողովրդի անվտանգ գոյութեան, զարգացման եւ ազգային երազների իրականացման համար», հաստատեց Ա. Աղաբեկեան: Անոր համաձայն, Արցախի ազատագրումը Դաշնակցութեան համար եղել եւ մնում է Հայ դատի` ամբողջական հայութեամբ, ամբողջական Հայաստանի կերտման անբաժան մասնիկը, «այլ կերպ ասած` Արցախը Հայ դատի փորձաքարն է»:
Լեռնային Ղարաբաղի փոխվարչապետը հաստատեց, որ Դաշնակցութեան մէկ անբաժանելի մասն է յեղափոխականութիւնը, որ ինքնանպատակ չէ, այլ պայքարի ձեւ: «Սակայն եղել են շրջաններ, որ ՀՅԴ-ն եղել է բարեփոխիչ ու խաղաղ կազմակերպութիւն: Շատերը այս կերպարանափոխութիւնը փորձում են որակել որպէս անսկզբունքայնութիւն, մինչդեռ մենք ուժեղ ենք եւ ազատ ամէն կարգի նախապաշարումներից», ըսաւ ան:
Ա. Աղաբեկեան լուսարձակի տակ առաւ ՀՅԴ գոյութեան եւ գործին համայն հայութեան օժանդակութեան եւ ներդրումի կարեւորութիւնը:
Յայտագրի գեղարուեստական բաժինը կը ներառէր պար, «Նանոր» պատանեկան պարախումբի եւ Համազգայինի «Սիփան» պարախումբի կատարողութեամբ, ինչպէս նաեւ հայրենասիրական երգեր` Սուրբ Աստուածածին եկեղեցւոյ քառաձայն երգչախումբին մասնակցութեամբ:
Յայտագիրը փակուեցաւ Նարեկ արք. Ալեմէզեանի օրհնութեան խօսքով եւ Պահպանիչով, իսկ երեկոն շարունակուեցաւ ճաշկերոյթ – խրախճանքով, ՀՄԸՄ-ՀԵՄ-ի ակումբին մէջ, որուն ընթացքին ազգային-յեղափոխական երգերով ելոյթ ունեցաւ Յովիկ Մանուշեան: